ՄԱԼՈՒՄԵԱՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐ (Է. ԱԿՆՈՒՆԻ)

Ծնած է Մեղրի (Զոկիստան). մօտաւորապէս 50 տարու։ Արծրունիի կենդանութեանը, սնած անոր գաղափարներով, կ’սկսի գրել «Մշակ»ի մէջ։ (Հիմնադրին մահէն ետք թերթը փոխանցուած է Հ․ Առաքելեանի, Քալանթարի ու իրեն)։ Երկար ժամանակ Բեթերսպուրկ մնալով՝ կ’աշխատակցի «Դրօշակ»ի Է. Ակնունի ծածկանուամբ, գլխաւոր նիւթ ունենալով ռուս կառավարութեան վերաբերումը դէպի Կովկաս եւ Կովկասահայերը՝ Կովկասեան խապրիկներ խորագիրին տակ։ Հայ-Թթր․ ընդհարումներէն վերջ կ’սկսի գրել Կովկասեան Վէրքերը (ապա առանձին հատոր կազմած եւ ֆրանսերէնի ալ վերածուած ուշագրաւ երկ)։ Անժխտելի են հրապարակագրի եւ բեմբասացի իր արժանիքները։ – Բարիզ 1904ին մասնակցած է Ժէօն Թիւրքերու եւ Հայոց «քօնֆէրանս»ին։ 1907ի Հ․ Յ․ Դ․ Ընդհ․ Ժողովը պատուիրակ կ’որոշէ զինք հայեւթուրք դաշնակցութեան խորհուրդին, եւ Ակնունի յաջորդ տարին յաջողութեամբ գլուխ կը հանէ այդ գործը, որուն իբր արդիւնք Օսմ․ Սահմանադրութիւնը կը վերահրատարակուի։ Յետոյ, իբր պատասխանատու անդամ իր պատկանած կուսակցութեան՝ կուգայ Պօլիս եւ իր ատենախօսութեանց ատեն՝ յաճախ առարկայ կը դառնայ խանդավառ ցոյցերու։ 1912ին կը մեկնի Ամերիկա, եւ հայ գաղութներու մէջ շրջան մը ընելով՝ կը դառնայ Պօլիս։ – Հրատարակած է ուսումնասիրութիւն մը Գր․ Արծրունիի վրայ, նաեւ Դէպի Կռիւ, Դէպի Երկիր եւ Մեծ իդէալիստը։ Ինք կազմած է Յարգանքի Պսակը (Փորթուգալեանի Յոբելեանին) եւ Սգապսակը (Քիյեառի մահուան առթիւ)։ – «Ազատամարտ»ի անստորագիր խմբագրականներէն մէկ մասն իր գրչէն ելած է։