ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ (1885-1915)

Ծնած է Սիլիվրի 15 Փետր. 1885ին։ Հոն իր նախնական կրթութիւնը ստանալով կ’անցնի Պարտիզակ, յետոյ Պէրպէրեան՝ ուրկէ ընթացաւարտ 1905ին։ Գր[ական] կարողութենէն զատ ունենալով խոր հակում գիտութեանց, ուսուցչապետին խորհուրդով եւ օժանդակութեամբ կը մեկնի Լօզան՝ որուն բժշկանոցէն հազիւ վկայուած, կը ծառայէ հիւանդանոցներ եւ դարմանատուններ, հմտանալով արուեստին թագնութեանց։

– Երազողն ու գիտունը կ’ապրէին իր մէջ։ Չկրցաւ լքել Քնարը՝ Հիբոքրատի արուեստին սիրոյն, եւ երգեց Մարդկութիւնը, Հայրենիքն ու Սէրը։

– 1910ին լոյս կ’ընծայէր Կարմիր Գիրքը՝ Կիլիկիոյ կոտորածէն ազդուած։ Վերջի Հայերը ընդարձակ իր քերթուածը մարգարէութիւն մըն է կարծես՝ Հայկ. վերջին մարտիրոսագրութեան, իսկ իր գլուխ-գործոցն է – իբր բանաստեղծութիւն – Լեմանի լիճը։

– 1914ին գերման կնոջը հետ կուգայ հաստատուիլ Բերա՝ իր արուեստը կիրարկելով։ «Ազատամարտ»ի մէջ սկսած է Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր յօդուածաշարքը զոր լափելով կարդաց ամէն ոք։ Պատերազմի վաղորդայնին՝ երբ Պօլսոյ մէջ հիւանդապահութեան դասընթացք մը կ’սկսէր հայ բժշկ. դասուն կողմէ, Սեւակ ծափեր խլեց՝ իր յանկուցիչ եւ օգտաշատ բանախօսութիւններով։ Ւբր բժիշկ Մագրիքէղի բանակին՝ զին. ծառայութիւնը կատարած միջոցին էր որ աոանձին տարագրուեցաւ Չանդըրի։