Բանաստեղծութիւններ, հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏՕՆԱԿԱՆ

ՉԻՆ - ՉԻՆ

Բաժակները զարկէք  չին  - չին 
Անեզրութեան եւ ոչինչին կենաց չին - չին Անվերադարձ ճամբաներուն կենաց չին - չին

Եւ անցեալի ձեր սէրերուն

 

Զանգակներուն կենաց  չին  - չին 
Զանգակներուն որ կը հսկեն ճամբաներուն վրայ վաղուան -
Ձեր փառայեղ փախուստներուն կենաց չին - չին

Եւ  ապագայ ձեր սէրերուն

 

Չին - չին զարկէք բաժակները

Եւ խճեցէք մեր բոլորին անմահութեան կենաց չին - չին

Եւ մենք խմենք ծեր բոլորին անմահութեան կենաց չին - չին

Եւ այսօրուան մեր սէրերուն

Եւ մեր ու ձեր յուսալքման կենաց չին - չին

ՏՕՆԱԿԱՆ

Այս գիշեր

տանս տանիքը կ՚ընդլայնի

կ՚ընդարձակի

կը տարածուի կատարներու վրայ ձիւնոտ

ուր հին քամին կը փչէ անկաշկանդ

բլուրներու վրայ ուր խոտեր ծաղիկներ

նոր գարուն մը կ՚ողջունեն

Տանս տանիքը կ՚ընդլայնի

աշխարհով մէկ

ու կը տեսնեմ տանս մէջ

չորս ծագերէն 
բարեկամներ անհամար

տարի մը եւս մանկացած

կ՚ողջագուրուին կեանքին

եւ իրարու հետ

Տանս տանիքը կ՛երկարի

ծովեր անդին

լեռներ անդին

ինքնամատոյց

գունագեղ

ծիածանի մը նման

ԱՌԱՆՑ ԱՐԵՒ ՄԸ ՏԱԼՈՒ

Ամրանալ եւ ամրացնել եղեւինները բոլոր

Որպէսզի

Չըլլայ որ

Կաղանդն անցնի առանց բարեւ մը տալու

 

Ամրանալ եւ ամրացնել եղեւինները բոլոր

Որպէսզի

Չըլլայ որ

Անցեալի գորշ կաղանդներէն տարբեր չըլլայ այս տարի

 

Ամրանալ եւ ամրացնել եղեւինները բոլոր

Որպէսզի

Չըլլայ որ

Շատը յուսանք չգոհանանք մեզի տրուած քիչերով

 

Ամրանալ եւ ամրացնել մեր եսերը վերջապէս

Որպէսզի

Չըլլայ որ

Նոր հոգերով նոր սուգերով անցնինք յաջորդ Կաղանդին

 

 

Ամրանալ եւ ամրացնել եղեւինները բոլոր

Որպէսզի

Չըլլայ որ

Կաղանդն անցնի առանց արեւ մը տալու

2000

Յայտնի եղաւ որ

այսօր

կէս գիշերէ վերջ մեր կեանքը զերոներով պիտի անցնի

Երեք զերոյով պիտի սկսինք Պիտի երկու հատ մնայ գալ տարի Իսկ հարիւր տասնըմէկ տարի

պէտք է անցնի

որպէսզի փրկուինք զերոներէն

 

Նորէն ալ դուք այդքան մի սպասէք 
կէս գիշերին 
լոյսերը  մարեցէք

-   յետոյ երբ վառէք

պիտի տեսնէք դուք ձեզ զերոներու մէջ -
Կադանդի ծառը եւ Կաղանդ Պապան

ու դուռ դրացի

նաեւ դուք ու մենք

այդ զերոները լոյս պիտի կարծենք

-   կամ պիտի մաղթենք որ այդպէս ըլլայ -

 

Յայտնի եղաւ որ

նորէն 
մենք պիտի ապրինք մաղթանքներու հետ

ԿԱՂԱՆԴԻ ԾԱՌ

Որպէսգի Կաղանդ տօնենք տեւական 
ուր որ գացինք

ուր որ գաղթեցինք

մեգի հետ 
մեր ծառն ալ տարինք

Թէ մարեցաւ մոմերէն մին

տեղը չորս մոմ վառեցինք 
Թէ խաղալիկ մը կոտրեցաւ

կամ ժապաւէն մը փրթաւ

տեղը միշտ նորը դրինք

 

Բայց չգիտցանք -

արմատները ե՞րբ չորցան

Ոստերուն մէջ ԱՒԻՇԸ ե՞րբ ցամքեցաւ.

 

Եւ հիմա - ԾԱՌԸ աւելի շքեղ

թէպէտ շողշողուն

սակայն ՄԵԸԸ չէ

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

Ատեն մը

Երբ խօսք ըլլար իմ մասիս

-   Անգինէին մանչը - կ՚ըսէին

 

Արարողակարգը

փոխուեցաւ յետագային

-   Հիմա Անգինէն

երբ յիշեն

-    Զահրատին մայրը - կ՚ըսեն

 

Մայրերու Օր

Անգինէին մանչէն

փունջ մը մանիշակ

Զահրատին մօր

ԿԱՂԱՆԴԻ ԾԱՌ ՄԸ

Պարտէզը թզենի մը ունէի

Ամառէ ամառ թուզ կ՚ուտէի

Կաղանդ է - ծառ շտկելու է ըսին

Կտրեցի թզենին

Սենեակիս անկիւնը զետեղեցի

Գոյնզգոյն ժապաւէն կախեցի ճիւղերէն

 

Դուռ դրացի եկան - ծառս ցոյց տուի - խնդացին

Ինչո՞ւ  կը խնդաք ըսի - չպատասխանեցին -

 

Հոգ չէ թէ այլեւս թուզ պիտի չուտեմ ամառը

- Ես Կաղանդի ծառս շատ սիրեցի