ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ
ՅԱՂԹԱՆԱԿԷՆ
ԱՍԴԻՆ
Լոյսի
ճամբան
ինկող
տըղոց
հոգիներուն
ի՜նչ
հեգնանք
Իբրեւ
թէ
լոյսը
մթամած
երկինքներէն
պիտի
գայ,
-
Հարիւր
երկրէ
դեռ
կը
պոռան
միլիոնաւոր
կին,
տըղայ.
«Մենք
լուսեղէն
առաւօտներ
ողջունելու
համար
ծնանք»։
-Մենք
լուսեղէն
առաւօտներ
ողջունելու
համար
ծնանք,
-
Ռազմադաշտերն՝
իրենց
արեան
մէջ
խեղդըւող
կտրիճներ
Ըսին՝
վստահ,
«Ձեզի
նոր
օր,
լոյս
ապագայ
ենք
թողեր»։
Չորս
ծագերէն
չորս
ռազմադաշտ
տըւին
անոնց
արձագանգ։
Հրացան
կերտեց
երբեմնի
մաճ,
արօր
թափող
մեքենան,
Վառօդ
կշռեց
դեղագործին
դարման
բաշխող
հին
կըշիռն,
Հրացան
ուսին,
վառօդ
մէջքին՝
մութերու
դէմ
տարագիրն
Քալեց
ի
զին
արօր
թափող
մեքենային
յարութեան,
Դուք,
որ
ձեր
քիմքը
թրջեցաւ
յաղթանակի
գինիով,
Պիտի
մոռնա՞ք
թէ
հիւթն
էր
ան՝
զոհողութեանց
ողկոյզին,
-
Հաստատ
քայլերով
շո՛ւտ
քալեցէք,
քանի
դեռ
բաց
է
ուղին
Ու
խնդացէ՛ք,
երբ
ձեր
հետքէն
քալէ
ամբոխն՝
ապահով։
Լոյսի
ճամբան
ինկող
տըղոց
հոգիներուն
փա՜ռք,
յարգա՜նք,
Ո՞վ
հաւատաց,
թէ
մըթագնող
երկինքներէն
լոյս
կու
գայ,
Դեռ
կը
պոռան,
-
չէ՞ք
իմանար,
-
միլիոնաւոր
մարդ,
տըղայ.
«Մենք
լուսեղէն
առաւօտներ
ողջունելու
համար
ծնանք»
1.
2.
1945
«Նոր
օր»,
թիւ
46,
1
Յունիս
1946
ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ
ԿՈՉՆԱԿԸ
Կ’ուզենք,
որ
մոխիրներուն
վրայ
տարածոփ
դափնիներու
անտառը,
-
կուզենք
որ
ընկողմանինք
շուքին
տակ
սաղարթներու,
որոնք
արիւնով
են
ոռոգուած
Ցրտաշունչ
հովերը
սակայն
կը
սողոսկին
փառապանծ
անտառին
ճիւղերուն
ու
բուներուն
ընդմէջէն
ու
քիչ
մըն
ալ
կը
կծկուինք,
կը
կղզիանանք
մենք
մեր
մէջ՝
չմսելու
համար։
Աւելի
ու
աւելի
ուժգին
կը
հնչեցնենք
ազատութեան
կոչնակը,
սովէ
ու
անարիւնութենէ
տառապողներուն
աղաղակները
որպէսզի
չիմանանք
Երբ
վազեր
ենք
դէպի
փոկը
ազատութեան
կոչնակին,
ասդին՝
տարելու
համար
աշխարհ
եկած
սերունդ
մը
նիհար
ու
տկարակազմ
է
մնացեր
առանց
սնունդի։
Ու
մենք
այսօր,
կոչնակին
փոկը
մեր
ափին
մէջ,
շլմորուն՝
մեր
չորսդին
կը
նայինք
անոնց
աղաղակներուն
առջեւ։
Կ՚աշխատինք
մենք
զմեզ
մխիթարել՝
լոյսերու
տակ
դիտուած
դափնիի
անտառի
մը
ոսկեզօծ
պերճանքով։
Մարտնչեցանք
լոյսին
յաղթանակին
համար։
Չարգիլե՛նք
ու
չթողունք,
որ
արգիլեն
այդ
լոյսը՝
իրականութեան
մը
նուագ
դարպասող
անկիւնները
մատնանշելէ։
Պիտի
չխրտչինք
անկէ,
որովհետեւ
կը
հաւատանք
թէ
աւելի
ծիծղուն
օրեր
կրնանք
դարբնել
մեր
բազուկներով,
ու
մեր
հաւատքը
պիտի
առաջնորդէ
հոն,
ուր
ազատութեան
կոչնակը
կը
ղօղանջէ
բոլոր
սրտերու
մէջ
«Նոր
Օր»,
թիւ
52.
13
Յուլիս
1946
ԳԱՐՆԱՆԱՄՈՒՏ
Մարդոցմէ
աղէկ
Են
սա
ծառերը,
գարնան
հետ
նոր
զգեստ
կը
հագնին
Սակայն
մխիթարական
բան
մը
կայ
անոնց
պերճանքին
մէջ‚
երբ
խորհիս
թէ
այդ
բոլորը
մեզի
գեղեցիկ
երեւալու
համար
կընեն։
Ողջո՜յն
ձառերուն,
որոնց
առաջին
բողբոջներուն
մարդիկ
կը
նային
եւ
իրենք
զիրենք
երջանիկ
կը
զգան
«Ճառագայթ»,
Ա.
տարի,
թիւ
1,
21.
5.
1947
ՀԱՒԿԻԹԻ
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ՄԸ
Եփած
հաւկիթը
հոլի
նման
կը
դառնայ
Հաւը
կը
նայի
կը
նախանձի
Բայց
իր
հաւկիթը
հում
չի
դառնար
որ
Ինչ
պիտի
ըլլայ
-
հաւու
խելք
Տաքնայ
եփի
ըսելով
վրան
կը
նստի
Կը
նայիս
ծուռ
ու
մուռ
վառեակ
մը
կ՚ելլէ
հաւկիթէն
Հաւը
կը
զղջայ
-
վառեակը
կը
զղջայ
Հաւ
ծախողին
օրը
բացուեցաւ
«Ճառագայթ».
Ա.
տարի.
թիւ
3.
4.
6.
1947
ՍԱ
ՄՐՋԻՒՆՆԵՐԸ
Այդ
տան
մէջ
շագանակագոյն
փորով
շագանակագոյն
մէջքով
մրջիւններ
կան
Օր
մըն
ալ
ոսկոր
մը
գտան
Խոշոր
ոսկոր
մը
վրան
քիչիկ
մը
միսով
Ոսկորին
վրայ
խմբուեցան
մրջիւնները
շագանակագոյն
փորով
շագանակագոյն
մէջքով
Տանտիկինը
տեսաւ
մրջնոտեր
է
ըսաւ
տխրեցաւ
լալը
պակաս
էր
Սակայն
մրջիւնները
ուրախ
էին
Անտեղեակ
թէ
այդ
ոսկորը
ամսուան
մը
մսի
սնունդն
էր
Տան
մէկ
հատիկ
մանչուկին
դեղնած
այտով
բարակ
մէջքով
31.
3.
1947
«Ճառագայթ»,
Ա.
տարի,
թիւ
5.
18.
6.
1947
ԺԱՄԱՑՈՅՑԸ
Երկու
սլաքի
ենք
կապեր
մեր
օրը
Մէկ
ալ
ձայնի
մը
թիք
թաք
Բոլորը
մէկ
պատին
ենք
գամեր
Սլաքները
չեմ
գիտեր
-
Սակայն
Մենք
գրողներս
շատ
կը
նմանինք
թիք
թաք
ձայնին
Թիք
թաք
-
բանաստեղծս
-
թիք
թաք
Քեզի
կարեւորութիւն
տուողը
ո՞վ
Բոլոր
աչքերը
սլաքներուն
վրայ
են
1947
«ճառագայթ»
Ա.
տարիի,
թիւ
6,
25.
6.
1947
ԼՈՅՍ
ԶՈՒԱՐԹ
Խիզախ
պատճառն
ես
դարերու՝
սաղմէն
-
մարդուն
Դուն
շանթերու
բունն
ես
գիշեր
ցերեկ
արթուն,
Երկնասըլաց
արծիւներա
պորտին
ծնծղայ՝
Քեզմով
ձանձրոյթն
իսկ
կը
սթափի,
կազդոյր
կ’որսայ
Գոյն
գոյն
ցընորքն
ես՝
արցունքի
գոհուած
կոյրին,
Ողնայարիդ՝
ջատուկ
ամպերը
կը
փշրին,
Երկա՜ր
ճամբան
ես
ցայգերգէն
մինչեւ
օրհաս,
Հսկայ
ծոցիդ
քով
այդ
հսկան
ալ
կուլ
կու
տաս
Ծով
ծով
իմաստն
ես
իմաստակ,
փրփո՜ւր
ծովուն,
Յոյսի
շարմադ՝
կը
նորոգուիս
դարէ
դար
դուն,
Կը
բանաս
սիրտըդ,
որ
բիծեր
գան՝
մահանան,
Մինչդեռ,
ո՜վ
Լոյս,
ափիդ՝
այգեր
կ՚անմահանան
1946-1947
«Ճառագայթ»,
Ա.
տարի,
թիւ
12,
6.
8.
1947
ԺԻՒԼ
ՎԵՐՆ
Յակոբ
նաւապետ
զաւակներ
ունի
Իրենց
հօրը
պէս
նաւապետ
ըլլալ
կ՚երագեն
Մին
զրահաւորի
-
միւսը
ընդծովեայի
Միւսը
թրանսադլանդիկի
Յակոբ
նաւապետ
աղջիկ
մըն
ալ
ունի
Եղբայրներուն
վրայ
կը
նայի
-
յուսահատ
ժիւլ
Վերն
կը
կարդայ
23.
8.
1947
«Ճառագայթ»,
Ա.
տարի,
թիւ
17,
10
9.
1947
ՄԵԾԱՐԵՆՑԻՆ
Պիտի
ուզէի
ոսկի
քնար
մը
երկնքէն
ու
ծովէն
Որ
քեզի
պէս
երգեմ
գեղեցիկ
բառերով
Որ
քեզի
պէս
երգեմ
բառերու
գեղեցկութիւնը
Որո՞ւ
համար
-
երբ
կան
որ
չեն
գիտեր
Թէ
կապոյտ
երկինք
մը
կայ
մուխերուն
ետեւ
Թէ
արել
կը
մտնէ
վերի
յարկերուն
Պատերազմներ
ու
պատերազմներ
նոր
աշխարհներ
են
բացեր
մեր
առջեւ
Կը
նայինք
անծայրածիր
հորիզոններուն
ու
-
մի
զարմանար
-
կը
յուսանք
Թէ
պիտի
կարենանք
քալել
աւելի
անդին
–
Այդ
հորիզոններուն
վրայ
բոլոր
մարդոց
արիւնն
ու
քրտինքն
է
վազեր
Տանջանքն
է
հոսեր
Զրկանքն
է
բիւրեղացեր
Կը
կարթամ
ոսկի
արիշիդ
տակ
-
Մեծարենց
-
Կ’ըսեն
թէ
տաղերուդ
նման
ներդաշնակ
պիտի
ըլլայ
կեանքը
Անծայրածիր
հորիզոններէն
անդին
-
Հիմա
պիտի
սիրէի
պայքարի
շեշտեր
կորզել
յանգերէդ
Թող
տակաւին
տեղը
կախուած
մնայ
ոսկի
քնարը
Երկնքէն
ու
ծովէն
Ու
հազար
ու
մէկ
աստղերէն
Որոնք
կը
հսկեն
յուսացող
մարգերուն
վրայ
ու
կը
հաւատան
Օգոստոս
1947
«Ճառագայթ».
Ա.
տարի,
թիւ
20.
24.
9.
1947
ՀԵՔԵԱԹ
Կապոյտ
տուները
երկինքէն
անդին
են
Հանիներ
յիշեցէք
ձեր
մանկութեան
օրերը
Պարիկները
կապոյտ
տունէս
անդին
են
Բերի
-
ջեհերն
կապոյտ
մուշտակ
է
հագեր
Հազարան
բլբուլը
տեսեր
է
հիացեր
Հազարան
բլբուլը
Երկինքէն
անդին
է
Կապոյտ
հեքեաթները
երկնքէն
ասդին
են
Մեր
զրկանքներն
ալ
մէկ
մէկ
հեքեաթ
ըլլային
Մեր
թոռներուն
պատմէինք
Թոռներ
զրկանքը
հեքեաթներէն
սովրէին
«Ճառագայթ».
Ա.
տարի.
թիւ
37.
16.
1.
1948
ՍԱՂՄՈՍ
Դուն
թէ
որ
տէրն
ես
անհամար
աշխարհներա
մը
հոյլին,
Ահեղ
երկունքն,
որ
լոյս
-
զըւարթ
փայլի
հուներ
կը
ծընի,
Արքայութեան
թէ
որ
արքան
ես,
գահակալ՝
Եդեմի,
Թէ
որ
մարմինն
ես
պարապին
մէջ
փըչող
սառըն
սոյլին,
ԹԷ
որ
օրհնէնքն
ես,
անլուր
փառքը
հիւլէի
քօզմոսին,
Դուն՝
բազմագութ,
որու
պաշտօնն՝
ազնիւ
պատճառն
Է
լոյսի,
Որ
ծիրանին
ես
անապատն
ի
վեր
կանգնած
անջրդի,
Քառասուն
օր
ու
գիշերուան
թէ
որ
հեղեղն
ես
կրկին,
Բարձրացո՛ւր,
Տէ՛ր,
ցընորքներու
լայնշի
քաօսըդ,
վե՛ր
առ,
-
Դուն,
որ
մարդու
խորքին
սոսկում՝
լաբիւրինթոս
կըռեցիր,
Հողէն,
ջուրէն
մեր
վանեցինք
խադերդ
անթիւ,
ցան
ու
ցիր,
Որ
վեր
նայինք
ու
երկնքիդ
գտնենք
անդորրը
գոհար։
«Ճառագայթ».
Ա.
տարի.
թիւ
39.
29.
1.
1948
ԼԱՄԲԱՐՆԵՐՈՒ
ՄԷՋ
ՄՈՌՑՈՒԱԾ
ԳԻՇԵՐԸ
Հեքեաթ
կ՚ըլլան
մինարէներն
ու
տանիքներ
բարձրաշէն
Մրմունջներուն
հետ
օրհասի
մը
լազըւարթ
յանկերգին,
Հեռաձայնի
թելերն
ի
վեր
Երկաթ
ձողեր
կը
քըշեն
Ծաղրանըկարը
գիշերուան՝
աղօտ
լամբար
մը
ձեռքին։
Ապակիին
հըպած
այտեր
չես
գիտեր
ի՛նչ
կ՚երազեն,
ճամբան
լոյսեր
կը
խոնաւնան
դեռ
ասֆալթին
վրայ
չինկած,
Կպչուն
անձրեւ
մը
կը
կաթի
յիշատակի
պէս
նորէն,
Հեռուանց
լապտեր
մը
կայ,
կ՚երգէ.
–
ի՞նչ
փոյթ
միջոցն
ամպամած։
Ի՞նչ
փոյթ
տաղտուկը
ձմրան
մութ
գիշերներու
յանկերգին,
Անոր,
որ
հեշտ
գիտէ
քալել
երփներանգ
յուշ
մը
ձեռքին
13.
03.
1947
«Ճառագայթ»,
Ա.
տարի,
թիւ
42.
19.
2.
1948
ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՍԻՆ
Մեծութիւնը
հասակով
չեն
չափեր
Դուն
Կարապետ-Տորքի
նմանիլ
որքան
որ
ուզես
Քանի
որ
բեռը
կը
կրես
ասոր
ու
անոր
Ասոր
ու
անոր
քով
մարդ
չես
ՄԱՐԴՈՒԿ
ԵՍ
1949
«Ճառագայթ».
Բ.
տարի.
թիւ
105,
28.
5.
1948
ՁՄԵՌԸ
Յարատեւ
ծըմեռ
մ՚ապրեցաւ
Կիկօն,
Մինչդեռ
դուն
կ՚ըսես,
Աշո՛ւղ
Ջիվանի,
Թէ
«ձախորդ
օրերը
ձմրան
նըման
Կու
գան
ու
կ՚երթան.
»
Կա
գայ
ու
կ՚երթայ
միտքը
հոս
ու
հոն՝
Կիկօ
կը
խորհի.
Ըսե՛նք,
որ
ձըմեռ
մ՚ապրեցաւ
Կիկօն,
Մինչդեռ
ինք
կ՚ըսէ,
թէ
ո՞ր
մէկ
ամրան
Լուրերն
հըրալէր,
Պիտի
այդ
զազիր
ձմրան
գան
վերջ
տան,
Կիկօ
իր
կեանքին՝
ամառ
չէ
ճանչցեր։
Հիւրն՝
այս
հիւրանոց,
ղարիպ
աշխարհին՝
Նստեր
կը
կարդանք
Աշուղ
Ջիվանին,
Վաղուց
է
եկեր
«ձմեռ»ն
ապիկար,
Երկա՜ր
կը
մընայ
սակայն
ու
չ՚երթար։
Ու
երբ
դուն
կ’ըսես,
Աշո՛ւղ
Ջիվանի,
Թէ
ձախորդ
օրերը
ձմրան
նըման՝
Կա
գան
ու
կ՚երթան,
-
Կիկօ
կը
խորհի՛
-
17.
06.
1947
«Ճառագայթ»,
Գ.
տարի,
թիւ
110.
24.
6.
1949
ԵՐԳ
Երգդ
երգի
չի
նմանիր,
Ի՞նչ
փոյթ,
երգէ,
Աշխարհն
աշխարհիդ
չի
նմանիր,
Երգէ՛,
ի՞նչ
փոյթ,
ճամբորդներուն
ականջն
ի
վար
Երգէ՛,
անցի՛ր,
Երգի
մը
պէս
Դուն,
որ
երգի
Չես
նմանիր
«Ճառագայթ».
‚
Գ.
տարի.
թիւ
142,
3.
2.
1950
ԵՍ
ՈՒ
ԿԻԿՕՆ
Դէմ
առ
դէմ
կ՚անցնինք
կը
նստինք,
Չունեցածներուն
մասին
կը
խօսի
Կիկօ,
Ես
ունեցածներուս
մասին
կը
խօսիմ.
Կը
տխրի
Կիկօ,
Ես
կ՚ուրախանամ։
Յետոյ
կըսեմ
թէ
շատ
տխրեր
եմ
ես,
-
Յետոյ
Կիկօ
կ՚ըսէ
թէ
շատ
ուրախացեր
է,
-
Նորէն
կը
տխրի
Կիկօ,
Ես
կուրախանա՛մ
նորէն։
Հետը
խօսելով՝
կրնամ
համրել
ունեցածներս.
Ես
Կիկօն
շատ
կը
սիրեմ։
3.
3.
1950
«ճառագայթ».
Գ.
տարի,
թիւ
151.
8.
4.
1950
ՄԵԾ
ՔԱՂԱՔԻ
ՍԻՐՈՒՀԻՍ
Քեզմով
քեզմով
պատեցայ
մեծ
քաղաքը
սիրուհիս
Քեզմով
մեծցայ
մեծ
քաղաքին
մէջ
մեծ
քաղքին
չափ
եղայ
Մեծ
քաղաքէն
ալ
մեծ
եղայ
մեծ
քաղաքին
նայեցայ
Սիրտս
քեզմով
լեցուած
հարուստ
ես
մեծ
քաղաքը
ճանչցայ
Քեզմով
ճանչցայ
մեծ
քաղաքը
մեծ
քաղաքի
սիրուհիս
Քեզմով
իջայ
մեծ
քաղաքին
մէջ
փոքրացայ
փոքրացայ
Մեծ
քաղաքին
մէջ
փոքրացայ
որ
մեծ
քաղաքին
համար
լամ
Սիրտս
քեզմով
լեցուած
հարուստ՝
մեծ
թաղթին
ժպտեցայ
Քեզմով
քեզմով
պտտեցայ
մեծ
քաղաքը
սիրուհիս
«Ճառագայթ»,
Դ.
տարի,
թիւ
204-205,
14.
4.
1951
ՍԻՐԵԼՈՒ
ԵՒ
ԵՐԱԶԵԼՈՒ
ՀԱՄԱՐ
ՍԻՐԵԼՈՒ
ՀԱՄԱՐ
Երջանկանալու
համար
պէտք
է
ամբողջ
կեանք
մը
սիրել
Երջանկանալու
համար
Սիրելու
համար
պէտք
է
այտ
այտի
երագել
Աւելի
սիրելու
համար
Ու
պէտք
է
ասպարէզ
կարդալ
բոլոր
անգաղտնապահ
լամբարներուն
Այտս
այտիդ
դնելու
համար
ԵՐԱԶԵԼՈՒ
ՀԱՄԱՐ
Երագելու
համար
պէտք
է
երազանքի
տուն
մը
վարձել
Միատեղ
երազելու
համար
Պէտք
է
ամսէ
ամիս
սիրերգ
մը
վճարել
Չվտարելու
համար
Ու
պէտք
է
դուռ
պատուհան
բանալ
ու
բաց
թողուլ
Մեր
բանաստեղծ
բարեկամներուն
երազներուն
համար
«Ճառագայթ»,
Ե.
տարի,
թիւ
209.
12.
5.
1951
ՁՕՆ
Եւ
այսպէս
ահա
Պարոն
Աբրիկեան
Տարիներն
անցան
Եւ
ամէն
տարի
իր
հետ
կը
բերէր
Նոր
աշակերտներ
Եւ
ամէն
տարի
իր
հետ
կը
տանէր
Կազմըւած
սաներ
Եւ
այսպէս
ահա
Պարոն
Աբրիկեան
Սերունդներ
եկան
Սերունդներ
անցան
Եւ
անոնց
տըւիր
լոյսն
ուսողութեան
Ոչ
միայն
այդքան
Պարոն
Աբրիկեան
Ե՛ւ
սէր
եւ
գորով
եւ
ներողամիտ
Փայլովը
ժպտիդ
Ե՛ւ
զըւարթութեան
գաղտնիքն
ալ
գուցէ
Ըլլալ
լաւատես
երբ
կեանքը
դաւէ
Կեցուածքն
իմաստուն
Աննըկուն
մարդուն
Եւ
այսպէս
ահա
Պարոն
Աբրիկեան
Տարիներ
անցան
Հայր
եղան
անոնք
զոր
մանուկ
ճանչցար
Քեգ՝
բոլորին
հայր
Ոչ
միայն
այսօր
այլ
միշտ
տեւական
Յարգանք
ու
պատիւ
-
ոսկի
յոբելեան։
1955
ԶԱՐԵՀ
ԵԱԼՏԸԶՃԵԱՆ
«ՅՈՒՇԱՄԱՏՅԱՆ
Արմենակ
Աբրիկեանի
Ուսուցչութեան
45–ամեայ
յոբելեանին
եւ
առիթով».
1955
ԿԱՐԱՒԱՆ
OKTAY
RIFAT
[ՕՔԹԱՅ
ՐԻՖԱԹ]
Քիթ
բերան
ունինք
բոլորս
բոլորս
խելք
Օրուան
պէս
բացայայտ
է
ահա
Ան
իրաւացի
է
աս
անիրաւ։
Մենք
հետիոտն
ենք
մնացեր
այս
կարաւանին
մէջ
Պէյերը
փաշաները
հեծեալ
ճամբաներն
ենք
ինկեր
մեծով
պզտիկով
Որը
ճաղատ
որը
ոջլոտ
Այս
հողը
հին
հողն
է
բարեկամ
հողը
Արտերը
բարեբեր
մարգերուն
գառնուկները
կայտառ
կայտառ
Հորթերը
մսուտ։
Գալով
մեզի
գործերը
կնճռոտ
են
գեղացիս
Թուզս
կարելի
չէ
ուտել
կաթոտ
է
Քարի
նման
է
օրհնեալ
սեւ
հացը
Կեռասները
որդնոտ
……………………………………………………..
Սատկեցէք
կ՚ըսէ
սատանան
Ինչ
գործ
անիք
այս
աշխարհիս
վրայ
Հաշիւ
չկայ
կոյր
սատանայ
Անուշ
է
ապրիլը։
(«Եափրաք»)
[թրքերենէ]
Թարգմանեց՝
ԶԱՀՐԱՏ
«Ճառագայթ».
Գ.
տարի.
թիւ
115.
30.
7.
1949
ԸՆԿՈՒԶԵՆԻՆ
ՆԱԶԸՄ
ՀԻՔՄԷԹ
Գլուխս
ամպ
փրփուր
փրփուր
-
ներսովս
դարսովս
ծով
–
Կիւլհանէի
Բարքին
մէջ
ընկուզենի
մըն
եմ
ես
–
Պտուկ
պտուկ
ու
ծերպ
ծերպ
ընկուզենի
մը
տարեց
–
Թէ
ով
եմ
-
ոչ
դուն
գիտես
-
ոչ
ոստիկանը
գիտէ
-
Ընկուզենի
մըն
եմ
ես
Կիւլհանէի
Բարքին
մէջ
-
Տերեւներս
գալարուն
ինչպէս
ձուկը
ծովուն
տակ
-
Տերեւներս
թրթռուն
զերդ
թաշկինակ
մետաքսէ
-
Առ
փրցուր,
մէկ
հատիկս,
չորցուր
արցունքն
աչքերուդ
-
Տերեւներս
իմ
ձեռքերս
են
-
հարիւր
հազար
ձեռք
ունիմ
Հարիւր
հազար
ձեռքով
ես
կը
դպչիմ
քեզի
Պոլիս
-
Տերեւներս
իմ
աչքերս
են
-
զարմանալով
կը
նայիմ
Հարիւր
հազար
աչքով
ես
կը
դիտեմ
Պոլիսն
ու
քեզ
-
Տերեւներս
կը
տրոփեն
հարիւր
հազար
սիրտի
պէս
-
Ընկուզենի
մըն
եմ
ես
Կիւլհանէի
բարքին
մէջ
-
Ոչ
դուն
գիտես
ով
եմ
ես
-
ոչ
ոստիկանը
գիտէ
-
1957
[թրքերէնէ]
Թարգմաննեց՝
ԶԱՀՐԱՏ
«Նոր
Սան»
թիւ
11,
Աշուն
1993
ՍՊԻՏԱԿ
ՄԱՐԴԸ
ՍՈՒՆԵԱՅ
ԱՔԸՆ
Սպիտակ
մարդը
պզտլիկ
էր
երբ
եկաւ
առաջին
անգամ
եւ
իր
մեծ
նաւան
մէջ
անշարժ
նստելէն
բոլոր
ոսկորները
կը
մզմզային
Սպիտակ
մարդը
սնանեցաւ
կերակուրով
զոր
իրեն
կարմրամորթը
հրամցուց
մեծցաւ
անոնց
հողին
վրայ
ու
փոխանակ
մանիտոլին
որ
խադադ
կ՚ապրի
ամպերուն
մէջ
ուզեց
որ
պաշտենք
մեռեալ
մը
որ
չարչարուեցաւ
ու
խաչուեցաւ
Սպիտակ
մարդը
յանուն
ազատութեան
խոշոր
արձան
մը
կանգնեց
արեւելեան
ծովուն
ափին
եւ
աստղերը
որոնց
տակ
կը
պարէինք
ամէն
գիշեր
գերեվարեց
իբրեւ
դրօշ
լաթի
կտորի
մը
վրայ
Սպիտակ
մարդը
ազատութեան
նման
արդարութիւնն
ալ
պատկերացուց
կնոջ
մը
արձանով
բայց
հէք
կինը
որ
ձեռքը
կշիռ
մըն
էր
բռնած
չգիտցաւ
թէ
ով
բռնաբարեց
զինք
քանի
որ
աչքերը
կապուած
էին
[թրքերենէ]
Թարգմանեց՝
ԶԱՀՐԱՏ
«Նոր
Սան»
թիւ
12.
Ձմեռ
1994