Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Մայրավանքիս դիւանին մէջ հետագայ նամակին հետ միասին կը գտնուի հայ թարգմանութիւնը ուրիշ ընդարձակ պաշտօնական վաւերաթուղթի մը` որ Ս. Աթոռին կողմանէ տրուած է առ Յովնան Եպիսկորոս:
       Նկատելով որ սերտ առնչութիւն ունի մեր հրատարակուած նամակին պարունակութեան հետ, եւ բնականաբար ամէնէն ակելի շահագրգռոկողը յիշեալ անձնաւորութիւնն է, ուստի անտարակոյս` եթէ նոյն իսկ ինքը չէ թարմանիչը` սակայն ինքը ուղղակի թարգմանել տուած ու ղրկած ըլլալու է առ Մխիթար: Թուական չունի, բայց ինքնին կը հասկցուի որ Յովնանու նամակէն վերջն է կարգով:
       Այդ վաւերաթուղթին մէջ քսան եւ եօթն համարներով արտօնութիւններ կը շնորհուին առաքելութեան փափագով վառուած Յովնան եպիսկոպոսի:
       Կոնդակին խորագիրն է հետեւեալը. Հրամանատուութիւնք ի սրբազան Տեառնեն մերմէ տէր Բենետիգտոսէ խնամօքն Աստուծոյ Պապէ երեքտասաներորդէ շնորհեցեալք Գերյարգելւոյ Հօր Տեառն Յօհանու Եղիայեան Հայկազնոյ եպիսկոպոսի Սեբաստիոյ, միսսիօնարի Առաքելականի վասն հայոց որք ի տեղիս Լիւստրա Գաւառին անտիոքացւոց ի փոքր Հայաստան ընդ ուղղաւորութեամբ Սրբոյ Ժողովոյն տարածմանն Հաւատոյ»: Ստորագրած են «Պետրոս եպս. Սապինոյ Կարտինալ Օթթօպօն» եւ «Անտոնիոս Լանչիօն սրբոյ Հռէմեականի Քըննութեանն Նոտար, այսինքն Ատենադպիր»:
       Այս հակիրճ տեղեկութենէն վերջ դնենք Յովնան եպս. ի մեկնումին գլխաւոր շարժառիթները:
       Գերարգեցելոյ եւ գերիմաստի տեառն տեառն Մխիթարայ Աբբահօր
       Եթէ տէր աջողեսցէ, մայիսի Դ կամ Ե, չւիմ աստի պարքայով: Իրաւի զայսպիսի միտ բնաւ իս յունէի` գոլով յուսահատ ի դադարմանէ հալածանացն: Բայց Յակոբ եպիսկոպոսն ստամպոլցի, որ այժմ առ Աստուած փոխեցաւ, ետ ինձ տեղեկութիւն եօթնից գիւղիցն Անտիօքու, զոր իբրեւ լուայ, եկն առ իս բաղձանս իմն գնալոյ ի կողմն այն, եւ մնաց այս բաղձան ներ սրտի իմում, եւ ստիպէր օրստօրէ` յայտնել Սրբոյ ժողովոյն: Զկնի հնկից ամսոց` մինչեւ տեսի թէ տակաւին կայ ի ստիպէ զիս յաճախաբար, գրեալ ծանուցի Ժողովոյն սրբոյ այսու մտօք. եթէ իցէ յաստուածակոյս կողմանէ, Ժողովն հրամայէ, եւ զապրելիսն իմ հոգացեալ առաքէ. ապա թէ իցէ դրդումն իմն բնութեան, կամ պատրանք իմն դիւաց` խափանէ զանց առնելով: Իսկ ես կայի ամենեւիմբ անզանազան: Զկնի ծանուցմանն էանց եօթն ամիս` եւ ոչ գոյր պատասխան, մինչ զի ես եւս մոռացայ եւ ոչ ունէի այնքան փոյթ. եւ ապա յաւուր միում կարտինալ Պէթրէն ձայնեաց զիս եւ քննեաց զմիտս իմ. իբրեւ տեղեկացաւ, ասաց ինձ, թէ ժողովն ինձ յանձնեաց զիրողութիւնս այս, տայ քեզ միայն ճանապարհի խարճլխ` եւ ոչ այլ ինչ, բայց ես ծանուցի զայս սրբազանի հայրապետին, եւ նա յանձն էառ տալ քեզ ապրելիս, այսինքն` ամիսն վեց սկութ` ներ առաքելականի պանդխտութեան քում : Լւեալ ի նմանէ զայս, իսկոյն մատուցի զշնորհակալութիւնս, եւ յայնմ օրէ սկսայ տեսանել զպատրաստութիւնս:
      
       Գերարգելութեան քոյոյ Նուաստ ծառայ Յօնան եպս . Սեպաստիոյ
      
       1728, ապրիլի 24 ի սուրբ Մ. Եգիպտացին [Հռովմ]