Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Թանկագին ու կարեւորագոյն նամակներուն շարքը առաջ կը տանի Յովհաննէս պատկերահան, հետզհետէ տալով Հռովմէն մանրամասն տեղեկութիւններ` հոն ժամանող Պետրոս Կաթողիկոսին նկատմամբ:
       Նախ կը հաղորդէ ինչ որ կրցեր է իմանալ կաթողիկոսական անդրանիկ ընտրութեան եւ անոր յարակից դէպքերուն շուրջ, ապա կը նշանակէ Հռովմ ուղեւորուելուն շարժառիթը, նպատակն ու գտած սիրալիր ընդունելութիւնները թէ` Քահանայապետէն եւ թէ Ծիրանաւորներէն:
       Մեր վաւերաթուղթը բացառիկ կարեւորութիւն մ'ալ կը ստանայ, որովհետեւ հայ եկեղեցական պատմութեան կ՚ընծայէ նշանակելի հետաքրքրական դէպք մը: Քահանայապետական ունկնդրութենէն քանի մ'օր վերջ կը տկարանայ Աբրահամ կաթողիկոս, հիւանդութեան լուրը կը հասնի Սրբազան Հօր, որ այցելութեան կը փութայ երկու Ծիրանաւորներով միասին: Առաքելական պալատ դառնալէ վերջն ալ` ի նշան հայրական հոգածութեան` առանձին հրահանգ մը կու տայ հիւանդին մասին:
       Աբրահամ կաթողիկոս այն ինչ կը գտնէ առողջութիւնը` մասնաւոր ունկնդրութեամբ մը անձամբ կը ներկայացնէ երախտագիտական զգացումները:
       Գերյարգելի եւ գերապատուելի տէրութեան ձերում յոյժ սիրով եւ կարօտիւ ողջոյն
       …Այն զոր խոստացայ այլ գրովս թէ ծանուցից գերյարգելութեան ձերում, վասն այս Պատրիարքի կողմանէ ներկայ գրովս կատարեցից եւ է այսպէս. սա քան զԻ տարի առաջ ֆէրմանով սուրկուն էին առած Երուսաղէմ, սա կերպիւ փող կերցուցեր փաշային եւ փախեր էր ի Լիփանան, եւ անդ մօտ Ի տարի կենալուն ետեւ Հալպու ուղղափառներն ֆէրման հաներ են ըթլախ այս պատճառելով, թէ Հալպու այէլէթն բազում փող առնելուք ունի երթայ ժողովէ. սա գնացեալ Հալապ երկու ուղղափառ եպիսկոպոսի վէքիլներու ներկայութեամբ տէր Մարքարն տէր Ակոբն եւ տէր Սահակն եպիսկոպոս օծեր է, մինն Տիարպէքիրի, տէր Ակոբն Հալպու, եւ տէր Սահակն Քիլիսիու վրայ, ետոյ այս վերոյ յիշեցեալ Գ եպիսկոպոսն զինքն Կիլիկիայու վերայ պատրիարք օծած են, ետ այս առնելոյն… Բ ֆռանչիսկան պատրիի ներկայութեամբ, հանդերձ ուղղափառներու իշխաններովն ժողովք ասարեալ են, թէ Պատրիարքն ընդ իւր Սահակ եպիսկոպոսն Հռօմ գան, Պատրիարքն վասն խնդրելոյ փափէն զհաստատումն եւ զփալեօն. ետոյ խնդրէ փափէն եւ ժողովքէն բազում գրերս, որով Սահակ եպիսկոպոսն գնայ բովանդակ քրիստոնէից երկիրն ողորմութիւն ժողովելու. ետոյ այս ողորմութիւնն Գ բաժին անեն, Բ. ըն Հալուպ եկեղեցնայ եւ խեղճ ուղղափառներու օգնութիւն, մինն վասն Լիփանանու եղած վանքին, եւ չորրորդ բաժինն պատրիարքին, եւ սոյն խորհրդովս ճանապարհորդ եղեալ հանդերձ բազում յանձնա[րա]րական գրերովն հասին տեղս: Նախ քան զայս երբ Մարսիլիայ հասին գրած են մառօնոց ոմանց թէ իւրեանց տեղ պատրաստիցեն, բայց երբ ալիկուռնայ հասին` իմացած եւ տեղեկացած որ յաժմս ոչ քոյ խռովութիւն հայոց հիւրանոցն, այլ բնակիչքն կեան խաղաղութեամբ եւ միաբանութեամբ, գրեցին Վրդանէս եպիսկոպոսին եւ եկին տեղս… Ուրեմն ետ տեղս հասանելոյ նախ իւր գրերն ուղարկեց զանազան կարտինալներու, ետոյ ինքն անձամբ գնաց բարեւելոյ զնոսա. յոյժ սիրով ըակալան զնա, եւս առաւել ըսպանեօլ քարտինալ Պէլլուքան, որ մեծաւ յարքութեամբ սեղան կոչեց իւր պալատն զսա, …[յ]ետ կարտինալներու` փափին մոտ գնաց եւ փափն յոյժ սիրով ընկալաւ զնա, երբ լսեց իւրեանէ թէ որպէս սուրբ Գրիգոր Պատրիարքն Հայոց ի ժամանակի սուրբ Սէղբեսդրոս փափին եկաւ Հռօմ, եւ յաժմս ետ Ռ եւ Ը տարոյ եկեալ է առ ոտս սրբութեան իւրոյ առ ի ընկալնուլ զպատրիարքական Փալեօն եւ զհաստատութիւնն պատրիարքութեան իւրոյ, երբ մինչեւ յաժմս առանց զէն ԼԹ տարի պատերազմեցաւ ընդդէմ հէրետիկոսաց, եւ յաժմս զինուորեցեալ ի սրբութենէ իւրմէ դարցցէ ի յարեւելս եւ այլն, եւ փափն յոժարութեամբ խոստացաւ կատարել զխնդիրս իւր հանդիսաւորապէս եւ առեալ զօրհնութիւնն նորա դարձաւ ի տուն մեծաւ մխիդարութեամբ: Եւ ետ քանի աւուր նոյն պատրիարքն տկարացաւ… փափն լվաւ զտկարութիւնն իւր եւ եկ ի տեսանել զնա հանդերձ Բ կարտինալիւ, այսինքն Պէլլուքան եւ Քարաֆան, թէպէտ առապայէն վար չեկաւ, քան զի պատրիարքի բնակեալ օթեւանն բարձր քոլով նեղութիւն էր եւ անյարմար փափին վեր ելանել, բայց կարտինալներն վեր ելան խադրն հարցանել փափին կողմանէ եւ փափն կես սահեթ եկեղեցնա առջեւ առապաով կեցաւ եւ բովանդակ հայքն զոտն համբուրեցին, իսկոյն փափին եւ քանի կարտինալի հէքիմներն եկան առ ի բշիշկել զնա: Ետ քանի աւուր փոքր ինչ առողջացաւ եւ տօն տօմէնիքոն ընդ իւր գնաց փափին շնորհակալութիւնս մատուցանել. նոյն խոսակցութեան մէջ տօն տօմէնիքոն հասկացոյց սորայ չիքաւորութիւնն եւ փափն հրաման առաւ փարթ տան, քանի որ տեղս է եւ արապայ` երբ որ խնդրէ… ահա մի ըստ միոջէ ըստ խոստման իմոյ ծանուցի գերյարգելութեան ձերում. եւս յայտ լիցի որ յատկէն ետոյ հասդատ միտն գրեր է Վէնէտիկ գալու եւ անտի գնալ ի յարեւելս. բայց Սահակ եպիսկոպոսն կամք չունի յարեւելս դարնալ, կամի մնալ այս երկիրներն. եւ յաժմս լսեցի որ մին քարտուստանցի նոր ուղղափառ եղած հայ եպիսկոպոս ոմն եկեր է Ալիկուռնա, տեղս գալու է, սա եւս վասն մնալու կուգայ եթէ իւրեան փառթ տան…:
      
       Ամի տեառն 1742 հոկտ. ի 6 Հռովմ]
       Նուաստագոյն ծառայ [պատկերահան ] Յոհաննէս