Մաթիկ Մելիքխանեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թ.

…Ընկեր Մաթիկ Մելիքխանեան փախաւ Վասպուրականէն, առնելով բառը դասական թանձրութեամբ, օգտագործելով Սասունէն պահանջ մը, ընթացիկ աշխատանքի վարժ գործիչէ մը։ Այս փախուստը չծածկեց անիկա, այսինքն՝ կարկտաններով չպարտկեց։ Զուարթ, անհոգ, Կովկասի ու Մոսկուայի հեշտ պայմաններուն համը դեռ բերնին, երիտասարդ ուսանողը առաջին մկրտութիւնը կ՚առնէր ամբոխէն, այն մռայլ ու դաժան բանին, որ հասարակաց կարծիք կ՚անուանուի ու այնքան անողոք է տկարին վրայ։ «Ինկողը բարեկամ չունի», ըսեր է ժողովուրդը։ «Ինկիր անգամ մը ու կը տեսնես», աս ալ, որ ժողովուրդին իմաստութիւնն է նորէն, լքեցին զինք անոնք, որոնց դաս տալու ժամանակ կը ճարէր հեւասպառ իր աշխատանքէն։ Լքեցին զինքը իր քանի մը հաւատաւորները, պարզամիտ տղաք, որոնք մէջն էին անոր հիացքին, բայց վախցան ընդհանուր խեցեվճիռէն, որ շաբթուան մը այդ ամբողջ շրջանը համախմբեց իր կործանումին պահանջին մէջ։ Բայց աւելի տխուրը՝ այն յուսաբեկ զզուանքն էր, զոր կը զգար իր մէջ ուսուցիչներէն, մա՛նաւանդ երիտասարդ երակէն, որոնք օրինակած էին անոր մռայլ թերութիւնը, խօսելու ու չհամոզուելու հերոսութիւնը, յաւելեալ՝ միշտ իրաւունք ունենալու այլապէս՝ վասպուրականեան յամառութեամբ։ Յիշեց անիկա յստակ գծագրութեամբ տիպար մը անոնցմէ, քսանէն երեսունին մէջտեղուանքը, այսինքն՝ եղծուած մը, որուն մարմինը կը մնար պատանութեան հաւատարիմ, բայց դատելու գործարանը կը մատնէր գաճաճեան սրութիւն։ Նշանաբանը՝ ընդդիմադիր ըլլալ, ամէն տեղ, ամէն բանի մէջ։ Աւելի՛ն, իր կարծիքին յարում մը մերժել, մնալու համար առանձին։ Ասիկա ես ալ պիտի հաստատէի աւելի ետքը, Սուրիոյ լեռներուն մէջ ճռզած իմաստունի մը վրայ, որ   բողոքականներու գոլէճներուն մէջ   սորվեր էր այդ գիտութիւնը։ Վիճաբանութիւնը նիւթական հացն էր անոր։ Ու անկէ դադարը՝ անհանգստութիւն։ Մաթիկին կարծիքով այդ մարդերը յաւիտենական տղաքներ էին, ասպարէզէն նուաճուելով շատ կանուխ ու ճռզելով՝ իմացքէ ու սիրտէ։ Իր կարծիքով, ոչինչ կը հաւասարէր այդ ապասերած արարածներուն սրտէ չորութեան։ Վասպուրականէն անիկա ունէր տակաւին ուրիշ զօրաւոր զգուշութիւն մը, - Հայկական չափազանցութիւնը, որ վնասէն զատ բան չէր բերելու մեր հետապնդած դատին։ Իր բառը չէ անշուշտ յեղափոխական միստիքը, բայց ես հիմա կը գործածեմ զայն անկէ թելադրուած վիճակ մը տարազելու։ Մեր եռանդը ու անպարագիծ նուիրումը վտանգը կը ստեղծեն կանխահաս սպառման։ Պէտք է սանձել այդ տղոց հերոսութիւնը։

Ընկեր Մաթիկը, հակառակ իմ յամառ խնդրանքներուս, ժլատ եղաւ վասպուրականեան զգայնութիւններէն։ Անշուշտ, որո՞ւ մտքէն կ՚անցնէր, թէ օր մը շահագործելու էի ատոնք։ Այն օրերուն, անիկա անկարող էր հասկնալու բուն պատճառը իմ հետաքրքրութեանս ու իմ պնդումիս մէջ անուղղակի ետդարձ մը կը կասկածէր իր վրիպանքին։ Եւ սակայն այլապէս զօրաւոր էին իմ պատճառները։ Արմաշի դպրեվանքը, իմ տարուան մը ուսանողութեանս շրջանին, քսան-քսանհինգ հոգինոց մեր դասարանէն իմ վասպուրականցի ընկերներս մեծ դեր ունէին սա յետահայեաց շահագրգռութեան մէջ։

Աւելորդ է թերեւս յիշեցնել, որ այդ դասարանը, որ օգտակար մշակներ տուաւ մեր կրթական ասպարէզին, իր մէջ կը համրէր ներկայացուցիչներ մեր հայրենիքին կարեւոր կեդրոններէն։ Պրուսայէն մինչեւ Վասպուրական, Սեւ ծովու եզերական քաղաքներէն, Բարձր Հայքի գիծով։ Պատուական տղաք բոլո՛րն ալ, մեծ մասով զոհ Մեծ եղեռնի։ Հասարակաց գիծ մը զանոնք կը բերէր նոյն մակարդակի՝ խօսուածքէ, դէմքէ, նկարագրէ։ Այս հանգիտութիւնը, նմանապէս գո՛յ հոգեկան բաղադրութեան մէջն ալ։ Մեր ցեղն էր, մանրանկարուած, որուն մէջ Պոլիսն անգամ տուած էր հանած-վառած պեխաւոր Էֆէնտին, ով գիտէ ո՛ր խնամակալին բարեւը ինկած մեր մէջ (աւելի յետոյ տեսայ զայն թուրք պաշտօնեայ, տիպար՝ համազգեստէն ու պեխերէն)։ Այս միջինէն բաւական ուժով զարտուղում մը Տարօնէն, փոքր գլխով, կարճ ու հաստ վիզով, անհամեմատ լայն ուսերով, կարծես լուծքի համար հանդերձուած, երկու տղաք։ Բայց նորէն չհերքելով ընդհանրական նկարագիրը դասարանին։ Այս միջինէն խոր զարտուղում՝ երկու վասպուրականցիները, հերքելով միացման գիծ ու կարելիութիւն։ Անոնց դէմքը՝ քառակուսի գրեթէ։ Անոնց լեզուն՝ չտաշուած բուն կաղնի։ Փերթ-փերթ, մա՛նաւանդ թուրքերէն եւ ֆրանսերէն արտաբերելու ատեն։ Ու խիստ նուաղում, երկարութեան մէջ ուժ փնտռող՝ երբ մեր լեզուէն Ե գիրը ունէինք տալիք։ Ծաղկահար մորթ։ Ամուր նստած քիթ։ Մանր ու կարծր աչքեր, որոնք սեւեռումէն չէին գիտեր յոգնիլ։

Այս արտաքինին վրայ աւելցնելիք հոգեկան ոչինչ։ Վասնզի իրարու հետ միայն անոնք կը ժպտէին, իրենք զիրենք կ՚ըլլային, մեզի հետ՝ միշտ պատենապատ։ Այս զրահուած հոգիներէն ներս թափանցում մը տակաւին հիմա դժուար է մեզի։ Այն ատեն անոնք կը տառապէին սորվելու համար բաներ, որոնց մասին մենք չէինք զգար ոչ մէկ ծանրութիւն։ Ու զօրաւոր էին ուսումներու մէջ, որոնք ճիգ կ՚արժէին մեզի։ Կը յիշեմ ազգային պատմութեան  մասին  իրենց  ճառագայթուն  արգահատանքը։

Անոնք տարօրինակ դիւրութեամբ կ՚ըմբռնէին աւանդական յեղումը ուսուցիչին եւ անոր քննական քաշքշուքները, մինչդեռ ինծի համար մինչեւ այսօր պարզ չէ մեր պատմութիւնը իբրեւ ուսում։ Եւ էին խիստ, յամառ, նախայարձակ ու տարօրէն տոկուն։ Դժուար աշխատանքը անոնց վայելքն էր կարծես ու կը կարդային, կը նոթէին, լոյսը մութին խառնած, Վասպուրականի, մա՛նաւանդ աչազուրկ դաստիարակին վարկը փրկելու սա տղոց մէջ, խորթ հայեր վերջապէս, քանի որ Ռշտունի ծովակէն ձուկ չէինք կերած։ Աչազուրկ դաստիարակը իր մէկ նամակով Վասպուրականին ամբողջ անցեալը գրաւ կը հանէր առաջնութեան մրցանքի մը, առանց կասկածելու անհնարին տառապանքը, զոր անոր աշակերտները կը կրէին, դասարանին միջինին վրայ աչք ունենալու համար։ Անշուշտ սորվելու, պաշար կրելու (դէպի գլուխը), հիմնական բաներով տարուելու իրենց եռանդին եւ հոտառութեան մէջ անոնք կը գերազանցէին մեզ բոլորս։ Մաթիկէն դիտուած «տունն ի վեր» խա՜նդը, զոր յետոյ պիտի հաստատէինք բոլոր վասպուրական զարմին վրայ։ Այս պնդութեամբ, իրապաշտութեամբ, իմացապէս ամէնէն նուազ օժտուածները մենէ, անոնք պահեցին իրենց դիրքերը։

Չեմ գիտեր ինչու, մինչեւ հիմա այս ընկերներուս յիշատակը խառնուած կը ներկայանայ ինծի առակին կրիային։ Կաշիի ու ոսկորի դիմացկունութի՛ւն։ Այո՛։ Նոյն այդ յատկութիւնները, որոնք այսօր զանոնք տէրն են ըրած Երեւանու։ Ա՜ն ալ Վան մը… Մաթիկ Մելիքխանեանց չէր ճանչցած Վանը։ Ու չէր ալ հասկնար իմ ժպիտը, երբ իր խօսած պահուն, մտքիս կը բուսնէին երկու ընկերներս, դպրեվանքի հաստ մեր դասարանին մէջ, այդ պահուն քիթ քիթի Օրմանեան սրբազանի եկեղեցական պատմութիւնը վայել լրջութեամբ վերծանելու։ Մէկը կրօնքի ուսուցիչ եղաւ անոնց։ Միւսը՝ ամէն բան, մինչեւ իսկ ընկերվարական լիտըր, յետոյ՝ հայ եկեղեցւոյ վարդապետ, կէս ճամբան կոտրելով իր ուխտը, դառնալու համար մեծամասնական գործիչ։ Անոնց կարմրակառոյց դէմքէն, այլապէս տպաւորիչ այն միւս արտայայտութի՛ւնը, երբ քով քովի, բերան կը բանային ու իբր ջաղացքի խողովակ մը, մեր վրայ կը ժայթքէր իրենց ահաւոր «Լօ-լոն», սէգ Սիփանայ սարերն ի վեր, ա՛յնքան ռազմական, հզօր, որ ամէնքս կը շարժէինք մեր ոտքերէն, հետեւելու համար երգին դրոյթին։ Ու յեղափոխական քայլերգին (այսպէս որակեցին անոնք ատիկա) բառերը, սուրացող ձիաւորներու արշաւը թելադրելէ զատ, մեր ջիղերուն կը տեղային՝ ինչպէս կարկուտի իրական տարափ մը, վերջացող վանկի, երը երկարող սուրի նման մխելով մեր ականջներուն։ Կռի՜ւ։ Այսպէս ըլլալու էր ելքը դէպի լեռ, հեւքոտ, բուռն, ցուլի կուրծքէ մը փչուած։ Ու տակաւին 96ի կռիւներուն ականատես սարսափները։ Ու տակաւին իրենց պարերգը, օրերգները, Փափուրի ճանը, անվախճան ու անսկիզբ, ինչպէս ծովն էր Վանայ… Մաթիկ Մելիքխանեանց զեղուն չեղաւ կազմակերպական մանրամասնութիւններէ։ Հասկնալի՝ ներկայ իր առաքելութեան մէջ, զոր տուած էր ինքը իրեն։ Ուր անիկա ոչինչ գիտէր, ունէր՝ հաղորդելիք։ Տեղն է յայտ ընելու, մասով, հանելուկը իր հոս, մեր կողմերը երեւումին։ Անիկա ինքզինքը չէր ենթարկեր ոչ մէկ կուսակցութեան, լսելով իր կախակայումը քաջաբար։ Անշուշտ այս անկախութիւնը չէր սնաներ նկարագրի ու կամքի հզօր տուրքերով, որոնք մեր մինակութիւնը կը փոխարինեն ու մեզ բաւող կ՚ընեն մեզի։ Ոչ ալ սնամէջ մեծամտութիւն մը զինքը կ՚ընէր անհաշտ, անհաղորդ, անհաւան՝ իր շրջապատին։ Ընկեր Մելիքխանեանց հիւանդութիւնն ունէր խօսելով յոգնելու, որ մեր լեզուով հոմանիշ կը դառնայ եսասիրութեան։ Այս մարդերը, որքան ատեն որ իմացական արժէքներով պաշտպանեն իրենց այս թերութիւնը, կ՚ըլլան տանելի։ Բայց զանգուածը ահաւոր արագութեամբ մը կը հալեցնէ մեր սրտին անարմատ ընձիւղները իմաստէ։ Միտքը կը շլացնէ։ Ընկճողը՝ վարողը կամքն է։ Ահա թէ ո՛ւր էր դժբախտութիւնը Մելիքխանեանց Մաթիկին, որ զգայնութիւններով հարուստ իր անցեալին մէջ, անհայր իր պատանութեան օրերուն առիթ չէր ունեցած կամքի մը տարրերը ճարելու ու տարուբեր արարած էր։ Սխալը՝ զինքը գործածողներուն, սա մարզերուն վրայ։ Այս զգացական հարստութիւնը եսասիրական կղզիացում կ՚որակուի գործողութեան մարդոց մօտ, որոնք միշտ պիտի արհամարհեն իրենք իրենց վրայ մեծահաւատ, իրականին մէջ մանուկի մը չափ ձախաւեր այդ իմացատարր մարդերը։ Մեծ եսասէրները, մեծագարներ ըլլալէ առաջ, սկսած են մանկութիւններով։ Զոհողութեան ընդունակութիւն մը չէր, որ կը պակսէր Մաթիկին։ Անիկա իր ապագան չէր սակարկած, երբ մտաւ ստոյգ մահուան սա մրցարանը։ Պակսածը՝ ուրիշներու հետ խանդավառուելու կարողութիւն մը, որ զինքը կը մեկուսացնէր ցաւէ կամ հաճոյքէ։ Ա՛յնքան խորապէս տարուած էր խօսքին հրապոյրովը, որ չէր զգար իր ձգուիլը մինակ՝ մտիկ ընող շրջապատէն։ Ասիկա կը պատահի, երբ շրջուն գործիչներ տեղ մը յամենան ու ստիպուին նոյն միտքերը կրկնելու ամիսներով։ Անիկա անհատապաշտ, եսամոլ ցաւագար մըն ալ չէր, ինչպէս է պարագան շատ մը արտակեդրոն հիւանդներու, զօրեղ իմացականութեամբ, բայց կաւէ կամքով, որոնք իբր հրթիռ համախմբումները կը խանդավառեն ու կը տարուին -բռնի կամ կամաւ բեմին ետեւը, խնայելու համար չուշացող կործանումը։ Մաթիկ իր անձին համար չէր հետապնդած ոչ մէկ շնորհ կամ վայելք։ Ու չէր սիրուած։ Թերեւս մեծագոյն զսպանակը իր վրիպանքին։ Ու կը շրջէր, կը թափառէր ահա, չէր գիտեր ինչու։ Ան միշտ խուսափեցաւ իր պտտած շրջաններէն շօշափելի փաստեր դնելու մէջտեղ ա՛յն դատին հաշուոյն, որուն քարոզը կը դաւանէր իր անձը։

Այն օրերուն, պոլսական դպրոցէ յեղափոխութիւն մը (այնքան ընդարձակ է այս տարազը, իր մէջ ընդգրկելով մահուան մէջ երկարատեւ մարզանք մը ու անկէ չվախնալու խնամքով ուսումնասիրուած թեքնիք մը։ Տանջանքը ու գորովէ վեր ըլլալու հերոսութի՜ւնը, որ հայկական միստիքը կը յատկանշէ։ Այս զգացումն է, որ մեր զոհուողներուն անսպառ կարաւանը հանդերձած է, շարժման սկիզբներուն, երբ ցուցմունք մը, կասկած մը բաւ էին բանտ, անկէ աքսոր քշելու առտուն կանուխ, խաչը հանող դռնէն դուրս ելլող հայը) միակտուր տիսիփլին էր մեզի համար։ Այս տիսիփլինէն առաջին ու վերջին հրահանգը ամէնուն առջեւ ալ հաւասար արժէքով՝ լռութիւն, բացարձակը սակայն, ամէն բանէ, մա՛նաւանդ չգիտցածէն, այսինքն՝ դէմինը շուարցնելու մտքով հնարածոյ սուտէն։ Չըլլալ տեսած ու լսած։ Այնպէս որ՝ մինչեւ այսօր մութ են պարագաները, որոնցմէ բռնավար անիկա երեւցաւ «Սասնոյ լեռներում»։ Բարեբա՞ստ, գոնէ հոդ։ Կարելիութիւնը չունիմ բաւական ընդլայնումով մօտենալու անոր գործունէութեան սա նոր շրջանին։ Ատիկա առանձին հատոր մը լեցնող աշխատանք կը նկատեմ ես, աշխատանք, որ վեր է վիպելու ձեռնհասութենէն։

Ուրիշ պատճառներ զիս կ՚ընեն վերապահ, որոնցմէ առաջինը անշուշտ տիպարին երկդիմի, թերի, ու այդ օրերուն անկարելի նկարագիրը։ Չեմ կրնար զայն ճշդել, նոյնացնել Սասնոյ սարերուն վրայ գործող մեզի ծանօթ միւս մարտիկներուն։ Ինչպէս չեմ կրնար անհերքելի մահն ալ թիւրիմացութիւն ընդունիլ, վասնզի զայն լսած եմ մուշտակագործ Ղազարէն, որ պատմած է եղերական դրուագը, իրեն յատուկ սարսափով։ Այնպէս որ՝ մնալու համար առարկայական իրականութեան վրայ, դժուար է ինծի Մաթիկը զատել իր հեքիաթէն, այսինքն՝ իր բերնով պատմուած առասպելախառն դէպքերուն ու սա անհերքելի միւս ստուգութենէն, - Կովկասէն Պրուսա գտնուելու իրականութենէն։ Հեքիաթի անձնաւորութեան մը պէս սո՞ւտ։ Թերեւս։ Ուրե՞մն։

Կը մնամ զգոյշ, ու կու տամ զայն իր իրականութեամբը։ Ըսի թէ ինչո՞ւ ճիշդ պիտի չըլլար զայն ընդարձակել, անոր մէջ զետեղելու համար հրաշահիւս պատկերը, որ իսկապէս «Սասնոյ սարերում» կռուող գործիչինը եղաւ։ Մաթիկը շատ պակաս կու գայ, այդպէս հասկցուած մարդոց պարագրկումին։ Երկրորդ  կարեւոր արգելք մը իմ անբաւարար ընտելացումն է այդ աշխարհին, որ բառով, փոխաբերութեամբ, պատկերով (գրական յօրինումը) ու հռետորական զեղումով չի նուաճուիր։ Երեւակայութիւնը շարժումներու գծագրութիւն մը կը նշմարէ, խաւարին մէջ ուրուագծուած կայծակէ մը լուսաւոր, բայց տկար է մարդերու իրականութիւնը փրկելու հարցին մէջ։ Կռիւը գերագոյն շարժումն է անշուշտ, բայց կռուողը՝ հիմնանիւթը։ «Մնացորդաց»ի յաջորդական հատորներուն, Տիգրանակերտի ճամբուն վրայ, ես ծրագրած եմ տալ քանի մը հատ վաւերական տիպարներ, որոնց հետ իմ շփումս բաւ է մարդոց անփոխարինելի իրականութիւնը ապահովելու։ Կը ճանչնամ պետերը ու ատիկա բաւ է՝ անոնց ողբերգութիւնը մատչելի ընելու նախ ինծի, ապա՝ ընթերցողին։ Հետեւաբար, սրբազան այդ պարտքին ուխտովը, հարկ կը սեպեմ դառնալ թերի Մաթիկին։ Սասունը ոսկեդարն է անոր յեղափոխական գործունէութեան։ Չըլլար դաւը իր հասակին, թերեւս փրկէր ինքզինքը, վասնզի գործ ունէր պարզ մարդոց հետ։ Այդ գեղացիները շեշտ ու կոշտ, աչքէ ու բերնէ, գառնուկի սիրտ կը կրէին ու խոր յարգանք, Կեդրոնի ներկայացուցիչէն։ Անիկա աշխատեցաւ այդ լեռները հասկնալ, անշուշտ գիտութեան ուսանողի ակնոցով, երկրաբանօրէն եւ ցեղագրապէս։ Ըրաւ ինքզինքը ծիծաղելի իր առաջին յամառութեամբը, որով պնդեր էր իր քաղքցիի հանդերձանքով, գլխաւորաբար՝ ոտքէն, բարձրանալ կատար մը, խանդավառուած բարձունքէն, որքան փառաւոր զէնքերը ուսընդանութ բարձրացող տղոցմէն։ Ձգեր էին զինքը կէս ճամբուն, բզկտուած, կօշիկներէն ու տաբատէն։ Այս պարտութիւնը պատրաստեց երկրորդը, դարձեալ յամառութեան շրջանակէն։ Չճանչցաւ հեղինակութիւնը հոն գործող ընկերոջ մը, որ բաւարար փաստաթուղթեր չունէր, շատ դիւանական միտք մը չըլլալուն, բայց կը վայելէր վստահութիւնը ժողովուրդին։

Անիկա մինչեւ Ակոյին քարայրը չէր կրնար հասկնալ հեղինակութիւնը այդ մարդուն, տաճկահայ, քիչ մը գրոց-բրոց որ  յեղափոխական  էր  առանց  Կարլ  Մարքս  կարդացած ըլլալու ու չէր ամչնար իր անյատակ տգիտութենէն։ Բախումը չուշանար պիտի, եթէ երբեք ստիպողական գործեր այդ ընկերը -տգէ՜տը- չկանչէին Մուշ, ուր չարտօնուեցաւ իջնել, հակառակ իր բուռն փափաքին, այծի մօրուքին պատճառով։ Քիչ-քիչ ծագում առաւ անվստահութեան այն ոլորտը, որ ատելութիւնը կը կանխէ։ Ու կանգ առաւ։ Այսինքն՝ չկրցաւ աճիլ։ Պատասխանատուն ինքն է նորէն, որ ապրած է այդ խստաբարոյ լեռներուն մէջ, սուր մօրուքիկը անձէն անպակաս, խորհած, կազմակերպած (խորանարդ բա՜ռը), կռուած, փախած, ետ դարձած, նորէն փախած, բայց չէ տեսած։ Ըսել կ՚ուզեմ ուշադիր ու պահող ակնարկով մը չէ հետեւած տեղին, ինչպէս իրողութեանց կարկառներուն։ Անշուշտ յեղափոխութեան գործօն մասնակիցներու կողմէ հրատարակուած յուշերուն մռայլ անկապակցութիւնն ու անբաւարարութիւնը մասով մը կ՚ընեն բացատրելի Մաթիկին ալ պատմումը։ Չէ կարելի տիրապետել դէպքերը, կը հասկնամ՝ ուրիշներու անհանգիստ ու յայտ վայելումին համար անոնց գրական դասաւորումը, երբ կանուխէն, մեծ թերթերու պատերազմական թղթակիցներուն նման չենք մարզած մեր նայուածքը այդ ուղղութեամբ։ Չեմ ենթադրեր, որ մեր մարտիկները, պայքարին այդ խռովքներուն մէջ, ըլլան մտածած օր մը պատմուելիք յուշերուն արժէքին։ Յիշատակ պատմելը ծերութեան վայելք է ու զինուորները անմուրատ էին անկէ ալ։ Անոնք, իրենց երիտասարդութեան, կռիւն են ունեցած իրենց իբր գերագոյն մտահոգութիւն ու ոլորտ։ Իրողութիւններէն երեսուն մը տարի յետոյ, ծերացած մարտիկը, երբ գրիչը կ՚առնէ ձեռք, վերակազմելու համար այդ անցեալը, ինքն իսկ կը հաւատայ անոր։ Ահագին է լայնքը այդ պարագրկուելիք աշխարհին։ Խառնակ՝ խաւերէն ու ելեւէջներէն։ Կան բաներ, որոնք տաք ու խենթ արիւնով միայն կատարելին են։ Ատոնցմէ առաջինն է ազգին սիրուն լեռ բարձրանալը։ Այդ է պատճառը, որ այդ յուշերը թուղթի վրայ այնքան դժուար կը թուին մեզի։ Եթէ գլուխը խնայուած ըլլար Մաթիկին, չեմ կարծեր, որ շատ տարբեր պիտի տար իր գործունէութեան ոսկեդաշտը (ինչո՞ւ չէ) անոնցմէ, որոնք տասը տարիէ ի վեր կ՚ընեն ատիկա։ Յեղափոխութեան այդ մայրագաւառին մէջ, ըսի թէ անիկա ճանչցաւ վերջապէս մաս մը հարազատ հայ ժողովուրդ։ Իր հաճո՜յքը՝ այդ պարզ, բացսիրտ, կայտառ գեղացիներով չքացնելու Վասպուրականի խաժամուժը, որոնց գործնապաշտ ու թանձր շահախնդրութիւնը կը բաղդատէր հաւատաւոր սա բազմութեան, իսկապէս «հրեղինուած» ազատութեան ընտանի իրենց հոգին ջահի պէս հանդերձած անկախութեան երազին։ Լեռնականները խանդավառած էին զինքը, հաւաքական կեանքի պատկերներով։ Չէր տեսած, վասնզի չըսաւ, անոնց հերոսական արարքները, որոնցմէ ամէնէն սրտառուչը՝ գեղերու հրդեհումն էր սեփական ձեռքերով։ Բայց ըրաւ մեծ կենդանութեամբ այդ անհանդարտ հոգիներուն լիակատար յարդարանքը յեղափոխական կռիւի համար։ Հպարտ էր անիկա, տակաւին, այծարած Ակոյի քարայրին մէջ մեր ժողովուրդին այդ նմոյշներովը։ Ազատութեան այդ զինուորները, «արծիւներու բոյնի մը պէս», այդ սարերու փէշերուն կարծես հոգին կը խորհրդանշէին ցեղին, փախած դաշտերէն, մօտ զառիթափերէն, ուր նոյն այդ միւս մասը ենթարկուած էր անճանաչելի ձեւազեղծման։ Այդ ցածերէն ու դաշտէն (գլխուն վտանգովը, քիւրտի պէս հագուած՝ անիկա իջաւ դաշտը ու պտտեցաւ օրերով) անիկա ճանչցաւ նաեւ այդ ժողովուրդը, այսինքն՝ զանգուածը, ասոնք ալ գեղացի մեծ մասով, բոլորովին տարբեր Կովկասի թեթեւ ու սրամիտ, զուարթ ու հեգնող տիպարէն։ Հոս, այդ գեղացին ծանր էր, գլխէն զարնուած լրջութեամբ։ Չէին խնդար, ատե՞ն թէ սիրտ չունենալնուն։ Դարաւոր գերութիւնը անոնց մէջ կռանած էր նախապաշարումներ, որոնք պատառ մը վայելքին բուռ մը տանջանք կը լծորդէին։ Չէին խմեր, այգիէ արգիլուած ըլլալնուն, քանի որ այդ բոյսին յարմար հողերը կը պատկանէին բարեբա՜ստ ազգին, մեր պատմութեան կողմէ «անողորմ զարմն Իսմայիլի» յորջորջուած։ Տխո՜ւր, բոլո՛րը, խոր, անդարման թանձրութեամբ մը։ Ընկեր Մաթիկ հաճոյք ունէր, գիտական իր պատրաստութեան գնով անշուշտ, զանոնք նմանցնելու Հարաւային Ռուսաստանի լեռնամերձ մուժիկներուն, որոնց իմացականութիւնը այնքան տարրական ու զգայնութիւնը այնքան ալ մօտ էր ասոնց։ Ամբողջ գրականութիւն մը չէր սպառած դժբախտութիւնը այդ տարրին։ Բայց Մաթիկին վճիռովը այդ խնկելի նախիրը երկոտանիներուն երջանիկ էր  սա գեղացիներէն քանի որ զերծ էր թուրքին ահէն։ Մեր պատմութիւնը անշուշտ բիւրեղացումներ ունի դրած մեր մտքին խորը։ Զուր տեղը չեն անցնիր ժողովուրդի մը վրայէն գերութեան հազար հինգ հարիւր տարիներ։ Կարճ շրջանը, որ կը սկսի տասնըհինգերորդ դարու կէսէն, եւ նպատակ ունի մեր կեանքին մէջ քանի մը ժամանակակից յղացքներ սեւեռելու, կը յանգի արիւնոտ պարտութեան՝ 96ի ջարդերով։ Զայն իր լրումին մէջ ապրողները եղան Մաթիկին լեռնականները։ Ճակատագրին պատգա՛մը, որ պարզ էր ալ, վասնզի ողջ մնացողները պատրանք չունէին թուրքին ծրագրէն։ Անշուշտ Սասունցի Դաւիթէն կոխոտուած այդ հողերուն վրայ տապալ էին ինկած շատ Մսրայ Մելիքները։ Իրողութիւնը ուրիշ էր, երբ Մելիքներու զօրքը հեքիաթին պատմածին նման, հիմա ալ կը սեւցնէր դաշտը ամբողջ։

Բայց Դաւիթնե՞րը։ Այսինքն՝ Մաթիկնե՞րը։ Ու թշուառական այդ ամբոխը, գլուխը կախ՝ կը սպասէր հեքիաթին ձիաւորին եւ կայծակէ թուրին։ Առայժմ անոնց «ալիւրը կը խառնէին մոխիրին», ինչպէս կը նկարէ հեքիաթը, կը   շաղուէին արցունքով ու կը սպասէին։- Սարերուն փեռեկտումին, Մհերին ու… մահուան։ Մեր նոր (ոգ) հոգեբանութիւնը ջարդերէն յետոյ անորակելի նուազում մը կրեց իր ցեղային աւիշէն։ Մեր պատմութեան մեծ կործանումները վնասած էին մեր թիւին, բայց անզօր մնացած մեր հոգիին վրայ։ Ազատուող հայը տասնապատկուած ուժով մը ինքզինքը կը գամէր իր բոյնին ու կը դարմանէր թիւին պատգամը, մեր լեռներուն վրայ մնայուն ընելով մեր տեսակը։ Իննսունվեցը պարտութիւնն է մեր հաւատքին։ Մեր հոգին առաջին անգամ կը հարուածուէր մեր լեռներուն մէջ։ Ու դարաւոր մեր գոյութեան միջնաբերդը, մեր բարձրաւանդակները ինկած էին թշնամիին հասողութեան։ Անկէ յետոյ, մեր գեղերը անապահով չէին միայն իրենց ստացուածքէն, պատիւէն ու անձէն։ Անոնք անապահով էին մա՛նաւանդ գալիքէն։

Այսինքն՝ հունտին սպառնալիքէն։ Մեր գեղերը, մա՛նաւանդ դաշտայինները  «Աստուծոյ  աջին  յանձնուած» դժբախտութիւններ եղան։ Անոնք, առնուած գաղթական թուրքերու օղակի մը մէջ, հետզհետէ դատապարտուեցան լռին պաշարումին ու իրենք զիրենք կերան ներսէն։ Ոստիկանատունը, ջարդերու նուէր, այդ գեղերուն մէջ դրաւ այլասերման մեծ կեղը։

Լաւ կը յիշեմ, այդ օրերուն, լեռնէն դարձիս, մեր գեղէն Մենծ-Արօտ կոչուած տափաստանին մէջ հանդիպեցայ անսովոր բազմութեան։ Սիրտս վկայեց, - ոճիր։ Սօսիին տակ պառկած էին հայր մը, տասներկու տարուան տղան, քով քովի, իրարու վրայ կռթնելու ձեւով մը, քանի որ գնդակը ծակած էր զանոնք այդ դիրքին մէջ։

Գեղացիներ, ձգած մեռելները, ցոյց կու տային բլուրին գագաթը, ուր երկու մարդոց ձեւերը կը հեռանային։ Ոճրագործնե՜րը։ Զարմանալին սակայն չորս ոստիկանի ներկայութիւնն էր ամբոխին մէջ։ Կը խօսէին, կը նայէին մեռնողներուն եւ ոչ ոքի մտքէն կ՚անցնէր նետուիլ առաջ, կտրել հեռացողներուն ճամբան։ Ջարդէն առաջ, հարիւր հրացան առանց հրաւէրի բուսած կ՚ըլլային բլուրին կռնակէն չարագործներէն  շատ կանուխ։  Տասնապետը, ալպանցի  մը ցեղակից  մարդասպաններուն քիչիկ  մըն ալ ազատամիտ, թուրքերը ճիշդ դատելու չափ, կամացուկ փսփսաց ականջիս, «Ձեր ազգը լմնցած է, գիտցած ըլլաս…»։ Մեր քաղաքները, աւելի ճկուն, կերպեր ճարեցին յարմարելու համար թրքական բռնութեան, որ տեւողութեան յղացքէ մը կը մեկնէր ու հայկական խնդրին լուծումը վստահած էր տարիներու գումարի մը։

Անոնք դժուար կը դառնային, կրնային դառնալ գեղերու առողջ բնազդին, որ կենսաբանական ամէնէն հզօր բջիջն է ժողովուրդներու կեանքին մէջ։

Սասո՞ւնը։- Պատրանք չունեցաւ։ Կռուի վարժ ժողովուրդի մը սրատեսութի՞ւնը։ Մօտիկ ապագա՞ն։ 915ը՞։ Ո՛րը որ կ՚ուզէք։ Աւանդութիւններուն փոշիովը սնանող այդ լեռնականները, աղէտէն ետքը, զգացին փոփոխութիւնը։ Թշնամի՛ն, որուն գլուխը հասած էր իրենց լեռներուն ոտքին։ Անոնք հասկցան, թէ բան մը վերջացած էր ալ իրենց համար։- Իրենց բոյներուն սեփականութիւնը։ Ու սկսած՝ նո՛րը։ Գեղացի՞ սա մարդիկը, որոնք շինականի մը հիմնական տարրը, հողը չունէին իրենց ոտքերուն ներքեւ։ Շղթային առաջին թափերուն, գրաւուած իրենց արտերուն կսկի՞ծը, թէ անհրաժեշտ կահը անմասն իրենց խրճիթներուն անհաստատ բախտը ունէին սգալու, քանի որ այդ շղթային ոտքին տեսանելի էին սեւ կէտերը, հետզհետէ խոշորցող, կամեր-կամեր գլուխ կապելու, ցրուած դեղնաւուն հողերուն, անկէ՝ դէպի սարերը։ Եկողը թո՜ւրքն էր։ Ու դարը քսաներորդ։

Դուք ճշդեցէք դարը թուրքին։ Հիմա, արեւմտեան ազգերու օրինագիրքը երկու թեւով ցուցադրող ու աճապարող մարդերն էին ատոնք, որոնք Սասնոյ սարերը շուլլուած ատեն, արիւն կը լզէին իրենց մարմինին մէկ կէտէն քաղուած, ախորժակ սրելու սրբազան ցանկութեամբ։ Հարիւրով էջեր անբաւական են տեղադրելու անգթութիւնները սա մարդոց։ Հիմա, տողերուն հետ, կը փռուի աչքիս պատկերը անոնց, երբ ճամբու սառած պզտիկները կը ծակեն գլուխներէն, հրացանին փողովը։ Ու կրակին դէմ հրդեհուած հիւղակին անդամալոյծ ծերունի մը կ՚եփեն, ողջ-ողջ։

Մաթիկին պատմումէն չունիմ ասոնք։ Անիկա այդ լեռները տուաւ համեմատական կենդանութեան մը ծոցէն։ Ջարդերը յաջորդող սուտ խաղաղութիւնն էր ատիկա։ Մելիքխանեանց Մաթիկը ինքզինքը կը պատկերէր արկածախնդիր երիտասարդի իր տարրին խորը։ Վաչկատուն բնազդը դժուար է արմատախիլ ընել կարգ մը մարդոց հոգիներէն։ Ու անճիշդ չըլլայ թերեւս այդ բնազդին կապել արդի ալ նստակեաց ընկերութեան բոլոր տականքները, ոճերը, իր շատ մը պարունակներով։ Թափառականը, որուն նմոյշներուն մէջ երբեմն հանդիպելի են մեծատաղանդ բանաստեղծներ  անգամ։

Ուրի՞շ բան տրիբուն ու ինտելիգենտ Մաթիկը, սա քարայրէն առաջ, «Սասնայ սարերում»։ Զինքը չըրին մտիկ դարձեալ։ Չէին կրնար, վասնզի գեղացին ուրիշ կերպ կը  զգար պատրաստուող աղէտը։  Վասնզի՝  տկար անոր մարմինը միշտ պիտի դաւէր անոր։ Իր դժբախտութիւնը հոն իրեն դէմ հանեց ուրիշ դէմքեր, որոնք կռուի մէջ իրենց մեծ փորձառութեամբը ունէին փառքի լուսապսակ, բայց հասարակական ծանօթութիւններէ, յեղափոխական գիտակից, լուրջ, հիմնական գաղափարաբանութենէն ոչ իսկ պտղունց մը բան, ու ատով՝ ծիծաղելի կը թուէին իրեն, իրենց գործերուն ու դատումներուն մէջ։ Բախումը չուշացաւ Մոսկուայի համալսարանի ուսանողի եւ թաղային վարժարան իսկ չաւարտած, բայց թշնամին գոց ըրած մարդոց մէջտեղը։ Ասոնք, կռուի յօրինումներ, ատեն չունէին տնտնալու որոճողական ապացուցումներու, ընկրկումներու, շուարումներու, որոնք իմացական խորքէ կարգ մը գործիչներուն թերութիւնները եղան պայքարի բուռն պահերուն, ու պատճառեցին անոնց արժեզրկումը։ Մտիկ չըրին զինքը, հակառակ Կեդրոնին հրահանգներուն, նոյնիսկ ա՛յն հարցերուն եւ որոշումներուն մէջ, ուր անոր տեսակ մը անփորձառու զգայարանքները գուշակած էին ճիշդ։ Իբր վայբերանի, անոր գլխուն փաթթեցին շարք մը անյաջողութիւններ, որոնք արդիւնք էին վարիչներուն անփութութեան։

Խումբեր փճացած էին, անպատրաստ, անբաւարար ուժերով յարձակումներու երեսէն։ Անիկա ատելութիւնը հրաւիրեց իր վրայ կռուի հերոսի մը, որ մեղապարտ ցուցամոլութեամբ մը, կռիւ էր բացեր իրմէ տասն անգամ վեր թշնամի գումարտակի մը դէմ, պատռեր անոր պաշարողական շղթան, վրայ տալով երեք չորրորդը իր մարդոց։ Բախումի հերոսին եւ ինտելիգենտին արձագանգեց մինչեւ Կեդրոն, որ նման ամէն կեդրոնի դատապարտեց տկարը, անժողովրդականը, կարճահասակը, իրաւացի հանելով հակառակորդ ամբաստանողը, փորձուած մարտիկ, քան յեղափոխական, անունի եւ հմայքի տէր, բայց խոր ու յիմար ամբարտաւան (այս վերջին երանգը չի տեսնուիր այնքան հեռուէն)։ Կեդրոնին սաստը առաջին հիսաթափումը չէր անոր։ Վասպուրականի պարտութիւնը դեռ չէր սպիացած։ Իր նեղսրտութիւնը զինքը ըրաւ ըմբոստ։ Բացէ ի բաց ընդդիմացաւ անիկա կռուի մարդոց այդ գերիշխանութեան, որ յեղափոխութեան գործը կը վտանգէր հիմէն։ Քննադատեց մեծերը, կիսաստուածները, Կեդրոնը, մինչեւ որ հասարակաց դատաստան մը զինքը նուիրագործեց չարաղէտ բուի իր պիտակին մէջ։ Անոր գոյութիւնը «Սասնոյ սարերում» վտանգ մըն էր հասարակաց։ Հրաւիրուեցաւ հեռանալ ինքնաբերաբար, եթէ կը սիրէր իր ժողովուրդը, որ, իր դժբախտութեան մէջ, զինքը չարչարող ազդակները միշտ ախորժած է իր մէջ կարծելէ ու փնտռած քաւութեան նոխազներ։ Հեռանալ լեռներէ։ Անոր տաղանդին յարմար էր դաշտը, քաղաքը, ուր գեղեցիկ լեզուն կարող էր «ժիր» գործ տեսնել, երիտասարդները խանդավառելով սուրբ գործով։

Ընկեր Մաթիկը եկաւ դաշտի քաղաքը, քարոզելու յեղափոխութեան անմահ գաղափարները։ Մուշի մէջ կրկնուեցան, բայց ոչ նոյն խորութեամբ, շատերը այն տեսարաններուն, որոնք զինքը զզուեցուցած էին Վասպուրականէն։ Հոս, իմաստակութեան եւ աչազուրկ դաստիարակին պաշտամունքին փոխարէն՝ անիկա գործ ունենար պիտի յամառութեան, պինդգլուխութեան հոյակապ կառոյցի մը հետ, որ գործն էր ամէնուն, բանուորին ու գաւառական ժողովոյ անդամներուն, շրջանի վանքերու վարդապետներուն, ինչպէս քրտական աւանի մը մէջ խեղդուած ժամու մը տէրտէրին։ Վասպուրականի գաղափարական մթնոլո՜րտը խնկաւէտ բան էր սա նախիր հոտող մտայնութեան հետ բաղդատուած։ Մէկ բան միայն հաճելի էր սա մարդոց վրայ, - իրենց անսահման անկեղծութի՛ւնը։ Անոնք վանեցիներուն նման յեղափոխութիւնը մտքէ չէին անցներ փերեզակել։ Կը հաւատային անոր։ Ջարդե՞րը։- Այո՛։ Բայց լեռնե՜րը, որոնց կատարները կը բրգանային միջոցն ի վեր, ճերմակ ու անյաղթ, իրենց փառքերուն մէջ շղթայուած Մհերներուն անմահ փաղանգովը։ Եւ ուր կը պտտէին անոնց ստուերները արդէն։ Անիկա մատնուեցաւ հոն ալ, միշտ իր մարմինէն։ Իր երեւումը անգամ մըն ալ ամրացուց այդ մարդոց մէջ խոր այն վստահութիւնը, զոր լերան կռուողները եւ գեղերու երիտասարդները բնազդով կը զգային Կեդրոնէն ղրկուած կիսաւեր ձեւերուն, գործիչներուն դէմ։ Անշուշտ կուսակցութիւնները մեծ մարդեր գործածեցին իրենց այս երկրային ձեռնարկներուն մէջ։ Բայց անոնք ուրիշ դասակարգի մը կը պատկանին։ Մահը զանոնք սրբացուցած է իրենց շրջաններուն մէջ, նահատակի լուսապսակով մը բոլորելով անոնց յիշատակը։

Տխուր եղան Մաթիկին պէս միջոցները, մա՛նաւանդ՝ երբ մտքի իրենց տուրքերուն անբաւականութեան միացաւ մարմնականն ալ։ Քիչ մնաց Մաթիկը ուտէր ծեծ վարդապետէ մը, որ անպատեհ գտած էր անոր մօրուքը, նախ՝ կարգաւոր մը, ծերացած թուրք մը չըլլալուն, երկրորդ՝ կասկածին հաշուոյն, որ անխուսափելի էր ամէն օտար դէմքէ, այդ ափ մը քաղաքին մէջ։ Ընկեր Մաթիկը դառնութեամբ կը հաստատէր, թէ կ՚ապրէր Տաճկաստան, այսինքն՝ բռնութեան երկիրը, ուր մարդիկ ուրիշը կը ծեծեն, ինչպէս կ՚ընէին ատիկա պարսիկները հարիւր տարի առաջ։ Անշուշտ պաշտպանեց իր մօրուքիկը, զայն կէսին զեղչելով, վայրագ կրօնաւորէն, որ մկրատը մատներուն, հարիւր օխանոց հսկայի իր նստուածքովը բերան էր բացեր անոր գլխուն, կուլ տալու պատրաստ, հեքիաթին դեւին նման։ Այս նահանջը անկիւնադարձն է իր ասպարէզին։

Երկրորդ ժողովի մը մէջ, երիտասարդ ուրիշ աբեղայ մը, յեղափոխական, բայց ամրօրէն հաւատացեալ, լեռնէն թելադրուած, զայն ամբաստանեց իբր թշնամի Լուսաւորչի կրօնքին։ Ժողովականները, ոտքի, նզովեցին ամբարիշտը ու կտրեցին զինքը «ի հաղորդութենէ սուրբ եկեղեցւոյ»։

Ընկեր Մաթիկ առանց հեգնութեան եւ առանց չարութեան, ծաւալուն եղաւ այդ ժողովին մարդերէն ու մտայնութենէն։ Հիմնականը՝ խոստովանութիւնն էր, զոր ըրաւ ամբոխին խորը թաքնուած այդ ուժին, կրօնքին արժէքին։ Անկէ ասդին, դէպի Արեւմտեան Անատոլու իր երկրախոյզի փորձանուտ ասպարէզին մէջ՝ անիկա զգուշանար պիտի մօտենալէ  այդ լարին։ Բանադրուեցաւ բոլոր ընկերներէն։ Ո՞ւր։ Զինքը հարկադրեցին ընտրել ճամբան, ուրկէ եկած էր քաղաք։ Դէպի Կովկա՜ս։ Օգտուելով մեծկակ կարաւանի մը կազմութենէն, որ Կիլիկիա կ՚իջնէր, հողային աշխատանքի, անիկա օր-ցերեկով խառնուեցաւ ամբոխին, մեծկակ թաշկինակով մը ծածկելով գլուխը, մօրուքը թաղելով հանգոյցին ներքեւ։

Առաջին իրական քաջագործութիւնը, զոր յղացաւ հանճարային րոպէի մը ու գործադրեց կորովով։ Մոսկուայի ատամնաբուժական համալսարանին ընկերվարական ուսանողը գտած էր Դամասկոսի ճամբան։ Երբ կարաւանը ետին ձգեց քաղաքը, անիկա հոգեկան խոր խաղաղութեամբ մը ողողուեցաւ, գործածելու համար դասական տարազ մը։ Անիկա տարիներու երազն էր, որ կ՚իրացնէր։

Ու կ՚անդրադառնար հիմնական զսպանակին, որ զինքը նետեր էր Մոսկուայէն Վասպուրական։

Ազատ էք այդ ոգին որակել ընթացիկ արկածախնդրութիւն մը, որ կարգ մը մարդոց ճակատագիրն է, դէպի բանտ կամ նուաստութիւն։ Ազատ էք ընդունիլ աւելի ազնիւ ոլորտ մը, իր ազգին օգտակար դառնալու անոր պատանեկան ուխտին երկարաձգումը։

Ի՛նչ որ ալ ըլլայ ձեր դատումը, ես կ՚առաջարկեմ ուրիշ մը։ Ես կը խորհիմ, թէ պարապ տեղը չէ, որ երիտասարդ մը ատիկա չեղած Կովկաս կը ծնի, պատանի կ՚ըլլայ ու կը կարդայ ռուսերը։ Պարապ տեղը չէ, որ կը մտերմանայ ռուս յեղափոխականներուն։ Նոր ժողովուրդ, ռուսը, դեռ չունի կայուն հոգեբանութիւն։ Անոնց հողերը, արդէն մեծամասնական ռեժիմէն առաջ, չունէին արեւմտեան ազգերու արտերուն նման եռանկիւնաչափուած սահմաններ ու փոխոխելի էին, համաձայն կարիքներու։ Երեք դարու նստուկ կեանքը դժուար թէ կաղապար ճարէ քսանեակ մը դար անսանձ ապրումին։ Ու մեր միտքը դեռ այսօր չէ ըմբռնած այս փաստը։ Մեզի համար գոյութիւն ունի արեւելահայ մտայնութիւն մը, զոր կ՚ընդունինք պատասխանատու մեր աղէտներուն։ Դաշնակցութեան (անոր տեսաբաններուն եւ զտարիւն գործիչներուն) դէմ մեր դառնութիւնը, յարձակողականը արդիւնք են այս անհասկացողութեան։ Մեր մտաւորականութիւնը (երկու հատուածները մէկ առած) բաղկացած է տրամագծօրէն իրարու հակոտնեայ մտայնութիւններէ։ Արեւմտահայ մեր մտաւորականները պատուաստուած են եւրոպական մշակոյթով, - բանականութեան, հաշիւի ու, այդ ճամբով՝ տեսակ մը տնտեսող, դիւանագէտ աւել մը շրջան կ՚ընէ մեր իմացական պողոտաներէն։ Անոնք, արեւելահայերը կու գան մեզի սլաւ մշակոյթէն, որ երբ մեկուսացուի իր քաղքենի, կրօնական տարրերէն- խորքով ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ մռայլ, ամպարագիրկ պաշտամունք մը ամբոխին, նման հոգեկան ճարտարապետութեան, որ ամէն բան է անոնց, ձեւուած իրենց երկրին ամպարագիր թախիծին վրայ, զոհաբերակա՛ն, արիւնոտ, միստիք պաշտամունք, որ եզրով մը կը մօտենայ ասիական միւս ժողովուրդին միւս պաշտամունքին, - թուրքին արբշռանքը, ատիկա՝ մարդկային արիւնէն։ Ընկեր Մաթիկը Վասպուրականի իր հալածանքներուն մէջ հաղորդուած՝ այս intuitionին։ Գուցէ։ Ուշագրաւ է, որ արեւելահայ այս միստիքը մատչելի չըլլայ մեր գաւառներուն, բայց ըլլայ տիրական արտասահմանեան կողմերուն վրայ։ Մաթիկին փոխարէն՝ ես զինքը զոհ մը կը նկատեմ այս մռայլ օրէնքներուն։ Ուշագրաւ է, որ զոյգ սա մտայնութեանց սկզբնական անհաշտութիւնը, այսքան աղէտներէ ետք, մնայ կանգուն տակաւին ու մեզ ընէ իրարու հանդէպ այնքան անկարեկիր։ Արեւելահայ այս իմացական գերագահութիւնը, զոր կ՚որոշադրեն, աւելի ուժով հարուածելու համար, մտայնութեան այլութիւն մըն է, մէկ ստորոգելի այդ միստիքին, ջերմ, հերետիկոս ու  վարակիչ՝  նման  ամէն  աղանդի։

Աչք նետեցէք այդ ոգիին այժմեան արտափայլումին, Խորհրդային Հայաստանի մէջ ու պիտի համոզուիք այն մեզի համար անըմբռնելի կատաղութեան, որով կը հալածեն անոնք իրենց այլացած եղբայրները։

Այդ երկրին մէջ Դաշնակցական մը աւելի սեւ է, քան թուրքը։

Այդ երկրին մէջ տիրող միստիքը խոր վանողութեամբ մը տրամադրուած է արեւմտահայ ո՛չ թէ զանգուածին, այլ անոր գաղափարային լինելութեանց գրեթէ բոլորին ալ։

Մեր բանաստեղծութի՞ւնը։- Շովինոտ կամ մանրպուրժուական   բաջաղանք։

Մեր վէ՞պը։- Նոյն հոգեբանութեան արշիւ։

Մեր մամո՞ւլը։- Լագէյների բղաւո՜ւմ։

Աւելորդ է շարունակել։

Օտարէ մը դէպի օտար այսքան ուրացում արեան հեղեղները միայն կ՚ընեն հասկնալի։

Մաթիկին ժամանակ նո՞յնն էր ոգին։ Արեւմտահայերս կռուողներ տուինք ու չզբաղեցանք մնացածով։ Չենք ալ զգար մեր պակասը, երբ ոչ մէկ իմացական ընկճող դէմք ունեցանք անոնց փաղանգին դիմաց։ Զարգացումը չէ, որ ունիմ նկատի, այլ՝ հաւատաւորութիւնը, ըղձաւորութիւնը, որ վերածելի է ի վերջոյ կամքի տիաբազոնի մը։ Նոյնիսկ հիմա, անոնք, գաղութներու մռայլ խորշերուն մէջ չեն հերքեր իրենց արքայազարմ ծագումը ու կը շարունակեն վառ պահել իրենց սրբազան պատրանքները։

Ընկեր Մաթիկ յիմար մը չէր, բայց քիչ տարբեր բան մը։ Աղանդաւոր էր ծնած։ Թերեւս այս անգիտակից կոչումն էր, որ այնքան հեշտ ըրաւ իր ճամբորդութիւնը, զոր ըրաւ անիկա պաշտօնականէն վեր լրջութեամբ։ Ո՞ւր։

Բախտի՛ն, պիտի պատասխանէր մեր կողմերու երիտասարդ մը, սիրային արկածէ մը ջարդուփշուր դուրս գալէ յետոյ։ Ո՞ւր։- Դէպի ժողովուրդ։

Ընկեր Մաթիկ յիմար մը չէր։ Ոչ ալ անօթի ձկնորս մը, լիճի ափին Յիսուսներու սպասող։ Մօտաւորապէս տարի մը անիկա հնոցին մէջն էր մեր օրերու ամէնէն հզօր գաղափարին։ Այսի՞նքն։- Ունէր հոգեւոր կանխապատրաստութիւն։ Դէպի Կիլիկիա, խճուղիներու փոշիին մէջ, անիկա ինքզինքը կ՚երազէր իր հաշուոյն իրագործած ըլլալուն՝ մեծ բնաբանը, - դէպի ժողովուրդ, աւելի հարազատ փոփոխակով մը՝ դէպի գեղացին։ Գլխին կար լաչակ, ինչպէս ըրած էին հարիւով ընկերակիցները, փոշիէն ու արեւէն պատսպարելու համար մազերը։ Անիկա կը նմանէր ռուսական վէպին հերոսներուն, դէպի Սիպերիա տարագրումի մը տեքորով։ Անիկա կը նմանէր…

Բայց որքա՜ն նեղ են վէպի մը էջերը։ Ինչո՞ւ չըսել, չկրնար ըսել ինչ որ զգաց անոր հոգին ազատագրման սա առաջին գիշերը, երբ գլուխը սօսիի մը ուսին՝ քնացաւ անուշ, առանց վերմակի, առանց սարսափի։ Ո՛չ վարդապետ, ո՛չ սարկաւագ, ո՛չ քաղաքական ժողովոյ յեղափոխական անդամները, ու լեռներուն խռովայոյզ ընկերները։ Ի՜նչ խոնարհ հոգիով կերած էր անիկա աղբիւրին թաթխուած հացը եւ հոսանքի եզրին բուս ջրկոտեմը։

Արդար, խաղա՜ղ՝ անոր զարթնումը։ Օրուան մը գնացք, փոշի, յոգնութիւն, արեւի հարուած, մա՛նաւանդ տառապանքի ընդհանուր մթնոլորտը զինքը հաշտեցուցին իրեն, մշեցիներուն, նոյնիսկ պարտապանաց քիւրտերուն, չքացնելով դէմքէն արժանապատուական յիմարութիւններ ու փախստեայ ապրողներու անգունութիւնը։ Խուլ ու զուսպ հաճոյքով՝ անիկա կը մտնէր նոր իր պատկերին մէջ։ Ժողովուրդ։ Վերջապէ՜ս։

Մինչեւ Կիլիկիոյ դաշտերը անիկա պիտի կատարելագործէր իր ուսումը։ Ու պիտի հասկնար, ինչ որ մենէ քիչերուն վիճակուած է հասկնալ, - այդ արեւելքին հեռաւոր, չկասկածուած իմաստը, այնքան հակամարտ ազդեցութեանց ներքեւ չխեղդուած մարդկային տառապանքին հեղանիւթ առուակը, որ ֆաքիրներով, աշուղներով, տէրվիշներով, մուրացիկներով բխումի կու գայ շեղջուած գազանութեանց ակերէն, ու երգի մը, հեքիաթի մը, սրտառուչ բարեկամութեան մը խորհրդանշաններով մատչելի կ՚ըլլայ տեսնել կրցողին։ Միայն արիւնի հեղեղները չեն վազած Ասիոյ ձորակներէն։ Մարդկային մռայլ ողբերգութիւնը առուակուած է երկրէ երկիր։ Դէպի աշխատանք, հացին սա թիապարտները, Մաթիկէն չկասկածուած բարձրութեան մը խորհրդանիշ գեղեցկութիւնն էին՝ «գալոց օրերուն», որուն արշալոյսը հազիւ կ՚ողջունուի, բայց այնքան աղաւաղ։ Թշուառ մարդեր, բոլորն ալ, քրտինքին տրտմութեան մէջ, առանց հայ կամ թուրք ըլլալու։ Տառապանքին մէջ մէկ, ու յոգնութեան թեւերուն՝ եղբայր իրարու։ Օրերով անոնք չէին զատուեր իրենց հոգեբխումէն։ Պզտիկ կռիւներ, աղօթքի գրգռութիւններ, հոգեկան տգեղութեանց բռնի ժայթքումներ, տեսա՛ւ ասոնք ընկեր Մաթիկը, բացառաբար տիրող ցեղէն առաջացող։ Բայց տեսաւ  նաեւ  իմաստուններ շիտակ ու քիչ մը ծուռ քանակով, որոնք խաղաղութիւն գիտէին ստեղծել արիւնի փոխան ու հացին մէջ բռնութիւնը ցոյց տալ ամէնուն աչքին։

Ժողովուրդը ունի այս տիպարները։ Անոնք սրտառուչ են, երբ իշխող տարրէն կու գան, անսպասելի ըլլալնուն։ Տեղական իր տարազը, զոր գնած էր հիւանդութեամբ ետ դարձող աշխատաւորէ մը, անոր վրայէն կը սրբագրէր յետին հետքերը Մոսկուայի ատամնաբուժական ուսանողին, Վասպուրականի, Սասնոյ եւ Տարօնի պատասխանատու գործիչին, տալով իրեն անվնասութիւն մը, պարզեցում մը, որոնց պէտքն ունէր տարիներէ ի վեր, երբ Ճեմարանի վերին դասարանին մէջ կը զբաղէր պրոշիւրեան ընկերաբանութեամբ ու ամէն նորաղանդ տղու հոգեբանութեամբ կ՚երազէր մեծ, ստեղծագործ աշխատանքը, որ պիտի ջնջէր մարդոց քէները, ազգերու բռնութիւնը ու զանգուածներուն հոգին բանար արդար վայելքին…

Փոքր անոր մարմինը նպաստ մըն էր անոր։ Երջանի՞կ։ Առաձիգ է այս բառը։ Ու զայն գործածելու ատեն զգուշութիւն է հարկաւոր։ Չէ՞ր տառապեր։ Այս հարցումը արժան է պատասխանի։ Կը տառապէր ծարաւէն։

Ու իր ծարաւը, դուք գուշակեցիք։ Անոր բերանը կ՚այրէր պապանձումէն, վասնզի չունէր մէկը, որուն հետ փոխանակէր զոյգ մը վարդապետական վիճաբանութիւն։ Դիմացաւ սակայն։ Անիկա կը դասաւորէր ուղեղին յատուկ մէկ բաժինին մէջ, այդ ճամբուն վրայ զինքը յուզող մեծ-մեծ գաղափարները։ Հարկաւ քաղաք կար սա դաշտին երեսին։ Կիլիկիոյ դռներուն, հազարներու բարձրացող բազմութեան մէջ քիչ, բաղդատաբար, իր ցեղակիցները։

Բայց դժբախտութի՜ւն, բոլորն «էլ հեթանոս», դուք իմացէք անգրագէտ։ Որոնց հետ կը խօսէր անհրաժեշտը միայն, օրուան հացէն ու ժամէն։ Շե՞շտը։ Բայց ով որո՞ւ։ Ոչ ոք, որ դարձնէր ուշ ուրիշին ցաւին, իրենը այնքան խոր շալկած ըլլալուն։ Ոչ ոք, որ ուշանար շատախօսութեան, որ ծնօտի պազերկեանութիւն կ՚որակուի եւ ցամաք հացով ու դաշտի խոտերով չի նուաճուիր։ Իսկ բառե՞րը։

Բայց ո՞վ ունէր պէտք անոնց իմաստին։ Մեծ մասով թրքախօս այդ տղաքը զինքը ընդունեցին, առաջին իսկ հանդիպումին, ըրղաթ [1] Մշոյ գեղերէն, որոնք իրարու օտար լեզուով կը խօսին յաճախ, եւ որոնց մէկ թաղին մէջ ընթացիկ բարբառը միւսին համար անհասկնալի է, կ՚ըսեն։

Մեծ թիւով էջեր պէտք պիտի ըլլային, արձանագրելու համար, Մաթիկին հոգիին մէջ բարիքները այս եզական ճամբորդութեան, որոնք անիկա տուաւ մեծ կենդանութեամբ ինքնատիպ գոյնով։ Կը նոթեմ միայն քնարական իր զեղումները, իրեն վայելող լաւատեսութեամբ մը ծիրանաւոր, այն դրուագումներէն, ուր անոր տրուած էր ականատես ըլլալ մեր ժողովուրդին ստեղծումին քիչ-շատ  բարեկեցիկ  շրջաններու հակառակ անոր, որ ջարդին թաթառը ամէնէն ուժով զարկած էր պատմական այդ ճամբու երկու եզրերը, մասնաւորաբար գիւղերը քանդելով։ Անիկա չէր կրնար հաւատալ իր աչքերուն, թէ սա ժպտուն, կանաչով սքողուն տուներու փունջը չորս-հինգ տարի առաջ սեւ աւերակոյտ մըն էր, որուն զանազան խորշերուն այրիներ ու պառաւներ իրենց պզտիկները կը պատսպարէին վայրի խոտով։ Հիմա՞։ Անիկա չէր կրնար հաւատալ, թէ սա քաղաքը, նոյն այդ ժամանակին, պարպուած էր իր խանութներուն բոլոր մթերքէն ու տէրերէն։ Հիմա՞։ Հայկին բարբառը, թէեւ աղաւաղ, կը հնչէր մեզմով լիքը վաճառատուներէն։ Ու մատաղ տղաք, հազիւ պատանի, արագ-արագ գոհացում կու տային հազարով այդ ճամբորդներուն։ Այս զեղումը հպարտութիւն մը չէր իր մօտ, այլ՝ խուլ տրտմութիւն մը։ Ինչե՜ր պիտի չընէր այս ժողովուրդը, երբ այդ աշխատանքը վատնէր սեփական հողերուն ու հայրենի շէներուն։ Բայց այս ուխտագնացութեան -իրն է տարազը - ամէնէն շահեկան կողմը Մաթիկին ինքնացումն է, հոգեկան նոր այդ շեշտաւորումը, որով մեր ներքին իրականութիւնը նոր կշռոյթ մը կը ստանայ, հիւլէական նորոգ դասաւորման մը մէջ, ազդուելով խոշոր դէպքերէ, ընկերային կամ ցեղաբանական խուլ անդրադարձներով, տապալելով մեր մէջէն մեծ գօտիներ, ոտքի հանելով ուրիշ կառոյցներ։ Մեր երիտասարդութեան խակ մասը մէկէն կ՚այլանայ այս կարգի հարուածներով։ Սովորութիւն է այս հարուածներուն արձակումը կապել կիներուն մատներուն։ Այնքան անսպասելի հոգեկան մատնութիւններ, ուրացումներ մեզ կ՚ընեն քիչիկ մը իմաստուն զգացական մարզին վրայ։ Խաբուող երիտասարդը առաջին դասը երբեմն կեանքովը կը տուժէ։ Ու աւելի ետքը, կեանքին վրայ մեր նետելիք գոյնը կը ճարենք այդ առջի երիտասարդութեան մաղձէն կամ ծիրանի գօտիէն։



[1]            Ըրղաթ. - Աշխատաւոր (հողագործ)։