ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Քանի մի տողերով կ’ուզենք լուսաբանել վանական կեանքէն առաջ անապատներ առանձնացող բարի քրիստոնեաներուն անապատական կեանքին վիճակը եւ յետոյ գրել թէ ի'նչ պատճառներէ մղուած նոյն բարեպաշտ քրիստոնեաները թողուցին անապատական կեանքը ու հիմնեցին մեծամեծ վանքեր որոնք վերածուեցան հոգեւոր կեանքի եւ կրօնական ուսման եւ աղօթքի սրբավայրերու: Այս հիմնական բացատրութիւններէ վերջ պիտի գրենք հայկական վանքերու հիմնարկութիւնը Ս. Երկրին, եւ մասնաւորապէս Երուսաղէմի մէջ, միեւնոյն ժամանակ ցոյց տալով այն պատճառները որոնք քանդեցին անոնցմէ շատերը. բայց միջանկեալ պիտի լուսաբանենք Երուսաղէմի Հայ Վանօրէից Ցուցակը գրի առնող Անաստաս վանականին ինքնութիւնը` մանրամասնելով անոր մասին այն պատմական պարագաները զոր քաղած ենք օտար պատմիչներէն: Ի վերջոյ կը փափաքինք բացատրութիւններ տալ ներկայ աշխատասիրութեանս բովանդակութեան եւ ուրիշ պարագաներու մասին: