ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
1. Մեր այս յօդուածը պիտի ունենայ երեք հատուած. Ա. - Ծանուցուած վանքին եւ եկեղեցւոյն հաստատութիւնը. Բ. - Անոր հայկական վերաշինութիւնը, ձեռագիր «ճառընտրի» մը համաձայն, Գ. - Նոյն վանքին յիշատակութիւնը Սաղիմական ծիսարանաց մէջ: Երուսաղէմի մէջ դուրսը գտնուած բոլոր եկեղեցիներն եւ ուխտատեղիները կառուցուած են ի պատիւ Քրիստոսի տնօրինական գործերուն, ինչպէս նաեւ Ս. Կուսին եւ կամ Ս. Խաչի յիշատակին. յետոյ հիմնուած են տաճարներ` սուրբերու անունով: Սրբավայրերն եւ տօներն նաշապէս միայն Երուսաղէմի յատուկ էին, տեղական բնոյթ ունէին. համանման հաստատութիւններ եւ տօնակատարութիւններ չորրորդ դարուն միայն տարածուեցան քրիստոնեայ աշխարհին մէջ: Ի հնումն ինչո՞ւ շինուած էր Բեթղեհէմի ճանապարհին վրայ գտնուած վանքը: - Երուսաղէմէն Բեթղեհէմ վեց հռոմէական մղոն կը հաշուի հին ճանապարհով. վերոյիշեալ Ս. Աստուածածնի վանքը կառուցուած էր Բեթղեհէմի ճանապարհին վրայ գտնուած վանքը: - Երուսաղէմէն Բեթղեհէմ վեց հռոմէական մղոն կը հաշւուի հին ճանապարհով. վերոյիշեալ Ս. Աստուածածնի վանքը կառուցուած էր Բեթղեհէմի ճանապարհին վրայ, Երուսաղէմէն երեք մղոն հեռաւորութեամբ, ճիշդ կէս ճանապարհին, Հռաքելի գերեզմանին եւ Յունաց Ս. Եղիա վանքին խիստ մօտիկ: Քրիստոնեայ բարեշպաշտութիւնը` եկեղեցւոյ վաւերական Աւետարաններէն զատ, կարգ մը անվաւեր գրքեր եւս օգտագործած եւ իր ներշնչարանը ըրած է, մասնաւորապէս Յակոբոս Տեառնեղբօր «Նախաւետարանը» կամ «Քրիստոսի Մանկութեան Աւետարանը», որ հայերէն ալ թարգմանուած եւ տպագրուած է, ու ներշընչումներ տուած ջերմեռանդ հաւատացեալներու` որ կարողացեր են անոնց շինիչ պատմուածքներու ազդեցութեամբն ստեղծելու քրիստոնէական բեղուն արուեստ մը: Բեթղեհէմի կէս ճանապարհին վրայ կառուցուած այդ վանքը Քրիստոսի Մանկութեան Աւետարանէնէն ծագում առած է: Տիրամայր Ս. Կոյսը` Յովսէփին եւ այլոց հետ, Քրիստոսի ծնունդէն առաջ, Երուսաղէմէն կը ճամբորդէ դէպի Բեթղեհէմ: Երեք մղոն ճամբորդելէ յետոյ, ան ջրհորի մը քով կը հանգչի: Արաբներ այդ տեղւոյն կ’ըսեն Գաթիզմա, որ կը նշանակէ տեղի հանգստեան: Ս. Կոյսը, նոյն միջոցին, դարձեալ ըստ Մանկութեան Աւետարանին, կը յարէ թէ` «Աչքերուս երկու ժողովուրդներ կ’երեւան, մին` հերեկագին, կ’արտասուէ եւ կը հեծէ, միւսն` մեծապէս կը խայտայ եւ կը հրճուի»: Ահա', ըստ աւանդութեան, Ս. Կուսին այդ հանգստեան տեղւոյն վրայ է որ քրիստոնէական ջերմեռանդութիւնը կառուցած է վանք ու եկեղեցի, ի յիշատակ եւ ի պատիւ Ս. Կուսին: Մետափրաստ` Յոյն Սրբագիրը . դար) կը յիշատակէ զանոնք եւ կ’ըսէ թէ անոնք կառուցուած էին Ե. դարուն, «Բեթղեհէմի ճանապարհին վրայ ի յիշատակ Տիրամօր», եւ այն վանքին տեսուչն էր, 460ին, Ս. Թէոդոս` նշանաւոր մենակեացը, Բեթղեհէմի արեւելեան կողմը գտնուած իր սեպհական վանուց շինութենէն առաջ (Migne, P. G. Հատ. 119, էջ, 476): 570ին Իտալացի Անտոնիոս ուղեւորը կանգուն տեսած է նոյն վանքը իր բոլոր շէնքով, որ հաւանաբար կործանուեցաւ պարսկական յարձակումներէն (614), եւ կամ Ֆաթիմեան Էլ Հաքէմի (996-1021) հրամանաց հետեւանքով: 1106ին, ռուս վանահայր Դանիէլ կ’այցելէ այս ուխտատեղին եւ իր «Ուղեգրութեան» մէջ կը յիշէ թէ եկեղեցի եւ վանք մը շինուած էր այս տեղ ի պատիւ Ս. Կուսին, բայց այժմ, կը յարէ, անոնք աւերակ վիճակ մը ունին. այս է պատճառը որ ան չի յիշատակուիր մեր Ս. Աթոռոյ մատենադարանին Մարկոս գրչի ընդօրինակած ձեռագրին . 1190) Ս. Տեղեաց հին ցուակին մէջ, որ հաւանաբար Խաչակրաց ժամանակ լատիներէնէ թարգմանուած է: Ուրիշ աղբիւրէ ալ կը տեղեկանանք թէ Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան եկեղեցին տիրացած էր նոյն Գաթիզմայի . Կուսի այս վանքին) հողերուն եւ այգիներուն, ու կը վայելէր անոնց արդիւնքը. Bethléem, le Sanctuaire de la Nativité, էջ, 141): Այս վկայութեանց համաձայն, նոյն վանքը գոյութենէ դադրած էր ԺԲ. դարուն: