ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
2. Վերեւ յիշեցինք արդէն թէ Բեթղեհէմի ճանապարհին վրայ գտնուած Ս. Աստուածածնի վանքին տեսուչն էր Ս. Թէոդորոս, որ ժամանակ մը նոյն պաշտօնը վարելէ վերջ, մեկնած էր Բեթղեհէմի արեւելեան կողմը եւ հիմնած էր Տէյր Տուսի կոչուած վանքը. աւանդութեան մը նայելով, ըստ Մետափրաստի, (Migne, P. G. Հատ. 114, էջ, 478), երեք մոգերը գիշեր մը այս տեղ հանգչած են, երբ հրեշտակէն հրաման ստացան վերադառնալ իրենց երկիրը, առանց Երուսաղէմ հանդիպելու: Ս. Թէոդոսի կենսագրին նայելով` յիշեալին վանքը ունէր չորս եկեղեցիներ, Հայոց Արաբաց, Պարսից եւ սլաւախօս վանականաց համար: Նոյն դարուն, վանականներ կային` որ անխտիր իրենց վանքերուն մէջ կ’ընդունէին ամէն ազգէ վանականներ, որոնք իրենց սեպհական լեզուաւ ուրոյն ուրոյն կը կատարէին եկեղեցական պաշտամունքը. այսպէս էր նաեւ Ս. Թէոդոսի վանքին մէջ. Հայք ալ իրենց մայրենի լեզուով հո'ն կը կատարէին եկեղեցական արարողութիւնները: Ս. Թէոդոս տարակոյս չկայ թէ նոյն կանոնը ընդգրկած էր Գաթիզմայի իր տեսչութեան օրով ալ: Ուստի Երուսաղէմի Հայ միաբանութենէն ոմանք, հինաւուրց իրաւունքի մը վրայ հիմնուելով, ջերմեռանդութեամաբ պիտի փափաքէին վերահաստատել Գաթիզմայի Ս. Աստուածածնի կործանուած վանքը, շէնցնելու զայն եւ օժտելու ուրոյն միաբանութեամբ մը. այս մասին ունինք «ճառընտիրի» մը խիստ շահեկան յիշատակարանը, որ բացայայտօրէն կ’ապացուցանէ այն վանքին հայկական վերաշինութիւնը: 1215ին, մեր Ս. Յակոբայ վանքին մէջ ընդօրինակուած է նոյն ճառընտիրը, որ կը գտնուի այժմ Վենետիկի Մխիթարեանց մատենադարանին մէջ (Հին. Թ. 1553), եւ ցոյց կուտայ մեզի նոյն Գաթիզմայի վանքին հայկական վերահաստատութեան պատմական յիշատակագրութիւններն, որոնց կարեւորները նոյնութեամբ կ’ընդօրինակենք հոս. «Յամի վեցհարիւրորդի վաթսներորդի եւ ի չորրորդում ամի շրջաբերութեան Հայ Տումարի (=1215). ի թագաւորութեանս Հայոց Լեւոնի, ի վերջացեալ եւ ի նուազեալ դառն Ամանակի, յաւուրս աստուածապատիւ եւ հոգեւոր տեառն Յովհաննէս Հայոց Կաթողիկոսի, յաշխարհս Պաղեստին` ի մէջ գերութեանս Երուսաղէմի, ընդ հովանեաւ Ս. Յակովբայ Առաքելական Աթոռոյս` գրեցաւ գիրս գերահրաշ : Արդ` ցանկացող եղեալ այսմ գեղեցիկ աստուածային տառից, ճգնաւոր ոմն` անուն Յովհաննէս, հանդերձ քերբ իւրով կրաւնաւոր կարգաւ, եւ բարի անուն ստացեալ յանձինս` իւրեանց ունելոյ զվանս արտաքու Երուսաղէմի, հանդէպ Սուրբ Սիոնի, ի վերա ճանապարհին Բեթղէհէմի, որ է լեալ հանկստարան Սուրբ Աստուածածնի. մինչ գայր յընծայումն ի տաճարն, աստուածացեալ մանկամբն Յիսուսիւ Քրիստոսիւ. վասն այսորիկ բարի անուն եւ ընտրեալ քահանայն Գէորգ կանկնեաց զտաճարն սուրբ եւ անուանեաց յանուն Սուրբ Աստուածածնի, յիշատակ նորա աւրհնութեամբ. նմանապէս եւ եղբաւրորդի իւր Յովհաննէս զոր վերագոյն յիշեաք` ընկալաւ զսայ բարեաց յիշատակ եւ աւանդեցին ի Սուրբ Աստուածածինն գանձ անկողոպտելի, ի վայելումն շնորհազարդ որդւոյ իւրեանց Գրիգորոյ սարկաւագի, եւ սայլ կրաւնաւր աց եւ քահանայից:
       Արդ աղաչեմք զամենեսեան` որք աւկտիք ի սմանէ ընթերցմամբ կամ գաղափար առնելով, սրտի մտաւք յիշատակեսջիք զստացողք սորա զՅովհաննէս եւ զքեռ իւր զՏիկներես, եւ զժառանգաւորք նոցունց Գրիգոր սարկաւագ. եւ զԳէորգ զգնացեալն առ Քրիստոս, եւ զվերջին աշխատողս եւ զգծողս եւ զկապողս զՅովհան` զվերջացեալս յամենայն բարեաց, եւ խոշորութեանս (գրոյս) անմեղադիր լերուք. եւ որք աւգնական եղեն ի գին սորին ի կանանց կամ յարանց կամ, ի քահանայից, Քրիստոս Աստուած միոյն ռ. ապատ…» (մնացեալն կը պակսի): Յիշատակարանին մէջ յիշատակուած կաթողիկոսն է Մեծաբարոյ Յովհաննէս (1203-1220):
       Այս տողերէն կը հասկցուի թէ` 1215ին, Արաբացիք կը տիրէին Պաղեստինի, նոյն վանքը կը վերաշինուի ի ձեռն Գէորգ քահանայի, որ յիշատակարանս գրուած ժամանակ արդէն վախճանած է. նոյնին եղբօրորդին Յովհաննէս ճգնաւոր ստացողը կ’ըլլայ սոյն ճառընտրին, ի պէտս իր որդւոյն Գրիգոր սարկաւագին եւ նոյն վանքին միաբանաց: Ճառընտրին գրիչն է ուրիշ Յովհաննէս մը, անտարակոյս կրօնաւոր, որ Ս. Յակոբայ վանքին մէջ կ’ընդօրինակէայս ձեռագիրը եւ կը յանձնէ ստացողին, իբր «գանձ անկողոպտելի» պահելու համար Բեթղեհէմի ճանապարհին վրայ գտնուած Ս. Աստուածածնի նորակերտ վանքին մէջ: Անյայտ կը մնայ մեզ թէ` այս հայկական վերաշինութենէն քանի՞ տարի վերջ կործանուած է նոյն վանքը, եւ միայն կը մնար Մոգերուն կամ աստղին աւանդական ջրհորը. իսկ ԺԵ. դարուն, Բեթղեհէմի ճամբուն վրայ, Ս. Կուսի հանգստեան տեղւոյն կենդանի յիշատակը տակաւին կը մնար, երբ ուղեւր մը` Ֆէլիքս Ֆապրի կ’այցելէր նոյն տեղը, եւ անձամբ կը տեսնէր Հայոց նոյն վանքին փլած պատերուն աւերակները (Bethléem, le Sanctuaire de la Nativité, էջ, 3):