ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
3. Փարիզի Ազգ. Մատենադարանի հայերէն ձեռագրաց մէջ կայ «ճաշոց» կամ «տօնամակ» մը, որուն անգղ. թարգմանութիւնը կատարած է Բրօֆ. Կոնիբեր (Ritual Armenorum, էջ 516-527), սոյն ձեռագիրը, ըստ Հ. Պարոնեանի, Ը-Թ դարու հնութիւն ունի, եւ կը պարունակէ Սաղիմական տօնակարգը, որ կը կատարուէր Ս. Տեղեաց մէջ. յիշատակարան չունի. Կոնիբերի` անո'ր մասին տուած տեղեկութիւններ խիստ շահեկան են, եւ կը դիտուի որ Ս. Տեղեաց պաշտամունքն եւ արարողութիւնները ճշդօրէն կը յարմարին Դ. դարու ուխտաւորուհի Էթէրիայի Ս. Տեղեաց «Ուղեգրութեան» բովանդակութեան հետ (Հրտ. 1888ին, այլեւայլ լեզուաց թարգմանութեամբ): Փարիզի Սաղիմեան ճաշոցը Ս. Աստուածածնի Հայոց վանքի նկատմամբ ունի հետեւեալ ծանօթութիւնը (Rit. Arm. էջ 526), զոր կը թարգմանեմ բառ առ բառ. «Օգստ. 15. Տօն Մարիամու Աստուածածնի: Յերրորդում մղոնի Բեթղեհէմի. ա'յս կանոն կատարի. Սաղմ. ՃԼԲ. 8. Եսայի. Է. 10-15. Գաղ. Գ. 29. Դ. 7. Սաղմ. ՃԺ. Ղուկ. Բ. 1-7»: Ինչպէս կանխաւ գրեցինք, Երուսաղէմէն մինչեւ Բեթղեհէմ վեց հռովմէական մղոն էր. երրորդ մղոնին, Բեթղեհէմի ճամբուն վրայ շինուած էր Հայոց Ս. Աստուածածնի վանքը, ուր, հին դարերէ սկսեալ, համաձայն այս ձեռագրի Ճաշոցին, Օգստ. 15ին կը կատարուէր Ս. Աստուածածնի տօնը Գեթսեմանիի Տիրամօր տաճարին մէջ, ուր կար դամբարանը, եւ պատմականօրէն եւ աւանդութեամբ կը հաստատուի այս պարագան. Գեթսեմանիի Ս. Աստուածածին եկեղեցին Դ. դարուն գոյութիւն ունէր արդէն, ինչպէս կը յիշէ Էթէրիա ուխտաւորուհին իր «Ուղեգրութեան» մէջ (Թարգմ. էջ 71), եւ կ’անուանէ զայն «գեղազարդ եկեղեցի». եւ Օգոստ. 15ի Ս. Աստուածածնի Տօնը հո'ն կը կատարուէր, որուն համար ունինք անհերքելի վկայութիւններ. Մօրիկ կայսեր (582-602) հրամանագիրը այս տօնին հաստատման մասին` պարզապէս Ս. Աստուածածնին տօնին` կայսրութեան բոլոր սահմաններուն մէջ տարածելու ձեռնարկ մ’էր, զի նոյն տօնն արդէն նախապէս հաստատուած էր Ս. Երկրին մէջ: Ինչպէս այս պատմական տեղեկութիւնները, նոյնպէս մինչեւ ցայսօր Ս. Աստուածածնի տէնին առթիւ տեղի ուներած տեղական սովորութիւնները կը հակասեն վերոգրեալ ձեռագրին ծանօթագրութեան: Բարեբախտաբար. «Երուսաղէմայ Տօնակարգ» խորագրով, ԺԱ-ԺԲ դարու վրացական ձեռագրի մը հրատարակութիւնը, 1923ին, Գերման գիտնական Բրօֆ. Goussenի միջոցաւ, այդ դժուարութիւնը գլխովին կը հարթէ. նոյն ձեռագիրը գտնուած է Փարիզի Ազգ. Մատենադարանին մէջ . 3). Goussen թարգմանած է զայն եւ ծանօթագրելով կազմած է Երուսաղէմի ուխտատեղիներուն ցուցակը, օգտուելով նաեւ վրացերէն երկու ձեռագիր տաղարաններէն, որոց մին գտնուած է Երուսաղէմի երբեմն Վրաց, այժմ Յունաց Ս. Խաչ վանքին մէջ, իսկ միւսն ալ Սատպերտի եկեղեցւոյն մատենադարանը. (Revue Biblique, 1924, էջ 611-623): Արդ` Գերման գիտնականին հրատարակած վրացական ցուցակին դիմելով` կը տեսնենք որ Գաթիզմայն . Կուսի հանգստեան տեղը), որ է Հայոց Ս. Աստուածածնի վանքը, ունի հետեւեալ ծանօթութիւնը. Օգստ. 13ին, «Ի վերայ ճանապարհին Բեթղեհէմի, ի Գաթիզմա, Յերրորդում մղոնի, ի գիւղն Պէյթ Էպրի, նաւակատիք Ս. Աստուածածնի»: Ահա այս կերպով կը ճշդուի թէ` Օգոստ. 13ին, նոյն վանքին նաւակատիքը տեղի կ’ունենար, ըստ վերոյիշեալ կանոնի. ոչ թէ Օգոստ. 15ի Աստուածածնի Տօնին, որ յատուկ էր միայն Գեթսեմանիի տաճարին: Վանքին գտնուած գիւղը Պէյթ Էպրի, արդի Պէյթ Պահիր գիւղն մէկ սխալ ուղղագրութիւնն է: Պէյթ Պահիր, ուր շինուած էր Ս. Աստուածածնի վանքը, կը գտնուէր Հռաքէլի գերեզմանին մօտերը. եւ նոյն գիւղի սահմանին մէջ կը համարուին` մօտակայ Պէյթ Ճալա գիւղն եւ Հայոց Ս. Յակոբայ վանքին Պարոնտէր կոչուած ձիթաստանն ու այգեստանը եւ հողերը: Առաջնոյն Յունաց Ս. Աստուածածնին եկեղեցւոյ մէջ, մինչեւ հիմակ ցոյց կը տրուի Ս. Կուսին նստած քարէ աւանդական աթոռը. իսկ եկած են քրիստոնէական վիմափոր գերեզմաններ եւ հին ջրհորներ, տապանաքարներ որոնցմէ ոմանց վրայ գտնուած են նշանագրեր (Palestine Exploration Fund, 1902, էջ 237-240). իսկ տեղւոյն սենեակներու նորոգութեանց ժամանակ, երեւան հանուած են հայկական տառերով քանդակուած քարերու բեկորներ (Աստուածատուր եպս. Տ. Յովհաննէսեանի, Ժամանակագրական Պատմ. Երուսաղէ մի, Հտր. Ա. էջ 298).