ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Քանի որ Ս. Ստեփանոսի նշխարաց մէկ մասը կը մնար Սիոնի եկեղեցւոյն մէջ, կանոնական պարագայ մ’էր որ անոր վրայ քրիստոնեայք կառուցանեն վկայարան մը, մասանց փոխադրութենէն վերջը. բայց այս մատուռը, ինչպէս նաեւ Ս. Քաղաքի բոլոր եկեղցիները եւ վանքերը, 614-ին, հրդեհի եւ կործանման ենթարկուեցան Պարսից արշաւանքներէն, որ երկրակալութենէն աւելի, Մօրիկ կայսեր համար վրէժխնդրական պոռթկում մըն էր, եւ ընչաքաղցութեան ծարաւ մը Խոսրով Բ. ի զինուորներու կողմէն. 300է աւելի տաճարներ քանդուեցան եւ հազարաւոր մեռեալնր եւ վիրավորներ դիտապաստ ինկան Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ. Զաքարիա պատրիարք գերի տարուած էր Տիզբոն Քրիստոսի Ս. Խաչին հետ: Նորագիւտ արաբերէն յիշատակարան մը մանրամասն կը հաղորդէ թիւերն այն մեռելոց, որ անթաղ կը մնային քաղաքին փողոցներու մէջ եւ Թովմա անուն քրիստոնեայ մը, իր կնոջ հետ, կը փութայ թաղել մեռելները: Նոյն իսկ չէին խնայուած Սիոնի հին եկեղեցիները, անոնց հետ նաեւ Վերնատան եկեղեցւոյն (Revue Biblique 1897, էջ 156): Զաքարիայի յաջորդ Մոտեստոս ջանաց քիչ ժամանակի մէջ վերականգնել կործանած եւ այրեացաւեր գլխաւոր եկեղեցիները, մանաւան Սիոնի թաղը, ուր վերաշինեց Ս. Ստեփանոսի եկեղեցին որու մասին հետեւեալ տեղեկութիւնները կը քաղենք քրիստոնեայ հնախօս Լըքլերի յօդուածէն (տե'ս Dictionnaire d'Archéologie chrétienne et de Liturgie, 655-668): Մոտեստոսի վերաշինութենէն յետոյ, 670ին, առաջին անգամ գաղիացի Արգուլֆ եպիսկոպոսն է որ կը նշանակէ Սիոնի Ս. Ստեփանոսը իր «Ուղեգրութեան» մէջ, եւ կ’ընծայէ մեզ գեղեցիկ նկարագրութիւն մը եւ թանկագին յատկագիծ մը, որուն համաձայն, Ս. Ստեփանոսը կը յիշուի իբր կցորդ եկեղեցի, վասն զի այդ թուականին տակաւին չէր անջատուած Վերնատան եկեղեցիէն: Անգլիացի Բէդ պատկառելին (720) եւ Վիլլիպալտ (723-726) տեղեկութիւններ ունին Նախավկային նոյն մատրան վերաբերմամբ: Բայց կը թուի թէ` 808ին այլեւս Ս. Ստեփանոս անջատված էր Սիոնի Մայր եկեղեցիէն, եւ մասանց փոխագրութեամբ վերաշինուած էր Յովսափատի վանքերու շարքին: Լատին յիշատակարան մը, Commemoratorium de casis Dei խորագրով, որ տեսակ մը ցուցակ է վանօրէից եւ կը պարունակէ մէն մի վանքի վանականաց նոյն ժամանակի (808) վիճակագրութիւնը, հետեւեալ կերպով կը դասաւորէ Յովսափատի ստորոտէն համրելով` մինչեւ Սիոն գտնուած վանքերը:
       Ս. Ղեւոնդէս 1 քահանայ
       Ս. Յակոբ 1 »
       Ս. Քառասունք 3 »
       Ս. Քրիստափոր 1 »
       Ս. Անկիւլինէ 1 »
       Ս. Կիրակոս 1 »
       Ս. Ստեփանոս 3 » եւ 15 բորոտ
       Ս. Դոմետիոս 1 »
       Այս մեծ ու պզտիկ վանքերը անտարակոյս, ամէնքն ալ, Սիոնէն դէպի Յովսափատ նայող բլուրին վրայ հոս եւ հոն ցրուած էին. եւ որովհետեւ ուղեգիրը Յովսափատի ձորէն սկսած է իր դասաւորումը, այնպէս ցոյց կու տայ թէ ամէնքն ալ կը գտնուաին Յովսափատ, մինչ իրականին մէջ, անոնցմէ ոմանք, ինչպէս նաեւ Ս. Ստեփանոս շինուած էին Սիոնի մէջ, եւ արդէն 15 բորոտներու յիշատակութիւնն ալ ցոյց կու տայ թէ Ս. ՍՏեփանոսի վանքը կառուցուած էր Դաւթի դրան մոտ, տեղափոխուած է քաղաքէն դուրս: Այս ապացոյցներու հանդէպ յայտնի սխալ մըն է Հ. Լակրանժի ա'յն ենթադրութիւնը որով կը ջանայ սխալ մըն է Հ. Լակրանժի ա'յն ենթադրութիւնը պատշաճեցնել Երուսաղէմի պարսպէն դուրս, Եւդոկսիա թագուհին շինած Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյն (տե'ս Saint Etienne et son sanctuaire à Jérusalem, էջ 83): 850ին ալ, գաղիացի Բեռնարդոս վանականը կը տեղեկացնէ թէ Սիոնի մէջ կար Ս. Ստեփանոս անուամբ եկեղեցի մը, որ կը գտնուէր Վերնատան Եկեղեցւոյն արեւելեան կողմը. իր խօսքերն են հետեւեալները. «Ս. Ստեփանոս Սիոնի Մայր Եկեղեցւոյն ձախ կողմը կը գտնուի. ա'յն լերան վրայ, որուն ստորոնտն է Ակաղտամայն - Գեօղ արեան, ուր կայ օտարականաց գերեզմանը». 1145ին, 1360ին, երկու անանուն ուղեւորներ եւս, մէկը սլաւ, կը յիշատակեն Սիոնի Ս. Ստեփանոս եկեղեցին: Այս օտար յիշատակարաններն որքան որ ունենան իրենց անորոշ կողմերը, սակայն եւ այնպէս անոնք հիմնապէս միաձայն են եւ կը հաստատ են Սիոնի Ս. Ստեփանոս վանքը: