ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Նոյն եկեղեցւոյն հնախօսական քննութիւնը առաջին անգամ կատարած է Կոմս Մելքիոր տը Վօկիւէ (1829-1916), եւ իր քննութեան արդիւնքը հրատարակած է իր մէկ գրքին մէջ, (Les Eglises de la Terre Sainte, էջ 338-39), ուր կը գրէ թէ անձամբ այցելած է Էլ-Պիրէհի եկեղեցւոյն, զորս շինած են առաջին Խաչակիրք: Անոր կառուցուածքը նման է Երուսաղէմի Ս. Յովակիմ-Աննա եկեղեցւոյն ճարտարապետութեան, քառակուսի մըն է, 31 մէթր երկայն եւ 18 մէթր լայն, ունի երեք բաժանումներ. եկեղեցին կամարակապ էր Ս. Յովակիմ-Աննա եկեղեցւոյն նման. կրկնակամարներն կը հանգչին քառակուսի սիւներուն վրայ, կամարներ որ կ’ընդհատուէին գետինը հասնելէ յառաջ, եւ ծնօտներով (saillie) կը կապուէին պատերուն: Եկեղեցւոյն հիւսիսային պատը եւ կոզ ակը (abside) տակաւին անվնաս մնացած են, բաց աստի, եկեղեցւոյն աւերակաց մէջ տեսնուած է կամարաշէն տապանաքար մը, որ հաւանաբար գերեզմանն է Խաչակիր ասպետի մը:
       Երկրորդ հետազօտութիւնը կ’ընեն անգղիացի երկու հնախօս երկրաչափներ` Գօնտէր եւ Քիչնէր. 1874 Յունուար 24ին կը քննեն աւերակները, կը պատրաստեն անոնց յատակագիծը, ըստ Պաղեստինի Հնագիտական ընկերութեան, եւ իրենց քննութեան արդիւնքը կը տեղեկագրեն հետեւեալ կերպով. «այս գիւղի աւերեալ եկեղեցին պահպանուելու լաւագոյն վիճակ մը ունեցած է. երկու թեւերու սիւները եւ արեւմտեան պատը փլած են: Այն կը վերաբերէր Ս. Գերեզմանին եւ աւարտած էր 1146ին:
       Նոյն եկեղեցւոյն քովը կար հիւանդանոց մը: Պատերը խիստ հաստ են, հիւսիսային եւ հարաւային պատերուն հաստութիւնը 9 ոտք է, արեւմտեան պատին երկարութիւնը դրսէն 72 ոտք, հիւսիսայինը` 110 ոտք, եկեղեցւոյն ատեանը 14 ոտք տրամագիծ ունի, եւ կողմնակի մասերը` 7 ոտք: Նեցուկները` որ կապուած են սիւներուն հետ,
       ներսի կողմէն կը մնան պատերուն վրայ: Եկեղեցին երկու կողմին վրայ ունի չորս չորս պատուհան. հարաւային կողմը կայ կողմնակի դուռ մը, արեւմտեան կողմէն, երկրորդ պատուհանին քով: Ներսի որմաքարերը գեղեցկօրէն յարդարուած են չափաւոր մեծութեամբ. քարերուն վրայ կը տեսնուին որմնադիրներու տեսակ մը նշաններ, որ յաճախակի կրկնուած են քարերուն վրայ: Արտաքին որմնադրութիւնը շատ կոշտօրէն յարդարուած է, քարերը ողորկ չեն, անոնց կցուածքները խիճերով բռնուած են, իսկ պատերուն ներսի կողմի քարերը տաշուած են: Պատուհանները կամարաձեւ են, սիւներուն խոյակները զանազան ձեւեր ունին: Արեւելեան պատերն ամբողջ են. կողմնակի մասերը կը մնան: Եկեղեցին` համաձայն իր շինութեան ժամանակին, կը թու ի թէ իր նաւին (nef) վրայ ունէր դստիկոն մը. կամարներուն աղեղները սրածայր եղած են. արեւելեան պատուհանները` կողմնակի պատերուն նման կամարաձեւ են: Սիւներուն խոյակներուն վրայ, պատուհաններուն տակէն, պատերուն շուրջը շինուած է քիւ մը» (The Survey of western Palestine, էջ 88-89):