ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Այնքեարիմը` Երուսաղէմէն, դէպի Արեւմուտք, վեցւոկէս քիլոմեթր հեռաւորութեամբ գիւղ մըն է, շրջապպատուած լեռներով, այգիներով եւ ձիթաստաններով: Ան` Յեսուայ գրքին, ըստ Եօթանասնից թար(գ)մանութեան, (ԺԵ. 60) Կարիմ քաղաքն է. Կարիմ կը նշանակէ այգի, եւ մին է Յուդայի տասնեւմէկ քաղաքներէն, որ կը յիշուին նոյն գրքին մէջ. Կարիմ կը պակսի եբրայեցերէն բնագրին մէջ, ոմանք կը կարծեն թէ նոյն համարները բնագրէն ինկած են. իսկ Յերոնիմոս այդ գիւղին շատ մօտիկ ապրած ըլլալով հանդերձ, նոյն համարին պակսելուն մասին ենթադրական մեկնութիւններ կու տայ, որք ընդունելի չեն նկատուած: Երեմիայի . 1) եւ Նէեմի . 14) մէջ «Կարիմ»ը կը յիշատակուի Բեթաքարիմ, որ կը նշանակէ տուն այգիի, իսկ Այնքեարիմ` «աղբիւր այգիի»: Հաւանական է նաեւ որ նոյն ըլլայ Բեթքովրին հետ, որ դարձեալ կը յիշուի Ա. Թագ. Է. 11-ի մէջ: Այս տեղւոյն արդի գիւղին մօտ, գլխաւորաբար լերան կողին վրայ, կը գտնուէին հրէական գերեզմաններ, որ կ’ապացուցանէն այս վայրերուն հնութիւնը: Այնքեարիմը Ս. Յովհաննէս Մկրտչի աւանդական հայրենիքն է. հետեւաբար աստուածաշնչական քաղաք մը, որ գոյութիւն ունէր Աւետեաց երկրին Իսրայելացւոց գրաւումէն յառաջ, եւ ան դադրած չէ երբեք դեր մը կատարելէ Իսրայէլի պատմութեան մէջ: Ղուկ. Ա. 39ի մէջ կան հետեւեալ խօսքերը. «Յարուցեալ Մարիամ յաւուրսն յայնոսիկ` գնաց ի լեռնակողմն փութապէս ի քաղաքն Յուդայ. եւ եմուտ ի տուն Զաքարիայ…»: Այս խօսքերուն մէջ յիշուած «լեռնակողմը» վերոգրեալ Այնքեարիմ քաղաքը կ’իմացուի, ինչպէս որ կ’ապացուցանէ Ս. Գերեզմանի կանոնիկոս` Երուսաղէմացի Յովհաննէս Մարթա ծանօթ պաղեստինագէտը իր հնախօսական մէկ գրուածին մէջ զոր հոս կ’ամփոփենք: Ան կը գրէ թէ 1253ին, Ասատ Իպն Ասուլ` Խպտի անուանի մատենագիր մը կը ձեռնարկէ չորս Աւետարանաց արաբերէն քննական թարգմանութեան մը. ինչպէս որ ինքն ալ կը պատմէ, այս նպատակին համար կը գործածէ բազմաթիւ յունարէն, արաբերէն եւ խպտերէն օրինակներ: Յիշեալ կանոնիկոսը 1884ին, Խպտոց Երուսաղէմի Ս. Գէորգ վանքին մէջ կը գտնէ Իպն Էլ Ասուլի աշխատութեան ամբողջ մէկ օրինակը, ընդօրինակուած 1359ին. այդ թարգմանութեան մէջ նշանակուած է թանկագին ապացոյց մը հաստատող թէ Այնքեարիմը Յովհաննէս Մկրտչի հայրենիքն էր: Ղուկասի վերոյիշեալ համարը` «Յարուցեալ Մարիամ յաւուրսն յայնոսիկ գնաց ի լեռնակողմն փութապէս» դնելէ յետոյ, Իպն Էլ Ասուլ լուսանցքին վրայ կը գրէ թէ` խպտի եւ արաբ թարգմանութեանց ձեռագիրները, լեռնակողմն (In-montana) բառին տեղ կը դնեն Այնքեարիմ: Կանոնիկոսը` այս ծանոթութիւնը յիշելէ զկնի կը յերէ թէ ինքն հաստատած է այս պարագան արաբերէն ձեռագրի մը մէջ, որ կը գտնուի Երուսաղէմի Խպտիներու մօտ, 1326ին ընդօրինակուած Թովմաս Սայեղի կողմէն. այս թարգմանութիւնը, ինչպէս գրած է ընդօրինակողը, կատարած է յունարէն բնագրի մը վրայէն. Ղուկ. Ա. 39 համարին խօսքերը` ոչ թէ' լուսանցքին վրայ, այլ նոյնիսկ բնագրին մէջ կը կարդ ացուին հետեւեալ կերպով. «Յարուցեալ Մարիամ յաւուրսն այնոսիկ գնաց յԱյնքեարիմ, ի քաղաքն Յուդայ »: Խպտական եւ եթովպական ուրիշ ձեռագիրներ ալ նոյն բառերը ունին (տե'ս La Patrie de Saint Jean-Baptiste. էջ 12-126): Նոյն կը հաստատէ նաեւ Փարիզի Ազգ. Մատենադարանին . 3) Երուսաղէմի վրացերէն ձեռագրի ծիսարանը (Ժ- ԺԳ դար), որ Օգստ. 28ին, Ս. Յովհաննէս Մկրտչի գլխատման տօնին առթիւ, կը ծանօթագրէ հետեւեալը, «ի գիւղն Այնքեարիմ, յեկեղեցւոջն Սրբոյն Եղիսաբեթի, կատարի այս կանոն » (տե'ս Revue Biblique, 1924. էջ 611): Ուրեմն, այս վկայութիւններէն կը հետեւի թէ Արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդները աւանդաբար գիտէին որ Այնքեարիմը Յովհաննէս Կարապետի հայրենիքն էր. նոյն աւանդութիւնը կը հաստատեն նաեւ Պաղեստինի ուխտաւոր ուղեգրաց վկայութիւններն եւ ա'յն եկեղեցիներուն շէնքերը, որ պատմականօրէն գոյութիւն ունէին անցելոյն մէջ: Նոյն պատմական տեղւոյն մէջ, գլխաւոր երկու եկեղեցիներ կային. մին նախապէս կը պատկանէր Յունաց, ինչպէս ցոյց կու տայ հոն գտնուած մոզայիքի մը յունարէն արձանագրութիւնը, իսկ միւսն` Հայոց: Առաջինը ինչպէս յիշեցինք, ըստ աւանդութեան, Զաքարիա քահանային տան տեղւոյն վրայ կառուցուած էր յանուն Ս. Յովհաննու ծննդեան, բայց ան դուրս կը մնայ մեր այս ուսումնասիրութենէն: Մեր նպատակը պիտի ըլլայ հաստատել Այնքեարիմի հայկական եկեղեցիին եւ յարակից վանքին պատմականութիւնը: