ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Այն բոլոր օտար ուղեւորներէն, որոնք այցելած եւ ուղեգրած են իրենց ծանօթութիւնները, ոչ մին կը յայտարարէ թէ նոյն հաստատութիւնները Խաչակրաց կողմէն շինուած ըլլան. եւ կ’ընդունին թէ` նոյն վանքն ու եկեղեցինԽաչակրաց թուականէն շատ յառաջ շինուած են, միայն ցաւալի է ըսել թէ բացի մէկէն, զոր պիտի յիշենք, խորհրդաւոր լռութեամբ մը, չեն խոստովանիր թէ Այնքեարիմի նոյն հաստատութիւնները հայեցի հնադարեան եւ հոյակապ հիմնարկութիւններ են` որոնց կը վկայեն հայերէն յիշատակարաններ, ինչպէս որ պիտի տեսնենք: Նոյն հաստատութիւնները, իբր հաստակառոյց եւ զարմանալի կոթողներ եւ հայ ճարտարապետութեան գլուխ գործոցներ, Ս. Երկրին մէջ, չեն ունեցած իրենց հաւասարը:
       Վկայութիւններ օտար ուղեգիրներէ.
       Ա. Սեբաստիոյ Պետրոս եպիսկոպոսէն յետոյ, 530ին, նոյն վանքն ու եկեղեցին կը յիշատակէ Թէոդոս Աւագ Սարկաւագը, որ այցելած է Այնքեարիմ եւ ծանօթագրած է զայն հետեւեալ կերպով. «Երուսաղէմէն մինչեւ Յովհ. Մկրտչի մօր` Եղիսաբեթի բնակած տեղը, հինգ մղոն կը հաշուուի»: Երուսաղէմէն Այնքեարիմ հեռաւորութեան ճիշդ չափն է այս:
       Բ. 808ին, պաշտօնական լատին անձնաւորութիւն մը որ Երուսաղէմի եւ շրջակայ վանքերու եւ քահանայից վիճակագրութեան վրայ ունի տեղեկագիր մը (Commemoratorium de casis Dei) խորագրով, Ս. Յովհաննէս Կարապետի վանքը կը դասակարգէ ա'յն վանքերուն մէջ, որ Ս. Քաղաքէն երկու փարսախ հեռի կը գտնուին, իր խօսքերն են. Ս. Յովհ. Կարապետի վանքը, ո'ւր ան ծնած է, կը գտնուին երկու քահանաներ . - Ս. Թէոդոսի մէջ` երկու . - Ս. Սարգիսի մէջ` մէկ»:
       Գ. Եպիփան անուն ուխտաւոր մը, (ըստ ոմանց, Թ. դարուն, ըստ այլոց, ԺԱ. դարուն կ’ապրէր), Յովհ. Մկրտչի հայրենիքը ցոյց կու տայ Երուսաղէմի եւ Էմմաւուս- Նիկոպօլսոյ մէջ, Կարիմ լերան վրայ: «Ս. Քաղաքին մօտ, կը յարէ ան, դէպ արեւմուտք կը գտնուին երկու այրեր, որ կը պարունակեն Հերովդէսէն նահատակուած Բեթղեհէմի Մանկանց նշխարները: Անկէց գրեթէ վեց մղոն, դէպ արեւմուտք կը գտնուի Կարիմ քաղաքը»: Կարիմը ինչպէս տսեանք, Այնքեարիմն է, ո ր Խաչակրաց ժամանակ, յոյները կը կոչէին Օրինէ, իսկ լատին թագաւորութեան սկզբնական տարիներուն, պետական արձանագրութեանց մէջ կը կոչուէր Montana, եւ Ֆրանկ տիրապետութենէն սկսեալ, լատին պետական հողերու մասն կը կազմէր: 1110ին Սեպտ. 28ին, Պաղտին Ա. թագաւորը` կը հաստատէ, ի նպաստ Երուսաղէմի Ս. Յովհաննէս հիւանդանոցին, կատարուած նուիրատուութիւ մը, որուն արձանագրութիւնն հետեւեալն է. «Կը հաստատեմ նաեւ իմ նուիրատուութիւնը, որ է երկու գիւղ Պէթաֆավա եւ Մոնթանա, հողեր եւ տուներ Երուսաղէմի զանազան տեղերու մէջ»: Պէթաֆավան` այժմու Պէթսաֆաֆան է, որ Երուսաղէմի հրւ. արեւմտեան կողմը կը գտնուի` Այնքեարիմի մօտ: Պաղտին Գ. եւս կը հաստատէ նոյն նուիրատուութիւնը 1154 Յուլիս 30ին:
       Դ. Ռուսազգի Դանիէլ վանահայր` 1113ին կ’այցելէ Այնքեարիմը, Եղիսաբեթը ու անոր զաւակը պահպանող վէմին աւանդական պարագան յիշելէ յետոյ, կը յարէ թէ նոյն տեղւոյն վրայ կը գտնուի եկեղեցի մը` որուն տակ կար փոքրիկ այր մը, ու անոր գտնուի եկեղեցի մը` որուն տակ կար փոքրիկ այր մը, ու անոր դրան կռթնած էր ուրիշ եկեղեցի մը: Զանց կ’ընենք 1130ին, 1150ին, 1170ին, 1185ին, 1187ին այն անանուն ուղեգրութիւններն, որոնք կը հաստատեն Այնքեարիմի վանքին ու եկեղեցւոյն գոյութիւնը:
       Ե. 1310ին, Մարէն Սանուդ կ’այցելէ Այնքեարիմ եւ իր շինած տեղագրական քարտէսին վրայ, նոյն տեղը ցոյց կու տայ հրւ. արեւմուտքը: Ուրիշ երկու քարտէսներ եւս միեւնոյն տեղը կը նշանակեն Այնքեարիմը:
       Զ. 1384ին, Նիքոլա Ֆրէսքոպալտի, Ա յնքեարիմը կը նկարագրէ հետեւեալ կերպով. «Զաքարիայի տան տեղւոյն վրայ շինուած է եկեղեցի մը Կոստանդիանոսի մօր Հեղինէի կողմէն: Այս տեղւոյն մօտիկ կայ աղբիւր մը, հո'ս էր որ Եղիսաբեթը ընդառաջեց Ս. Կուսին, երբ վերջինս կ’այցելէր իրեն. շինուած եկեղեցին կամարակապ էր, բայց հիմակ այլք գոմի վերածած են զայն. հո'ս է նաեւ այն վէմը, որ Բեթղեհէմի մանկանց կոտորածի ժամանակ, ինքն իրեն բացուեցաւ, եւ Եղիսաբեթ պահեց իր մանուկը հոն, եւ վէմը այսպէս դիմացը, կայ նաեւ խիստ գեղեցիկ եկեղեցի մը, որ շինուած է նոյնպէս Ս. Հեղինէէն, հո'ս է որ ծնած է Յովհ. Մկրտիչ եւ ուր կը բնակէին Զաքարիա եւ Եղիսաբեթ »:
       Է. Անցնինք այժմ վանահայր Կրէդէնիոսի վկայութեան (1400): Ան Այնքեարիմի Յովհ. Ծննդեան եկեղեցին յիշելէ յետոյ, Հայոց վանքին նկատմամբ կու տայ հետեւեալ վկայութիւնը. «Աւելի հեռուն երրորդ լերան վրայ կը գտնուի Հայոց վանքը, որուն եկեղեցւոյն մէջ, աջակողմը, սեղանին մօտ, լեռը երկու կանգուն ճեղքուած եւ նորէն մոմի նման միացած է. երբ Հերովդէս Բեթղեհէմի մանուկները կը կոտորէր, Եղիսաբեթը Յովհ. Մկրտիչը առաւ եւ լեռը փոխաւ եւ ըսաւ, - Ով լեռ, ընդունէ' մայրը եւ զաւակը, եւ լեռը բացուեցաւ»:
       Ը. 1422ին, Յովհաննէս Բոլոնըր կ’այցելէ եւ կը գրէ. «Հոն մին միւսին վրայ, երկու եկեղեցիներ շինուած են, վերի եկեղեցին գրեթէ աւերակ է, վարի եկեղեցիին մէջ, պատին ագուցած են այն վէմը, ուր փոքրիկն Յովհաննէս պահուած մնաց մանկանց կոտորածին ժամանակ»: Միեւնոյն դարուն վերջերը, Ֆրանսօա Սուրիանօ, Ս. Երկրին մեծաւորը (Custode) այն եկեղեցւոյն վրայ կը գրէ հետեւեալը. «Իմ առաջին պաշտօնավարութեանս (1485), եկեղեցին տակաւին կանգուն էր ամբողջութեամբ, բայց յետոյ փլած է եւ չէ վերաշինուած, բայց սեղանները իրենց տեղերը կը մնան »: Իսկ 1438ին, Յովհաննէս տը Սոլմ եւ այլք կը գրեն թէ այս աւերումներուն հակառակ, ուխտաւորք երկար ժամանակ կը յիշեն պատերուն վրայ նկարուած սրբոց պատկերները:
       Թ. Կուտովիք, Էօժինէն Ռօժէր ուղեւորները կը նկարարգրեն թէ «վարի եկեղեցին երկար ատեն դիմադրեց գործուած քանդումներուն անոնց, որ եկեղեցին ու վանքը յափշտակած էին եւ կը բնակէին հոն. հակառակ աւերներուն, տակաւին զարմանք կը պատճառեն այն որմանկարները, որ կը զարդարէին պատերը:
       Ժ. 1531ին, Մէտանացի Անտօն ուղեգիր ուխտաւոր` դեռ կը յիշէր «այն գեղեցիկ նկարը` որ կը ներկայացնէ Ս. Կոյս Մարիամը եւ Եղիսաբեթը այն տեղն իսկ, ուր իրարու հանդիպեցան, գրկախառնուեցան եւ փոխանակեցին իրենց ողջոյնները»:
       ԺԱ. Անտարակոյս Մետանացիին նկարագրած այն նկարն է զոր` Զուալլար, 1586ին կը տեսնէր նոյն եկեղեցւոյն պատին վրայ հինգ հազարերորդ մեթր բարձրութեամբ շրջանակի մը մէջ. համաձայն անոր, նոյն նկարը կը ներկայացնէր երկու կիներ, ոտքի վրայ կեցած: Զուալլար, բաց աստի, կը գրէ նաեւ հետեւեալը. «Ս. Կուսի աղբիւրէն քիչ հեռի, այգիներով, ձիթաստաններով շրջապատուած խիստ բարեբեր լերան մը բարձունքին վրայ, կը գտնուէր Զաքարիայի տունը: Հոն շինուած էր գեղեցիկ եկեղեցի մը եւ վանք մը, բայց անոնք այժմ աւերակ են, վաղեմի հաստ պատերը միայն կան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյն մէկ մասը, որուն որմերուն վրայ նկարուած են սրբոց պատկերները: Այս եկեղեցին ունէր երկու յարկ, բայց հիմակ տեղացիները հաստատուած են հոն. սոյն եկեղեցիին տեղւոյն վրայ էր որ, Ս. Կոյսը փութապէս այցելութեան եկաւ Եղիսաբեթին, երեք ամիս բնակեցաւ եւ արտասանեց իր «Մեծացուսցէ» երգը (տե'ս վերեւ, նոյն, էջ 133-152):
       Այժմ, պիտի գրենք Այնքեարիմի Հայոց եկեղեցւոյն եւ վանքին նկատմամբ գիտնոց կողմէն կատարուած հնախօսական քննութիւնները, նոյն եկեղեցւոյն առանձնայ ատկութիւններն եւ ի ձեռին ունեցած ազգային յիշատակարանները: