ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Պաղեստինագէտ Մէյսթէրման` իր վերագոյն յիշատակուած երկասիրութեան մէջ, նկատի կ’առնու թէ բոլոր այցելուք` եկեղեցիէն աւելի ուշադրութիւն դարձուցած են վանքին աւերակներուն. ան կը յարէ թէ եկեղեցին կը ներկայացնէ յատկանշական եւ հրահանգիչ քանի մը առանձնայատկութիւններ, որ կը թուի թէ խուսափած են նոյն այցելուներու ուշադրութենէն. իր բացատրութիւնները կը դնենք հոս նոյնութեամբ: «Վանքը շինուած է խոշոր քարերով, որոնց ուշադրութիւն դարձուցած են բոլոր ուղեգիրները. բայց եկեղեցիին սնարքը պէտք է դիտել աւելի ուշադրութեամբ: Հիւսիսային արեւելեան կողմը, անկիւնաքարի մը չափն 11/2 մէթր երկարութիւն, 1 մէթր բարձրութիւն եւ 1, 15 լայնութիւն եւ 5, 000 քիլոկրամ ծանրութիւն. ստոյգ է որ անոր շուրջի քարերը այնքան մեծ չեն, բայց դարձեալ խոշոր քարեր են: Ներսի կողմը, կոզակը պահած է չորս վիմաշարքեր, իւրաքանչիւրը 65 սանթիմէթր բարձրութեամբ եւ ոմանք ալ մէկ մէթր աւելի երկարութեամբ: Քարերը լաւ շարուած են եւ կցուածքները ա'յնպէս կատարեալ են որ կարելի կ’ըլլայ բաղդատել զանոնք հռովմէական ա'յս կերպ կառուցուածքներու հետ: Կոզակին մենախուցներէն (retrait) երեսին միոյն վրայ քանդակուած է քահանայապետին եփուտը, զոր արդէն ծանօթագրած են անգղիացի քննիչները, ինչպէս արժանի է, սա է թէ այս փոքրիկ քանդակը առաջին անգամ կճակով ծեփուած վիճակի մէջ գտնուած է, ինչպէս նաեւ կոզակին մնացած մասերը. եւ այս կճակը ծածկուած էր նկարներով: Արդ այս նկարները, պէտք է դիտել որ ամէնէն ուշ, ԺԲ. դարուն շինուած են, ինչ որ աւելի կը բարձրացնէ եփուտը ցոյց տուող քանդակին հնութիւնը: Եփուտը` հին քրիտոնէից կարծիքին համաձայն, կը վերաբերէր Զաքարիային: Յիշատակուած որմագրերը քանդակուած են քարի վրայ: Կոզակին մէջ կը տեսնուին հայկական, յունական եւ լատինական հին խաչերու գծագրութիւններ, ամէնքն ալ գտնուած են նկարներով զարդարուած կճակին տակ: Եկեղեցւոյն կողմնակի պատերուն վրայ, կը նշմարուին իրարու վրայ եղած երկու ծեփեր, երկուքն ալ կը կրեն գունաւոր հետքեր, երկրորդը յայտնապէս զարդարուած է սրբոց պատկերներով: Սեղանին գրաւած տեղը շատ աւելի դրական պնութեան մը նկարագիրը կ’ընծայէ: Սեղանին հիմը, որ դեռ կը տեսնուի, 1, 90 մէթր երկարութեամբ, 1 մէթր լայնութեամբ եւ 50 սանթիմէթր թանձրութեամբ կրային միակտուր քար մըն է: Այս քարին վարի մասը սկիզբէն հողին մէջ մտած է. ահա թէ ինչպէս, սեղանը անընդմիջաբար կառուցուած է բարձրութեանը վրայ այն երեք աստիճաններուն` որ կը տանին դէպի ւոզակը: Վերի աստիճանը գրեթէ երկու մէթր երկարութեամբ փորուած է սեղանի հիմը կազմող քարին մէջ, այնպէս որ` սեղանին առջեւ 30 սանթիմէթր լայնութեամբ տեղ մը միայն կը մնայ: Ուրեմն յայտնի է թէ` սեղանը իր նախնական տեղը կը գրաւէր, եւ պատարագիչը սեղանին ետեւը կը կենար, երեսը դէպի ժողովուրդը դարձուցած:
       Առաքելա կան հրահանգներու համաձայն, եկեղեցիները դէպի արեւելք կառուցանելու սովորութիւնը Ե. դարուն սկսած է. քահանան կը պատարագէ սեղանին առջեւ, նայելով դէպի արեւելք ու քամակը դարձնելով ժողովրդին: Սակայն նախապէս շինուած եկեղեցիներուն մէջ, ընդհանրապէս սեղանը կը պահ էր իր նախնական տեղը, մինչեւ մատրան կամ եկեղեցիին քանդումը կամ նորոգութիւնը, նոյն իսկ մինչեւ ԺԲ. դար: Յանցելումն, կը տեսնուի որ սեղանը կը հաստատէին կոզակին առջեւ, յարմարցնելով այնպէս, որ քահանան կարենար սեղանին ետեւը կենալ, դէմքը դարձնելով հաւատացեալներուն: Բայց այս պարագան կանոնէն շեղում մըն էր, եւ չի գտնուիր ո'եւէ օրինակ մը` որով կարելի ըլլայ հաստատել թէ ԺԲ. դարուն, Պաղեստինի մէջ, այս հին սովորութիւնը նորոգուած է:
       Գիտենք նաեւ թէ Մեծացուսցէի եկեղեցին ճչդիւ արեւելք չի նայիր: Իր առանցքը կը կազմէ մագնիսային հիւսիսով 138 աստիճաններու անկիւն մը, այսինքն թէ նոյն եկեղեցին կը նայի հիւսիսային արեւմուտքէն հարաւային արեւելք: Որովհետեւ եկեղեցւոյ սնարքը շատ վերջը միայն այստեղ կ’երեւի, երբ աչքը արդէն կը տեսնէ որ արեւը շատ կանուխէն հակած է դէպի արեւելք ուղղուած չէ: Այս խորհրդածուծիւնը ստուգիւ կ’ունենար իւր արժէքը եւ թոյլ պիտի չտար պնդելու եկեղեցւոյն դէպի արեւելք հակելու (orientation) պարագայի մասին, եթէ սեղանը ունենար առաքելական կանոններով պարտադրած դիրքը: Բայց իրաւամբ, վասն զի պատարագիչը երեսը դէպի հիւսիսային արեւմուտք դարձնելու պատճառաւ, պէտք է եզրակացնել թէ եկեղեցին շինողները դէպի արեւելք նայելու ո'եւէ օրէնք չէին գիտեր, եւ ուրիշ մտազբաղում չեն ունեցած, այլ միայն եկեղեցին կառուցանել իրենց բարեպաշտութեան թելադրած ծրագրին եւ տեղւոյն տրամադրութեան պահանջմանց համաձայն:
       Վերջին նկատողութիւնը մըն ալ, սեղանին ձախը, կոզակին կողմը, կայ նեղ դուռ մը, որուն սեմը հողէն վեր է 30 սանթիմէթր եւ կը հանի քառակուսի, բայց անկանոն սենեակ մը, գրեթէ երկու մէթրնոց: Ամբողջ վարի մասը փորուած է ժայռին մէջ, 1-2 մէթր բարձրութեամբ: Այս սենեակը միակն է իր տեսակին մէջ. եւ ո'եւէ եկեղեցիի մէջ, նման շինուածքի մը չենք հանդիպիր: Ինչո՞ւ համար այս փոքրիկ սենեակը խնամքով մը կապուած է կոզակին հետ: Արդեօք Զաքարիայի տա՞ն կը վերաբերի. եւ այս սենեակը` իր ժայռոտ մասովն արդեօք Եղիսաբեթի հինգ ամսուան առանձնութեան բնակարա՞նն էր. ուրիշ ի՞նչ յիշատակ կրնար ներկայացնել ա'յն քրիստոնէից, որ կառուցին այս եկեղեցին: Անօգուտ պիտի ըլլար` այս մասին կարրծիք մը յայտնել, վասն զի ուղեգիրները ծանօթագրութիւն մը չեն հաղորդած մեզ»: (Տե'ս "La Patrie de Saint Jean Baptiste", էջ 172- 175):