ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Քէրէկի ճիշդ ծաղկեալ վիճակին, 1181ին, Երուսաղէմի ճամբով, Քէրէկ կու գար Կիլիկիոյ իշխաններէն Ռուբէն Բ., Լեւոն Մեծագործ թագաւորին եղբայրը: Ռուբէն նպատակաւ մը կ’այցելէր Քէրէկը տիրոջ` որ էր, ինչպէս վերեւ նշանակեցինք, Տը Շադիյլեոն, որ իր քաջագործութիւնները հասուցած էր մինչեւ արկածախնդրութիւն եւ կողոպուտ: Ռուբէն անտարակոյս լսելով նոյն պարոնին համբաւը, ըստ Սմբատ Պատմչի եւ այլոց, Քէրէկ գացած էր կնութեան առնելու անոր Իզապել դուստրը: Ռուբէն էր «բարեմիտ, առատ, տեսլեամբ գեղեցիկ եւ ի զինուրութեան արի եւ աջող ի նետելն», Պատմչին ըսած այս յատկութիւններն ունէր ուստի յաջողեցաւ հասնիլ իր նպատակին մեծածախս հարսնիք մը կատարեց Քէրէկը մէջ եւ մեկնեցաւ Կիլիկիա: Ռուբէն, ինչպէս ի համբաւոյ, նոյնպէս անձամբ տեսաւ Քէրէկի եւ այս կողմերուն բարգաւաճ վաճակը, եւ առեւտրական նպատակաւ բազմաթիւ գաղթականներու խուժումը հաւանական է որ` ան իր վերադարձին` թելադրեց Կիլիկեցի հայերը կամ իր հետեւորդները` հաստատելու Քէրէկի մէջ, օգտուելու համար Լատին իշխանութեան թոյլտուութիւններէն, առանց մտաբերելու թէ` Տը Շաթիյլեոնի արկածախնդրութիւնները օր մը կործանումի պիտի առաջնորդէին Քէրէկ քաղաքը եւ Լատին իշխանութիւնները: Քէրէկի մէջ հայ դաղութի մը գոյութիւնը ստոյգ է ան տեւած է մինչեւ ԺԹ. դարու կէսը յայտնի է թէ Խաչակրաց մեկնումէն յետոյ, որչափ որ Հայք արաբական իշխանութեան տակ, պահեցին իրենց գոյութիւնը, շնորհիւ իրենց եկեղեցւոյն` որուն ծոցէն չզատուեցան դարերով, հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններուն, բայց կորուսին իրենց լեզուն ու կենցաղը, իւրացնելով հետզհետէ իրենց լեզուն ու կենցաղը, իւրացնելով հետզհետէ իրենց դրացիներուն կենցաղական սովորութիւնները, ինչպէս կը նկարագրեն ուղեւորք եւ հնախօսք, յետոյ դժբաղդ պարագաներու տակ, ձուլուեցան ուրիշ ազգերու հետ. միայն անոնցմէ երկու ընտանիք յԵրուսաղէմ եւ երկուք` ի Բեթղեհէմ, շատ ժամանակ առաջ հաստատուած են: Այս ընտանիքներուն սերունդները պետական տումարներուն մէջ արձանագրուած են Էլ- Պետեվի: Իսկ անոնց ազգատոհմին մէջ մինչեւ ցարդ Հեթում անունը գործածական եղած է սա աւանդութեան համաձայն, իբր թէ Քէրէկի հայերը Հեթում թագաւորին միջոցաւ Կիլիկիայէն Քէրէկ գաղթած են: Յիշատակարանները կը հաստատեն թէ Կիլիկիոյ Հայոց իշխանները անխնամ չէին թողած այդ գաղութները, մասնաւորապէս Երուսաղէմ, Կիպրոս, Աքքեա եւ Քէրէկ գտնուող հայեր կը վայելէին արքունի օժանդակութիւններ, (Տեսնել այս մասին «Սիսուան» էջ 482): Ս. Աթոռոյ մատենադարանին Թ. 1822 ձեռագիր «Յայսմաւուրք»ը, իր յիշատակարանովը վաւերագիր մ’է որ կը հաստատէ այս պարագան: 1316ին, Դրազարկի մէջ Վահան գրիչ կ’ընդօրինակէ այդ Յայմաւուրքը, ի յիշատակ իր հօրը Ստեփանոսին եւ մօրը Ոսկեհատին. ահա այս ձեռագիրն է որ Օշինի որդին Լեւոն Դ. Հայոց թագաւորը (1320- 1341), յատուկ պատգամաւորութեամբ Քէրէկ կը ղրկէ, իբր նուէր Հայոց եկեղեցւոյն. այդ ձեռագրին 1329ի եւ 1330ի յիշատակարանները նոյնութեամբ կը դնենք հոս իբր պատմական վաւերագիր:
       «Պարգեւք է գիրքս ի Լեւոն թագաւորէն Հայոց: Ի Քաղաք յեկեղեցին մնացական: - Ով սուրբ եղբայրք, որ ընթեռնոյք զսրբոցս ճգնութիւնն եւ զկատարումն ու մխիթարքի հոգով. Յիշեցէք ի Քրիստոս զՊարոն Վասիլն, զտէր Սիմանայ կլային, Բաւղլէրն, որ է քեռի Լեւոն թագաւորին, որ եբեր զգիրքս ձեզ ի մխիթարութիւն. դուք խնդրեցէք ի Քրիստոսէ իւր թողութիւն եւ իւր նախնեացն արքայութիւն եւ ի բանտէն ձեզ ազատութիւն եւ Տէրն կաիարէ զխնդիրքն ձեր ի բարին»: «Եւ զանարժանս այլ յիշեցէք զԳրիգոր երէց? Սիմանայ կլայցիս որ եկի ի հետ իմ Պարոնին. ու բերաք գրիքս Քարաքոյ եկեղեցոյն. Թվ. ՉՀԸ (= 1329) »
       «Ես Լեւոն թագաւորս ամենայն հայոց ի թվին ՉՀԹ (= 1330) շնորհեցի զգիրքս Քարաքոյ Հայ ծառայնոյն որ յամենայն ժամ կարդան յեկեղեցւոջ զմարտիրոսացն զնահատակութիւն եւ զքաջութիւն հաւատոցն, որ վասն անուանն Քրիստոսի յանձինս իւրեանց կրեցին, զոր լսեն ծառայքն եւ քաջալերեալ յորդորին ի սէրն Քրիստոսի եւ հաստատին ի հաւատս նորին եւ համբերութեամբ տանին բազում վշտաց եւ նեղութեանց, զոր կրեն վասն անուանն Քրիսոտսի ակն ունելով երանական յուսոյն եւ հետեւողք լինին բազմաչարչար մարտիրոսացն, եւ յորժամ ընթեռնուն եւ լսեն զչարչարանս մարտիրոսաց, նա զմեզ յաղաւթս իւրեանց: Ու կու աղաչենք զքահանայքդ, որ զկարդալն անփոյթ չայնէք վասն սիրոյն Քրիստոսի որ աւրհնեալ] յաւիտեանս»:
       Այս յիշատակարաններուն մէջ Լեւոն թագաւորէն զատ կը յիշուին Պարոն Վասիլ Բաւդլէր եւ Գրիգոր երէց: Վասիլը` յիշատակարանէն կ’երեւի, Լեւոն թագաւորին քեռին է, անոր պաշտօնն էր արքունի սեղանին տնտեսութիւն, որ կ’ըսուի Պոդլեռ ըստ Ալիշանի («Սիսուան» 484-485) Պոդլեռ բառով պէտք է հասկնալ Ֆրանս. Boutillier բառը, որ կը նշանակէ սեղանապետ: Իսկ Գրիգոր Երէց արքունի ատենադպիրն էր:
       Նուիրուած ձեռագրին վերոյիշեալ յիշատակարաններուն մէջ Քէրէկի եկեղեցւոյն անունը չէ յիշուած, բայց Երուսաղէմի հայ պ ատմիչները կը յիշատակեն թէ նոյն եկեղեցւոյն անունն է Ս. Գէորգ, եւ մեր առած տեղեկութեանց նայելով` Քէրէկի իսլամական թաղին մէջ կը գտնուի եկեղեցի մը նոյն անուամբ, եւ տարին մի անգամ, Ս. Գէորգի տօնին, Յոյնք հոն կ’երթան պատարագելու. տարակոյս չկայ թէ նոյն եկեղեցին կը վերաբերէր Հայոց, եւ օտարական հնախօսի մը գրածին համաձայն, նոյն եկեղեցւոյն մէջ մինչեւ ցարդ անվնաս կը մնան պատերուն որմանկարները:
       Քէրէկէն բերուած յիշատակարան- քարի մը կեղծ արձանագրութենէն խաբուելով` Աստուածատուր եպիսկոպոս Տ. Յովհաննէսեան իր Պատմութեան մէջ կը գրէ . հատ. էջ 187-188) թէ Քէրէկ ունեցած է նաեւ Ս. Յակոբ անուամբ եկեղեցի մը, Հեթում թագաւորէն շինուած. նոյնը կը կրկնեն ծանօթ հնագէտ Քլէրմոն Կաննօ եւ Բրօֆ. Մաքլէր, յենլով նոյն կեղծ յիշատակարանին վրայ որ այժմ կը գտնուի մեր Ժառանգաւորաց Վարժարանի թանգարանին մէջ, եւ յայտնի է անոր կեղծութիւնը այլանդակ եւ անընթեռնլի գրերուն ձեւէն:
       Մեր այս տողերուն եզրակացութիւնը սա է թէ Քէրէկի հայք գաղթած էին Կիլիկիոյ կողմերէն, Խաչակրաց ժամանակ, Կիլիկեցի թագաւորներ մասնաւոր հոգածութիւն ունէին անոնց վրայ. կառուցուած էին Ս. Գէորգ եկեղեցին, դժբախտ պարագաներ եւ ճանապարհներու դժուարութիւնները պատճառ դարձան որ ցրուի նոյն գաղութը եւ այլք տիրան ան անոր եկեղեցւոյն:
       Քէրէկի նոյն ցրուած գաղութին պատմական կեանքի մասին դժբաղդաբար ծանօթութիւնը չունինք. բայց կ’երեւի որ անոնց մէջ չէին պակսեր ուշիմ եւ բանիմաց հայեր: ԺԷ. դարու առաջին քառորդին կամ կիսուն կը հանդիպինք Քէրէկցի վաճառականի մը` որ կ’ապրէր Նոր Ջուղայի մէջ Գերաք աղա անուամբ: Յարութիւն Թ. Տէր Յովհանեանց իր Պատմութիւն Նոր Ջուղայու որ յԱսպահան գործին մէջ . հատ. էջ 139-140) կը խօսի Գերաք Աղայի մասին եւ կ’ըսէ թէ ան Յակոբ Աղայի որին էր եւ վաճառականութեան մէջ երեւելի էր. առեւտուրի զբաղում ունէր Եւրոպայի, Աստրախանի եւ Գելանի կողմերը: Գերաք Աղա երկու որդի ունեցաւ, մէկուն անունը Յակոբ, որմէ ծնաւ Յովհանջեան, որ Ջուղայի հալածանքներու ժամանակ հեռացաւ եւ գնաց Սուրաթ, ուր վաճառականութեան ու ազգասիրութեան կողմէն նշանաւոր հանդիսացաւ: Գերաք Աղայի գործերու մասին լիուլի տեղեկութիւն չունինք. բայց ան` որովհետեւ Ջուղայի Ս. Աստուածածին եկեղեցիին ժողովուրդներէն էր, նորոգել տուաւ նոյն եկեղեցին եւ ունի հոն յիշատակներ: Յիշատակութեան արժանի են այն երկու գեղարուեստական նկարները զոր Վենետիկի մէջ նկարել տալով Ս. Աստուածածնի եկեղեցիին ընծայեց, եւ որոնք մինչեւ այժմ նոյն եկեղեցիին հիւսիսային եւ հարաւային պատերուն վրայ բեւեռուած են: Նոյն պատկերներուն համար հետեւեալ կերպով կ’արտայայտուի Յ. Տէր Յովանեանց (անդ. Բ. հատ. էջ 196), Գերաք Աղա նոյն պատկերները Վենետիկի մէջ ճարտար պատկերահանի մը ձեռքով կտաւի վրայ նկարել տուաւ պատին չափին ու յարմարութեան համաձայն, եւ բերաւ իրենց տեղերը զետեղեց զանոնք: Հիւսիսային պատին պատկերն է Հերովդէսի պալատը եւ Ս. Յովհաննու գլխատումը: Նոյն պատկերին ներքեւ կը գտնուի պատկերը Գերաք Աղայի որ ձեռամած աղօթքի կեցած է, եւ ձեռնամածութեան մէջ գրուած է Գերաք: Հարաւային պատին պատկերն է Յիսուսի քառասնօրեայ գալուստն ի Տաճար, եւ անոր ներքեւը կը գտնուի Գերաք Աղայի կնոջ եւ անոր երկու զաւակներուն պատկերը: Ս. Աստուածածին եկեղեցիին վրայ իր կատարած նորոգութեան եւ այլ յիշատակներուն համար Գերաք Աղա յետ վախճանի նոյն եկեղեցիին հարաւային դրան առջեւ թաղուած է եւ տապանագիրն ալ հետեւեալն է.
       Այս է տապան բարեպաշտի`
       Հաստատահաւատ քրիստոնէի,
       Ազգաւն հայ Գիրաքեցի`
       Որդի գոլով սա Պարոնի,
       Գերաք աղայ ողորմելի:
       Ով հանդիպողք ի յայսմ շիրմի,
       Լի բերանով դուք զողորմի.
       Թիվն. ՌՃԾԷ (= 1708):
       Գերաք աղայի մասին կը պատմուի նաեւ հետեւեալը.
       Պ. Արմենակ Սագըզեան «Նոր Ջուղայեցի վաճառականի մը անուան հայկական երկու մետալներու առթիւ» գրուած յօդուածի մը մէջ (Անահիտ. 1929, Մայիս-Յունիս Ա. տարի, թիւ 1, էջ 57-65) կը գրէ թէ 1921ին գարնան Ֆլօրանսօ գտնուած միջոցին, Պարճելլօի թանգարանին մէջ ուշադրութիւնը գրաւած են փաթթոցաւոր դէմքեր կրող մետալներ, որոնց երկուքը հայերէն արձանագր ութիւն ունեցեր են եւ երրորդ մը` լատիներէն: Այս վերջինը Սուլթան Սէլիմ Ա. ի պատկերը կը կրէր եւ Եգիպտոսի գրաւման ի յիշատակ յօրինուած էր:
       Հայկական մետալները իրենց երեսի կողմը կը կրէին կենդանագիր մը . մէկուն վրայ` իրանը միայն, միւսն` ամբողջ մարմնով, - եւ յետսակողմը` համանման նշանակներ, եզերքներուն վրայ բոլորաձեւ դրոշմուած են արձանագր ութիւններ որ նոյնն են մէն մի կողմ:
       Անձնաւորութեան գլուխը խորշոմներով բեռնաւոր, ճակատէն տեսնուած կը ներկայանայ, իրանը միայն ցոյց տուող մետալին վրայ` քիչ մը քովընտի ծռած, - շեշտուած դիմագծերով ու յառաջակարկառ քիթով: Եր եսը` ածիլուած, թեթեւ ընչացքով, կորովի եւ խիստ արտայայտութիւն մը ունի: Հագած է մուշտակէ օձիքով վայելուչ վերարկու մը, գօտիով մը մէջքը սեղմուած, եւ որուն քղանցքները զանգակաձեւ կ’ընդլայնին: Թիկնոց մը որ ձախ կողմ կը կոճկուի` ըստ պարսկական սովորութեան, կը տեսնուի վերարկուին ներքեւ: Աջ ձեռքով համրիչ մը կը դարձընէ, մինչ ձախը ազդրին կը կրթնի:
       Այսպէս է պատկերացուած դիմանկարը, ուր աչքի կը զարնէ նաեւ մեծազանգուած փաթթոց մը:
       Յետսակողմին վրայ կ’երեւնան չորս նշանակներ: Գառն Աստուծոյ, որուն կ’ակնարկէ արձանագրութիւնը եւ որ կեդրոնը զետեղուած է, ամենէն կարեւորն է: Ս. Հոգւոյն աղաւնին քրիստոնէական երկրորդ նշանակն է հոն: Վեր բարձրացող առիւծ մը եւ արեւը` Պարսկաստանի զինանշանը կ’ոգեն: Վերջապէս, մեղուներու պարս մը որ կը թռչի դէպի ինչ որ փեթակ մը պէտք է ըլլայ, ըստ ամենայն հաւանականութեան` աշխատանքի եւ գործունէութեան այլաբանութիւն մը կը ներկայացնէ:
       Յարգելի յօդուածագիրը կ’աւելցնէ թէ անհնար եղած է ամբողջապէս քակել արձանագրութիւնը: Երեսակողմը, «ես եմ ծառայ Յիսուսի Քրիստոսի» բանաձեւէն զատ, ան կը կարդայ «Ջուղացի» բառը, ինչպէս եւ Գրիգոր էնց Գերաքի» անունը: Հօրենական անուն մը որուն միայն վերջաւորութիւնը էնց կը տեսնուի, դրուած է «Գրիգոր» ծննդեան անունին, «Գերաքի» ծագման տեղւոյն անունին միջեւ: Այդ անունը կը սերի այժմեան Քերէքէն, որ Պաղեստինի մէջ գիւղ մ’է, Յորդանանի ձախ եզերքին վրայ: Հոն կար ատենով հայկական հին գաղութ մը 1330ին, երբ Կիլիկիոյ Լեւոն Դ. թագաւորը Քարաք գիւղի եկեղեցւոյն կը նուիրէր Յայսմաւուրք մը` իր ինքնագիր յիշատակարանով:
       Յետսակողմին վրայ կ’երեւայ «Յիսուս Քրիստոս Գառն Աստուծոյ որ շնորհեց ամենայն երկրի» պարբերութենէն յետոյ, հայկական տոմարի 1122 տարեթիւը, որ կը համապատասխանէ Քրիստոսի թուականին 1672-73 տարւոյն:
       Ներկայացուած անձնաւորութեան հագուածքը ԺԷ. դարու պարսկական զգեստաւորման կը մօտենայ, ինչպէս կը տեսնենք, օրինակի համար, Ժ. Պ. Թավ էրնիէի պարսիկ զգեստով կենդանագիրը (1712):
       Յօդուածագիրը յետոյ կը բերէ Յ. Տէր Յովհանեանցի մեր վերու յիշատակած Գերաք Աղայի եւ անոր որդւոյն մասին գրածը ու անոր տապանագիրէն կ’եզրակացնէ թէ Գերաք Աղա ծագմամբ Քէրէկ քաղաքէն ըլլալով հաստատուած է ի Նո ր Ջուղա ու վաճառականութեամբ զբաղելով Վենետիկ գացած ու շինել տուած է վերոյիշեալ մետալները:
       Հ. Ղ. Ալիշանի Հայ-Վենետ գիրքին մէջ (էջ 501 եւ 503) կը յիշատակուին 10 Գէրաք- Միրման ընտանիքը, ծագմամբ Ջուղայեցի եւ ԺԷ. դարէն սկսեալ Իտալիա հաստատուած: Այս գերդաստանին իտալացած սերունդները մինչեւ հիմակ կը գտնուին Լիվորնիոյ մէջ: 20 Առաքել Գիրաքեան մը, նաւապետ կամ նաւավար, որուն նաւուն անունն էր Մատոննա Տէլա փաչէ (Աստուածամայր խաղաղութեան): Ասոնք հաւանաբար միեւնոյն ընտանիքէն էին:
       Մեր այս պատմական մէջբերումներով աւելի կը զօրանայ արժէքը Քէրէկը հայ գաղթականութեան, որ արժանացած էր Կիլիկեան հայ թագաւորաց հովանաւորութեան եւ խնամոց: Քէրէկի հայերէ ոմանք Ջուղայի, Երուսաղէմի կողմերը եւ այլուր տաեղափուխուելով երեւելի հանդիսանալնին կ’ապացուցանէ թէ ծագմամբ Կիլիկեցի նոյն ժողովուրդը իր մէջ կը պահէր կենսունակութիւնը մը, որով կարողացաւ ան դիմադրելու ահեղ մրրիկներու եւ երկար դարեր պահեց իր գոյութիւնը, եւ անոնց բեկորները` որ Քէրէքէն թէեւ յարդի ունգի նման հողմավար եղան, բայց գացած տեղերնին արմատ բռնեցին եւ ուռճացան, Գերաք Աղան իր յիշատակներովը զմայլելի օրինակ մ’է այդպիսիներուն:
       Գրուածքիս խմբագրութեան համար, բաց ի վերոյգրեալ աղբիւրներէն, օգտուած ենք նաեւ հետեւեալ գիրքերէն.
       Dictionnaire de la Bible, par F. Vigouroux, 1904, Paris տե'ս բառն Kir Moab, էջ 1895-1906:
       Guide du Nil au Jourdain. etc. par Meistirmann. Paris. 1909, տե'ս էջ, 252-259. Քէրաքի մասին: