ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Բեթղեհէմէն կէս ժամ հեռի, դէպի արեւելք, Պէյթ-Սահուր գիւղին մօտ կը գտնուի այս եկեղեցին, որ ձօնուած է յիշատակին այն հովուաց` որոնց աւետիեց հրեշտակը Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդը, ըստ Աւետարանի: Երուսաղէմի հայ միաբանութիւնը, ի հնումն, այս եկեղեցիին մէջ կը կատարէր Յունուար 5ին Ծննդեան Ճրագալուցին կամ Խթման գիշերի պաշտամունքը եւ Կ’երգէր «Փառք ի բարձունս» հրեշտակային երգը: Ըստ սաղիմական ծիսարանի, Քրիստոսի Տնօրինական գործերուն տօնակատարութիւնները տեղի կ’ունենային այն տեղերը` ուր մեր Տէրը կատարած էր իր Փրկագործութեան խորհուրդը: Այսպէս սահմանեալ հրահանգներու համաձայն, պաշտամունք կը կատարուէր Ս. Յարութեան, Գողգոթայի, Սիոնի, Համբարձման, Գեթսեմանիի, Ղազարիոնի եւ այլ եկեղեցեաց մէջ, ինչպէս ցոյց կու տայ սաղիմական հին Ճաշոցը: Ըստ այսմ, Քրիստոսի Ծննդեան տօնը Բեթղեհէմի եկեղեցւոյն մէջ կատարուած միջոցին, նոյն տօնը Ճրագալուցին կը տօնախմբուէր «Հովուաց» եկեղեցին, զոր շատերը սխալմամբ կը գրեն «Հովանոց» եկեղեցին, զոր շատերը սխալմամբ կը գրեն «Հովանոց»: Մինչ ԺԲ. դար, մեր ձեագիր ծիսարանները Ս. Ծննդեան Ճրագալուցին առթիւ, կը հրահանգեն նո'յն օրը երթալ Հովուանոցի եկեղեցին եւ կատարել օրուան կանոնը: Փարիզի եւ Օքսֆորդի մատենադարանաց Ը. կամ Թ. դարու ձեռագիր երկու Տօնամակները կը պարզեն մեզի նոյն օրուան արարողութիւնը` Հովուանոցի եկեղեցւոյն մէջ: Այդ երկու հնադարեան յիշատակարանները կ’ամբողջացնեն Դ. դարու լատին ուխտաւորուհի Էթէրիայի Հովուանոցի եկեղեցւոյ մասին գրած նկարագրութիւնը. վասն զի անոր Օրագրութենէն ինկած է այդ մասը: Նոյն եկեղեցւոյ մասին մէջ կը բերենք հետեւեալ ազգային յիշատակութիւնները, ժամանակագրական կարգաւ: 690ին Գրիգոր քորեպիսկոպոս Արշարունին, «ընթերցուածոց մեկնիչ» մը. կը գրէ. «Ժողովին ի հովուանոցն յիններորդ ժամուն եւ այս կանոն կատարի. Սղ. ԻԳ. Սղ. ՃԷ. Ղուկ. Բ. 8-20, Մատթ. Ա. 18-25, Ծննդ. Ա-Գ, 20, Ես. Է. 10-18, Ելից. ԺԴ. 24- ԺԵ, 22, Միք. Ե, 1-8, Առկ. Ա. 1-9. Ես. Թ. 5-7. ԺԱ. 1-9, ԼԵ. 4-8, ԽԲ. 1-7, Դան. Դ. 1-90, Տիտ. Բ. 11-15, Սղ. ՃԺ. Մատթ. Բ. 1-12: Տաշեանի Ձեռագրաց Ցուցակին . 5 եւ 9) երկու Ճաշոցները, մին` 1223 կամ 1261, միւսն` 1506 թուականաւ, կը հրահանգեն. «Ճրագալուցին Յունուարի հինգ ժողովին ի Սուրբ Հովուանոցն ի տասներորդ ժամն, եւ այս կանոն կա. ՍՂ. Տէր հովեսցի զիս, դարձեալ ՍՂ. ո' հովեսդ իսրայելի նայ. Աւետ. ըստ Ղուկասու. Եւ հովիւք …» « Յետ այսորիկ ելանել ի Հովուանոցէն ի Սուրբ Բեթղեհէմ, եւ ժողովին ի ներքս ի յայրն ի մատրանն եւ այս կանոն կատարի. ՍՂ. ԿՑ. Տէր ասաց ցիս. Աւետ. Մատթ. Եւ Յսի. Քսի. ծնունդն էր այսպէս. »: Ս. Աթոռոյս մատենադարանին Ճաշոցներէն . 12 եւ 1863) ձեռագիրներն ալ քննեցինք, կը կրկնեն միեւնոյն կանոնը եւ կը հրահանգեն նոյն օրը երթալ Հովուանոցի եկեղեցին, եւ կատարել ա'յն կանոնը զոր շինած էր Յակոբ Տեառնեղբայրը, եւ ապա' դառնալ Բեթղեհէմի Ս. Այրը «խնկօք եւ մոմեղինօք»: Գրչագիր եկեղեցական մատեանք այս հրահանգը իրարմէ ընդօրինակած են յար եւ նման, մինչեւ ԺԲ. դար, եւ յետոյ ալ: Ձեռագիր ճաշոցներ զատ մեր մատենագիրներէն ոմանք ալ կը յիշատակեն Հովուանոցի եկեղեցին: Անանիա Շիրակացին «երիցս երանեալ վարդապետը» . դար) իր «մնացորդք բանից» գրուածքին մէջ (էջ 7) հետեւեալ կերպով կը յիշատակէ. «… քանզի գրեալ է ի սկզբան կանոնին այսպէս, թէ տօն Սրբոյ Յայտնութեան կատարի ի Յունուարի, որ է վեց ամսոյն. Ժողովին ի Հովուանոցն եւ զայս ինչ կանոն կատարեն եւ ապա ի Բեթղեհէմ եւ ի յայրին»: Դարձեալ, Մովսէս Կաղանկայտուացի . դար) իր Պատմութեան մէջ (էջ 227-28), «Անուանք Վանօրէից, ուր իբր «ականատես», Երուսաղէմի վանքերուն եւ եկեղեցեաց վրայ շահեկան տեղեկութիւններ կու տայ, եւ ի մէջ այլոց կը յիշատակէ Հովուանոցի եկեղեցին, որուն նկատմամբ իր կատարած նկարագրութիւնը` տեղագրական եւ պատմական տեսակէտովվ մեծ կարեւորութիւն ունի. իր խօսքերն են. «… եւ անտի յարեւելից կուսէ ըստ Յորդանանու կողմանէ երեք ասպարիզօք հեռի ի Բեթղեհէմէ. է Հովանոց (Հովուանոց), ուր երկու եկեղեցիք են, եւ պատարագ մատչի»: Գրիգոր Տաթեւացին ալ, իր ծննդեան քարոզին մէջ կը յիշատակէ Հովուանոցը եւ կատարուած կանոնը. «… վասն այսոիրկ այսօր նախ ի Հովուանոցն ընթանամք, որ է հասարակ տեղի սուրբ ժամատունն, ուր բանաւոր հօտքս եմք ժողովեալք եւ ասեմք Սաղմոս եւ ապա երթան առ Մսուրն ի յայրն ի տեղի ծննդեան. վասն զի ի յայրն ծնաւ Քրիստոս Փրկիչն, եւ ի մսուրն եղ աւ, եւ հովիւքն ընթացան» (Ձմրան հատոր, էջ 31-32):