Բեթղեհէմի
արեւելեան
կողմը
կը
գտնուի
Պէյթ-Սահուր
փոքրիկ
գիւղը,
որ
է
ըստ
Ս.
Գրոց
Բերութքամամ
«հանդէպ
Բեթղահէմի»
(Երեմ.
ԽԱ.
17).
այս
գիւղին
սահմանին
մէջ
է
«Հովուաց
դաշտը»,
ուր
շինուած
է
«Հովանոց»ը
(արաբ.
Տէյր
էր-
Ռաւաթ)
եւ
հո'ս
էր
որ
հրեշտակները
հովիւներուն
աւետեցին
Յիսուսի
ծնունդը:
Մարինոս
լատին
պատմիչը
կը
վկայէ
թէ
շատ
հին
ժամանակներէն,
այս
տեղւոյն
վրայ
շինուած
էր
փառաւոր
եկեղեցի
մը
Ս.
Հեղինէ
թագուհիին
կողմէն,
երկարութիւնը
46
թզաչափ,
իսկ
լայնութիւնը`
25,
եւ
նուիրաուած
էր
Ս.
Հրեշտակապետաց:
Ըստ
վկայութեան
Նիկեփորոսի,
այս
եկեղեցւոյ
մէջ
կը
գտնուին
երեք
հովուաց
գերեզմանները,
ինչպէս
670ին
տեսած
է
Արգուլֆ
եպիսկոպոս,
իր
ուխտաւորութեան
առթիւ:
Մարինոս
դիտել
կու
տայ
թէ
այս
նուիրական
տեղը
կը
յարգեն
ո'չ
միայն
քրիստոնեաները,
այլ
նաեւ
մահմետականները
կանթեղ
կը
վառեն,
խունկ
կը
ծխեն,
եւ
լատին
կրօնաւորք
Ծննդեան
Ճրագալուցին
«Փառք
ի
բարձունս»
կ’երգէին:
Ե.
դարուն,
Կիւրեղ
Սկիւթուպոլսեցին`
իր
«Մար-Սապայի»
կենսագրութեան
մէջ
շահեկան
տեղեկութիւններ
կու
տայ
Հովուանոցի
եկեղեցւոյն
հիմնարկութեան
համաձայն,
աբբա
Մարկիանոս,
որ
հակառակորդ
մը
եղած
է
Քաղկեդոնի
Ժողովին
եւ
վանական
էր
Երուսաղէմի
Ս.
Բեսսարիոնի
վանքին,
Եւդոկսիա
թագուհիին
նիւթական
օժանդակութեամբ,
454ին,
Բեթղեհէմի
արեւելեան
հիւսիսային
կողմը,
կը
հիմնէ
«Հովուանոցի
եկեղեցին»:
Սկիւթուպոլսեցիէն
զատ,
միաբնակ
Զաքարիա
հռետորի
Եկեղց.
Պատմութիւնը
եւ
Նախատեսութիւնք
Սրբոց
(Plé
rophorie)
գործը,
Լանտի
Anecdota
Syriaca
աշխատութիւնը
կը
պատմեն
Մարկիանոս
վանականին
հակաքաղկեդոնական
գործերը,
որոնց
համաձայն
կը
հասկցուի
թէ
Մարկիանոս
միանալով
իր
գաղափարակից
Ռոմանոս
վանականին
հետ
ջանացած
է
քաղկեդոնիկ
Յոբնաղի
տեղ
451ին
Երուսաղէմի
Մարտիրոս
եպիսկոպոսը
ընդունելու
(484ին)
Զենոնի
հրովարտակը:
Այս
վերջին
տեղեկութիւնը
կը
հերքէ
Սկիւթուպոլսեցիին
այն
հաւաստիքը
թէ`
Մարկիանոս
յետոյ
իր
համոզումը
փոխած
եւ
յարած
է
քաղկեդոնականութեան:
Մարկիանոս
ցո'րչափ
հաւատարիմ
կը
մնայ
միաբնակութեան,
իր
վանքը
չէն
եւ
ճոխ
էր,
եւ
ո'ւր
հարիւրաւոր
վանականներ
կը
բնակէին
իր
տեսչութեան
տակ.
բայց
յետոյ
իր
վանքը
ինկաւ
չքաւորութեան
մէջ
եւ
անշքացաւ:
Սկիւթուպոլսեցին
երկու
դէպքեր
եւս
կը
պատմէ,
եւ
այդ
առթիւ
կը
յիշէ
«Հովուանոց»ը.
առաջինով`
կը
պատմէ
Տէյր-Տօզի
վանքին
հիմնադիր
Ս.
Թէոդորոսի
այցելութիւնը
Հովուանոցին,
որ
կը
գտնուէր
Տէյր
Տօզի
վանքին
եւ
Բեթղեհէմի
միջեւ.
իսկ
երկրորդով`
Թեկուայի
վանքն
ապաստանած
Որոգինէսեան
վանկանաց
մէկ
արաքը.
542ին
նոյն
վանականները,
զէն
ի
ձեռին,
կ’ուզէին
քանդել
Մար-
Սապայի
վանքը.
բայց
անոնք
չկրցան
հասնիլ
իրենց
նպատակին.
եւ
շատ
մը
դեգերումներէ
յետոյ,
յոգնած`
ապաստանեցան
«երանելի
Մարկիանոսի
վանքը».
դարձեալ,
ըստ
նոյն
պատմչին,
Մարկիանոս
վախճանած
է
492ին:
542էն
վերջ
Հովուանոցի
նկատմամբ
պատմական
յիշատակութիւն
չենք
գտներ
օտար
եկեղեցական
մատենգարց
քով:
Հաւանաբար
այդ
վանքը
614ին
կիսաքանդ
եղած
է
պարսկական
յարձակումներու
ատեն: