ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Պրոպատիկէի անդամալուծին բժշկութեան պատմութիւնը ծանօթ է Աւետարանէն (Յովհ. Ե. 2-17). Պրոպատիկէն` Տաճարին մօտիկ դրան մը անունն է, որ կը կոչուի նաեւ «Ոչխարաց դուռն»: Աւետարանի այդ համարը պէտք է կարդալ այսպէս. «Եւ էր յԵրուսաղէմ, ի Պրոպատիկէ աւազան, որ կոչիւր եբրայեցերէն Բեդհեզդա, քրիստոնէութեան նախկին դարերուն, Պրոպատիկէի մէջ շինուեցաւ եկեղեցի մը, յանուն Ս. Աստուածածնի մօր` Աննայի: Ս. Կուսի ծննդեան տեղը որոշելու համար բաւական վէճեր եղած են, եւ զանազան աւանդութիւններ կան, կը կարծուի թէ ան ծնած է ի Նազարէթ կմա ի Բեթղեհէմ, բայց այս վարկածները ա'յնքան չեն զօրաւոր, որքան արեւելեան ա'յն աւանդութիւնը` որուն համաձայն կը վկայուի որ Ս. Կոյսը ծնած է յԵրուսաղէմ, իր մօրը Աննայի տան մէջ, Պրոպատիկէի մօտ, այդ պատճառաւ ա'յն Եկեղեցին` որ շինուեցաւ Պրոպատիկէի մէջ, անուանակոչուեցաւ Ս. Աննա: Թողլով մերձաւոր ժամանակի վկայութիւնները, մէջ կը բերենք աւելի հիները` որոնք են Սեբաստացի Պետրոս Եպս. ի . դար) յիշատակութիւնները, ասոնցմէ զատ Երուսաղիմայ Պատրիարք Սոփրոնիոս . դար), Յովհաննէս Դամասկացի . դար) իրենց քերթուածներով եւ քարոզներով կը հասկցնեն թէ` Ս. Կոյսը ծնած է ի Պրոպատիկէ, եւ հոն է անոր մօր` Աննայի տաճարը, որ կոչուած է նաեւ Անդամալուծին եկեղեցին: