ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ս. Աննայի եկեղեցւոյն ու վանքին գոյութեան պատմական եւ նկարագրական այս ընդարձակ տողերէն յետոյ այժմ փութանք սոյն եկեղեցւոյն հայկական ըլլալը հաստատել: Մենք ունինք մեր ձեռքը հաստատուն եւ վաղեմի յիշատակարան մը` որ է Հայոց Անաստաս վարդապետին վանօրէից ցուցակը, «Վասն վանօրէից որ ի Ս. քաղաքն Երուսաղէմ» խորագրով: Նոյն գրվածքին մէջ յիշատակուած Հայոց72 վանքերուն մէջ, մասնաւորապէս կը յիշուի Պորպատիկէի եկեղեցին ու վանքը, «Եւ ի ներքս ի քաղաքն Արշակունեաց վանքն` ի սուրբ Պորպատիկէ կողմանն», զոր ինքն անձամբ տեսած է միւս հայկակն վանքերուն հետ: Ասկէց աւելի բացորոշ վկայութիւն չի կրնար ըլլալ, այս պատճառաւ է որ վերեւ յիշուած գիտնական եկեղեցականը շատ իրաւամբ կարծիք կը յայտնէ թէ` Յուստինիանոսի ի Պրոպատիկէի կից Արշակունեաց վանքի կրօնաւորներուն (R. B. 1893, էջ 262). կը վկայէ նաեւ 1483ին Ագկէրմանցի Նիկողայոս Եպս. Երուսաղէմի ուխտատեղիներու իր ցուցակին մէջ հետեւեալ կերպով. «Պրոպատիկէ աւազանն, որ կոչի եբրայեցերէն սրահ, ուր անդամալոյծն բժշկեցաւ եւ գերեզմանն Աստուածածնի ծնողաց, Յովակիմայ եւ Աննայի, եւ ծնունդն Աստուածանի»: Նիկողայոս եպս. այս տողերով կարեւոր պարագայ մը մէջ կը բերէ ըսելով որ` Աննայի եւ Յովակիմայ գերեզմանները կը գտնուին Ս. Աննայի եկեղեցւոյն մէջ, թէպէտ նոյնը ուրիշներու հետ: Սակայն այս կէտը, հնախօսներուն մէջ, տակաւին վիճելի է:
       Երուսաղիմայ Հայոց պատրիարք Գրիգոր Շղթայակիր մեր Ս. Յակոբայ վանքին մէջ, 1728ին ցորենի քարուկիր համբարանոց մը շինել կուտայ, նոյն միջոցներուն, Յովհաննէս եպս. Երուսաղէմացի (Հաննէ), Ս. Յովակիմայ եւ Աննայի եկեղեցիէն բերուած մարմարեայ բոլորակ խաչքար մը ձեռք կ’անցնէ ու գրել կուտայ հետեւեալ յիշատակարանը. «Խաչս է Յովակիմայ եւ Աննայի Իանէն, ուր ծնաւ Ս. Աստուածածին»: Նոյն խաչքարին եզերքն ալ սա յիշատակարանը «կանգնեցաւ Ս. Խաչս Գրիգոր հայրապետին եւ ամենայն միաբանից որ շինեաց ցորենատուն. թվին ՌՃՀԷ=1728» գրելով կը զետեղեն ցորենատան դրան ներսի կողմը: Վերոյիշեալ Յովհաննէս վրդ. իր պատմութեան մէջ (էջ 299) կը գրէ (1727) թէ` «ի նոյն կողմն Ս. Աննայի (հարաւային կողմը) գտան խցիկք եւ խրճիթք կրօնաւոր կուսանաց եւ այժմ ամենեքեան աւերք են եւ ոչ ոք բնակի ի նոսա: »
       Ս. Յակոբայ վանքի միաբան հանգուցեալ Աստուածատուր Եպս. Տ. Յովհաննէսեանց իր «Պատմութիւն Ս. Երուսաղէմի» գրքին մէջ (էջ 157 Հտր. Ա. ), կը գրէ թէ` կարդացած է ինքն հայերէն ձեռագիր մատեանի մը յիշատակարանին մէջ այս պարբերութիւնը «Գրեցաւ գիրքն ի տուն Յովակիմայ եւ Աննայի», բայց թուականն անյայտ. եւ յետոյ մի ուրիշ տեղ (էջ 91, նոյն), «Անդ Պրոպատիկէիւ տեսանի հոյակապ եւ գմբեթարդ եկեղեցին, յանուն Յովակիմայ եւ Աննայի եւ տեղի ծննդեան ամէնօրհնեալ կուսին: Սալաէտտին կարգեալ էր զայն դպրոց. ձեւ եկեղեցւոյն է նման եկեղեցեացն Հայոց երեք խորանաւ, եւ երկաթի օղակք վարագուրին Աւագ սեղանոյ կային տակաւին ցմեր ժամանակս ի գլուխ սեանց, պատկեր Աւետեաց դարձեալ ի սիւնսն յաջմէ եւ յահեկէ եղծեալ, զոր բարձին լատինք ի տիրելն իւրնեաց: »
       Այս վկայութիւններն անշուշտ համոզիչ են եւ կը հաստատեն Պրոպատիկէի վանքին ու եկեղեցւոյն հայկական ծագումը: Համբարձման լերան վրայ եւ Դամասկոսի դրան մօտ նորագիւտ հայկական գեղակերտ մոզայիքներն` որ կը կրեն հայերէն արձանագրութիւններ, ինչպէս նաեւ նոր պեղումներն ու գիւտերը տակաւ առ տակաւ իրաւունք պիտի տան յիշատակաց արժանի Հայոց Անաստաս վարդապետին` որ անձամբ Երուսաղէմ եկած ու ցանկագրած է Հայոց 72 վանքերն ու տեսած անոնց պայծառութիւնը:
       Խրիմի պատերազմին հետեւանքով 1861 Նոյեմբեր 1ին Սուլթան Մէճիտ կայսեր կողմէն Ս. Յովակիմ- Աննայի եկեղեցին Ֆրանսայի պարգեւ տրուեցաւ:
       Ֆրանսական կառավարութեան կողմէն նոյն հոյակապ եկեղեցին Լավիժըրի Կարտինալի կողմէն հիմնուած Ափրիկէի միսիոնարաց ընկերութեան յանձնուեցաւ պահպանութեան համար: Նոյն ընկերութիւնը եկեղեցիին մէկ կողմը երկու ընծայարաններ հաստատած է յոյն մելքիտներու համար:
       Թ. Միհրդատեանց իր «Նկարագիր աղետից Երուսաղէմի» եւ այլն գիրքին մէջ եկեղեցական իշխանութեան կողմէն Յովակիմ-Աննայի հայկական եկեղեցւոյ սեպհականութիւնը չպաշտպանուելուն համար դիտողութիւններ գրած էր, որոնց հակառակ Չամուրճեան պատուելի «Երեւակ» հանդէսին միջոցաւ քննադատական յօդուած մը հրատարակած ըլլալով` Թ. Միհրդատեանց 1864ին «Դատաքննութիւն դատաքննութեանց» անուն գրքոյկով մը կը պատասխանէ անոր. նոյն պատասխանին մէջ Ս. Յովակիմ- Աննայի եկեղեցւոյ հայկական ծագման եւ ճարտարապետութեան մասին տեղեըկութիւններ եւ ապացոյցներ մէջ բերուած ըլլալով, կարեւոր մասերը նոյնութեամբ կը դնենք հոս, պահելով անոր գրչութեան ոճը:
       «Սալահէտտին Սէյրէթուլլահը (Էօմէրին մզկիթը) կը տեսնէ հոն իրենց կրօնքին համեմատ յարգութիւն տալէն զկնի. երբ ժամանակ դուրս կ’ելնէ` կը տեսնէ որ նոյն իրենց տաճարին դիմացոքը երեւելի եկեղեցի մը կայ . այս որո՞ւ է, կը հարցնէ Հայրապետին (Աբրահամ պատրիարքի). նա ալ կ’ըսէ թէ` - Մէրեէմ Աննային ծնողացը տունն է եւ Յովակիմ- Աննա կը կոչուի: Կը դառանյ բարկութեամբ մը պատասխանել, թէ` - ես որուն անուամբը կառուցուած ըլլալը չեմ հարցներ քեզի, այլ ո՞ր ազգինն է այդ եկեղեցին` որ համարձակեր է մեր տաճարին (Հարէմի Շէրիֆին) դրան դէմ հոյակապ եկեղեցի կառուցանել:
       Յայնժամ պատրիարքը ոտքը իյնալով մը կ’ըսէ.
       - Տէ՜ր, Ազգիս Հայոց ու քու նուաստ ծառայինդ է, եւ եթէ արժան դատես` ինձ պարգեւէ, ապա թէ ոչ կամք քո է` որպէս կամիս նոյնպէս արա . իսկոյն կը հրամայէ Սալահէտտին` որ անի սօֆտաներուն մէտրէսէ ըլլայ իր անուամբ. քանզի չէ արժան կ’ըսէ` մեր տաճարին դէմը եկեղեցի լինել եւ եթէ ես չառնում իմ յաջորդներս անշուշտ կ’առնուն. նա մանաւանդ Մար Եագուպը ձեզի բաշխեցի վասնորոյ անոր տեղ անպատճառ պիտի առնում աս, որ յաղթութեանս նշան մը ըլլայ` ու ինձ համար աղօթեն յիշեալ սօֆտաները: Կը սկսի սրբազան պատրիարքը դողալ ու սարսափիլ եւ շուարիլ (ինչպէս իր գրութենէն առնելով` դողալ ու սարսափելի եւ շուարիլ (ինչպէս իր գրութենէն առնելով` երկու դար ու կէս յառաջ իր Ս. Երկրի Պատմութեան մէջ կը գրէ Տ. Յակոբ քահանայն Ամասիացի). «Մտածեցի թէ` եթէ կը գրէ Տ. Յակոբ քահանայն Ամասիացի). «Մտածեցի թէ` եթէ հրաման բռնաւորին վերստին չկատարելու որ լինիմ, յայնժամ թէ Ս. Յակոբ ձեռացնուս պիտի երթայ, եւ թէ Յովակիմ-Աննան, ապա ուշի եկեալ մտածեցի թէ զինչ արարից. ուստի երկու չարեաց փոքրագոյնն է ընտրելի ասելով` երբ բռնաւորն թախանձեաց վերստին, իսկոյն առաջի նորա անկայ` եւ ասացի` կամք քոյին տէրութեանդ է. զայս ասելով յանձնեցի տունն Յովակիմ-Աննայի. եւ այս եղեւ ՈԼԶ. հոկտ. Ժ. թուականին»: Որ անկից, այսինքն 1187 թուականէն մինչեւ 1856 թուականին որ ըսել է` 669 տարի` Սալահատտին մէտրէսէսի կամ Սալահիյէ կը կոչուէր, նոյնիսկ Յովակիմ- Աննայի տունը:
       Թէպէտ երբեմն ՌՀԸ թուին, այսինքն` 1629 ամին, նոյն Յովակիմ-Աննայի եկեղեցւոյն հարաւային կողմը գտնուած մատուռը` ուր Սուրբ Կուսին Ծննդեան տեղն է. լատինք կարացին ձեռք բերելով զանի իրենց կուսանաց ճգնութեան տեղի ընել. սակայն եկեղեցին բոլորովին չկարացին իրենց իւրացնել, ինչպէս որ կը գրէ ժամանակակից եւ ականատես նոյն Յակոբ քահանայն Ամասիացի եւ կ’ըսէ` «այս եղեւ սակս թողելուն Արաբացւոց ամայի, ուր երբեմն մերս կուսանք ճգնէին, ապա յօրինակ առեալ ի նոցունց լատինք, յիւրեանց կուսանին բնակեցուցին քանի ինչ խրճիթս շինելով անդ. թէպէտեւ ոչ երկարատեւեաց զայն. քանզի ոչ միայն ոչ թոյլ ետուն Արաբացիք, այլ եւ հովիւն մեր արթուն (այն է Գրիգոր Պարոնտէր հոգելոյս հայրապետն) ըստ իւրում արթնութեամբն առիթս առեալ նա եւս թախանձեաց զեկեղեցին հրաշակառոյց բերել ի ձեռս, որ բազմօք յառաջ ամօք` յափշտակեալ էր Սալահէտտին ի ձեռաց նախնեաց մերոց (Պատմ. Սրբոց Երկրին. ձեռ. ) »: Բաց ի սոյն պատմութենէն այլ եւ Հաննէի պատմութենէն ալ կ’երեւի, ուր կ’ըսէ, թէ` «յորում բնակէին (կուսանք) ի ժամանակս խաղաղութեան, եւ այժմ աւերք են (հիմա խրճիթք կուսանաց) եւ ոչ ոք բնակի ի նոսա (Պատմ. Հան. եր. 229. Տիպ. Պօլ. 1782)»: Այս «ի ժամանակս խաղաղութեան բնակէին կուսանք» ըսածն ալ` լատինաց համար հասկանալու չէ, այլ նախնեաց ժամանակի եղածը կ’ակնարկէ Հաննէին զր ուցածը, թէպէտեւ ինքը չորոշեր որ ազգին կուսանքը ըլլալ:
       Եւ ահա' Բանին իսկ եղելութիւնը, մեր ձեռքը գտնուած յիշատակարաններուն եւ արձանագրութիւններուն, նաեւ ինչեւ ցարդ բերնէ բերան անցած աւանդութիւններուն նայելով Չամուրճեանին վկայ բերած Անաստաս վարդապետին ցուցակին մէջ ալ կայ, ուր կը գրէ յիշեալ վարդապետը` թէպէտեւ առանց անունը տալու այսպէս. «20րդ` Արշակունեաց վանքն` որ առ պրօպատիկէիւ» կ’ըսէ. որ եւ այս տեղեկութիւնը առաւել եւս կը ստուգէ մեր վերը դրած պատմութիւն, ը եւ որով յիշեալ եկեղեցին մերն ըլլալը յայտնի ցցունէ. քանզի Սալահէտտինին յափշտակութենէն գրեա թէ հինգ դար յառաջ գրուած է` յիշեալ ցուցակը ու տեղեկագիրը. եւ որովհետեւ պրօպատիկէ աւազանին մերձ ի նախնեաց անտի մինչեւ ցայսօր` ուրիշ ո'չ վանք մը, ոչ եկեղեցի մը կայ ու եղած է, բաց ի Յովակիմ-Աննայի տունէն. վասնորոյ առանց տարակուսութիւն մը յարուցանելու կ’ենթադրենք թէ` անպատճառ յիշեալ Յովակիմ-Աննայի տունն է` Անաստաս վարդապետին ցուցուցած վանքը, եւ անոր շինութիւնն ալ մեր Արշակունի տէրութեանց շինածն է, եւ ոչ դժխոյ Հեղինէի, ինչպէս որ անգիութեամբ` միայն օտար ազգաց չափազանցօրէն եւ անտեղի գրուածներուն եւ խօսածներուն նայելով` Հաննա Երուսաղէմացին իր պատմութեանը մէջ բոլոր Երուսաղէմի վանքերուն շինութիւնը անոր ընծայելէն զատ` նմանապէս այս Յովակիմ-Աննայի տանը շինութիւնն ալ անոր կ’ընծայէ, որոնց անտեղիութիւնն ալ «Երուսաղէմի ճանապարհորդութեան» մէջ կրնայ տեսնուիլ, եթէ ի լոյս ընծայի հրատարակութեամբ: Նոյնիսկ Յովակիմ-Աննայի եկեղեցին մերն ըլլալու, որով Քրիստոսի «մարդիկ եթէ լռեն քարինք կ’աղաղակեն» ըսածին նման` անոր շինութիւնը կ’աղաղակէ թէ Հայոց շինութիւն չձգեր` քանի որ կանգուն կայ: Որովհետեւ նախ եկեղեցիին ձեւը ինքնին կը յայտնէ թէ Հայոց եկեղեցի է. երկրորդ` անոր կաթուղիկէն թէպէտ փոքր, բայց մեր Ս. Յակոբայ տաճարին միեւնոյն ձեւն ունի, եւ գիտես թէ միեւնոյն ճարտարապետին ձեռքէն ելած է. ըստ որում Ս. Յակոբայ տաճարն ալ Արշակունեաց շինածն է. երրորդ դէպ ի արեւելք միայն շինուած է անոր խորանը կիսաբոլոր կամարի մը մէջ, որն որ Հայոց եկեղեցւոյն վերապահեալ է միշտ: Չորրորդ` Աւագ սեղանի երկու կողմի փոքրիկ խորաններն ալ նոյնը կ’ապացուցանեն, որն որ ըստ մեծի մասին Հայոց եկեղեցւոյն յատկացեալ է այս ձեւը. հինգերորդ` եկեղեցւոյն թէ հարաւային եւ թէ հիւսիսային որմերուն մէջ կամ անոնց առջեւ խորանաձեւ տեղի եւ սեղան չկայ, ուր ընդ հակառակն բոլոր եկեղեցիներն ունին նոյն ձեւերը. վեցերորդ` եկեղեցւոյն աւազանը դեռ 1857 թուին կանգուն էր հիւսիսային որմին մէջ ըստ նախնի սովորութեան հին եկեղէցւոյն Հայոց, որն որ ընդ հակառակին լատին եկեղեցեաց մէջ չկայ: Եօթներորդ` տակաւին 1857 թուին Աւագ սեղանին վարագոյրին երկաթէ օղակները կեցած էին, որով առաւել եւս կ’ապացուցուի Հայոց շինութիւն եւ այոց եկեղեցի ըլլալը. քանզի լատինաց եկեղեցին բոլորովին վարագոյր չունի` որ երկաթեայ օղակներ ունենայ բայց սա ալ կ’ըսեմք թէ 1858 թուին` նորոգելու ժամանակին եթէ նոյն երկաթին օղակները եւ յիշեալ մկրտութեան աւազանը` խարդախութեամբ մը հանեցին անյայտ ըրին նէ լատինք` Հայոց յիշատակը կամ լաւ եւս է ըսել Հայոց նշանները իսպառ ջնջեցին նէ` անի չեմք գիտեր. ըստ որումն յիշեալ թուին նորոգութեան ժամանակնին` որմերուն առջին սեղաններ աւելցուցին իրենց սովորութեան համեմատ, որով եւ մեր հայկաշէն եկեղեցին` հռովմէաշէն դարձուցին »: