ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
808ին, Commemoratorium de Casis Dei յիշատակարանին հեղինակը կը յիշէ այս վանքը. նոյն յիշատակարանին նպատակը Ս. Տեղեաց կամ լքեալ եւ աւերեալ եկեղեցիներուն ցուցակը կազմել չէ, այլ պարզ թուարկում մը Երուսաղէմի եւ շրջակայից քահանաներուն եւ կղերականաց` Մեծին Կարոլոսի կողմէն տրուելիք նպաստներուն բաշխումը դիւրացնելու համար: Ան կը խօսի միայն քահանայ ունեցող եկեղեցիներուն վրայ. այսպէս կ’ըսէ ան. «Ս. Պետրոսի մէջ, ուր անիկա լացաւ, հոն կան հինգ քահանաներ եւ կղերներ»: Ան ո'եէ ակնարկութիւն մը չըներ ոչ Առաքեալին ուրացումին, եւ ո'չ քահանայապետին տան: Ուր անիկա լացաւ բառերը կը թուին ցոյց տալ գոյութիւնը ուրիշ սրբավայրի մը` միեւնոյն Ս. Պետրոսի անուամբ, բայց տարբեր յիշատակի մը նուիրուած: 870ին Բեռնարդոս վանական կը գրէ, «քաղաքին հարաւային կողմը կայ Սիոնի լերան վրայ ուրիշ եկեղեցի մը, այն տեղւոյն վրայ, ուր Պետրոս ուրացաւ իր վարդապետը»:
       Բեռնարդոս վանականին այս ծանօթագրութեան մէջ Ս. Պետրոսի եկեղեցւոյն ցոյց տուած վայրը ճիշդ է, ինչպէս նաեւ մօտը գտնուած Ս. Ստեփանոսի եկեեղցին, բայց այս վերջինը քարկոծման տեղը չէ որ շինուած է, այլ մասանց ամփոփման տեղը. գալով իր ցոյց տուած Ս. Պետրոսի եկեղեցւոյն, շինուած է ան իր զղջման տեղւոյն վրայ:
       Է- Ը դարուն խմբագրուած է Երուսաղէմի եկեղեցեաց ծիսարանը, որուն Քալի եւ Լահիլի վրացերէն թարգմանութեան երկու ձեռագիրները 1912ին տպագրուած են Թիֆլիսի մէջ Քէքէլիձէի կողմէն. այս ձեռագիրներէն մին (Լահիլ) ցոյց կու տայ մեզ Ս. Պետրոսի սրբավայրերու երկութիւն մը, 21 Յունուարի, ունի հետեւեալ յիշատակութիւնը «ի Ս. Պետրոսն նաւակատիք. » 18 Օգոստոսին, ուրիշ մը. «Ս. Պետրոս Առաքելոյն եկեղեցիին մէջ նաւակատիք»: Այս երկու նաւակատքները, կ’ըսեն, կ’ապացուցանեն երկու եկեղեցիներ, մին է Կայիափայի պալատը, ինչպէս ծիսարանը ուրիշ տեղ ցոյց կու տայ, միւսն է այն եկեղեցին ուր Պետրոս լացաւ:
       Եպիփան վանական (ԺԱ. դար) կը գրէ իր պատմութեան մէջ (P. G. CXX, 261, 264) թէ «քահանայապետին պալատին մէջ կար տեղ մը ուր կը տեսնուէր ակութ մը որուն մօտ աղախին մը հարցում ըրաւ Պետրոսի եւ որ երեք անգամ ուրացաւ Քրիստոսը, երբ իսկոյն հաւը խօսեցաւ»:
       «Քաղաքէն դուրս, աջ կողմը, պարսպին մօտ կար եկեղեցի մը` ուր Պետրոս քահանայապետին տունէն դուրս ելնելով` դառնապէս լացաւ, եւ եկեղեցիին աջ կողմը, գրեթէ երեք նետընկեց հեռի էր Սելովամի աւազանը»:
       Soewulf` 1102-1103ին, հետեւեալ կերպով կը խօսի. «Քաղաքին պարսպին մօտ, արտաքին կողմը, Սիոն լերան արեւելեան կողին վրայ կը գտնուի Ս. Պետրոսի եկեղեցին` Հաւախօսի (Gallicantus) կոչուած, ուր Պետրոս Տէրը ուրանալէ յետոյ, քաշուեցաւ խորունկ այրի մը մէջ, որ հոն կը տեսնուի ցարդ եւ ուր անդառնապէս լացաւ»:
       Ակլօ-Սաքսոն վաճառականին այս տողերէն որոշապէս կ’երեւի որ Աւետարան ի համաձայն կ’ընդունի թէ Պետրոս այս այրին մէջ քաշուելու համար քահանայապետին տունէն փախած էր:
       1165ին, Յովհ. Եպս. Վըրզպուրկի կու տայ մեզ նկարագորւթիւն մը Կայիափայի տան եւ Հաւախօսի եկեղեցւոյ մասին. այս ուղեգիրը այն մատենագիրներէն է որ դատաւորին պալատիը քահանայապետին տանը մէջ կը կարծեն. ըսելէ յետոյ թէ Յիսուս Գեթսեմանիէն առաջնորդուեցաւ Սիոն` ուր կար պալատը, կ’աւելցնէ. «Պալատին դիմաց, դէպի արեւելք, կար այն անդաստանը ուր Յիսուս կապուած տարին, եւ բոլոր գիշերը հոն բանտարկուած մնաց քահանայապետին մարդերէն: Միեւնոյն տան մէջ Պետրոս ուրացաւ Տէրը անոր նայեցաւ, ան յիշեց Յիսուսի խօսքը, զղջացաւ, արտասուեց եւ փախաւ քարայրի մը մէջ որ կը կոչուի Հաւախօս»: Յետոյ կ’աւելցնէ, «Սիոնէն Յովսափատի ձորը տանող ճանապարհին վրայ, Սիոնի դրան ստորոտը կառոցուած է եկեղեցի մը որ յոյներուն ձեռքը կը գտնուի»:
       1172ին, դարձեալ Վըրըզպուրկի եպսն. Թէոտորիք` որ ընդհարնապէս իր նկարագրութիւններուն մէջ աւելի ստուգապատում է, ցոյց կու տայ մեզ պալատը, «Սիոնի լերան վրայ Ս. Կուսի եկեղեցւոյն առջեւ, քաղաքին պարսպին կողմը հոն կը գտնուի, կ’ըսէ, Փրկչին ի պատիւ կառուցուած մատուռ մը, եւ ուր կար նաեւ մեծագոյն մասը այն սիւնի` որուն կապուեցաւ Տէրը: Անկէ դէպի արեւելք, հրապարակին աջ կողմը, յիսուն աստիճաններէ կարելի է վար իջնել Հաւախօսի եկեղեցին ուր կը պահուին Պետրոսի կրած շղթային երկու օղակները: Յետոյ սեղանին ձախ կողմը, գրեթէ վաթսուն աստիճաններէն կարելի է իջնել խիստ մթին ստորերկրեայ այր մը, որուն մէկ անկիւնը քաշուեցաւ Պետրոս իր ուրացումէն յետոյ փախչելով: Հոն նստած ներկայացուած է Պետրոսը նկարի մը մէջ, գլուխը ծռելով իր ձեռքերուն մէջ, եւ կ’արտասուէ իր բարի վարդապետին չարչարանաց եւ իր ուրացման համար: Աղախին մը կը կենայ անոր առջեւը սպառնական, իր ոտից տակ աքաղաղ մը` որ կը խօսի: Այս եկեղեցին Հայոց ձեռքը կը գտնուի:
       1180ին, յոյն վանական Յովհաննէս Փոկաս եւս կը խօսի Հաւախօսի եկեղեցիի մասին եւ կը յիշէ ապաշխարող Պետրոսի պատկերը:
       Citez de Jherusalem յիշատակարանին հեղինակը` որ1187էն առաջ Երուսաղէմ կը բնակէր, կը զատէ երկու սրբավայրերը, ինչպէս իր նախորդները, եւ հին Ֆրանսերէնով մը կը գրէ.
       «Ս. Կուսին վախճանած եկեղեցիին առջեւ կը գտնուի մատուռ մը` ուր մեր Տէրը դատուեցաւ, ծեծուեցաւ եւ չարչարուեցաւ. փշով պսակուեցաւ, այստեղն էր Կայիափայի տունը»: Ուրիշ տեղ մը խօսելով Դաւթի դուռնէն Սելովամ տանող ճանապարհին վրայ, կը գրէ, «Այս ճանապարհին վրայ, դէպի աջ, դրան մօտ կար վանք մը որ կը կոչուէր Ս. Պետրոս Հաւախօսի: Այս վանքին մէջ կար խորունկ փոս մը, հո'ն էր որ կ’ըսեն թէ Ս. Պետրոս պահուըտեցաւ երբ Յիսուս Քրիստոսը ուրացաւ»: Զանց կ’ընենք նորագոյն ուղեգիրներու յիշատակութիւնները որոնք մէջբերուած են P. Urbain Coppensի Palais de Caïphe et le Nouveau Jardin Saint-Pierre աշխատութեան մէջ, որմէ քաղած ենք մեր վերեւ յիշած ծանօթագրութիւնները: