ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Կը փափաքինք մեր ընթերցողներուն ծանօթացնել Երուսաղէմի մեր Ս. Հրեշտակապետի վանքը, որ կը գտնուի Հայոց թագին մէջ, Ս. Յակոբի արեւելքը, Երուսաղէմի հարաւային կողմը, պարսպին մօտ եւ ոչ հեռի Ս. Փրկչի վանքէն: Այս վանքը, ըստ սաղիմական պատմիչներու, շինուած է Աննա քահանայապետին տան տեղը: Աննա պաշտօնակ քահանայապետ մըն էր, բայց կը պահէր իր ազգեցութիւնը, թէեւ իր պաշտօնը նոյն ժամանակ կը վարէր իր փեսան` Կայիափա: Կալանաւորուած մեր Փրկիչը Յիսուս Աղբիւսաց դուռնէն բերուեցաւ նախ Աննայի քով. «եւ ածին զան նախ առ Աննա, որ էր աներ Կայիափայի, որ քահանայապետն էր տարւոյն այնորիկ» (Յով. ԺԸ. 13): Պատմագիրները կ’ըսեն թէ Յիսուսի բերուած ժամանակ Աննան զբաղած էր ուրիշի մը հարցաքննութեամբ. այդ պատճառով Յիսուսի կապեցին ձիթենիի մը եւ յետոյ բանտարկեցին: Աննա քիչ վերջ կ’սկսի Յիսուսի հարցաքննութիւնը եւ նոյն միջոցին քահանայապետին սպասաւորներէն մին անիրաւաբար ծանր կերպով կ’ապտակէ Յիսուսը. եւ Աննան Յիսուսը շղթայակապ կը ղրկէ Կայիափային: Մեր Փրկչին նկատմամբ Աննայն տան մէջ կատարուած այս աւետարանական դէպքը նախնի բարեպաշտ քրիստոնէից թելադրած է որ Աննայի տան տեղւոյն վրայ վանք եւ եկեղեցի կառուցուի յաւերժացնելու համար Փրկչին առաջին Չարչարանաց եւ բանտարոկւթեան այս յիշատակը: