ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Նկատի առնելով Ս. Հրեշտակապետի վանքին տեղւոյն վերաբերմամբ պատմուած աւանդական յիշատակները, ի սկզբան մեկնութիւն մը չենք աւանդական յիշատակները, ի սկզբան մեկնութիւն մը չենք կրնար տալ թէ` ինչո՞ւ այս վանքին ու եկեղեցիին անունը Ս. Հրեշտակապետ դրուած է. նոր դրուած անուն մըն ալ չէ. շատ հին դարերէն մեզ կը հասնի ան: Տեղացի Արաբները այս վանքը կ’անուանեն Տէյր էլ Զէյթունէն (Ձիթենիի Վանք), անշուշտ պատճառովը այն ձիթենիի որուն կապուեցաւ Յիսուս. բայց բոլոր քրիստոնէից մէջ ընդհանրացած անունն է Ս. Հրեշտակապետք: Այս անուանակոչութինը կարելի է հետեւեալ կերպով բացատրել: Եկեղեցւոյ Հայրերը զանազան մեկնողական բացատրութիւններ կու տան Աննայի տան մէջ յանդուգն սպասաւորին կողմէն Յիսուսի տրուած ծանր ապտակին մասին, եւ կը յայտնեն, մասնաւորապէս Ոսկեբերեան, թէ այդ ապտակահարութեան ժամանակ երկնային զինուորները սարսափեցան եւ ծածկեցին իրենց երեսը: Աստուածորդւոյն յանգնաբար տրուած այդ ապտակի սաստկութիւնը տագնապեցուց այդ հոգեղէն էակները ու անոնք սահմռկած մնացին մարդ արարածին այդ մեծ անիրաւութեան համար: Եկեղեցւոյ Հայրերուն քրիստոնէական այս ըմբռնումին համաձայն էր որ բարեպաշտները, ի պատիւ եւ ի պարծանս երկնային զօրութեանց, Աննայի տան տեղւոյն վրայ կը հիմնարկեն վանք ու եկեղեցի: Ս. Հայրերու նոյն բացատրութեան կատարելապէս համաձայն է նաեւ մեր Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետն ալ, երբ իր Այսօր անճառ երգին մէջ կը գրէ.
       «ծառայն զերեսն այն ապտակէր
       յորմէ Սրովբէն թեւասքօղէր»: