ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Որո՞նք են այն աւանդական յիշատակները, որ երկնային զօրութեանց պատւոյն յաւերժացման տենչանքին հետ մեծապէս ազդեցին բարեպաշտներու` որպէս զի սրբագործեն եկեղեցիով եւ վանքով Փրկչին առաջին Չարչարանաց եւ բանտարկութեան տեղը, որ է Աննայի տունը. երեք են ա նոնք. Ձիթենին, Բանտը եւ Ովսաննայի քարը:
       Գեղեցիկ եւ սրտառուչ զրոյցներ հիւսուած են նոյն ձիթենիին մասին. նուիրական ծառ մը դարձած է ան եւ կը մնայ մինչեւ ցայսօր. դարէ դար հին արմատէն բողբոջած են նոր ճիւղեր որ կը հովանաւորեն եկեղեցիին հիւսիսային կողմի անկիւնը` շրջապատի մը մէջ. բարեպաշտ ուխտաւորներ կ’այցելեն միշտ անոր, եւ բարեպաշտութեան առարկայ աք կ’ընեն զայն: Պատմական հանգամանքէ ալ զուրկ չէ ան: Երուսաղէմի Եղիազար պատրիարքը, որ իր պաշտօնին ամենայն Հայոց Հայրապետութիւնը միացնելու յանդուգն ձեռնարկն ալ ըրած է, 1666ին Ս. Ծննդեան տօնին օրը, Ս. Յակոբի տաճարին մէջ միւռնօրհնութիւն կը կատարէ նոյն ձիթենիին քամուած իւղով. եւ նոյն միւռոնէն կը բաշխէ եկեղեցիներուն, եւ Հռովմայ Պարպին ալ կը ղրկէ նոյն միւռոնէն Լատինաց խնդրանքին համաձայն: Սոյն միւռոնօրհնութեան արարողութիւնն ալ մասնաւոր կոնդակով մը կ’իմացնէ նոյն տարւոյն Յունուար 23ին Պոլսի Հայոց, եւ կը յիշէ վերու յիշուած պարագան (Տե'ս Համառօտ Պատմութիւն Երուսաղէմի եւն. Խորէն վրդ. Մխիթարեանի, էջ 103-16-06: ) Երուսաղէմացի Հաննէ վրդ. իր Պատմութեան մէջ (էջ 242) հետաքրքրական տեղեկութիւններ կու տայ եւ կը յայտնէ թէ ինքը լսած է հրաշախառն զրոյցներու պատմութիւններ այս ծառին նկատմամբ. այնպէս որ` անոր պտուղին կուտը դեղթափի նման, ծննդական կանանց, ջերմոտներու եւ աչացաւ ունեցողներուն բժշկութիւններ տուած է. օտարներ եւս շատ յարգ կ’ընծայեն այս Ձիթենիին:
       Ս. Յակոբայ մատենադարանին անթուական ձեռագիր մը . 1290) կը պարունակէ պիտանի եւ անպէտ մասերով եւ խառնախնդոր գիրով գրուածք մը. «Պատմութիւն պատկերիս, որ եղեալ է ի Ֆռանկըստան ի Հռոմ, որ պատմեաց մեզ պատրի Անտոնն բարեբժիշկն» խորագրով. անոր համառօտութիւնը կուտանք հոս: ֆրանչիսկեան կրօնաւոր մը Հայոց մեծաւորին կը դիմէ խնդրելով որ Ս. Հրեշտակապետի եկեղեցւոյն Յիսուսի կապուած ձիթենիէն կոճղ մը տայ իրեն. կրօնաւորը կ’ստանայ կոճղը եւ ինքն հիւսն ըլլալով` նոյն կոճղէն կը շինէ մանուկի մը պատկերը ու զայն սնտուկն մէջ դնելով կը տանի Հռոմ: Բայց ճանապարհին փոթորիկ կը պատահի եւ սնտուկը ծովը կ’իյնայ: Պատրի Անտոն իբր Ականատես կարգ մը հրաշապատում զրոյցներ կը վերագրէ ձիթենիի կոճղէն շինուած մանուկ պատկերին` ու ձեռագրիս անանուն հայ գրիչը միամտօրէն կը հաւատայ պատմուած հրաշքներուն. զոր օրինակ` պատկերին ծովուն վրայ քալելով Հռոմ հասնիլը. նոյն պատկերին համար վանք ու եկեղեցի կառուցուիլը Սուրբ Երեխայ անուամբ. ազնուական կնոջ ու եկեղեցի կառուցիուիլը Սուրբ Երեխայ անուամբ: ազնուական կնոջ մը կողմէն պատկերը վանքէն գողնալով իր տունը տանիլը. բայց յետոյ պատկերին ինքնիրեն նոյն եկեղեցին վերադառնալը. դարձեալ ուրիշ կին մ’ալ ի գոհացումն իր բարեպաշտութեան, նոյն պատկերը գողնալով եւ անոր նմանը տեղը դնելով տուն տանիլը, եւ երկրորդ օրը եկեղեցի դառնալուն գողցուածըիր տեղը եկած կեցած տեսնելը եւայլն: Այս դէպքերէն յետոյ, կը յարէ պատմողը, եկեղեցիին պաշտօնեաները կ’ստիպուին պատկերը պահել գանձատան մէջ, բանալիով կը փակեն ու պահապան կը դնեն եւ միայն Քրիստոսի Ս Ծննդեան տօնին դուրս կը հանեն: Նոյն ձիթենին նկատմամբ ժողովրդեան մէջ տիրող ծայր աստիճան բարեպաշտութեան հետեւանքով հիւսուծ ու շինուած են այսպիսի հրաշապատում զրոյցներ` մանաւանդ Արեւմուտքի մէջ, ինչպէս կ’երեւի վերի տողերէն:
       Բ. Բանտը
       Աւանդական յիշատակնիերէն երկրոդրն է Բանտը, որ առաջին կը կոչուի. վասն զլի մեր Փրկիչը երբ Աննայի տունը բերուեցաւ առաջին անգամ ըլլալով այդ տեղը բանտակուեցաւ. եւ յետոյ կատարուեցաւ հարցաքննութիւնը: Առաջին բանտը կը գտնուի եկեղեցիին հիւսիսային կողմը, խցանման փոքրիկ տեղ մը, ուր կայ պատարագամատոյց սեղան, ներքեւը բոլորակ փոս մը, յատակը եւ շրջապատը գեղեցիկ եւ քանդակածոյ մարմարիոններով զարդարուած եւ մշտավառ կանթեղներով լուսաւորուաթ: Յիշուած կճեայ տեսուչ վանցի Բարսեղ վրդ. էն, ինչպէս կ’երեւի յիշատակարանէն:
       Գ. Ովսաննայի քարը.
       Այս քարը կը գտնուի եկեղեցիին արեւելեան կողմը պատէն դուրս աջակողմի անկիւնը. նոյն քարը բացուածք մը ունի մարդու բերանին նման: Հա ննէ վրդ. հետեւեալ կերպով բացատրութիւն կու տայ այս մասին. Քրիստոսի` իշով եւ յաւանակով այս տեղէն անցած ժամանակ ամբոխը կ’աղաղակէր ըսելով. «օրհնեալ որ գայ թագաւորդ յանուն Տեռան». փարիսեցիներէն ոմանք ըսին անոր. վա'րդապետ, սաստէ' քու աշակերտներուդ. պատասխան կու տայ Յիսուս եւ կ’ըսէ. «կ’ըսեմ ձեզի, եթէ ատոնք լռեն, քարերը պիտի աղաղակեն». եւ աւանդաութենէ զրոյց մը կայ թէ Ովսաննայի քարը մին էր այդ քարերէն որ լեզու եան ու ըսին. «խաղաղութիւն յերկինս եւ փառք ի բարձունս»: Այս քարն ալ նմանապէս բարեպաշտներու յարգանքի առարկայ եղած է: