ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Սուլթան Սիւլէյման Բ. ի կ’ընծայուի Երուսաղէմի արդի պարսպին վերաշինութիւնը, եւ կ’աւանդուի թէ պարսպէն դուրս թողուած են Սիոնի եկեղեցին, Փրկչի մեր վանքը եւ ուրիշներ, հակառակ արքայական հրամանին, այդ պատճառաւ ճարտարապետն ալ պատժուած է: Պարսպէն դուրս թողուած այդ վանքերը դրացիներուն կողմէն ենթակայ էին աւերումներու եւ կեղեքումներու: Սիոնի վանականաց մասին տեղացիներուն բողոքները հասան մինչեւ արքունիք, Պոլիս: Սիւլէյման Բ. երեք հրովարտակներ հրատակարկեց, վերջինը` 2 Յունիս 1551ին, եւ հրամայեց որ Սիոնի վանքէն Ֆրանչիսկեանները վտարուին: Վտարուածներու գլխաւորները նոր վանք մը ունենալու համար, դիմեցին Սուլթանին` բայց չյաջողեցան. դիմեցին Պոլսի Հայոց պատրիարքարանը որ անոնց տուաւ յանձնարարական մը` որպէսզի Ս. Յակոբի Միաբանութիւնը կա'մ քաղաքին մէջ եւ կա'մ դուրսը վանք մը տրամադրէ անոնց բնակութեան համար: 1554ին Պոլսի այդ դիմումին վրայ Միաբանութիւնը, Մերտինցի Անդրէաս պատրիարքտ օրով, յետ երկար խորհրդակցութեան, քրիստոնէական սիրոյ զգացումէն մղուած որոշեց Ս. Հրեշտակապետի վանքին մէջ առժամանբար հիւրընկալել Սիոնի վանքէն վտարուած Ֆրանչիսկեան կրօնաւորները. եւ առանց վարձքի անոնց յատկացուցին եկեղեցիին մէջ երկու խորան, եկեղեցիին ետեւի կողմէն երկու ջրհոր եւ բնակութեան համար երկու բաժին, խամէն մինչեւ պարտէզ, եւ հաստատեցին դաշինք մը որուն մէջ յիշած են ինչ ինչ կենցաղական պայմաններ: Ֆրանչիսկեանք եօթը տարի կը մնան Հրեշտակապետի վանքին մէջ եւ ապա կը յաջողին վրացիներու Ս. Յովհաննէսի վանքը գնել եւ հոն բնակիլ: Մինչեւ հիմակ ցոյց կը տրուի այն խորանը եւ աւանդատունը ուր պաշտամունք կը կատարէին անոնք. նոյն իսկ կ’ըսուի թէ եկեղեցիին հիւսիսային արեւելեան անկեան կողմը, դէպի արեւելք, հողի տակ կը գտնուի ստորերկրեայ տեղ մը, ուր ի սկզբան ապաստանած են Ֆրանչիսկեանք: