ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԳ. դարու քառորդէն մինչեւ ԺԵ դարու կէսը, յիշատակարաններու նայելով` Ս. Հրեշտակապետի վանքը աւելի բարգաւաճ վիճակ մը ունեցած է, մասնաւորապէս ունեցած է պայծառ ու վաստակաւորներ` որ կարեւոր գործունէութիւն մը ունեցած են այս վանքին մէջ, մա'նաւնդ դաւանական խնդրոց առթիւ: Կ’ուզենք յիշել այդ շրջանին մի քանի գլխաւոր դէմքերուն անունները իրանց համառօտ գիծերով.
       1 . Յովհաննէս վրդ. 1215ին, իբր իր գրասիրութեան հետեւանք նոյն վանքին մատենադարանին կը նուիրէ Եսայի Մարգարէի եւ Գործք Առաքելոցի ձեռագիրները:
       2 . Ստեփանոս գրիչ (երկայն) Ս. Հրեշտակապետի մէջ 1316ին կ’ընդօրինակէ Ճաշոց մը:
       3 . Անանուն գրիչ մը, Դաւիթ Ա. Պատրիարքի օրով, 1316ին կ’ընդօրինակէ Ճաշոց մը:
       4. Մատթէոս կրօնաւոր, Դարանաղցի, 1318ին նոյն վանքին մէջ կը կազ մէ Ճաշոց մը:
       5. Ներսէս աբեղայ Կրակցի, նշանաւոր գրչագրող մը, որ 1331ին նոյն վանքին մէջ կ’ընդօրինակէ Ճաշոց մը. ունի նաեւ ուրիշ ընդօրինակութիւններ:
       6. Կարապետ աբեղայ Խարբերդցի, փիլիսոփայ (երգեցող), 1332ին դարձեալ նոյն վանքին մէջ կ’ընդօրինակէ Մեկն. Կաթող. Թղթոց գիրքը որուն յիշատակաանին մէջ (ձեռ. թ. 229) կը յիշէ օրուն պատրիարքը` Վարդան արքեպիսկոպոս, անոր եղբօրորդին Մարտիորս քահանան, իր Կիրակոս ուսուցիչը եւ միաբաններ` որոնք են, Կարապետ վրդ., Ստեփանոս, Պետրոս եւ Պօղոս, Գր իգոր, Կարապետ, Ներսէս, Սարգիս, Թորոս, Գրիգորիս, Մատթէոս, Յովսէփ կրօնաւոր, միանձունք` Բարսեղ, Կիրակոս, Կիրակոս, Թուղթ կոկող Մանուէլ, Թաթէոս, Սարգիս, Ղազար, Ստեփանոս Չուլհակ, Տոներ, Յովհաննէս փակակալ, Թորոս խոստովանահայր, գրչագրողին ծնողքը` Պարոնտոտ եւ Ճոհար, եղբայրները` Բաներեգէս, Յովհաննէս, Կիրակոս, Սարգիս, քոյրերը` Տիկին եւ Խեր:
       7 . Անանուն գրիչ մը, 1397ին կ’ընդօրիանկէ Յիսուս որդի գիրքը, դարձեալ նոյն վանքին մէջ:
       8 . Գրիգոր Արծկէցի, 1441ին հոն կ’ընդօրինակէ Աւետարան մը:
       9. Մանուէլ գրիչ, 1466ին Ս. Հրեշտակապետի վանքին մէջ կ’ընդօրինակէ Մարա թացի Վարդան վրդ. ի գիրքը: