ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ս. Քաղաքին հայկական վանքերէն մին էր Ռշտունեաց վանքը, որուն ծագման վրայ գրելէ յառաջ, հարկ կը սեպեմ անոր շինութեան շարժառիթի մասին ծանօթութիւն մը տալ: Տարափոխիկ ախտ մը շատ դարեր յառաջ վարակուած էր Պաղեստինի, մասնաւորապէս Երուսաղէմի մէջ, գիտեալ պէտք է թէ ուրկէ՞ ճարակած էր նոյն հիւանդութիւնը:
       Ընդհանուր կարծիք կայ եւ պատմութեամբ ալ կը վկայուի թէ Եբրայեցիներեն են որ Եգիպտոսէն Պաղեստին բերած են զայն իրենց հետ որ եկրին մէջ տարածուելով` ան փոխանցուած է Եւրոպիոյ եւ Ասիոյ կողմերը: Հնգամատեանը ամենահին յիշատակարանն է, ուր մանրամասն կը նկարագորւի խղճալի վիճակին անոնց` որ կ’ենթարկուէին ուրկութեան, Ս. Գրոց բառով` «կեղ եգիպտոսի» կոչուած հիւանդութեան (Տե'ս Երկրորդ Օրէնք. ԻԸ. 27, 35), ըստ Abbé Vigourouxի (Տ'ես Dict. Bible. Հտր. Դ. էջ 179, բառն Lépre), Եգիպտացի պատմագրի եւ քուրմ Մանէթոն` իր պատմութեան մէջ կը յիշատակէ եգիպտական վէպ մը, որուն համաձայն, իբր թէ Եբրայեցիք Եգիպտոսի մէջ բորոտութեամբ վարվակուած ըլլալով` վտարուած են Նեղոսի ափերէն. նոյն մտքով գրած են Յուստինոս եւ Տիկիտոս, որոնց դէմ, սակայն Յովսեպոս Հրեայ պատ մագիրը իր մէկ գործին մէջ կը հերքէ զանոնք, յարելով թէ Եբրայեցիք չէին որ Եգիպտոս մտած ժամանակ հետերնին տարին նոյն ախտը, այլ անոնք վարակուեցան տեղացիներէն. Եբրայեցւոց նման Փիւնիկեցիներն ալ ունեցան նոյն հիւանդութեան վարակումները, իրենց առեւտրական յարաբերութեանց հետեւանքով: Լատին բանաստեծ մը, Լուկրետիոս, իր Զբնութենէ իրաց քերթուածին մէջ, կը հասկցնէ թէ ուրկութիւնը Նեղոս գետին ազդեցութեամբ յառաջ կու գար, ուստի կը յարեն գիտնականք թէ` բորոտութեան ծագումը պէտք է փնտռել Եգիպտոսի մէջ: Այս պատճառներուն համաձայն, ուրկութիւնը տեւական դարձած է Իսրայէլացւոց պատմութեան ամբողջ ընթացքին մէջ: Հրէից սփիւռքը, Ասիոյ մէջ, Յունաց եւ Հռովմայեցւոց պատերազմները, ինչպէս նաեւ Արաբներուն յաղթանակը եւ Խաչակիրք բորոտութինը ծաւալեցին Արեւմտեան երկիրներու մէջ:
       Շնորհիւ գիտութեան հայթայթած միջոցներուն եւ վարակեալներուն խիստ առանձնացումներուն, նոյն ախտին սաստկութեան առջեւն առնուեցաւ:
       Շատ կանուխէն, Երուսաղէմի հայ վանօրայք, ուզած են Ս. Քաղաքին մէջ ծաւալած ուրկութեան աւերները դարմանել, մղուելով թէ' մարդասիրական եւ թէ' բարեպաշտական տեսակէտներէ: Քրիստոնէական սկզբնական շրջանին, նոյն ախտէն վարակուածները փողոցներուն մէջ կը մնային անխնամ եւ անտիրական, քաղաքէն դուրս, դաշտերու եւ ձորերու մէջ, մարդկային ընկերութենէ վտարուած, յուսահատական նոպաներու տակ կը մահանային: Ժողովրդէն վարակուածներէն զատ, կը գտնուէին վանօրէնց մէջ նոյն կարգի հիւանդ վանականներ` որ կը մնային անդարման եւ անխնամ: Ուստի հայ վանականութիւնը, նոյն իսկ Զ. կամ Է. դարուն, նկատի առաւ անհրաժեշտ պէտքը վանքի մը` որ ունանայ իրեն յատուկ ուրկանոցը: Այս պարագան յայտնապէս հասկանալի է Անաստաս վրդ. ի Վանօրէից Ցուցակէն, ուր հետեւեալ կերպով յիշատակուած է այս վանքը. «Ըռըշտունեաց վանքն որ ուրկանոց էր Հայոց վանօրէիցն, նոյն կողմն»: Ուրկանոցի վանքի յիշատակութիւնը այսչափ միայն ծանօթագրուած է. պատմութիւնը կը լռէ անոր ծագման, զարգացման եւ քաղաքական տանուվրայութեանց հետեւանքով յառաջ եկած զանազան վիճակներու մասին: Հակառակ մեր պրպտումներուն, այս վանքին նկատմամբ, դժբախտաբար գոհացուցիչ տեղեկութիւններ չկրցինք ունենալ. գոհ պիտի ըլլանք մեր ձեռք բերած քիչովն: Անաստաս վրդ. ի վերեւ յիշատակուած ծանօթագրութիւնը շատ մութ կէտեր ունի զոր պիտի ջանանք լուսաբանել, որքան կարելի է: