ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Անաստաս վրդ. ի Ցուցակէն հետեւեալ պարագան որոշ կը հասկցուի թէ նոյն վանքը Ռշտունեաց նախարարութեան յուշակերտն ու ձեռակերտն է: Պատմութենէ իրազեկ կ’ըլլանք թէ Ռշտունի շատ հին նախարարութիւն մըն էին, ըստ գիտնոց, նոյն իսկ Ուրարդական շրջանէն մնացած. շատ կանուխէն կը բնակէին Վանայ լճին հարաւային սահմաններուն վրայ. Աղթամարն էր անոնց ամրութեան բերդը եւ անոնց զարգացման վերջնակէտը կը նկատուի Է. դարու կէսը, մինչեւ Թէոդորոս Ռշտունի զօրավարը. նոյն ժամանակամիջոցը Ռշտունեաց անկման շրջանն է որ ատեն ճորտերը կը դառնան իրենց դրացի Արծրունեաց, որ Ռշտունիներէն աւելի զօրեղցած էին: Յայտնի է պատմութենէն Ռշտունի Թէոդորոս զօրավարին կատարած դերը Հայոց կրօնական եւ քաղաքա - պատմական դէպքերուն մէջ: Հետեւելով Սեբէոսի եւ Յովհաննէս Կաթողիկոսի` կը նկատենք որ Թէոդորոս Ռշտունի Բիւզանդական շրջանին Հայաստանի վրայ կարգուած է «սպարապետ եւ պատրիկ», եւ յետոյ քաղաքական փոփոխութեանց բերումով անցած է Արաբներուն կողմը եւ կագրուած է ըստ Ասողիկի, «իշխան Հայոց». եւ ըստ Սեբէոսի, Վրաստան, Աղուանք, Սիւնիք մինչեւ Տէրպէնտ, անոր իշխանութեան կը յանձնուին: Իր ժամանակի քաղաքական դէպքերու հետեւանքով Ռշտունին կ’ունենայ գործունէութեան շրջան մը, մերթ փառքի եւ մերթ լքումի: Ան իր պաշտօնին պահանջին համաձայն, քանիցս կը ճամբորդէ Սիւրիա եւ հուսկ ուրեմն, կը վախճանի իր գերուած համազգիներուն մօտ, եւ ըստ Սեբէոսի, մարմինը կը փոխադրուի Հայաստան եւ կ’ամփոփուի իր հայրերուն գերեզմանին մէջ: Ռշտունեաց տիրոջ Թէոդորոսի վերաբերեալ այս պատմական հակիրճ տողերուն տեղեկանալէ յետոյ, Ռշտունիներէն ո՞վ էր որ կարենար իր ոյժին եւ ազդեցութեան ապաւինելով` բիւզանդական կամ արաբական շրջանին Ս. Քաղաքին մէջ, յաջողիլ կառուցանելու Ռշտունեաց վանքը, անոր սեպհական ուրանոցովը. պատմական ապացոյց չունինք. միայն ներհայեցողութեամբ (intuition) կը համարձակինք ըսել թէ հաւանաբար Թէոդորոս Ռշտունին է որ սիւրիական իր առաջին այցելութեան` ուխտի գալով Երուսաղէմ` շինել տուած է նոյն վանքը ի յիշատակ Ռշտունեաց նախարարութեան, անտարակոյս հետեւելով միւս նախարարութեանց` որ յիշատակներ ունէին Ս. Երկրին մէջ: