ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Հայաստանի նախարարութիւններէն ոմանք, ինչպէս Ս. Տեղերու այլեւայլ կէտերուն վրայ, նոյնպէս Սելովաի մօտ, իբր նուիրական տեղ մը, վանքեր շինած են, հոն պատսպարելու համար այն բազմաթիւ հայ ուխտաւորները, որոնք իրենց հոգեւոր եւ մարմնաւոր ցաւերուն դարմանումին համար կը դիմէին Սելովամիփրկարար ջուրերուն: Հայք բիւզանդական տիրապետութեան ժամանակ ունէին շատ վանքեր Սելովամի շրջակաները. տեղական պայմանները կը դիւրացնէին նոյն վանքերու շինութիւննրը: Պաղեստինագէտ Glermont-Ganneau կը դիտէ թէ Սելովամի մօտ գտնուող Ակեղդամայի բլուրներուն հին օրարէն մնացած յեբուսական քարայրները վանականներուն կողմէն կը գործածուէին իբր բնակարան, հերիք է որ մէն մի վանական կարենար իրեն համար ճարել ջրհոր մը եւ փոքրիկ պարտէլ մը: Վանականներու տեղական բազմաթիւ խմբաւորումներ կը կազմէին միաբանութիւն մը, որ շուտով կ’ունենար իր եկեղեցին. հաւանական է որ այս մտածումը ճիշդ ըլլայ եւ այդ պատճառաւ է որ Անաստաս վրդ. իր Վանօրէից Ցուցակովը շատ վանքեր ցոյց կու տայ մեզ Սելովամի մէջ: Հոս կը դնենք նոյն սրբավայրին մէջ որոշ կերպով յիշուած հետեւեալ չորս վանքերը, որոնք են.
       1 . Նորավանք, մերձ ի գերեզման Եսաեայ մարգարէին, ի նոյն կողմն Ձիթենեաց լերին, զոր այժմ քակեալ են տաճիկք. Սելովամի մօտ էր Եսայի մարգարէին գերեզմանը, ինչպէս կը վկայեն Որոգինէս (P. G. XIII. 881. 1570. 1636) եւ Յերոնիմոս իր Եսայեայ մեկնութեան մէջ (in Js. 10. P. L. XXIV. 33) թէ Եսայիի գերեզմանը Սելովամի մօտ էր. եւ Յասմաւուրքն ալ կը հաստատէ զայն: Քրիստոնէական հնախօսութիւնն ալ վերջին տարիներու մէջ Սելովամի մերձակայ քարայրներու մէջ գտած է յունարէն արձանագրութիւն մը` նուիրուած Եսայի մարգարէին յիշատակին. ուրեմն ճշդութիւն մըն է ցուցակագիր վարդապետին Սելովամի հայկական Նորավանքին տեղադրութիւնը:
       Նորվանք անուամբ վանք մը ունեցեր ենք նաեւ Սիւնեաց աշխարհին Վայոց Ձոր գաւառին Ամաղու գիւղին մօտ, նախ յանուն Ս. Փոկասու եւ յետոյ Ս. Կարապետի եւ Ս. Ստեփանոսի փոքր եկեղեցիով մը, որուն շուրջ շինուած է մեծ վանք մը Նորավանք կոչուած, ուր Օրպելեանց իշխաններուն եւ եպիսկոպոսներուն տապանատունը եղած է. եւ ան ընդհատներով տեւած է մինչեւ ԺԶ. դար: Այս վանքին հիմնարկութեան եւ վերաշինութեան համար պատմիչ Ստեփանոս Օրպելեան ունի ընդարձակ տողեր, որոնմէ կը հասկցուի թէ վերեւ յիշուած եկեղեցիին մէջ շինուած էր գեղեցիկ աւազան մը այն ջուրէն, որ կը բղխէր սեղանին տակէն, եւ ամէն կողմէն կու գային ախտաժէտք եւ բորոտներ լուացուլու եւ բժկուելու համար. (Սիսական, էջ 184-204): Այս պարագան ինձ կը թելադրէ ըսել թէ հին դարերուն Երուսաղէմ եկող Սիւնեաց գաւառի ուխտաւորները Սելովամ այցելած ու անոր ջրերէն ըգտուած են եւ վերադառնալով հայրենիք Նորավանքի անունով վանք ու եկեղեցի շինած են ի յիշատակ Սելովամի աւազանի հայկական Նորավանքին: ատմութենէն յայտնի է որ ինչպէս տօներն ու ծիսական սովորութիւններն ուխտաւորաց միջոցաւ տարածուած են Երուսաղէմէն դուր, նոյնպէս Տնօրինական Ս. Տեղերու յիշատակը նոյն միջոցաւ հաստատուած է գաւառաց մէջ:
       2 . Խադայ Երանելոյ վանքն, որ է ի Ձորն Յովսափատու, մերձ ի Գեթսեմանի.
       Խադ կարնեցի եպիսկոպոսը, որ տեղապահն էր Մեծն Ներսէսի, կը յիշեն Բիւզանդ եւ Խորենաց պատմիչները, թէ ի'նչպէս Հայոց Արշակ թագաւորը չտոկաց Խադին իրաւացի յանդիմանութիւններուն եւ հրամայեց որ քաչքեն եւ քարկոծեն նոյն եպիսկոպոսը: Բայց ըստ Խորենացւոյն, Խադի աղջկան տագրերն, որ Ապահունեաց նախարարութեան կը վերագերէին, եպիսկոպոսը քարկոծողները սրով սպաննեցին եւ ազատելով Խադը փախան իրենց երկիրը: Ապահունիք կը բնակէին Վանայ ծովին արեւմտեան կողմը, Խադ եպիսկոպոս ինքն ալ կը վերաբերէր ազնուական տոհմի մը: Ապահունիք խնամեցան Խադ եպս. ի տան` անոր ի յիշատակ կը շինեն վանք մը Սելովամի մօտ: Անաստասի Ցուցակին մէջ Ապահունեաց նախարարութեան անունով վանք չէ յիշատակուած, եւ անկարելի է որ նոյն վաղեմի նախարարութիւնը անմասն մնար Ս. Տեղերուն բարեպաշտական յիշատակներէն. մենք հաւանական կը նկատենք թէ Խադի անունով շինուած Սելովամի վանքը կը պատկանի Ապահունեաց նախարարութեան:
       3 . Մոկաց վանք. 4 . Չորրորդ վանք Սիւնեաց ի Ձորն Յովսափատու: Երուսաղէմի արեւելք կը գտնուէին Սիւնեաց միւս երեք վանքերը, իսկ Չորրորդը Սելովամի մօտ: Այս բոլոր վանքերը կործանուած են Պարսից եւ Արաբաց արշաւանքներուն ժամանակ եւ այլեւս չեն վերաշինուած. բայց միջին դարուն, ըստ վկայութեան արաբացի պատմիչներուն, որքան որ Սելովամի շրջակաները այլեւս գոյութիւն չունէին բիւզանդական շրջանի կրօնական կեանքը ու վանականութիւնը, սակայն եւ այնպէս բոլորովին չէին ջնջուած կրօնաւորական միաբանութիւնները: Թ. դարու Commemoratorium Casis Dei կոչուած պաշտօնական յիշատակարանը արձանագրած է Յովսափատու մէջ կոյսեր, մենակեացներ եւ մատուռներ: 985ին Մուգատտէսի կը յիշէ թէ Սելովամի մէջ կային պարտէզներ, այգիներ եւ եկեղեցիներ, անապատականներ ու գերեզմաններ, եւ կը շեշտէ թէ Սելովամի մէջ կային պարտէզներ, այգիներ եւ եկեղեցիներ, անապատականներ ու գերեզմաններ, եւ կը շեշտէ թէ բոլորովին չէ վերջացած կրօնաւորական կեանքը (Guy le Strange, Palestine under the Moslems, էջ 219): Մինչ ԺԲ. դար տեւած է Սելովամի եւ շրջակայից վանական կեանքը, այնպէս որ նոյն ատեն եւս պակաս չէին հայ, յոյն եւ ասորի կրօնաւորներ նոյն տեղւոյն մէջ, ինչպէս որ կը վկայեն յիշատակարանք (R. B. 1919. էջ 493-495): Ուստի կրնանք ըսել թէ այս կողմերու հայ վանականութիւնը, հուրի եւ սուրի մկրտութիւնը բազմիցս ընդունելէ վերջ, դարձեալ կարողացած է մնալ այս կողմերը, մինչեւ Խաչակրաց ժամանակ: Այս կերպով ԺԲ. դարը կը փակէ Սելովամի կրօնաւորական կեանքը, ու բացի աւազանին ջրոց պարգեւներէն, կը տիրեն հոն ամայութիւն եւ կրօնական կեանքին բարգաւաճ վիճակի մը մնացորդները: