ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Շանթաձիգ ԺԲ. լեգէոնին հարիւրապետներէն էր Պողիկտոս. իր զէնքի ընկերոջ Նէարքոսի յորդորներուն վրայ, ջերմեռանդօրէն յարեցաւ քրիստոնէութեան. խիստ էր անոր բնաւորութիւնը, որպէս զինուոր: 260ին, Դեկոսի հրովարտակը ընդդէմ քրիստոնէից, Մելիտինէի պատերուն վրայ փակցուած էր. Պողիկտոս քաշեց պատռեց զայն, եւ փշերց այն ոկւռքերը զորս քաղաքին քուրմերը ուսամբարձ կը կրէին տեղէ տեղ: Պողիկտոսի այս արաքը տեսան պետական պաշտօնեայք, ձերբակալեցին ու բանտարկեցին. իր կինն ու անրեը շատ աղաչեցին որ ի սէր զաւակաց, ան ետ դառնայ իր ընտրած ճամբէն, բայց ան կը մնար անյւղդողդ, եւ տրուած վճռին համաձայն, գլխատուեցաւ եւ թաղուեցաւ ի Մելիտինէ: Ս. Պողիկտոսի վկայաբանութիւնը չի գնւոիր թէեւ մեր Ճառընտիրներուն մէջ, բայց կա'ն անոր յունարէն եւ լատիներէն վկայաբանութիւնները. անոնք սակայն ականատեսի գրութիւններ չն, այլ Ե. դարու ներբողեանի մը քաղուածոյք: Այդ վերջինը, 1882ին, գտնուած է Փարիզի Ազգային Մատենադարանին մէջ, Aubռի ձեռքով: Հեղինակ մը կը գրէ թէ այդ նորագիւտ ներբողեանին տողերը կը մատնեն թէ ականատեսի մը այժմ կօրսուած յիշատակարանէն յօրինուած է ան, որով բացայայտ կը հասկցուի թէ Պողիկտոսի պատմականութիւնը անառարկելի է: Այս գրութեանց համաձայն Նէարքոս` Պողիկտոսի նահատակութեան պահուն, մաքուր կտաւի մը վրայ հաւաքած է անոր արիւնը եւ տարած Քանանէոդ, որ անծանօթ քաղաք մըն է: Ոմանք Քանանէոդը կը նոյնացնեն, իբր բնակութեան տեղի կամ քաղաք, Հայաստանի քանանացի հրեայ գաղթականութեան նահապետ Քանանիդասի հետ, որ Յեսուի ժամանակ Հայաստան փախած եւ անկէ սերած են Գնթունիք. (Տե'ս P. Allard, Hist. des Persécutions, էջ 538, Aubé , Polieucte dans l'histoire, էջ 13, նաեւ Չամչ. Ա. Հտր. էջ 554-55): Սրտառուչ պարագայ մըն է նահատակեալ Պողիկտոսի արեան այս ձեւ փոխագրութիւնը Քանանէոդ քաղաքը` իր զէնքի ընկեր Նէարքոսի ձեռքով: Քանանէոդ քաղաքը թերեւս Պողիկտոսի ծննդավայրն էր, ուր պիտի պահուէր մարտիրոսին արիւնը: Այս զմայլելի պարագան նկատողութեան առնուելիք կէտ մըն է նահատակաց արեան պահպանութեան տեսակէտով:
       Ո՞ր ազգութեան կը վերաբերէր Պողիկտոս, կարծիքները կը տարբերին. անմահ թատերգակն Գորնէյլ, որ 1643ին բեմադրեց Պողիկտոսը եւ պանծացուց անոր յիշատակը, հայազգի կը համարի զայն եւ իշխանական ցեղէ, եւ կ’անուանէ Seigneur Armռnien: Ալիշան ալ նոյն կարծիքն ունի (Տե'ս Յուշիկք, Բ. էջ 239): Շատ կանուխէն, ինչպէս տեսանք, Մելիտինէն հայաքաղաք մըն էր, որ յետոյ Երրորդ Հայք անունը ստացաւ. հաւանական է որ Պողիկտոս հայ ծագում ունէր, թերեւս ազնուական գերդաստանէ սերած: Մելիտինէի հայ ազնուականութիւնը շատ վաղնջական պէտք է նկատել: Բեւեռական արձանագրութեանց մէջ կը յիշուին Մելիտեանք = Մելիտայ, Մելիտինայ եւ Մելիտինեանք (Տե'ս Բանասէր, Հայ Նախարարութիւնները բեւեռաձեւ արձանագրո ւթեանց մէջ. 1901, էջ 249): Թերեւս այդ ազնուականութեան համար էր որ` Պողիկտոս ամուսնացաւ Մելիտինէի հռոմայեցի կուսակալին աղջկանը հետ. սոսկական մը պիտի չկրնար ընել զայդ, ինչպէս կը կարծէ Ալիշան (Նոյն, Անդ):