ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Պողիկտոսի անունը նշանաւոր եղաւ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի մէջ: Արեւելեան վկայաբանութիւնը կը յիշատակէ 7 Յնվր. 14 Փետ. ի Մելիտինէ. 22 Յնվր. ի Նիկոմիդիա. 21 կամ 22 Մայիս` ի Կեսարիայ Կապադովկիոյ: Ասորական վկայաբանութիւնը` 19 Ապր. եւ 3 Մայիս, իսկ Հերոնիմեանը` միեւնոյն թուականներուն, ինչպէս նաեւ 13 եւ 27 Ապր.: Հայ եկեղեցւոյ տօնելի սուրբերէն մին է Պողիկտոս: Ի պատիւ անոր եկեղեցիներ կառուցուած են Դ. դարու կիսուն, ի Մեիլտինէ, սուրբին տապանին վրայ, որուն պարգեւը կը նկատուի Եւդիմէոս` Պաղեստինի հռչականուն անապատականը ի Կ Պոլիս, Վաղենտիանոս կայսեր (364-375) աղջկան կողմէն հիմնուած եկեղեցին, որուն այցելած է Տուրացի Գրիգոր Եպս., բարեպաշտ տիկին մը, Յուստինիանոսի օրով, այդ եկեղեցւոյն ներքին կողմը ոսկւով զարդարած է, իր ստացուածքը նոյն կայսրիէն ազատելու համար. մարդիկ նոյն եկեղեցւոյն մէջ կը կատարէին իրենց ամենէն հանդիսաւոր ուխտը: Ռավեննայի մէջ ալ Ս. Պողիկտոս ունեցած է եկեղեցի մը, որուն նաւակատիքը կը կատարուէր Ապր. 9ին. (Տե'ս H. Delehaye, Les origines du Culte des Martyr, էջ 210): Եգիպտոսի մը կառուցուած պէտք է ըլլայ, այն պատճառով որ նոյն տեղը գտնուած հողէ կանթեղներէն ոմանք նուիրաուած են ի յիշատակ նոյն սուրբին, ինչպէս յայտնի կ’ըլլայ Լուվրի թանգարանը պահուած նոյն կանթեղներուն արձանագրութիւններէն. (Տե'ս Martigny, Dict. des Antiquités chré tiennes. Art. Lamps. էջ 408): Գրիգոր Եպս. Տուրացին, իր Հրաշից եւ Պատմութիւն Փռանկաց գիրքերուն մէջ Պողիկտոսի պաշտամունքի նկատմամբ փռանկ թագաւորաց եւ Կ. Պոլսոյ ժողովրդեան հին սովորութիւնները կը յիշատակէ եւ կը նկարագրէ այն ուխտազանցութիւնները, որ պատժուած կը համարուին Պողիկտոսի կողմէն: Ֆրանսացի հին թագաւորներն ալ յանուն Ս. Պողիկտոսի կը հաստատէին իրենց դաշնադրութիւնները (Տե'ս Les Petits Bollandistes, Vies des Saints, էջ 484-85. նաեւ Յուշիկք, Բ. էջ 239):