ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Կը փափաքինք գրի առնուլ խորագրովս նշանակուած հայկական վանքի մը պատմականութիւնը Երուսաղէմի մէջ. ան կը գտնուէր Ս. Յարութեան Տաճար ին մօտ, ինչպէս կը հաստատէ Անաստաս վրդ. իր Հայ Վանօրէից Ցուցակին մէջ. «Գազաւոնի վանքն որ յանուն սուրբ Հռիփսիմէի եւ Գայիանէի ի մէջ քաղաքին` ո'եւէ տեղեկութիւն չունիմք անոր մասին. բայց այս յիշատակարանը, ինչպէս անոր կիսաւեր շենքը արդէն կը հաստատեն նոյն վանքին գոյութիւնը:
       Որպէս զի կարենամք նոյն վանքին տեղը ճշդել, հարկ կ’ըլլայ բացատրել Անաստաս վրդ. ի վերոգրեալ փոքր յիշատակարանը. ան կ’ուզէ ըսել թէ Գազաւոնի Ս. Հռիփսիմէի եւ Գայիանէի անուամբ կառուցուած հայկական վանքը` քաղաքին ներքին կողմն էր, եւ կը գտնուէր Ս. Յարութեան Տաճարին դրան մօտ: Դուռն բառը զոր կը յիշէ ցուցակագիր վրդ. ը, պէտք չէ հասկնալ Տաճարին աւագ դուռը, այլ այն նախադրունքը (propylées), որ Ս. Յարութեան Տաճարին անջատ մասն կը կազմէր, եւ նոյն Տա ճարին պարսկական քանդումէն յետոյ (614 թուին) այլ եւս չի վերաշինուեցաւ. ա'ն յատուկ էր միայն Կոստանդինեան գեղեցկաշէն Պազիլիքային. նախադրունքին կործանուած մասերը երկար դարեր մնացինհողին տակ: Մենք անոր գոյութիւնը կրնամք հաստատել երկու կերպով, պատմական եւ հնախօսական:
      
       Ա. Պատմական . Ինչպէս ծանօթ է, Ս. Յարութեան Տաճարը շինել տուած է Մեծն Կոստանդիանոս կայսրը. հոյակապ յիշատակարան մըն էր ան, կառուցուած մեր Փր կչի Ս. Գերեզմանին եւ Ս. Յարութեան ի պատիւ. ճարտարապետական գլուխ գործոց մը, ուր, ըստ վաղեմի ուղեգիր ուխտաւորաց, կը շողային ոսկին ու արծաթը սրբատաշ մարմաի ծաղկազարդ քանդակներով. բիւզանդական գեղարուեստի բոլոր նրբութիւնները կը փայլէին քրիստոնէական այս առաջին Տաճարին մէջ. որուն նաւակատիքը շքեղութեամբ կատարուեցաւ. Կեսարացի Եւսեբիոբ եպիսկոպոսը խօսեցաւ իր նաւակատիքի ճառը Կայսեր եւ բազմաթիւ եպիսկոպոսաց, ինչպէս նաեւ խուռներամ հաւատացելոց ներկայութեան:
      
       Եւսեբիոս` իր «Վարք Կոստանդիանոսի» գրուածքին մէջ, Տաճարին ինչ ինչ մասերը կը նկարագրէ, թէեւ ոչ լրացուցիչ կերպով, եւ գաղափար մը կու տայ նախադրունքի մասին: Նորակերտ եկեղեցւոյ մասին իր գրածները յիշել մեր նպատակէն դուրս կը մնայ, բայց նախադրունքի իր նկարագրութիւնը պէտք է որ իր տողերովը նշանակուի, մեր նպատակին հասնելու, այսինքն Գազաւոնի Հայոց վանքին տեղը ճշդելու համար: Եւսեբիոսի նկարագորւթեան համառօտութիւնն է հետեւեալը: «Տաճարին աւագ դրան մօտ էր անդաստակը (atrium), անոր գրաւած տեղը կը տանէր եկեղեցւոյ ճակատի դուռը: Նոյն տեղը կը տգնուաէին նախ բակ մը յետոյ անոր երկու կողմի սրահները, եւ ի վերջոյ բակին դուռները: Սկսէց յետոյ, հրապարակի մէջտեղը (հաւանաբար շուկայ ըսել կ’ուզէ) կային գլխաւոր դռները, ուր ներելի էր գործաւորներուն իրանց ապրանքները ցուցադրելու. եւ անցորդները առիթ կ’ունենային դուռներէն ներս նայիլ ու զարմանալ գաւիթի ու Տաճարին շքեղութիւններուն վրայ» (Վարք Կոստանդիանոսի, Անգղ. թարգմ. էջ ): Եւսեբիոսն այս տեղորը թէեւ յստակ չեն, բայց կը յայտնեն թէ Ս. Յարութեան նախադրունքը կ’երկարէին մինչեւ այն ճանապարհը` շուկային մօտ, որ կը տանէր Ս. Ստեփանոսի դուռը:
      
       Բ. Հնախօսական . Նախադրունքի հնախօսական մասը աւելի որոշ կերպով կը պարզէ նախադրունքի տարածութիւնը, որ մեզի պիտի առաջնորդէ գտնելու մեր Գազաւոնի վանքին տեղը: Մեր առջեւն ունինք անգղ. փոքրիկ տետրակ մը, 1927ին Երւոսաղէմ տպարգուած, որմէ պիտի քաղեմք նոյն տեղւոյն հնախօսական տեղեկութիւնները. նոյն տեղւոյն հնախօսական տեղեկութիւնները. նոյն տետրակին հեղինկ` B. Antipovի համաձայն, 1844ին, Բրուսական հիւպատոս Schulz, Ս. Յարութեան Տաճարէն` դէպի արեւելք, հինգ հարիւր ոտք հեռի տարածութեան վրայ գտնուող տեղը (երբեմն Ռուսաց հիւրանոց, այժմ Մայրապետանոց եւ եկեղեցին Voguet, Tobler, Robinson, Sepp եւ Schick հնագեէտներուն, եւ ասոնք ալ, իրենց կարգին պեղումներ կատարեցին նոյն տեղւոյն վրայ, զանազան թուականներու մէջ, բայց աւերակաց ճշդութեան մասին եզրակացութեան մը չյագեցան: 1883ին Երուսաղէմի Ռուսաց եկեղեցական Առաքելութեան նախագահ Անտոնիոս վարդապետ կը շարունակէ պեղումները եւ իր հետազօտութիւնները ու կը հասնի մինչեւ այն ժառը` որուն վրայ հիմնուած էին աւերակներու զանազան մասերը, որ ցոյց կու տային թէ գտնուէին երկու սիւներ եւ կամար մը, սիւներէն մին հիւսիսայինը` կորնթական եւ հարաւայինը` բիւզանդական ոճ ն ունէին, յետոյ, միւս գտնուած յիշատակներն էին պարիսպի երկու մասեր, որոնց ծագումը աւելի հին կ’երեւնար: Հնախօսներու եզրակացութեան համաձայն, նոյն տեղւոյն մէջ, երբայական քանդուած պարսպի մը մասերուն վրայ կառուցուած է Կոստանդինեան տաճարին նախադրունքը, ուր, կառուցուած է Կոստանդինեան տաճարին նախդրունքը, ուր, ըստ նկարագրութեան վաղեմի ուխտաւորաց, կը գտնուէր հինաւուրց շուկան. աւերակաց ուղղահայեաց պարսպի կտորները Երուսաղէմ քաղաքի հին պարսպի բեկորներ են: Յովսեպոս հրեայ պատմիչը կը յիշատակէ նոյն տեղւոյն պարիսպը իր աշտարակներով, ամրութիւներով եւ դուռներովն, ինչպէս նաեւ անոր դատաստանի դրան սեամը: Քրիստոսի 70 թուականին էր որ քաղաքի պարաշրման ժամանակ Տիտոս քանդեց այդ պարիսպը եւ ամարութիւնները: Յովսեպոսի յիշատակութիւնը Յիսուսի խաչելութենէն հազիւ 37 տարի վերն է, եւ կրնամք համոզուիլ թէ դատաստանի դրան սեամ ըսուածը Խաչի Ճանապարհի ծայրը կը գտնուէր. մեր Տէրն Յիսուս` Խաչը ուսին վրայ կ’անցնէր այդ դուռնէն - քրիստոնէական նախադրունքի արեւելեան մասը - եւ կը տարուէր Գողգոթա, քաղաքէն դուրս ուր պիտի կատարուէր իր խաչելութիւնը. ուստի այս գտնուած աւերակները անգամ մը եւս կ’ապացուցանեն թէ Գողգոթան եւ Քրիստոսի Ս. Գերեզմանը իրապէս կը գտնուին իրենց իսկական տեղերը. այդ տեսակէտով եւս գտնուած յիշատակարանները կը ներկայացնեն մեծ արժէք մը:
       Ուրեմն Յիսուս, եբրայական օրինաց համաձայն, քաղաքէն դուրս խաչուեցաւ: Նոր Կտակարանն ալ կը հաստատէ զայդ. «զի մօտ էր ի քաղաք անդր տեղին` ուր խաչեցաւն Յիսուս» (Յովհ. ԺԹ. 20). «Վասն որոյ եւ Յիսուս, զի սրբեսցէ իւրով արեամբն զժողովուրդն, արտաքոյ դրանն չարչարեցաւ» (Եբր. ԺԳ. 12): Գողգոթային եւ Ս. Գերեզմանին պարսպէն դուրս ըլլալուն մէկ ապացոյցն ալ Բրօֆ. Schickի Խպտաց վանքին մէջ վերջերս գտած վաղեմի գերեզմանի մը գոյութիւնն է. յիշեալ վանքը Ս. Յարութեան Տաճառին գրեթէ յարակից է եւ նոր գտնուած պարսպին մէկ մասն ալ կը գտնուի նոյն վանքը երթալու ճանապարհին մօտ: Մենք ալ անձամբ տեսանք այս աւեծրկները, պարսպի մասերը, սիւները` իրենց կորնթական խոյակներով, պարսպին մէկ մասն ալ կը գտնուի նոյն վանքը երթալու ճանապարհին մօտ: Մենք ալ անձամբ տեսանք այս աւերակները, պարսպի մասերը, սիւները` իրենց կորնթական խոյակներով, եւ դատաստանիդրան սեամը` որուն քարայատակը անցուդարձէն մաշած ու խորացած էր. եզրակացնելով այս տողերը, ըսենք որ` Ս. Յարութեան Տաճարի մօտիկ Ռուսաց վերեւ յիշուած հաստատութեան արեւելքը, ճանապարհին վրայ կար եբրայական կրկնակ պարիսպը, ըստ Յովսեպոսի, որուն կործանուած աւերակներուն վրայ էր որ Կոստանդիանոս կա յսր շինել տուած էր Ս. Յարութեան աննման տաճարին սիւնազարդ եւ գեղեցկաշէն բացօթեայ նախադրունքը: