ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Անաստաս վրդ. ի խօսքերը բացատրեցինք պատմական եւ հնախօսական տեսակէտով եւ հասկցանք թէ Ս. Յարութեան Տաճարին նախադրունքը ո'ր տեղը կը վերջանային եւ ո'ւր պէտք է փնտռել Գազաւոնի մեր վանքը: Երուսաղէմի պատմիչ Աստուածատուր եպիսկոպոս իր վանքը: Երուսաղէմի պատմիչ Աստուածատուր եպիսկոպոս իր Ժամանակագրական Պատմութեան մէջ կը յիշատակէ (Տե'ս Ա. Հտր. էջ 91-92) Անաստասի Հայ Վանօրէից Ցուցակը, ան այս վանքին նկատմամբ ծանօթագրութիւն մը ունի. բայց քառասուն տարի առաջուան այդ տեղագրութիւնը նոր շէնքերու յաւելումներով փոփոխուած ըլլալով` չէր կրնար առաջնորդել մեզ Ս. Հրիփսիմէի եւ Գայիանէի հայկական վանքին տեղը. իսկ Ուղեցոյց Սրբազան Տեղեաց գրքին (էջ 166-67) մէջ բերած յիշատակութիւնը բոլորովին հարեւանցի է ո ոչ մի բացատրութիւն չունի նոյն վանքի պատմական ծագումի մասին, միայն կ’ընդունի թէ ան հայոց եօթանասուն վանքերէն մին է: Մենք ուզեցինք անձամբ ճշդել նոյն վանքին տեղը, ուստի ընկերակցութեամբ Ս. Յարութեան Տեսուչ Տ. Յակոբ վրդ. Թաշճեանի եւ Ժառ. Վարժ. ի արաբերէնի ուսու ցիչ Վարդան Մաթոսեանի այցելեցինք նախ նախադրունքի աւերակները որ, ինչպէս վերեւ նկարագրեցինք, կը գտնուին Ռուսաց շէնքին մէջ, յետոյ մեր ստացած ծանօթութեանց համաձայն, շէնքի արեւելեան կողմի ճանապարհին վրայ գտնուած խանութպաններէն մէկ քանին հարցուփորձելով անոնցմէ միոյն կողմէն առաջնորդուեցանք, դէպ արեւելք մերձակայ կողմնակի նեղ ճանապարհի մը վրայ բացուած դրան մը, որուն բացումով մեր առջեւ պարզուեցաւ քարուկիր մութ շէնք մը, չափազանց սեւցած եւ աւրուած պատերով եւ որ հազիւ կը լուսաւորուէր առաստաղի բացուածքէն. առաջին առթիւ որ շէնքէն ներս մտանք, մենք համոզուեցանք թէվ հայկական եկեղեցիի մը մէջ կը գտնուինք. վասն զի նոյն շէնքին գմբէթը` որ կիսակործան էր, եկեղեցիին ճիշդ մէջտեղը կը գտնուէր չորս սիւներու վրայ. եկեղեցին հողով լեցուն էր, գրեթէ մինչեւ կամարները, այնպէս որ բոլոր հնութիւնները ծածկուած էին. միայն հողէն վեր կ’երեւէին եկեղեցիին տասներկու կարծրաքար սիւներու խոյակները. դուռը արեւմտեան կողմը կ’երեւար, վասն զի պատին կցուած երկու սիւներուն մէջ նեղ բացուածք մը քարով հիւսուած էր: Այն դուռը որմէ մտանք, կը թուի թէ յետոյ բացուած էր. մոմի լուսով հազիւ կրցանք այսչափ տեղեկութիւն քաղել: Շէնքը այժմ վագֆ է եւ կը վերաբերի իսլամաց: Աստուածատուր եպս. ի գրածին նայելով մինչեւ Սալահէտտին (ԺԲ. դար) այս եկեղեցին գոյութիւն ունեցած է եւ յետոյ խափանուած, եւ այս պարագան հաւանական կը նկատուի. վասն զի, ինչպէս գիտենք, Սալահէտտին Երուսաղէմի գրաւումէն յետոյ շատ եկեղեցիներ մզկիթի եւ մէտրէսէի վարածեց, ինչպէս Ս. Յովակիմ եւ Աննայի հայոց վանքը եւ ուրիշներ. շատ եկեղեցիներ ու վանքր ալ, իբր վարձատրութիւն պարգեւեց այն յաղթական զօրավարներուն` որ իրեն հետ պատերազմի մասնակցած էին. հաւանական է որ Գազաւոնի վանքն ալ նոյն վիճակին հանդիպած է: Եկեղեցին այս շէնքը առաջխան է եղեր, յետոյ ձիթապտուղի շտեմարան եւ ի վերջոյ օճառի գործարան. այժմ գրեթէ պարապ: Իսկ շէնքին կից արեւմտեան ճանապարհին վրայ 35-40 տարի առաջ շինուած են վագֆի կրպակներ, այնպէս որ եկեղեցիին շէնքը` ճանապարհի կողմէն աննշմարելի կըմնայ: