ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ձիթենեաց լեռը, որ երեք բլուրներ ունի, կը գտնուի Երուսաղէմի արեւելեան կողմը: Կեդրոնի հեղեղատը կը բաժնէ Երուսաղէմը Ձիթենեաց լեռնէն, որ Երուսաղէմէն հեռի է, ըստ շաբաթու ճանապարհի (Գործք Առաքելոց, Ա. 12), այսինքն երկու հազար քայլ հեռաւորութիւն` ուրկէ պէտք չէր որ Հրեայք շաբաթ օրը անդին անցնէին: Մեր Փրկիչը յաճախակի կ’այցելէր հոն աղօթելու համար: Իր վերջին գիշերը, կը գտնուէր նոյն լերան վրայ: Ձիթենեաց լեռը, շատ կանուխէն, ձիթենիներու անտառներով խտացած էր, բայց այժմ մերկացած է անտառային գեղեցկութիւններէն. իր բլուրները ելեւէջներով զառի վերներ կը կազմեն. առջեւը կը տարծուի Երուսաղէմի համայնապատկերը: Մեռեալ Ծովը, Յորդանանը եւ Մովաբի լեռները հեռուէն կ’ըծայեն զմայլելի տեսարաններ: Ան Յիսուսի սիրած մէկ լեռն էր. հո'ն հրահանգեց իր աշակերտները` զօրացնելով զանոնք իրենց կոչումին մէջ: Նոյն լերան վրայ կատարուած քրիստոնէական խորհուրդները կը պարփակուէին հետեւեալ երկու յիշատակներուն մէջ. նախ, աշխարհի վերջին ժամանակաց գաղտնիքներուն` Քրիստոսի աշակետաց խորհրդազգածութիւնը (initiation), ապա Քրիստոսի յաղթականօրէն կատարած Համբարձման խորհուրդը. յիշատակներ` որոնք ներքնապէս իրարու հետ կապուած են եւ տեղաւորուած իրարու մօտ. այս իսկ պատճառաւ, Ձիթենեաց լերան այս յիշատակները, շատ կանուխէն, քրիստոնէից բարեպաշտութեան առարկայ եղած են: Լերան ա'յն վայրերը, ուր տեղի ունեցած էին յիշատակի այդ վեհագոյն խորհուրդները, սրբազան վայրեր դարձան. հաւատացեալք` բնիկ եւ օտար, յատկացեալ օրերու մէջ, ջերմեռանդն սիրով կ’ելլէին լերան ստորոտէն մինչեւ գագաթը շինուած քարէ պատմական աստիճաններէն եւ կը յայտնէին կրօնական սիրոյ ջերմագին զգացումներ, ծնրադրելով Քրիստոսի աշակերտաց հաւաքման այրը եւ Փրկչին Համբարձման տեղը, եւ կը գտնէին իրենց հոգեկան մխիթարութիւնը: Փրկչին այդ յիշատակներով արդէն սուրբ նկատուած էր լեռը, եւ Երուսաղէմացին Կիւրեղ, Ս. Տեղեաց մօտիկ ապրող այդ ժողովորդանուէր եպիսկոպոսը, երկիցս կը յիշէ իր Կոչումն Ընծայութեան գրքին մէջ, եւ սուրբ կ’անուանէ զայն. «եւ ընդ ա'յն լեառն Ձիթենեաց որ յարեւելից կուսէդ է` վերացաւ յերկինս ի ձայն Հօր…», « վկայէ Սուրբ Լեառն Ձիթենեաց ուստի վերացաւ առ Հայրն իւր յերկինս»: Հոգեւոր կեանքի ջերմեռանդութեամբ լեցուն մարդիկ չուշացան գալ բնակելու այդ լերան վրայ. միայնակեացներ մշտապէս հո'ն բնակելով` աղօթքով եւ սաղմոսերգութեամբ կ’անցնէին իրենց կեանքը. այդպիսիներ` ա'յնքան հրապուրիչ դարձուցին իերանց կենցաղը որ հեռու աշխարհներէն Ս. Տեղիքը եւ Ձիթենեաց լեռը փութացին գալ երկսեռ ուխտաւորական խումբեր, որոնց մասին կը փութայ տեղեկութիւններ տալ վերոյիշեալ Կիւրեղ Երուսաղէմացին Կոստանդ թագաւորին ուղղեալ իր թղթին մէջ. «Գողգոթայէն մինչեւ Ձիթենեաց լեռը հրաշափառապէս երեւցող Ս. Խաչին առիթով, նոյն ուխտաւորներէն ոմանք ճոխ եւ հարուստ եւ քրիստոնէական առաքինութեամբ մը զարդարուած մշտապէս մնացին այդ լերան վրայ»: Պալլատիոսի Հարանց պատմութիւնը եւ Ս. Բարսեղի նամակները անոնց մասին տեղեկութիւններով ճոխ են. ուխտադիր Քրիստոնէից բարեպաշտութիւնը պիտի չթողուր որ Ձիթենեաց լերան խորհրդաւոր յիշատակաց այդ տեղերը մնային իրենց անշքացեալ վիճակին մէջ. լերան ուխտաւորները իրենց հաւատքին ներքին զեղումները պիտի չուշացնէին յայտնեբերելու նոյն յիշատակաց վայրերուն մէջ. եւ այդ զեղումները պիտի մարմնանային հոյակապ եկեղեցիներով. հաւատքի ջերմեռանդութիւնը լերը պիտի յարդարէր զանազան ազգաց եկեղեցիներով եւ վանքերով: Առաջին հիմնարկութիւնն էր Աշակեր տարանը, ճիշդ ա'յն այրին վրայ` ուր աշակերտք հաւաքուած էին Քրիստոսի վերջին գիշերը, եւ իրազեկ կ’ըլլային աշխարհի եւ մարդոց նկատմամբ Քրիստոսի հաղորդած խորհրդաւոր գաղտնիքներոուն եւ միանգամայն կ’ուսանէին աղօթելու ստիպողականութիւնը. երկրորդ եկեղեցին կը բարձրանար ճիշդ այն բլրին վրայ` ուրկէ մեր Փրկիչը համբարձաւ յերկինս: