ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Աւետարանիչները կը պատմեն թէ (Մատթ. ԻԶ. 36-50, Մարկ. ԺԴ. 32-46, Ղուկ. ԻԲ. 37-50, Յովհ. ԺԸ. 1-3) մեր Տէրը իր վերջին ընթրիքքէն յետոյ գնաց Գեթսեմանի գիւղը իր աշակերտներով, որոնց ըսաւ որ հսկեն հոն, մինչեւ որ ինքն երթայ աղօթքը ընելու, իր հետ առնելով Պետրոսը եւ Զեբեդեայ երկու որդիները: Յիսուս սկսաւ տրտմիլ եւ հոգալ, եւ կ՚ըսէ անոնց ալ թէ «տրտում է ոգի իմ մինչեւ ի մահ»: Ան քիչ մը առաջ կ՚երթայ Ձիթենեաց պարտէզ ըսուած տեղը եւ հոն աղօթելով կ՚ըսէ. «Հա'յր, եթէ կամիս անցո զբաժակս զայս յինէն, բայց ոչ իմ կամք` այլ քոյդ լիցի». երեք անգամ Յիսուս կու գայ աշակերտներուն մօտ եւ զանոնք քնացած կը գտնէ, երեք անգամ ալ կը յորդորէ որ արթուն մնան ու փորձութեան չենթարկուին, ու յետոյ կը յարէ «հոգիս յօժար է, բայց մարմինս տկար». երկրորդ եւ երրորդ անգամ կատարուած աղօթքէն յետոյ կը խօսի անոնց համանման խօսքեր: Ի վերջոյ, կ՚ըսէ աշակետներուն թէ «ննջեցէք այսուհետեւ եւ հանգերուք զի ահա հասեալ է ժամ եւ որդի մարդոյ մատնի ի ձեռս մեղաւորաց»: Տասներկուքներէն մին` Յուդա Իսկարիովտացին Յիսուսը կը մատնէ թշնամիներուն, եւ անոնք ալ կալանաւորելով զայն կը տանին Կայիափայի մօտ դատերլու եւ դատապարտելու համար:
       Ձիթենեաց պարտէզի մէջ այդ տագնապի պահուն, ինչպէս կը գտրէ Աւետարանիչը, երկինքէն հրեշտակ մը երեւցած էր Յիսուսի եւ քաջալերած էր զյն, երբ «հոսէին ի նմանէ քրտունք իբրեւ զկայլակս արեան, ոլոռն ոլոռն հեղեալ յերկիր»:
       Յիսուսի` մեր Տիրոջ մահուան տագնապի ու Հօրը ուղղուած սրտառուչ աղօթքներուն` հանդիսավայրը եղող այս տեղերը, շատ կանուխէն բարեպաշտ քրիստոնեայք սրբացուած եւ հոն ուխտատեղիներ շինած էին: Գեթսեմանիի մէջ քրիստոնէական առաջին դարերէն սկսեալ ցոյց կը արուին վերջին գիշերը Փրկչին ընկերացող աշակերտներուն քնացած տեղը, որ Ս. Կուսի տաճարին մօտ, քարայր մըն է. ինչպէս նաեւ Յիսուսի աղօթած ու քահանայապետներէն կալանաւորուած տեղը կը կոչուի «Ձիթենեաց Պարտէզ»ը, զոր յիշէ Աւետարանիչը եւ որւն մօտ կը գտնուէր Յուդայի մատնութեան այն քարը, զոր Պորտոյի անանուն ուխտաւոր ուղեգիրը 333ին կը նկարագրէ իր գիրքին մէջ:
       Ձիթենեաց պարտէզին այս շրջանակը նուի րական վայր մը դարձած էր ընդհանուր քրիստոնէութեան համար. նոյն պարտէզին հինաւորուց ձիթենիները, որ ժողովրդեան լեզուով Ողջունի ծառեր կը կոչուէին, հեռի երկիրներէ եկող գունդ գունդ ուխտաւորներու բարեպաշտական զգացմանց առարկայ կը դառնային ու պաշտումի այլ եւ այլ յիշատակներ անմահացուցած էին այդ քրիստոնէական սուրբ տեղերը. դարերու ընթացքին տեղական աւանդութիւնները այդ Ս. Վայրերու պաշտումը ու քրիստոնէական սրտագրաւ վաղեմի դրո ւագները կը հրապուրէին քրիստոնեայ աշխարհը. բոլոր եկեղեցիներու ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր այդ Ձիթենեաց պարտէզին վրայ ու անոնք կ՚ուզէին մէկը մէկէ խլել նոյն պարտէզը, մեծագոյն պարծանքի իւրացման զգացումով ուրախանալու համար:
       Ֆրանչիսկեանք ԺԷ. դարու կիսուն տիրացան նոյն տեղւոյն եւ պատով մը շրջապատեցին եւ ծաղկանոցի վերածեցին զայն: 1892ին մասնաւոր պեղումներով երեւան հանուեցաւ Խաչակրաց օրէն կործանուած եկեղեցիի մը աւերակոյտը. այլ եւ այլ քանդակեալ մարմարի մնացորդ կտորներէն ու ճարտարապետական կառուցումէն յայ տնի եղած է թէ լատին թագաւորութեան հիմնարկութեան ժամանակի եկեղեցիի մը բեկորներն էին երեւան ելած հնութիւնները: Ֆրանչիսկեանք մտածեր էին նոյն տեղւոյն վրայ շինել եկեղեցի մը. ուստի 1920ին շարունակեցին մաքրել գտնուած եկեղեցիին գետինը հիմնարկութիւն կատարելու համար եւ մինչ պեղումներոթ կը խորանային` հնագոյն պատի մը մասերը մէջտեղ ելան եւ երբ աւելի խորացուցին հետախուզութիւնները նոր յատակներ բացուեցան եւ երեւան եկան գեղեցիկ քանդակներով խոյակներ, մարմարեայ սիւներ, բազմապիսի եւ գունագեղ մոզայիքներ, ինչպէս նաեւ որմանկերներու կտորներ որոնք ամենուն զարմանքը գրաւեցին: վասն զի անոնք կը ցոլացնէին վաղեմի ճարտարապետութեան եւ նկարչութեան մը զարգացեալ վաիճակը. նորագոյն շրջանի եկեղեցի մը կառուցուած էր վաղեմի սրբավայրի մը վրայ. մէջտեղ ելած հնութիւններուն մէջ կը գտնւոէին յոյն, լատին եւ արաբական գիրերով արձանագրութիւններ, բիւզանդական եւ լատին տիրապետութեան վերաբերեալ գերեզմաններ եւ դրամներ:
       Անակնկալ գիւտ մ՚էր երեւան ելածը. պեղումներու խորացումը մէջտեղ բերաւ երկու եկեղեցիներու աւերակներու իրարու վրայ կուտակումը. ստորին եկեղեցիին յատակագիծը կը նայէր հարաւային արեւմուտքէն հիւսիսային արեւելք, Երուսաէմի հին տաճարին կողմը ուղղուած: Բայց վրայ եկեղեցիին ուղղութիւնը կատարելապէս Արեւելք կը նայէր, այնպէս որ նախապէս շինուած եկեղեցիին հետ ճշդիւ համադիր չէր: Ֆրանչիսկեանք այս պեղումներէն յետոյ նոյն աւերակներու տեղւոյն վրայ շինեցին նոր եւ շքեղ եկեղեցի մը:
       Մենք այս տողերով պիտի ջանանք նկարագրել մեր Փրկչին վերջին գիշերը Գեթսեմանիին մէջ աղօթած տեղւոյն վրայ, իր մատնութեան եւ ոլոռն ոլոռն թափած իր արիւն- տրտինքի կայլակներուն ի յիշատակ շինուած եկեղեցիներուն պատմական փոփոխութիւնները այլ եւ այլ դարերուն մէջ, եւ ապա որոշ ապացոյցով մը պատմել թէ այն Ըմբռնման կամ Աղօթքի եկեղեցին ո՞ր դարուն ՀԱյոց սեպհականութիւն դարձած է եւ մինչեւ ե՞րբ Հայք տիրացած են անոր: