ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Վերոգրեալ յիշատականարնը ցոյց կու տյ թէ Գեթսեմանիի Ըմբռնման եկեղեցին քաղաքին գրաւումէն յետոյ ալ կանգուն էր. մենք հոս ընդհատեցինք նոյն եկեղեցիին պատմութիւնը, վասն զի, 1187ին, Սալահէտտինի Երուսաղէմի գրաւումովը ու լատիններուն վտարմամբ Ըմբռնման եկեղեցիին սեպհականութեան վիճակը կը փոխուի. մեծագոյն հաւանականութեամբ հայ միագանութիւնը կը տիրանայ նոյն եկեղեցիին, յաղթականին հայոց հանդէպ համակրական վերաբերմունքին յայտնի հետեւանքովը: Գողգոթայի, Քրիստոսի գերեզմանին, Ս. Աստուածածնի եկեղեցիին եւ Ս. Յակոբի վանքին հայոց կողմէ տիրացումը Սալահէտտինի բարեացակամութեան արդիւնք կրնանք նկատել: Հետեւաբար Ըմբռնման եկեղեցիին հայոց կողմէ սեպհականութիւնը կ՚սկսի 1187էն եւ կը տեւէ մինչեւ անոր վերջնական կործանումը: Այս ենթագրութիւնը անտարակոյս ապացոյց մը չի կրնար ըլլալ ճշմարտութիւնը հաստատելու համար, սակայն մենք կը համարձակինք խոնարհաբար ըսել թէ ունիմք այդ մասին պատմական փաստ մը` որ կրնայ զօրացնել մեր վերի ենթադրութիւնը: Դժբախտաբար եկեղեց. հայ մատենադրութիւնը ու Երուսաղէմի արդի հայ պտմիչներէն ոչ մին տեղեկութիւն մը կու տան այդ մասին. օտար ուխտաւորներու ուղեգրական գրուածք մը ինձ փաստ կը հայթայթէ պնդելու իմ տեսակէտիս վրայ թէ Ըմբռնման եկեղեցին 1322ին հայոց սեպհականութիւնն էր. ուրախ եմ այժ մասին որ գոնէ քրիստոնեայ ուխտաւորներ յիշատակած են այդ պարագան եւ իրական փաստով մը երեւան կու գայ իմ նախնեացս նածանօթ մնացած աշխատանքը ու Ըմբռնման եկեղեցիին հայկական սեպհականութեան պատմութիւնը: Ահա ապացոյցը. 1322ին Արակոնի Յակոբոբ Բ. թագաւորը Ս. Երկիր կը ղրկէ տասներկու Դոմինիկեաններ, որոնք յետոյ կը գրեն իրենց Ուղեգրութիւնը գաթալան լեզուով. ահա այն հատուածը որ կը հաստատէ Ըմբռնման եկեեցիին նոյն թուականին հայոց սեպհական ըլլալը. «Արեւելեան դուռնէն սկսեալ, նետընկէց մը հեռի, կայ տեղ մը ուր կը գտնուի Գեթսեմանիի եկեղեցին, այն տեղը ուր Յուդան մատնեց Յիսուս Քրիստոսը. եւ կայ հոն ժայռ մը` որուն վրայ Յիսուս դրոշմեց իր մատները երբ կալանաւորեցին զինքը: վԱյս եկեղեցիին տեղւոյն վրայ էր որ Յիսուս աղօթեց, հոն էր որ իր փառաւոր մարմինէն արեան կայլակներ ոլոռն ոլոռն թափեցան եւ ուր երկինքէն հրեշտակ մը գալով քաջալերեց զՅիսուս: Կայ հոն սեղան մը` ուր Յիսուս Քրիստոս ըսաւ երեք Առաքեալներուն` «տրտում է ոգի իմ մինչեւ ի մահ»: Այս երեք աշակերտներն էին Յովհաննէս, Յակոբոս եւ Պետրոս: Այս տեղը կային երեք սեղաններ եւ խիստ գեղեցիկ եկեղեցի մը` ՈՐՈՒՆ ՏԻՐԱՑԱԾ ԷԻՆ ՀԱՅԵՐԸ (Տե'ս Jerusalem Nouvelle. հտր. Բ., էջ 314-315): Եկեղեցին սակայն, 1323էն վերջ քիչ ժամանակ կանգուն կը մնայ: 1335նա Jaques de Verone չի յիշատակեր զայն իր Ուղեգրութեան մէջ, ուստի կը կարծենք թէ ԺԴ. դարու կիսուն եկեղեցին քանդուած ու աւերակ եղած էր, ու տեղւոյն աւանդութիւնը փոխադրուած էր Ս. Կուսի Գերեզմանի եկեղեցիի գաւիթի մօտիկ քարայրը, զոր արեւմտեայք կը նկատէին Քրիստոսի մատնութեան եւ աղօթքի տեղը, մինչ արեւելեայք` Հայք, Ռուսք եւ Յոյնք Ըմբռնման եկեղեցիի աւերակներուն վրայ կը շարունակէին կատարել իրենց ուխտը ի յիշատակ Քրիստոսի մատնութեան եւ աղօթից: 1483ին Ակուրմանցի հայազգի Նիկողայոս եպիսկոպոսը այդ ոգւով է որ Ս. Քաղաքի ուխտատեղիներու Ցուցակին մէջ նոյնտեղը հետեւեալ կերպով կը յիշատակէ. «Քարայրն ուր առաքեանքն ննջէին: Ծնրադրութեան տեղիքն Քրիստոսի, որ է քարընկէց մի ի քարայրէն»: Ը սել է թէ մինչեւ ԺԵ. դարու վերջերը Ըմբռնման եկեղեցիին աւերակները կը նկատուէին Քրիստոսի մատնութեան վարյը ու վերջին գիշերուան աղօթատեղին:
       Ուստի մենք կ՚եզրակացնենք թէ Քրիստոսի մատնութեան ու աղօթքի տեղը չորրորդ դարէն յառաջ քրիստոնէից ուխտագնացութեան վայր մ՚էր, չորրորդ դարուն շինուեցաւ հոն եկեղեցի մը բիւզանդական կայսրերէն, եւ ան 614ին կործանուեցաւ պարսիկ արշաւանքէն. Խաչակրաց ժամանակ ալ վերաշինուեցաւ: Սալահէտտին Երուսաղէմը գրաւեց 1187ին, եւ հաւանաբար, ըստ մեր կարծեաց, Ըմբռնման եկեղեցին շնորհեց հայոց, այնպէս որ` 1322ին, գաթալանցի ուխտաւոր Դոմինիկեանց պատմական Ուղեգրութեան համաձայն, հայք կը շարունակէին սեպհականել նոյն եկեղեցին որ կը քանդուի ԺԴ. դարու կիսուն, որով հայք նոյն եկեղեցիին բացարձակ սեպհականատէրը եղած կ՚ըլլան մէկ ու կէս դարէ աւելի: