ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ս. Կուսին մահուան ու թաղման պարագաները Աւետարանի մէջ պատմուած չեն. աւանդութիւնն է որ մեզի կը տեղեկացնէ Յիսուսի մօր մահուան ու թաղման առթիւ տեղի ունեցած յիշատակները: Գեթսեմանիի մէջ կը թաղուի Ս. Կոյսը ու անկէ մարմնով կը վերափոխուի երկինք, ինչպէս կ՚ընդունի եկեղեցին. այս մասին որքան Աւետարանի պատմութիւնը ժլատ է, նոյնքան առատ են անվաւերական գրուածքներ, որոնք որքան որ նոր ժամանակներու գործ նկատուին, բայց դարձեալ անոնք հին աւանդութեանց արձագանգները կրնան համարուիլ: Ս. Կուսի ննջման եւ թաղման տեղւոյ մասին աւանդութիւնը կրկին է, մին Եփեսոսի եւ միւսի Երուսաղէմի. Եփեսոսի աւանդութեան գլխաւոր փաստը առաւելապէս կը ներկայանայ Եփեսոսի ժողովի (431) հայրերուն սինոդական նամակին մէկ պարբերութենէն, որով նոյն հայրերուն սինոդական նամակին մէկ պարբերութենէն, որով նոյն հայրերը կը գրեն Կ. Պոլսի կղերին թէ Նեստորիոսը դատապարտուած է Եփեսոսի մէջ, ուր (կային) Յովհաննէս Աստուածաբանը եւ Տիրամայր Ս. Կոյս Մարիամգ: Խօսքին պարբերութիւնը առկախ ձգուած է եւ ունի դիտումնաւոր զեղչման մը դարձուածքը. այս հատուածը շատ մութ կէտեր կը պարունակէ, եւ չի կրնար դիմանալ քննութեան: Շատ մը քննիչներուն նայսլով` Եփեսոսի ժողովի հայերերը մեկնողական ըմբռնումի մը ազդեցութեան տակ հաղարդած են նոյն տեղեկութիւնը Պոլսի եկեղեցիներուն: Եփեսոսի շրջակաները գտնուած վերջին գիւտերը փաստ մը չեն կրնար ըլլալ Եփեսոսեան կեղակարծ աւանդութեան. հաւանական է որ ան յերիւրուած ըլլայ հակառակ Երուաղէմի բազմաթիւ եւ յայտնի աւանդութեանց որ կը պատմուին անվաւերական գրոց մէջ: Եփեսոսի ժողովէն վերջ երկար դարեր լռած է Եփեսոսեան աւանդութիւնը. իսկ Երուսաղէմինը աւելի աճած ու զարգացած է եւ ճոխ գրականութիւն մը ունեցած է անվաւերականներու հրատարակութիւններով, որոնց եզրակացութիւնը, ինչպէս նաեւ ժամանակագրութիւնը, եւ Նոր Կտակարանի ինչ ինչ մասերը մեզ կը համոզեն թէ Ս. Կոյսը ծերացեալ տարիքին մէջ Երուսաղէմ մեռած է եւ թաղուած է Գեթսեմանիի մէջ եւ վերափոխուած է իր գերեզմանէն, որուն վրայ շատ կանուխէն շինուած է եկեղեցի մը: Ձեռագիրներու մէջ կը գտնուի անվաւեր դրութիւն մը Թուղթ Դիոնեսիոսի Արիսպագացւոյ առաջին եպիսկոպոսին Աթծենացւոց քաղաքին, զոր գրեաց նա պատասխանի թղթոյն Տիտոսի եպիսկոպոսին Կրետացւոց, յաղագս ննջման Սրբոյ Աստուածածնին եւ կուսին խորագրով. այս գրուածքը թանկագին յիշատակարան մ՚է, որ կը գտնուի միայն հայ մատենագրութեան մէջ եւ կատարելապէ կը հաստատէ Երուսաղէմի աւանդութիւնը: Այս յիշատակարանը հիմը եղած է Մովսէս Խորենացիին անուամբ մեզ հասած «Պատասխանի թղթոյն Սահակայ» աւանդութեան վրայ խմբագրողը աւելցուցած է Բարթողիմէոս առաքելոյն շնորհած Ս. Կուսի պատկերին պարագան: