ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Վերեւ Ս. Աստուածածին Գերեզմանի եկեղեցիին ծագումը, զարգացումը եւ այլ փոփոխութիւնները ջանացինք բացատրել. այժմ կը փափաքինք նկարագրել անոր վերաբերեալ հայկական յիշատակները:
       Մեր եկեղեցական մատենագրութիւնը Սուրբ Տեղեաց եկեղեցիներու պատմական մանրամասնութեանց մասին յայտնի է թէ խիստ ժլատ է: Գեթսեմանիի Ս. Աստուածածին եկեղեցիի վերաբերութեամբ աք գրեթէ չունի մեզ տալու ճոխ ու լիագոյն յիշատակներ: Գտնուածները հոս պիտի ջանանք ամփոփել: Մենք վերեւ յիշեցինք եւ հաստատեցինք թէ Ս. Կուսի Գերեզմանի եկեղեցին չորրորդ դարուն տակաւին հիմնարկուած չէր, ինչպէս յայտնի կ՚ըլլայ Էթէրիայի Ուղեգրութեան բովանդակութենէն: Քրիստոնեայք Աստուածածնի գերեզմանին ուխտագնացութիւն կ՚ընէին, եւ թերեւս փոքրիկ աղօթարան մըն ալ շինուած ըլլայ հոն, բայց տակաւին շինուած չէր հոյակապ մայր եկեղեցին. ան հինգերորդ դարու շինութիւն մըն էր. այս պարագան յայտնի է մեր Խորենացիին ընծայուած «Պատմութիւն Սրբոց Հռիփսիմեանց» գիրքէն (էջ 299): Գայիանէի առաջնորդութեամբ Հռիփսիմեանք Հռովմէն փախչելով կը հասնին Աղեքսանտրիա, ուրկէ կը ճամբորդեն Երուսաղէմ Ս. Տեղեաց երկրպագութեան համար, «… երթեալք ի յայրն, աղօթս եւ պաղատանս մատուցանէին առաջի Սրբուհւոյն, օգնել կուսին վտանգելոյ եւ փախուցելոյ, որ եղեւ նորա աղախին ի մանկութենէ: Եւ գնացեալ անտի ի Գեթսեմանի ի Գերեզման Աստուածածնին եւ անդ աղօթելով… : Եւ երկրպագելով Աստուածածնին եւ բազում արտասուս հեղեալ, մնալով անդ ամօրեայ ժամանակաւ»: Այս տողերէն կը հասկցուի որոշապէս թէ Հռիփսիմեանց ուխտագնացութեան ժամանակ տակաւին չէր շինուած Գեթսեմանիի եկեղեցին:
       Մեր պատմագիրներէն Մովսէս Կաղանկայտուացին . դար) Երուսաղէմի եկեղեցիներու շինութեանց մասին ունի հատուած մը (էջ 420-23) հետեւեալ վերնագրով. «Վասն որ ի Սուրբն Երուսաղէմ եկեղեցւոյ շինուածք թուով եւ հիմնադրելով, եւ ստոյգն գտցես անդանօր»: Այս գրուածքը թանկագին յիշատակարան մըն է չորրորդ դարու Կոստանդինեան արքայավայել եկեղացական շինութեանց: Ասոր հեղինակը հինգերորդ դարու հայ ուխտաւոր մըն է եւ ժամանակակից լատին կուսան Էթէրիայի եւ կրտսերն Մելանիայի: Կաղանկայտուացին մեծ ծառայութիւն մը մատուցած է Ս. Տեղեաց հոյակապ սրբավայրերու պատմութեան` իր գիրքին մէջ պահելով այս պատուական յիշատակարանը, որ նոր լոյս մը կը սփռէ Կոստանդիանոս կայսեր շինած եկեղեցիներու հիմնարկութեան մասին, կ՚ամբողջացնէ ինչ որ Եւսեբիոս եւ Էթէրիա մեզ կը պատմեն այդ շինուածքներու, մասնաւորապէս Ս: Յարութեան Տաճարին եւ Մատրան կամ Գողգոթայի վերաբերութեամբ. միայն թէ սկզբնական յիշատակարանը կրած է յետոյ երկու ձեռնմխութիւններ, կամ լաւ եւս, երկու յեւալուածներ:
       Մենք արդէն յիշեցինք Ս. Կուսի յուղարկաւորութեան ժամանակ հրեայ Յեփոնիայ (կամ Սեփոնիա) քահանային արարքը ու Գեթսեմանիի եկեղեցւոյն որմանկարներուն մէջ տեսնուած նկարդական տեսարանները. այդ մասին վերեւ յիշուած յիշատակարանը կը գրէ հետեւեալը. «Եւ յայնմ տեղւոջ ուր զսուրբ կուսին դագաղն կալաւ հրէայն արտաքոյ քաղաքին չտալ թաղել` գմբէթ կապեալ` ի չորից սեանցն, եւ սեանց պղնձի խաչ ըզգեցուցեալ, որ են մարմարիոնք, եւ անտի ցվայր 250 քարեայ աստիճանք մինչեւ ցսուրբ գերեզման կուսին ու րի ձորն Գեթսեմանի, եւ անտին մինչեւ ի լեառն Ձիթենեաց ուստի վերացաւ Քրիստոս 800 աստիճանք»: Այս հատուածին մէջ ակնարկուած քառասիւն շէնքէն մինչեւ Գեթսեմանիի ձորն շինուած քարէ աստիճանները կը յիշուին, բայց չի յիշատակուիր Ս. Կուսի Գերեզմանի եկեղեցին, փասի մը որ կ՚ապացուցանէ յիշատակարանի հինգերորդ դարու գործ մը ըլլալը ու այն եկեղեցիին շինութեան հինգերորդ դարու կիսուն կատարուած ըլլալը: Յիշատակարանիս նշանակած այս շէնքը բնականաբար կործանուած է Պարսից յարձակումներու ժամանակ: 723ին Willibald ուխտաւորը կը գրէ թէ «տեսած է մեծ սիւն մը` որ իր վրայ կը կրէր խաչ մը եւ ցոյց կու տար ա'յն տեղը ուր Հրէայք ուզեցին յափշտակել Ս. Կուսին մարմինը» (Տե'ս Nouveau Guide de Terre Sainte, էջ 115): Այս սիւնը կը նմար այն ճամբուն վարյ որ կ՚երկարէր Ս. Կուսի տունէն մինչեւ Գեթսեմանիի պարտէզը եւ յիշատակ մըն էր պատահած դէպքին:
       Ս. Աստուածածնի տանը մասին մեր Երուսաղէմացի Յովհաննէս եպս. (Հաննէ, 1733) իր Պատմ. Երուաղէմի գործին մէջ մի, եւ ի ծայր անկեան արտին գոյր սիւն մի նշանագրեալ յաղագս հրաշից եւ այժմ աւերեաց են ուր հանդիպեցան Հրէայքն». այս տողերն ալ կը հաստատեն վերոգրեալ յիշատակարանը, որ այժմ անյայտ է:
       Գեթսեմանիի եկեղեցիին հայկական յիշատակարանց կարգին կարելի է դասել Ձեռագիր Յայսմաւուրքի մէկ հատուածը (Տաշեան Ցուցակ, էջ 566), ուր կը կարդանք. «Մեծի եւ փառաւորեալ ննջման ամենաւրհնեալ սուրբ Կուսին Մարիամու Աստուածածնին: Պարտ եւ արժան է գիտել զգրեալ զսքանչելիսն` որ եղեն ի ննջումն ամենասրբուհւոյ աստուածածնի, զոր գրեաց Յովհաննէս առաքեալ եւ աւետարանիչն, եւ հարձուածող հերետիկոսք այլայլեցին»: Այս ձեռագիրը, որ 1591ին ընդօրինակուած է Յովհաննէս գրչին ձեռքով Առաքել եպս. ին համար եւ տեղը յայտնի չէ, ունի հետաքրքրական ներածութիւն մը, որուն մէջ կը կարդանք. «Զոր սուրբ Հայրք եւ կաթողիկէ եկեղեցի զխարդախութիւնն ( - այլայլեալ Ննջումը -) անփոյթ արարին, եւ որպէս ճշմարիտ լեալ ընդունէին եւ ընթեռուին: Եւ յետ ժամանակաց սրբասնեալ եպիսկոպոսապետն Թեսաղոնիկոյ գնաց յԵրուսաղէմ, եւ մըտեալ ի գեթսեմանի` եգիտ ի վաղնջուց ժամանակաց ի գիրս նշանագրով զպատմութիւն ննջման ամենասրբուհւոյ Աստուածածնին… »: Ներածութեան մէջ յիշուած Թեսաղոնիկոյ եպիսկոպոսապետին անունը չի յիշուիր ո'չ թարգմանչին եւ ո'չ ալ ընդօրինակողին կողմէն, եւ ո'չ ալ յայտնի է այս Ննջումն ըսուած ճառին թարգմանութիւն ըլլալը:
       M. Jugie կու լուսաբանէ մեզ (Տե'ս Echos d'Orient, 1922, էջ 293-307, 1923, էջ 385-397) իր ընդարձակ ուսամնասիրութեան մէջ գրելով Յովհաննէս եպս. Թեսաղոնիկեցին կենսագրութիւնը. կը վերլուծէ նաեւ անոր Ննջումն Ս. Կուսի անունով ճառը: Այդ տողերէն կը հասկցուի թէ Յովհաննէս Թեսաղոնիկեցին կ՚ապրէր Է. դարուն եւ եպիսկոպոսն էր Թեսաղոնիկէի եկեղեցիին. ան տեսնելով որ իր նախորդները զանց ըրած էին Ս. Աստուածածնի տօնին հաստատութիւնը Թեսաղոնիկէի մէջ, մինչ ուրիշ տեղեր առ հասարակ կը կատարէին նոյն տօնը, կը փափաքի որ Թեսաղոնիկէի մէջ ալ կատարեն տօնը, ուստի նկատի կ՚առնու Ննջումն Ս. Կուսի ճառը զոր Յովհաննէս Աւետարանիչը գրած էր, եւ կը տեսնէ որ հերետիկոսներ այլայլած են զայն եւ խարդախած, չայլայլուած կտորները հանելով կը վերահաստատէ աւանդական պատմութիւնը ու կը հաստատէ տօնը: Յովհաննէս եպս. ին յունարէն ձեռագիրը գտնուած է Ժ. դարուն Պադմոսի մատենադարանին մէջ եւ վերջին տարիներուն ալ հրատարակուած է. բայց մենք չենք գիտեր թէ ե՞րբ հայերէն թագրմանուած է եւ ո՞վ է թագրմանիչը. բայց ներածութեան հայերէն թարգմանութեան մէջ տեղեկութիւն մը կայ որ կը պակսի յունարէնին մէջ եւ չի յիշուիր թէ Ննջումն Ս. Կուսին հարազատ ճառը գտնելու համար Թեսաղոնիկեցւոց եպս. ը Երուսաղէմ եկած եւ Գեթսեմանի մտնելով գտած է հին ժամանակներէ գրուած ՆՆՋՈՒՄՆ Ս. ՈԿՒՍԻ պատմութիւնը, ինչ որ կ՚ապացուցանէ պայ թարգմանչին առաւելագոյն հմտութիւնը այս մասին:
       M. Jugie յիշեալ յօդուածէն կը հասկցուի թէ Յովհաննէս եպս. Թեսաղոնիկեցին ո'ր աղբիւրներէն կազմած է իր այդ ճառը. մեր նպատակէն դուրս է հոին մանրամասնել այդ պարագան բայց պէտք է յիշենք թէ Թեսաղոնիկեցւոց եպիսկոպոսը իր մատենագրական ճոխ արդիւնքներով ու եկեղեցական գործերով մեծ համբաւ մը շահած է իր դարուն, եւ այդ պատճառաւ է որ մեր նախնիք, հաւանաբար Ժ. դարէն վերջ, հայերէնի վերածած են իր այդ ճառը, թէեւ անոր անունը անծանօթ թողուած են ճառին ներածութեան մէջ. բայց M. Juhieի ուսումնասիրութեան շնորհիւ այլեւս յայտնի կը կը նկատուի այդ ճառին հեղինակին տանունը:
       Ինչպէս յիշուեցաւ, Ս. Աստուածածնի եկեղեցիին մէջ, թէ' բիւզանդական եւ թէ' Խաչակարց շրջաններուն Երուսաղէմի բոլոր քրիստոնեայ համայքները պաշտամունք կը կատարէին. եարաբական տիրապետութեան տակ եւս նոյնը կը շարունակուէր. թէեւ Սալահէտտինի յաղթութենէն յետոյ, 1187ին լատին պատրիարքը իր բոլոր կղերովթ ստիպուեցաւ Երուսաղէմէն հեռանալ, բայց ժամանակ վերջը դարձեալ Ս. Տեղեաց մէջ հաստատուելով նոյն սրբավայրին մէջ, ինչշէս կը յիշէ պատմութիւնը, զրկուած չէր կրօնական պաշտամունքներէ: Նոյն տաճարին սեպհականատիրութիւնը մեր ձեռագրաց յիշատակարաններէն յայտնի կ՚ըլլայ որ, մանաւանդ Սալահէտտինի յաղթութենէն վերջ, պարզապէս Հայոց ձեռքը մնացած է. թէեւ այդ մասին ալ վէճեր չեն պակսած. հետեւեալ պատմական պարագաները կը հաստատեն զայդ.
       1. Կարապետ վրդ. Երուսաղէմացին` 1230ին տեսնելով որ Գեթսեմանիի եկեղեցին անձրեւները խիճերով, քարերով եւ հողով լեցուած են, այնպէս որ միայն Ս. Կուսին Գերեզմանը կ՚երեւէր, մաքրել կու տայ մշակներուն, փակել կու տայ տեղւոյն խորշերը եւ բաւիղները, զոր ռոմիկները դրունք դժոխոց կը կոչէին:
       2. Մարտիրոս Պատրիարք Եգիպտացի` 1421ինկը նորոգէ Գեթսեմանիի Ս. Աստուածածծին եկեղեցին, անոր յատակը ու տանիքը կը յարդարէ սալով. ըստ Հաննէ վարդ. ի պատմութեան (էջ 272), անոր յիշատակարանը գրուած է եկեեղցիին դրսի մեծ դրան աջակողմը, հետեւեալ կերպով. «Ի Հայոց թուականին ԸՃՀ (= 1421), ես Տր. Մարտիրոս Արքեպիսկոպոս Երուսաղէմի, վասն բազում ժուրցն որ լցուէր յեկեղեցին, սալ կապեցի, զմէջն եւ զտէնիրն շինեցի: Յիշման առնէք զիս արժանի, եւ յիշողացդ տրն. ողորմի»: Բայց այդ արձանագրութիւնը չ՚երեւիր այժմ, վասն զի տաճարի դրան փառաւոր կամարը քարերով հիւսուած է եւ մուտքը նեղցուցած են, ուստի նոյն արձանագրութիւնը կամ ջնջուեցաւ եւ կամ քարերու տակ ծածկուեցաւ: Այս առթիւ պէտք է յիշել թէ Հաննէ (էջ 272) սա տեղեկութիւնն ալ կու տայ. «Այս փառաւոր Ս. Եկեղեցիս` յատուկ էր ազգիս Հայոց, որպէս ի յորմսն եկեղեցւոյն երեւին յիշատակարանք նորոգողացն եւ թուականք երկաթագիրք, որ լաթին լուսարար զչարեցաւ յայսմ պատճառէ, եւ կռանաւ եղծեաց գաղտ յումեքէ զգիրսն»: Մարտիրոս պատրիարքին նախորդը, Պօղոս Գառնեցին (յետոյ կաթողիկոս), 1413ին կը գնէ Գեթսեմանիի ձիթենեաց պարտէզը, որ ցայժմ սեպհականութնն է Ս. Յակոբայ: 3. Անդրէաս Պատրիարք Մէրտինցի` 1549ին կը մաքրէ Գեթսեմանիի եկեղեցին ու դատաւորին հրամանովը մարմարիոն քարերով կը նորոգէ Ս. Կուսին Գերեզմանը:
       4. Տեղացիք 1584ին արգելք կը յարուցանեն Հայոց Գեթսեմանիի եկեղեցիին մէջ պաշտամունք կատարելու. Խաչատուր եւ Փիլիպպոս եպիսկոպոսները մայրաքաղաքին մէջ կը դիմեն կայսեր եւ կ՚ստանան հրովարտակ` ըստ առաջնոյն շարունակելու եկեղեցական պաշտամունքը:
       5. 1650ին ալ դարձեալ նոյն եկեղեցին ջրով կը լեցուի, այս անգամ Հայք, Յոյնք եւ Լատինք կը մաքրեն եկեղեցին, ուր ջուրը մինչեւ սեղանները բարձրացած էր եւ գաւթին մէջ դիզուած հողը կը պարպեն:
       Վերեւ յիշուած ցուցումներէն չորսը յայտնի կը վկայեն թէ Ս. Աստուածածնի Գերեզմանի եկեղեցին հայկական սեպհականութիւն մըն էր. հաւանական կը թուի որ Հայոց շնորհուեցաւ նոյն եկեղեցին 1187էն սկսեալ, երբ Սալահէտտին Երուսաղէմը գրաւեց եւԼատինք մերժուեցան քաղաքէն ու Ս. Տեղերէն: Քրիստոսի Ս. Գերեզմանին` սալահէտտինի կողմէն Հայոց շնորհուելու պատմական պարագան (Տե'ս Սիոն 1929, էջ 172) կը քաջալերէ մեզ որ ճշդութիւն մը նկատենք Գեթսեմանիի եկեղեցիին Հայոց սեպհական ըլլալը, մանաւանդ որ նոյնը կը հաստատեն վերեւ նշանակուած պատմական արձանագրութիւնները, որով սա եզրակացութեան կու գանք թէ Ս. Աստուածածնի տաճարը ԺԲ-ԺԶ դար Հայոց ձեռքը կը գտնուէր:
       Քաղաքական ազդեցութիւններու հետեւանքով սակայն, յետոյ Յոյներն ու Լատիններն եւս միջամտեցին եւ Հայոց հետ սեպհականատէր դարձան նոյն տաճարին: 1758ին Յոյները համարձակեցան հրովարտակով տաճարին սեպհականութեան մասնակցութենէն դուրս հանել Հայերը եւ Լատինները, բայց ՀԱյք մէկ տարի աշխատեցան Յունաց անիրաւութիւնները հերքելու եւ յաջողեցան ձեռք բերել իրենց կորուսած իրաւունքը. իսկ Լատինք չյաջողեցան: Հիճրէթի 1228 թուականին Սուլթան Մահմուտի շնորհած կրկին հրովարտակներով Հայք եւ Յոյնք սեպհականատէր եղած են Ս. Կուսի նոյն տաճարին, իսկ Հայոց հետեւակ Ղպտիները եւ Ասորիները հոն կրնան պաշտամունք կատարել, ինչպէս յիշած ենք:
       Ս. Աստուածածնի տաճարին մէջ Հայոց սեպհական տեղերեն են. 1 . Ս. Յովսեփայ Գերեզմանը. 2 . Տեսչի սենեակը. 3 . Եկեղեցիին արեւմտեան թեւը. 4 . Աւագ սեղաանը զոր շինել տուած է Հեթում Բ. 1300ին. 5 . Ս. Բարթողիմէոսի եւ Թադէոսի սեղանը: 6 . Ընծայման սեղանը. 7 . Լուսարարի ննջասենեակը:
       Ընկերովի սեպհականութիւններն են. 1 . Արտաքին գաւիթը, զոր Հաննէ (էջ 264) կ՚անուանէ Գթունի. 2 . Տաճարին արտաքին դուռը. 3 . Ջրհորը, թէեւ առաջ Հայոց կը պատկանէր: Այս ընկերովի սեպհականութիւններուն մէջ Հայք ունին նաեւ որոշ իրաւունքներ, որ շատ կանուխէն համաձայնութեամբ կանոնադրուած են:
       Հոս զանց կ՚ընենք նկարագրել այն հայկական իրաւունքները որ կը վերաբերին կանթեղներու, շարաններու եւ ջահերու, պատարագելու կարգին եւ հանդէսներու, նաեւ աւելածութեան մասին: Անոնց մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ ընկերովի սեպհականութեանց կանոնագրեալ որոշ իրաւունքները տեսնել Բովանդակութիւն Ազգ. Սեփահականութեանց, ընկերովի իրաւանց, արարողութեանց եւ սովորութեանց ի Տնօրինական Ս. Տեղիս» գիրքին մէջ (էջ 73-93):