ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Դաւթի աշտարակին դիմացը, Սիոն երթալու ճանապարհին վրայ Անկլիքան բողոքականաց եկեղեցւոյն ետեւը կը գտնուի Եագուպիէհ անունով մզկիթ մը, որ ժամանակին քրիստոնէական եկեղեցի ըլլալով` իսլամ աղօթատեղիի փոխարկուած է: Նոյն շէնքը` հակառակ որ բանուկ պողոտայի մը վրայ կը գտնուի, աննշմար կը մնայ անցորդներէն, վասն զի ան բոլոր կողմերովը ծածկուած է նոր շէնքերով եւ կարելի չ՚ըլլար տեսնել զայն մեծ պողոտայէն:
       Մենք Եագուպիէհ մասին պատմական տեղեկութիւններ տալէ առաջ հոս պիտի նշանակենք ձեռնհաս գիտուններու կողմէն գրի առնուած ճարտարապետական քննութեանց երկու տեղեկագիրները. յետոյ պիտի յիշենք Եագուպիէի նախկին հիմնարկութիւնը իր պարագաներով, նոյն հիմնարոկւթեան յարակցութիւնները, եւ պիտի պարզենք թէ Եագուպիէն մին եղած է ա'յն հայկական վանքերէն` որ հին ժամանակները գոյութիւն ունէին Ս. Քաղաքին մէջ, ըստ մեր յիաշատակարանց:
       1 . Նոյն շէնքին առաջին ճարտարապետական քննութիւնը գրի առած է Բրօֆ. Herr Baurath von Schick, որուն գրուածքէն կը հասկցուի թէ «Եագուպիէն դուն ուրեք կը գործածուի եւ քիչ անգամ նորոգուած է եւ թէ լաւ պայմաններու մէջ պահպանուած է. ո'չ նորոգութեան եւ ո'չ ալ փոփոխւթեան նշան կը կրէ եւ կը թուի թէ իրօք իր շինութենէն ի վեր անփոփոխ մնացած է: Կը կարծուի որ Խաչակարց ժամանակի շինուածք մ՚է եւ վանքի մը նմանութիւնը ունի, թէեւ իբր բնակարան ալ գործածուած իսկ կրնայ ըլլալ: Ժամանակ մը Դաւթի բերդին մէջ բնակող զինուորներուն աղօթատեղին եղած է ան, բայց յիսուն տարուն ընթացքին` շատ քիչ անգամ գործածած են զայն. վասն զի Միջնաբերդին մէջ կար աղօթքի համար ուրիշ տեղ մը: Խրիմի պատերազմին` կարճ ժամանակի մը համար գործածուած է իբր տաղաւար: Նոյն շէնքին արեւմուտքը կը գտնուի փոքր գաւիթ մը: նոյն շէնքին արեւմուտքը կը գտնուի փոքր գաւիթ մը: Ուղեգիրներէ յիշուած եօթն սինակոկներէն մին չէ ասիկա, եւ աւելի նոր է քան մօտը գտնուած կիսաւեր Ս. Թովմայի եկեղեցին: Կոզակին մօտ փոքր սենեակներ չունի, բայց ծածկուած է կիսաշրջանակային կամարով մը: Ինչպէս իր անունաը ցոյց կուտայ` նուիրուած էր ան Ս. Յակոբ Առաքելոյն անուան»:
       2 . Եագուպիէի ճարտարապետական երկրորդ քննութիւնը կատարած են Hugues vinxent et F. M. Abel Դոմինիկեան Հայրերը որոնց Jerusalem Nouvelle խորագրով երկասիրութեան մէջ . Հատրո, էջ 558-561) հետեւեալը կը կարդանք:
       «ԺԵ. դարու վերջերը Միւճիր էտ-ինա ժամանակագիրը իր պատմութեան մէջ կը յիշատակէ Եագուպիէն: Այդ ժամանակ նոյն շէնքը կը ճանչցուէր իբր Զավիէ Պաղտատցի Շէյխ Շէմս էտ-տին. բայց հմուտ պատմաբանին ծանօթ էր որ սոյն տեղը յիշուած յարգելի անձին բնակարանը ըլլալէ շատ առաջ, այս յիշատակարանը կառուցուած էր ի յիշատակ պարսիկ վկայ Յակովկի որ կը կոչուէր Շէյխ Եագուպ Էլ- Աճէմի, եւ թէ այս հիմնարկութիւնը Րումներու ժամանակ տեղի ունացեծ է:
       Միւճիր էտ - տինի սովորական բառագիտութեան մէջ րում բառը կը նշանակէ բիւզանդական թուականի յոյները. այսպէս է ընդհանրապէս իր թանկագին ճշմարտութիւնը որով Clermont-Ganneau` համաձայն այս տեղեկութեան` կ՚եզրակացնէ Եագուպիէի բիւզանդական ծագումը: Եւ որովհետեւ Բրօֆ. Schick նոյն շինութեան ամբողջական յատակագիծը հրատարակելով` սա կարծիքը կը յայտնէր թէ` «ան խիստ հաւանականութեամբ Խաչակարց թուականին կը պատկանէր». գիտնական վարրպետը չէր վարաներ ազրակացնել թէ` «այս կարծիքը շատ ընդունելի չէր կրնար ըլալ` Միւճիր էտ - տինի վճռական հաւաստումին հանդէպ»:
       Ո'չ ինքը եւ ոչ ալ Schick չէին կրցած քննութեան առնել բիւզանդական եւ միջինդարեան ճարտարապետական նիւթերու մէջ աւելի քան այն խիստ դատաւորը որ 1860ին` կը գրէր թըէ «Այս փոքր եկեղեցին Խաչակրաց ժամանակին կը վերաբերէր»: Շէնքը երբ մեր առջեւը կը գտնուի` դժուարին է այսպէս վճռաբար արժեցնել Միւճիր էտ - տինի հաւաստիքը De Vogueի խիստ գնահատելի ճարտարապետական կարծիքին եւ Schickի համակարծիք տպաւորութեան դէմ: Ի բաց առնելվ նախնական հիմնարկութիւնը, միջին դարու լատին դրոշմը կարելի չէ տարակուսի տակ ձգել:
       Յատակագիծը շատ պարզ է. Պաղեստինի մէջ Ֆրանկ ժամանակաշրջանին բազմաթիւ եկեղեցիներու յատակագծին կը նմանի. այսինքն երկայնշի փոքրիկ գաւիթ մը ունի, արեւելքի կողմը նեղուցած է եւ թեթեւակի խորացած` կիսաշրջանակի ձեւով կոզակին առջեւ տեսակ մը դասի վերնատուն հաստատելու համար: Այս կոզակը խնամեալ շինուածքի մը մէջ կրկնակոր (culde-four) կամար մը ունի: Բոլորաձեւ անկանոն ցած կամար մը այժմ կը ծածկէ եկեղեցիին մնացորդը, բայց շատ տարակուսական չէ որ ա'ն աւելի կամ նուազ ուշ կերպով յաջորդած է աւելի բարձր, բոլորաձեւ կամ որրանաձեւ կամարի մը: Այս կարծիքին ապացոյցը պիտի գտնուի ա'յն յարաբերութեան մէջ զոր ան ունի պատուհաններուն եւ ի մասնաւորի հիւսիսային արեւմտեան պատութանին հետ: Խիստ հաստ պատի մը մէջ բացուած եւ գեղեցկօրէն շինուած այս որմածակը ներքնապէս ազատուած է այժմս թագատուած լայն կամարով մը. արդի կամարը անհաւասար բարձրութեամբ իր կիսաւեր սիւներովը կը յենու սովորական քարի կտորուանքներով շինուածքի մը (blocage) վրայ եւ բաւական ձախող կերպով աղեղնաձեւ փորուած վիճակով մը իբր թէ պահպանելու համար այն ձեւը որ ունէր հին պատուհանը: Նմանօրինակ լեցուածքներ շինուած են ուրիշ որմածակերուն առջեւ. եւ եթէ այս մասը ինքն ըստ ինքեան ստուգապէս անկանոն բան մը չունի, կրնայ կազմոած ըլլալ ընտիր շինուածքով, բայց ինչ որ անկանոն է հոս եւ փոփոխութիւնը կը մատնէ` շարակապութեան անյաջողութիւնն է:
       Խիստ չափաւոր կտրածով (profil) ընթացիկ պսակ մը (corniche) շինուածքին ամբողջ շրջանը կ՚ընէ եւ այս արձանագրութեան արժանի պարագան, որ է պսակին բոլորակութեան եւ գեղեցկութեան համեմատութիւնը (modenature), նկատելի ալ շինուած է որ` իր միջնադարեան որոշ նկարագրին հակառակ, պիտի վանարէինք ընդունիլ զայն իբր հաստատութիւն «Ֆրանկներու» գործին, եթէիր վկայութիւնը շատ աւելի յստակ նշաններով լծորդուած չըլլար. կոզակին եւ պատուհաններուն գիծերը, մանաւանդ կոզակին մէջ գործածուած նիւթերուն շինութիւնը, կամարապորտերու ճարտար կտրարուեստը (decoupage) բացարձակ կերպով յատկանշական են Խաչակրաց աշխատանքին մէջ:
       « Այսպիսի համեստ շէնքի մը միայն պատերուն հաստութիւնը նկաին առնելով` կրնանք կարծել թէ շէնքը իր վրայ կը կրէր ուրիշ անհետացած մասեր, թերեւս պարզ աշտարակներ, բայց ոեւէ թէքնիք մանրամասնութիւն չի հաստատեր զայս:
       Ի մի բան, անուրանալի է որ սոյն շէնքը իր էական մասերովը Խաչակիրներուն գործն է: Հաւանական է որ բիւզանդական շրջանին հոս կար մատուռ մը զոր շինած էր ուրիշ քրիստոնեայ համայնք մը, յանուն Ս. Յակոբ Ալփեանի, յետոյ պարսիկ Ս. Յակովկի փոխուած. նախանձախնդրութեան Ս. Յակոբ Զեբեդեան առաքելոյն վկայարանին` որ տարբեր համայնքի մը կողմէն իր մօտիկը բարձրացած ու պայծառացած էր նոյն թուականին…»: 3 . Եագուպիէի այս երկու ճարտարապետական քննութիւններէն կը հասկցւոի թէ նոյն վանքը Խաչակրաց շինութեան դրոշմը կը կրէ: թէեւ երկրորդ քննութիւնը գոնէ արեւանցի կը ծանօթագրէ թէ աւելի հին ժամանակներու մէջ նախնական հին մատուռ մը կար եւ յետոյ Խաչակիրք նորոգեցին եւ շէնքին տուին միջնադարեան ոճ մը: Այս երկրորդ բացատրութիւնը պատմականօրէն ճիշդ է, վասն զի Պետրոս եպս. վրացիին անանուն կենսագիրը, ինչպէս ուրիշներ, կը հաստատեն թէ նոյն եպիսկոպոսը դեռ մենակեաց երբ Պոլսէն Երուսաղէմ այցելեց 430ին վանականութեան փափաքով, Դաւթի աշտարակին հետ հաստատեց վանք մը եւ որ կոչուեցաւ Վրացւոց Վանք: Եկեղեցական պատմութենէն ծանօթ է քաղկեդոնական խնդրոց համար Յոբնաղի պայքարը ընդդէմ հակաքաղկեդոնիկներու, ոոնց մէջ կը գտնուէր Պետրոս վրացին: Վերջինս Յոբնաղի հետապնդումներէն ազատ մնալու համար Երուսաղէմէն մեկնեցաւ, ինչպէս կը հաստատէ իր աշակերտը Յովհաննէս Ռուփինոս իր Նախատեսութիւնք Սրբոց (Plerophories) գրուածքին մէջ:
       Պետրոսի մեկնումէէն վերջ դարձեալ վանքը պահեց իր գոյութիւնը: Յուստինիանոս յետոյ նորոգեց զայն, ըստ Պրոկոպիոսի: Արեւելեան վկայաբանութիւններէն կը հասկցուի որ 422ին Վռամ Ե. նահատակած էր քրիստոնեայ պալատական Յակովիկը եւ ուզած էր ոչնչացնել անոր նշխարները: Յակովիկ իր կրած բազմազան չարչարանքներուն համար, ըստ մեր վկայաբանութեան, կոչուած է բազմահատ. Ասորոց մէկ վկայաբանութիւնը կը ծանօթագրէ թէ Պետրոս վրացին երբ Երուսաղէմ կը հասնի իր հետ կը բերէ երկու պարսիկ վկաներու նշխարները, թէեւ անոնց անունը յայտնի չէ: Պետրոս երբ «միաբնակութեան» խնդրով կը թողու Երուսաղէմը իր հետ կը տանի այն նշխարները, որուն կ՚ակնարկէ նաեւ «բազմահատ»ին հայերէն վկայաբանութիւնը: Մասունքներու փոխադրութեան պարագան պատմական ըլլալով հանդերձ, թէեւ մանրամասնութեանց մէջ անորոշութիւններ կը դիտուին, բայց Goussenի հրտարակած վրացական ծիսարանը` որուն ձեռագրաց երկու օրինակները ան գտած է մին Երուսաղէմի Ս. Խաչ վանքին եւ միւսը` Սադպէրտի մէջ, ունի հետեւեալ ծանօթագրութիւնը. «Պետրոսի վանքին մէջ Նոյ. 27ին յիշատակութիւն Յակովիկ բազմիմաստ վկային»: Իսկ մի ուրիշ ասորական ծիսարան ունի հետեւեալը, դարձեալ նոյն վանքին մէջ. «27 Նոյ. Պետրոս վրացի եպս. Մայումայի (Գազա) եւ Յակովիկ բազմահատ եւ աբբայ Եսայի»: Երրորդ ծիսարան մ՚ալ ունի «27 Նոյ . Պետրոս եպս. Մայումայի եւ Յակովիկ պարսիկ»: Ահա թէ ինչ պատճառով Պետրոսի վանքը կոչուէր է Եագուպ էլ Աճեմի, կամ Եագուպիէհ. պարզապէս յայտնի է օէ պարսիկ վկային յիշատակութենէն յառաջ եկած է նոյն անունը, ինչպէս յայտնի կ՚ըլլայ նաեւ Միւճիր էտ - տինի վկայութեիէի որմէ կը հասկցուի թէ եկեղեցին շինուած է Րումներէն (բիւզանդական Յոյների): Յուստինիանոսի կողմէն կատարուած նորոգութիւնն ալ կ՚արդարացնէ այս ապացոյցը:
       4 . Պետրոսի վանքի մասին ճշդումներ եւ պատմական տեղեկութիւններ տալէ յետոյ պիտի փորձենք պարզել նոյն վանքին` եթէ ոչ աւելի յառաջ, վգոնէ Ը. դարէն սկսեալ հայոց սեպհականութեան տակ մնալը: Վանքին հիմնադիրը Պետրոս վրացին դաւանական վէճերու հետեւանքով, ինչպէս վերեւ ակնարկեցինք, Երուսաղէմը թողլով գնաց հաստատելու Գազայի կողմերը եւ հո'ն ալ շինեց վանք մը: 431էն յետոյ նոյն կոմղերը եկած էր նաեւ Աբբայ Եսայի` Եգիպտացի եւ Իսկիտէի վանականներէն մին: Պետրոսի բնակութիւնը միայն չորս մղոն հեռի էր Եսայիի վանքէն` որուն այժմու տեղւոյն անունը կը կոչուի Թէլ Էշ- Շուպանա: Եսայի եւ Պետրոս կապուած էին ոչ միայն «միաբնակ» դաւանակցութեամբ այլ նաեւ սրտակից բարեկամութեամբ, իրենց դաւանութեան վէճերը կը վարէին միասնաբար եւ կը պահպանէին անապատի կեանքի կանոնները, զորս կ՚ուսուցանէին ընտրեալ աշակերտներու: Աբբայ Եբայի 31 Օգոստոս 488ին վախճանեցաւ եւ իր մարմինը ամփոփեցաւ Ձիթենեաց լերան Հայոց սեպհական Ս. Յովհաննէս Մկրտչի վանքին մէջ ու անոր գերեզմանը զարդարուեցաւ գեղեցիկ մոզայիքներով եւ հայկական արձանագրութիւններով: Աբբայ Եսայիի Հայոց հետ դաւանակցութեան պարագան էր որ Ս: Երկրի հայ իշխանները այդ յարգանքը ընծայեցին Եսայի անապատականի: Պետրոս վրացին ալ ապրեցաւ 80 տարեկան, եւ վախճանեցաւ նոյն տարին Դեկտ. 1ին, ըստ իր անանուն կենսագրին: Ան իր դաւանակցութեան պատճառաւ Հայոցմէ կը վայելէր յարգանք եւ պատիւ. ինք է որ կը գրէ Հայոց (Տե'ս Միքայէլ Ասորի, էջ 174-5) եւ երանի կը կարգայ որ Հայք ներկայ չեն գտնուած քաղկեդոնի ժողովին եւ յատնապէս կ՚աւելցնէ սա տողերը. «Ի Քաղկեդոնի ուրացան զՔրիստո դուք պինդ կացէք ի հայրնի հակատդ որ շնորհեցաւ ձեզ ի Տեառնէ եւ աշխարհիդ ձեր, զի որպէս երբեմն սերմն մարդկութեանս այդուստ սփռեցաւ ընդ աշխարհ, նոյնպէս առ ձեզ պահեցաւ սերմն ուղղափառ հաւատոյ, եւ ի ձէնջ տարածելոց է ընդ բազումս: Ողջ լերուք յանսասան վէմն Քրիստոս, որդեակք իմ»: Այս երկու վանականներուն Հայոց հետ այսքան մերձաւոր կապակցութեան նայելով` յայտ յանդիման իմացողութեամբ (intuition) չէ՞ կարելի իրենց եկեղեցւոյն ծիսարանէն, Հայք դաւանակցութեան հետեւանքով կրնային տիրանալ ա'յն վանքին` որուն հիմնադիրը եղաւ Պետրոս վրացին, ինչպէս Յոյները նոյն նպատակաւ գրաւեցին վանքերը եւ եկեղեցիները այն Վրաց եւ Սերպերու որոնք այլ եւ այլ պատճառներով լքեցին իրենց սեպհականութիւնները: Թերեւս պիտի առարկուի թէ պատմական ճշմարտութեան հաւաստումին աղբիւրը յիշատակարաններն են. բայց մենք որքան որ ի ձեռին չունինք այդ մասին կակառուն յիշատակարաններ, սակայն ունինք ժամանակի սուր ժանիքներէն ազատուած քանի մը տողերէ բաղկացեալ պատմական փաստ մը: Ը. դարու գրի առնուած ծանօթ Հայ Վանօրէից Ցուցակը կը գրէ սա տողերը. «Բատրոյ վանքն որ յանուն Սուրբ Աստուածածնի, որ առ աշտարակին Դաւթի է». որ կը համապատասխանէ ճշդիւ Դաւթի աշտարակին դիմացը շինուած Պետրոսի վանքի տեղագրութեան: Հ. Ալիշան նոյն Ցուցակին գաղիերէն թարգմանութեան մէջ կը յարէ թէ Բատրոյ կամ Բատուր անձ գոյութիւն չունի, եւ կը կարծէ թէ Բակուր պէտք է կարդալ. ո'չ մին եւ ո'չ միւսը, ճշդօրէն պետք է կարդալ Պետրոսի վանք, ինչպէս ուրիշ արեւելեան եկեղեցեաց ծիսարաններն ալ նոյնը կը յայտնեն: Անաստաս վրդ. ի այս համեսի յիշատակարանէն որոշ կը հասկցուի թէ վանքը Ս. Աստուածածնի անուան նուիրուած էր եւ ոչ թէ Ս. Յակոբ Առաքելոյն. վանքին Եագուպիէհ անունէն կը հետեւցնեն Ս. Երկրի ուղեցոյց շինողները թէ վանքը նուիրուած էր Ս. Յակոբ Առաքելոյն. Եագուպիէհ անունը, ինչպէս տսենուեցաւ վերեւ, յառաջ եկած է պարսիկ Յակովիկ վկային նշխարաց փոխադրութենէն այս վանքին մէջ:
       Եագուպիէի մասին օտար նոր ուղեգիրներէն տեղեկութիւն մը չունինք. բայց չեմ կրնար անտես ընել Վըրզպըրկի Յովհաննէս եպիսկոպոսի մէկ ծանօթագրութիւնը (Tobler, էջ 160). յիշեալ եպիսկոպոսը Դաւթի աշտարակին դիմացը Metochion կ՚այցելէ ու կը գրէ 1160ին թէ նոյն հաստատութիւնը Հայոց կը վերաբերի. Մար - Սաբայի վանքի նոյն սեպհականութիւնը որ յունաց կը վերաբերէր, շատ մօտ էր Եագուպիէի վանքին, չէ՞ կարելի կարծել թէ Եագուպիէի վանքի Հայոց կը վերաբերի ըսելու տեղ գրչի վրիպումով մը կամ շփոթմամբ Metochion կը յիշատակէ իբր հայկական սեպհականութիւն, ինչ որ սխալ մ՚է: Khitrowo ռուսազգին իր թարգմանած Ճանապարհորդութեան մը մէջ կը գրէ թէ (էջ 325) 1558ին Պազիլ Պոսնիաքով անուն ուխտաւոր մը Մար - Սաբայի վանականները պատսպարուած կը գտնէ Ս. Միքայէլի Սերպ վանքին մէջ, Ֆրանչիսկեանց վանքին մօտ, այն պատճառաւ որ Metochion գրաւուած էր նոյն ժամանակ: Այս ծանօթագրութիւններէն կը հասկցուի որ ԺԶ. դարու յունական վանքին հետ գրաւուած էր Եագուպիէն ալ, ինչպէս կ՚ակնարկէ Միւճիր էտ-տին ( 1521) եւս իր Պատմութեան մէջ: Յունական նոյն վանքին տեղը այժմ անյայտ է, իսկ Եագուպիէն կը մնայ իբր մզկիթ: