ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ֆաթիմեանք, Եգիպտոսի կայսրութեան տէրերը յառաջ եկան շիա ըսուած կրօնական շարժումէ մը, եւ կը պատկանէին շաի իսլամութեան. 909ին Ափրիկէի հիւսիս - արեւելքը կազմակերպուեցան եւ 969ին Ֆաթիմեան Մուիզզի զօրապետ Կոհարի առաջնորդութեամբ կը գրաւեն Եգիպտոսը եւ կը հիմնեն նոր մսայրաքաղաքը` Գահիրէն ուր 973ին կը հաստատուի Մուիզզ ( 975):
       Ֆաթիմեան էլ Մունսթանսըր սուլթանին ժամանակէն սկսեալ սուլթանութիւնը կ՚սկսի տկարանալ, այնպէս որանոնց իշխանութեան միջոցը կը սահմանափակուի միայն Եգիպտոսի մէջ. մէկ դարու ժամանակամիջոցին մէջ Եգիպտոս փայլուն եւ ազդեցիկ դիրք մը կ՚ունենայ, շնորհիւ այն հզօր եւ կարող հայ վզրուկներուն` որոնք Եգիպտոսի ժողովուրդը կը կառավարէին երկածի բազուկներով. 1067-1138 շրջանին էր որ Ֆաթիմեան սուլթանները իրենց կառավարութեան ղեկը յանձնած էին Պատր ալ Ճէմալի, Ալ Աֆտալ Շահնշահի, Շապանի, Հաֆար Ալ Մուզաֆֆէրի, Գորդէֆադի, Եանէսի, Վահրամի, Տէրի եւ այլոց. ասոնք իսլամացած էին, բաց ի Վահրամէն որ քրիստոնեայ մնալով հանդերձ շատ կարող կառավարիչ մը եղածէ Եգիպտոսի մէջ. ասոնք որքան որ իսլամացած էին, բայց եւ այնպէս նպաստաւոր եղանակաւ մը կը վարուէին հանդէպ Հայոց: Ասունցմէ առաջին երկուքը մեծ ազդեցութիւն ունէին պետական գործերու մէջ, անձամբ կը վարէին բանակը եւ կը մտնէին պատերազմի մէջ. խաղաղ ժամանակներուն մէջ չէին մոռնար երկրագործութեան ու վաճառականութեան զարգացման գործը. մեր գերեւ թուած հայ պաշտօնատարներէն ոմանք ալ կարճ ժամանակի մը համար պաշտօն վարած են. իսկ Վահրամ ու անոր եղբարը Վասակ մեծ գովեստներով կը յիշուին արաբ պատմագիրներու կողմէն: Եգիպտական պատմութեան համար յիշատակելի թուական մը պիտի մնայ հայ վզրուկներու իշխանութեան այդ ժամանակամիջոցը: Էլ Ատիտ Ֆաթիմեան վերջին սուլթանթ 1160ին գահ բարձրացած էր. քսան տարիէ աւելի կը պակսէր հայ վզրուկի մը հզօր ձեռքն ու ազդեցութիւնը կառավարելու երկիրը. հետզհետէ կը տկարանար սուլթանին իշխանութիւնը ու սարսած էր իր գահը. պալատին ու վեզիրներուն մէջ սկսած էր պառակտումթ: Շավէր եւ Տարկամ կը պայքարէին վէզիրութեան համար. Շավէր դիմեց Հալէպի Աթապէկ Նուրիտիտնի որ օգնէ իր յաջողութեան` իր տիրապետութիւնը Եգիպտոսի վրայ դիւրացնելու փոխարէն:
       ԺԱ. դարուն, առաջաւոր Ասիոյ մէջ ծագում առած էին թուրք իշխանութիւններ` րոոնց պետերը կը կոչուէին Աթապէկ. ասոնք գերիներ էին, ազատագրուած կամ ոչ, որոնց կը յանձնաուէր իշխանազուններու խնամածութիւնը կամ կրթութիւնը: Աթապէկ տիտղոսով ասոնք իրենց ծառայութեանց փոխարէն առանձնաշնորհում կ՚ստանային շատ անգամ վարել զօրաց հրամանատարութիւնը, գաւառներու կառավարչութիւնը, ու երբեմն ալ անոնց կը յանձնուէր ամենէն փշոտ եւ բաբուկ խնդիրներու կարգ ադրութիւնը. իրենց կարգին ասոնք աք ի շխանազուններու համակրանաց ու երախտագիտութեան վրայ կռթնելով` կը կազմէին անկախ իշխանութիւններ:
       Թուրք մը Ագ - Սոնքոր («սպիտակ բազէ») սոյն տիտղոսով, այս դարուն, Պալէպի եւ Սիւրիոյ շատ մը քաղաքներուն կառավարիչ ընտրուած էր եւ Ապպասեալ Խալիֆայէն Քասիմ - էտ - տօլա (իշխանութեան բաժնեկից) տիտղոսը ստածաց էր: Այս տիտղոսը, միեւնոյն ժամանակ իր իշխանութիւնը ժառանգեց իր որդին Ապու - Սայիտ Զէնկիի, որուն բուն անունն էր Մահմուտ, եւ ան երբեմն ալ կը կոչուււէր Իպն - էլ - Քասիմ, համաձայն այն տիտղոսին` զոր ստացած էին իր հայրը եւ մեծ հայրը: Նուրէտտին յաջորդեց իր հօրը 1146ին. ինքը բարեպաշտ իսլամ մ՚էր. ան նուիրուեցաւ սուրբ պետարազմի. ֆրանկներէն գրաւեց Մարաշը, Պանիասը եւ ուրիշ բերդեր: որթոտօքս իսլամ էր եւ ուզեց Հալէպէն անհետացնել շիիդ վարդապետութիւնները, զոր Ֆաթիմեանք հոն հաստատած էին: Հիւանդանոցներու եւ Գուրանի ուսուցնչներուն վագֆներ հիմնարկեց, եւ հրամաններ արձակեց Պետեվիներուն որ ուխտագնացութեան արգելք չըլլան. շինել տուաւ Մետինէի պարիսպը. ճանապարհներուն վրայ հաստատեց քերվանսարաներ եւ կամուրջներ: Ան գրաւեց շատ մը քաղաքներ եւ Խաչակրաց վրայ մեծ յաղթանակներ տարաւ, եւ այս կերպով մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ իր սահմաններուն մէջ: 1151ին Սալահէտտին Եուսուֆ թողլով իր հայրը Նէճմ - էտ-տին Էյուպ` այն ատեն Պաալպէքի կառավարիչ -, եկաւ դիմելու Շիրքուհի` իր հօրեղբըր, որ իր կարգին ներկայացուց զանիկա Նուրէտտինի որ գրկաբաց ընդունեց Սալահէտտինը: Եգիպտոսէն ՇԱվերի դիմումին վրայ Նուրէտտին` իր կողմէն իբր պատուիրակութիւն Եգիպտոս ղրկեց Շերքուհը եւ Սալահէտտինը Շավէրը հաստատելու իր պաշտօնին մէջ: Շիրքուհ քուրտերու եւ թուրքերու բանակով մը Եգիպտոս անցնելով յաջողեցաւ Շավէրը պաշտօնի վրայ դնել. սակայն Շավէր տեսնելով որ Շերքուհ իր տիրոջ տիրապետութեան համար ձկտումներ ունի, կը բանակցի Խաչակրաց հետ: Շերքուհ` Սալահէտտինի հետ 1169ին վերջնականապէս յաղթանակ կը տանի անոնց վրայ եւ Սուլթանը Շավէրի բռնապետութենէն միանգամ ընդ միշտ ազատելու համար պաշտօնակ կ՚ընէ զանիկա եւ Շերքուհ` Սալահէտտինի ձեռքով կը կալանաւորէ պաշտօնակ վէզիրը, երբ ան Ասորւոց բանակին մէջ կը գտոնւէր արարողութեան մը համար: Խալիֆան այս յաջողութեանց վրայ կը հրամայէ մահուամբ պատժել Շավէրը, եւ ժողովուրդն ալ կը կողոպտէ անոր պալատը: Մէլիք-էլ-Մանսուր տիտղոսով` Շերքուհ կ՚ստանձնէ բանակին հրամանատարութիւնը (Էմիր-էլ-Ճուեուշ), բայց երոկւ ամսի հինգ օր յետոյ կը հիւանդանայ եւ կը վախճանի 1169 Մարտ 22ին: Սիւրիացի զօրադլուխներուն հակառակ, Սուլթանը Շերքուհին տեղ ընտրեց Սալահէտտինը` եղբօրորդին վախճանելոյն, թերեւս գտնուողներուն ամենէն խելացին ու կարողագոյնը ըլլալուն: Սալահէտտին Էլ - Մէլիք - ան - Նասըր տիտղոսը ստանալով ճարտարութեամբ կարողացաւ իր կողմը գրաւել հակառակորդները եւ արագօրէն Եգիպտոսի բացարձակ տէրը եղաւ իրեն նախորդնրեուն նման: Եգիպտոսի քաղաքական իրաց վիճակը իմանալով` Խաչակիրք տագնապի մատոնւեցան եւ եւրոպական պետութեանց ու Բիւզանդացւոց դիմումներ ըրին վտանգաւոր կացութեան դարման տանելու. դիմումներն անհետեւանք մնացին. ու Խաչակիրք որքան որ Եգիպտոսի ծովեզերքեայ սահմաններուն մօտենալով յարձակում գործել ուզեցին, բայց չյաջողեցան ու ետ դարձան: Սալահէտտին երբ Տամիէտ գնաց` Խաչակիրք արդէն թողած էին Եգիպտոսը. հոն կռուող թշնամիներ չգտաւ: Այս յաջողութիւնները լսելով` Նուրէտտին հրաման ղրկեց Սալահէտտինի որ Ֆաթիմեան սուլթանին անունը ուրբաթի հրապարակային աղօթքի ատեն դադրեցնելով անոր տեղ Ապպասեան խալիֆային անունը. Սալահէտտին չուզեց անմիջապէս այս յանդուգն ձեռնարկը ընել. իր զօրապետներուն խորհուրդին ենթարկեց զայն, եւ անոնց թեր ու դէմ խօսքերէ յետոյ որոշեցին համակերպիլ Նուրէտտինի հրամանին: 1171ին Ապպասեան սուլթանին անունը յիշատակեցաւ ուրբաթի աղօթքի ժամանակ. ասիկա յեղափոխութիւն մ՚էր. սակայն ժողովուրդը` հակառակ մտավախութեանց, կատարեալ անտարբերութեամբ ընդունեցաւ այս որոշումը: Ֆաթիմեան սուլթանը անտեղեակ էր այս իրադարձութեանց. ան հիւանդ, եւ փակուած էր պալատին սենեակներէն միոյն մէջ. ոչ մէկը անոր տեղեկութիւն տուաւ եղած փոփոխութեան եւ իր գահընկեցութեան մասին. եւ խալիֆան քիչ ժամանակէն մեռաւ: Ֆաթիմեանց հարստութծիւնը Եգիպտոսի մէջ տեւած էր 207 տարի: 1174ին ալ Նուրէտտին կը վախճանէր Դամասկոսի մէջ եւ անոր կը յաջորդէր իր որդին Էլ - Մէլիք - էս - Սալիհ Իսմայէլ, եւ Սալահէտտին զերծ մնալով Նուրէտտինի համար տածած մտավախութիւններէն, պատեհ առիթի մը կ՚սպասէր իր նպատակը իրականացնելու: Նուրէտտինի մահուամբ էմիրները խլրտեցան եւ սկսան ուրոյն ուրոյն տիրապետել. այդ պատճառաւ տկարացաւ Աթապէկին պետական կազմը եւ Սալահէտտին դիւրութեամբ տիրապետեց Սիւրիոյ եւ միացուց զանիկա Եգիպտոսի եւ ինքզինք սուլթան հռչակեց 1175ին (Տե'ս huart, Histoire des Arabes, Հատ. Բ. էջ 14-24):
       Քաղաքական այս բոլոր իրադարձութեանց ժամանակ շիիտները պարապ չնմացին. առաջին առթիւ, Ֆաթիմեան կուսակիցները գաղտնի ընկերութիւններով կազմակերպուեցան եւ հանգուցեալ խալիֆային իբր յաջորդ ընտրեցին Եէմէնի գիտնական Օմարան. բայց վերջինս զգալով Սալահէտտինի զօրաւոր դիրքը կամովին հրաժարեցաւ առաջարկուած պատիւէն:
       Սալահէտտին պայքարելու համար քարոզութեան մը դէմ` որ երկւ դարէ ի վեր կը պատշտպանէր պետական բոլոր ոյժերը, որոշեց գործադրել միեւնոյն դրութիւնը, որ է Սիւննի վարդապետութիւնները ժողովրդականացնել: Շաֆէական ծէսերու համար Հին- Գահիրէի մէջ իմամ Շաֆէի գերեզմանին մօտ հիմնեց վարժարան մը, եւ միսթիք տէրվիշներ բերել տուաւ, որոնց բնակութեան համար շինեց խանքահ մը:
       Սալահէտտին Սիւննի իսլամ էր, այսինքն ուղղափառ. Ֆաթիմեանք շիիտ իսլամութեան կը վերաբերէին: Շիիտներու աղանդը ի սկբան քաղաքական էր. յետոյ անոր խառնուեցան կրօնական սկզբունքներ: Սիւննիներու համար շիիտները հերետիկոս եւ հերձուածող էին. անոնք մեծ տարբերութիւննր ունէին ծիսական, վարդապետական եւ Գուրանի մեկնաբանական տեսակետներէ դիտելով. միեւնոյն ժամանակ սիւննիներթ շիիտներու ամուսնական կանոնի վերաբերեալ ինչ ինչ կէտերը դատապարտելի կը գտնէին: Ֆաթիմեանց երկու դարու տիրապետութիւնը տարածած էր շիիական իսլամութիւնը թէ' Եգիպտոսի եւ թէ' Սիւրիոյ մէջ. այս երկիրներու ժողովուրդներու մէջ շիիտ մեծագոյն մաս մը կար: Սալահէտտին վերջ տալ ուզեց այդ ոչ - ուղղաբառ իսլամութեան, եւ այդ մասին լուրջ ձեռնարկներու դիմեց. ցրուեց Ֆաթիմեանց խառնուրդ նկարագրով բանակը, եւ վերակազմեց զանիկա քուրտ եւ թուրք տարրերէ, որոնց հաւատարմութեան վրայ վստահ էր: պալատը մաքրագործեց, արգելափակեց Ֆաթիմեան իշխանները ու զանոնք դրաւ անգործութեան վիճակի մէջ: Ֆաթիմեանց այս ցրուեալ բանակին մէջ կը գտնուէին նաեւ հայ զօրապետներ եւ զինուորներ:
       Սալահէտտինի այս քաղաքական ու զինուորական արմատական կարգադրութիւնները հինգ անգամ ոտք հանեցին Ֆաթիմեանները. վերջինները իրենց կուսակից նիւպիական եւ պալատական սեւամորթներէն մեծ բանակներ կազմելով դաւադրութիւններ կը սարքէին տապալելու համար Սալահէտտինի իշխանութիւնը: Ֆաթիմեան մեծ ռազմավար մը գլուխը անցած նոյն բանակներուն, կ՚ուզէր վերահաստատել Ֆաթիմեան գահը` անոր վրայ բազմեցնելով վախճանած Սուլթանին Էլ-Համիտ-Պիլլահ որդին. Ֆաթիմեանց այս դաւադարական ապստամբութիւնները չէին յաջողեր. Սալահէտտինի եւ իրեններուն ոյժը անընկճելի մնացած է: նոյնիսկ Ֆաթիմեանք Գահիրէի փողոցներուն մէջ շարունակած են իրենց ընդդիմութիւնները, որ քանիցս կրկնուած են. անոնք դիւրաւ տեղի չտուին Էյուպեանց: Ինչպէս յիշեցինք վերեւ, Ֆաթիմեանց միացած էին նուպիական սեւամորթները, որոնցմէ բազմաթիւ անձեր պալատականներ էին արդէն Ֆաթիմեանց ժամանակ. Շամաթ եւ Իպն - էլ - Աթհիր պատմագիրներուն ըսածին նայելով` (տե'ս Սիոն, 1930, էջ 340-41) Ֆաթիմեանց միացած էին նաեւ Եգիպտահայերը, որոնք Ֆաթիմեան սուլթաններուն երախտաւորեալներն ըլլալով` պարտք մը հատուցանելու նախանձախնդրութեամբ միացած են անոնց ապստամբական շարժումներուն: Շամաթի Նուրէտտինի ուղղեալ տեղեկագրին մէջ պարզօրէն կը յիշատակէ Հայերն ալ իբր մասնակից այդ ընդդիմադիր շարժումներուն:
       1168-69էն սկսեալ քուրտերու եւ Թուրքերու կողմէն ՀԱյոց դէմ կատարուած ջարդերը, կրօնափոխութիւնները եւ հալածանքները, զոր կը յիշէ նոյն իսկ Աբուսահլ, արդիւնք պէտք է նկատել Հայոց Ֆաթիմեանք հետ միացման, որու մասին յիշատակութիւն չունի նոյն պատմիչը. թերեւս քաղաքական պատճառներու հարկադրանքով, քանի որ ինք ալ ժամանակակից ղ շատ դէպքերու:
       Հայոց դէմ սրքուած այդ քստմնելի արարքներն ու դրդումները չենք կրնար վերագրել ոչ Աթապէկ Նուրէտտինի` որ Ռուբինեանց պայազատները` Ստեփանէն եւ Մլեհը իր մօտը պահպանեց, եւ դիւրացուց Թորոսի իշխանութիւնը եւ նոյնիսկ օգնեց Գրիգոր Տղայի կաթողիկոսական ընտրութեան (Վարդան, էջ 129). ոչ ալ Սալահէտտինի` Դունեցի Էյուպի որդւոյն` (Տե'ս անդ, ղջ 131) որ Հայոց մօտ մեծցած էր եւ ծանօթ էր Հայաստանի. եւ ան իր կատարեալ հայասիրութիւնը յայտնեց, երբ 1187ին Երուսաղէմի գրաւման ժամանակ մեծագոյն մասամբ անաղարտ պահեց հայկական սրբավայրեը. ո'չ աք Եգիպտացի շիիական իսլամ ժողովրդեան, վասն զի վերջինս Ֆաթիմեան գահուն եւ շիիաւան վարդապետութեան վերականգնումին աշխատելով` կ'ուզէր սիրաշահիլ դրացի հայ ժողովուրդը. հետեւաբար մենք սա եզրակացութեան կը հասնինք թէ` սոյն շրջանին Հայոց ենթարկուած այս հարուածները` զոր պատճառեցին քուրտք եւ ղուզք (թուրք) հաւանաբար յառաջ եկան Հայոց կամայ ակամայ միացումէն ընդդիմադրութեան տեղական հոսանքին հետ:
      
       Եգիպտոսի Հայոց Պատրիարքը Երուսաղէմ կու գայ եւ կը հիմնէ Ս. Սարգսի վանքը.
      
       Աբուսահլ` առանց յիշելու պատճառը, մէջ կը բերէ քուրտերու եւ ղուզերու հալածանքը Հայոց դէմ, եւ այդ առթիւ կը յիշէ թէ Հայոց եկեղեցիներուն շատերը գրաւուեցան եւ Ղպտիներուն տրուեցան. վտարուեցան Հայոց պատրիարքը իր աթոռանիստ եկեղեցիէն, ու հայ կրօնաւորները ցրուեցան. նոյն հալածանքը ո'րքան սաստիկ եղած է որ պրատրիարքը կը թողու Եգիպտոսը եւ կը մեկնի Երուսաղէմ:
       Պատրիարքին տարագրութեան առթիւ շահեկան է նոյնիսկ Աբուսահլի խօսքերը դնել հոս Հ. Ալիշանի թարգմանութեամբ, զոր կատարած է անգլերէնի վրայէն:
       «Երբ ղուզք եւ քուրտք տիրեցին Եգիպտոսի (1169), գունդ մի քրիստոնեայ Հայոց` վրայ հասան այս սեւերուն, եւ շատերը սպաննելով` մնացեալները վռնտեցին: եւ անոնց բնակած թաղն որ մօտ էր Ալ - Համրայի (թաղ) անբնակ մնալով` Հատալապա Ղուզի մականուանեալ Գահիրէի վալին գնեց, եւ մշակութեան երկիր դարձուց տեղը»:
       «Հայոց պատրիարքն . Այս պատրիարքս նախ եգիպտոս էր Իթֆիհի (որ հիմայ Աթֆիհ (արաբ) կոչուի, եւ փոքր քաղաք մ՚է ի հարաւակողմ Գահիրէի, իբր 2800 բնակչօք), յետոյ Ալ - Հաֆիզի խալիֆայութեան ատեն` (1130-49) մտածեց պատրիարք ըլլալ, կաշառք տալով: Դաշինք դրաւ ամիրապետին հետ, անոր պատմական գիտութիւններ հաղորդելու. եւ սա` հաճելով` թոյլ տալու անոր` որ շաբաթն երկու անգամ` երկուշարթի եւ հինգշաբթի, գայ ի պալատ, էմիրներու եւ պաշտօնէից հետ. նաեւ տօնական օրեր, զինքը բարեւելու, եւ նոր գտած տեղեկկուիւններ տալու: Այս կերպով երբ պատրիարքն այցելութեան գար ի Զմրխտեայ պալատն, կու հաղորդէր ինչ որ գտեր էր ի կենսագրութիւնս, ի պատմութիւնս պատերազմաց, ի ժամանակագրութիւնս եւ ի տարգեիրս առաջին տիրապետաց. եւ այս կերպով զրուցակից կ՚ըլլար Ալ- Հաֆիզի հետ, ինչուան ասոր մահը, որ հանդիպեցաւ Երկրորդ Ճումահա ամոյն 544 տարւոյս» (Հիճր. որ է Փրկչին1149):
       «Վերոյիշեալ վանքէն դուրս` բայց ոչ հեռի բրտարանէն, (հողէ ամաններու գործարան) զատ փոքր եկեղեցի մի կար, Ալ Ամինր պի - Ահքամի'լլահ խալիֆային ատեն շինուած (որ է նախորդ Հաֆիզի), ի պէտս Մելքիտաց, փոխանակ Հարա Զաւիլայի մէջ եղած եկեղեցւոյն, որ եւ աւրուած էր անոր ատեն, եւ Հաֆըզի ատեն ի մզկիթ փոխուեցաւգ: Կամարներու վրայ շինուած էր եկեղեցին. ներքեւն ալ մեռելոց համար գերեզմանատուն մի կար: Երբ ղուզք եւ քուրտք Հայոց վրայ հարուած բերին, պատրիարքն թողուց զԵգիպտոս եւ ելաւ գնաց յԵրուսաղէմ, հետը տանելով 75 Սուրբ Գիրք, որոց մէջ կար եւ օրինակ մի չորից Աւետարանաց պէսպէս գոյներով եւ ոսկւով` պայծառազարդ պատկերօք հրաշագործութեանց Քրիստոսի, որ փառաւորեալ ըլլայ»:
       «Պատրիարքին ճամբորդութիւնն սկսաւ շաբաթ օր Հատուր ամսոյ 15ին (Նոյեմբեր), Մարտիրոսաց 888 թուին (1172 Քրիստոսի), որ համեմատի Հիճր. 569 տարւոյ Ռապի Էվվէլ ամսոյ 23ին: Կ՚ըսուի, թէ Երուսաղէմէն դուրս վանք մը շինեց. եկեղեցի մ՚այլ յանուն Ս. Սարգսի, (արաբ. ) որ է նոյն Ապու Սիրճա (արաբ. ) կոչուածն. եւ այս եկեղեցւոյս փոխադրեց բոլոր սեղանոյ սպասքն եւ ոսկի դահեկանքն. կ՚ըսուի այլ թէ 20 միանձունք կային այս վանաց մէջ»:
       «Պատրիարքն իրեն փոխանորդ քահանայ մի թողուց ի Գահիրէ, անոր որդւոյն հետ, որ ժամասացութիւն եւ պատարագ կատարեն ըստ պատշաճ ժամանակի, Յովհ. Մկրտչի եկեղեցւոյն մէջ, որ ի Հարա Զաւիլա` անարատ Տիրամօր մատրան (եկեղեցւոյ) վրայ շինուած է, ինչպէս առաջ ըսինք. այս եկեղեցւոյ մէջ ժողովէին ընկերութիւն մի Հայոց` արանց եւ կանանց: Իսկ ասոնց ունեցած վանքն եկեղեցիներով մէկտեղ` ամայի թողուեցան, եւ դռներն ա յլ փակուեցան: - Երբ լուր եղաւ որ պատրիարքն յԵրուսաղէմ եկաւ հասաւ անվտանգ, բոլոր քրիստոնեայք ընդ առաջ գնացին իրեն ուրախութեամբ եւ խնդութեամբ, հանդերձ սաղմոսերգութեամբ, եւ առջեւնէն խաչեր եւ վառած ջահեր տա նելով եւ բուրավառներով խնկերով: - Ասկէ վերջը պատրիարքն հանգիստ ապրեցաւ քիչ մ՚ատեն, եւ ապա հանգեաւ ի շնորհն Աստուծոյ, որ գովեալ ըլլայ, Տուբի ամսոյ հինգին (որ համեմատի Դեկտ. 27 - յանու. 25). ի նոյն վերոյիշեալ տարին, եւ թաղուեցաւ ի վանս Ս. Յակոբայ Զեբեդեան յԵրուսաղէմ: - Սա ազնու աբարոյ անձ մի էր, գեղեցիկ տեսքով, վայելուչ հասակաւ. երեսքն մօրուօք մռուզօք պատած, որ ալեւորած էին, եւ տարւօքն այլ իբրեւ ութսունամեայ էր»:
       «Կ՚ըսուի թէ յԵրուսաղէմ նստող հայ եպիսկպոսն` տեսնելով որ ամենքն կ՚երթան տեսնելու այս սուրբ պատրիարքին հետ, իր ազնուական բարուց համար, նախանձելով վրան` թոյն խմցուց, եւ մահը պատճառեց: Բայց Աստուած յաջողութիւն չտուաւ այդ եպիսկոպոսին` պատրիարքին մեռնելէն վերջը, եւ ոչ երջանիկ կեանք. վասն զի քսան օրէն ետեւ ինքն այլ մեռաւ: Աստուած իր ծածուկ իմաստութեամբ գիտէ թէ որչափ ստոյգ էր այդ եպիսկպոսին համար ըսուածն: Իսկ պատրիարքն` որոյ համար էր խօսքերնիս, գիհուն քահանայ մ՚էր, լաւ տեղեակ Ս. Գրոց եւ զանոնք յաջող բացատրող: Բայց կային թէ յանցաւոր եղած էր ոչ բարոյական վարքով: Այս զրոյցս հանեցին իրեն անմեղութեան ամենէն աւելի նախանձոտքն: Գրոյս հեղինակն (ինքն Աբուսահլ) վկայէ, թէ հանդիպեցաւ Ասկալոնացի Ապուլ Գասիմ Հալիլ փիլիսոփայ բժշկի, որ կ՚ըսէր, թէ տեսեր էր զպատրիարքը` Ազ - Զուհրի վանքում եղած ատեն, իր խըցական մէջ, եւ անարատ գտեր է: Այս զրոյցս իր Ասորիս (Եգիպտոսէ յԵրուսաղէմ) երթալէն եւ իր մահուանէն վերջը տարածուեցաւ: Մսրայ ղատիներուն գլխաւորին (որ էր Ալ - Ազզ Հասան իպն Սալամա` Պախիլանի մականուանելոյ) տանը մէջ ես այս գրոց խեղճ հեղինակս` հանդիպեցայ (վերոյիշեալ) Ապուլ Գասիմի, Շավվալ ամսոյ 27ին, յամին 568» (Հիճր. իսկ Քրիստոս 1173)»:
       Աբուսահլի այս խօսքերու մասին քանի մը դիտողութիւններ ընելէ յետոյ պիտի ծանօթագրենք Եգիպտոսի պատրիարքին Երուսաղղմէ դուրս հիմնարկած Ս. Սարգսի վանքը, ցոյց տալով նաեւ անոր հիմնարկուած հաւանական տեղը:
       Ըստ Աբուսահլի, պատրիարքը իր աթոռանիստ Ս. Յակոբ եկեղեցիէն 1168-69ին կը վտարուի ու կը հաստատուի Հարա Զաւիլա թաղին Ս. Յովհաննէս Մկրտչի եկեղեցին:
       Ուրիշ արաբական պատմական աղբիւրներէ հասկցանք թէ նուպիական սեւերը` Ֆաթիմեանց կողմը ըլլալով` պալատական իրենց ցեղակիցներուն` Էյուպեանց դղմ կազմակերպուած ապստամբութեան առթիւ, միացած էին Սալահէտտինի իշխանութիւնը տապալելու դաւադրական շարժումներուն. արդ գիտենք թէ Հայերն ալ Ֆաթիմեանց ի նպաստ կը գործէին, եւ այդ պատճառաւ քուրտերը եւ ղուզերը կը յարձակէին Հայոց վրայ ու կը վտարէին զանոնք իրենց տեղերէ. ուրեմն ի՞նչպէս կ՚ըլլայ որ մի եւ նոյն նպատակի ծաշայող սեւերուն դէմ «գունդ մի քրիստոնեայ Հայոց» վրայ կը հսանին. անոնցմէ շատերը կ՚սպաննեն եւ անոնց Ալ - Համրայ թաղը անբնակ մննալով` մշակութեան երկիր կը դառնայ, եւ այլն: Այս պարագան մեզ համար անգասկանալի կը մնայ:
       Պատրիարքը Եգիպտոսէն Երուսաղէմ գալուն իր հետը կը բերէ 75 ձեռագիր Սուրբ Գիրք, որոնց մին` օրինակ մը չորս Աւետարաններու` «պէսպէս գոյներով եւ ոսկւով` պայծառազարդ պատկերօք»: Այս ձեռագիրները, ըստ Հ. Ալիշանի, հաւանական կը թուի թէ Գր. Վկայասէր հետը բերած էր, երբ Եգիպտոս եկաւ. վասն զի յիշուած է մեր պատմիչներէն թէ Վկայասէր հետը ձեռագիրները բերած ու Եգիպտոս թողած էր:
       Աբուսահլի վերեւ գրուածքէն կ՚իմանանք նաեւ ծանրակշիռ դէպք մը, իբր թէ Երուսաղէմ նստող եպիսկոպոսին կողմէն` առ նախանձու, Եգիպտոսի պատրիարքը թունաւորուած է. այս դէպքին առասպել ու զրպարտութիւն ըլլալը հաստատել աւելորդ է. վասն զի նոյն իսկ Աբուսահլ ինքն է որ` կը գրէ «Աստուած իր ծածուկ իմաստութեամբ գիտէ թէ որչափ ստոյգ էր այդ եպիսկոպոսին համար ըսուածը»: Իսկ պատրիարքին վարուց մասին գրուածը լոկ զրպարտութիւն է եւ Աբուսահլ ինքնին կը հերքէ զայն:
       Գալով Երուսաղէմէ դուրս պատրիարքին կողմէն Ս. Սարգիսի վանքին ու եկեղեցւոյն հիմնարկութեան` անոր վրայ կարելի չէ տարակուսիլ. քանի որ Աբուսահլ որոշ կը գրէ թէ «այս եկեղեցւոյ փոխադրեց բոլոր սեղանոյ սպասքն եւ ոսկի դահեկանքն». կ՚ըսուի նաեւ թէ այս նորահաստատ վանքին մէջ կը բնակէին 20 միանձունք: Համեմատաբար նոր, այսինքն 1172 թուականին, հիմնարկուած վանք մը զարմանալի է ո ր չունի ոեւէ յիշատակարան թուղթի վրայ` գրով կամ քարի վրայ` քանդակուած. եւ ոչ մի աւանգութիւն մնացած է Երուսաղեմէն դուրս Ս. Սարգսի վանքին գոյութեանը: Վանքին հիմնարկութեան պատմականութիւնը գիտնալով` աշուշտ պիտի ուզենք գիտնալ նաեւ թէ ո'ւր շինւոած էր ան: Հակառակ մեր պրպտումներուն չկրցինք ո'եւէ տեղեկութիւն մը ձեռք բերել այդ մասին: Մենք կ՚ըմբռնենք թէ «Երուսաղեմէն դուրս» բացատրութեամբ պէտք է հասկնանք «Երուսաղէմի մօտ», քանի որ հիմնադիր պատրիարքը` «երբ կը վախճանի` կը թաղուի Ս. Յակոբի մէջ», իբր մերձակայ վանք մը: Ս. Սարգսի վանքին տեղւոյ մասին պիտի յայտնեմ կարծիք մը որ հիմնուած չէ ո'եւէ ազգ. յիշատակարանի մը վրայ, եւ է հետեւեալը. Երուսաղէմի մօտ, Յունաց Ս. Եղիայի վանքին դիմացը` այժմու Թանթուր կոչուած բլուրին վրայ Զ. դարուն կար Ս. Սարգիս անուամբ վանք մը, ուր, ըստ Պրոկոպիոսի, Յուստինիանոս կայսրն ալ ջրհոր մը փորել տուած էր: Յովհաննէս Մոսքոս ալ կը յիշէ զայն իր «Մարգ Հոգեւոր» կոչուած գիրքին մէջ (Գլ. 182). նոյն վանքին կողմէն, 536ին ալ, Մինաս պատրիարքի օրով, Կ. Պոլսի ժողովին պատուիրակներ ղրկուած են (Revue de l'Orient Chretien, 1900, էջ 279): Commemoratorium de Casis Dei յիշատակարանն ալ Երուսաղեմէն երկու փարսախ հեռի վանքերու մասին խօսած ատեն կը գրէ. «Ս. Կարապետի վանքը (Այնքեարիմ) կը գտնուի երկու քահանայ. Ս. Թէոդոսի մէջ` երկու. Ս. Սարգսի մէջ` մէկ:
       1620ին Քուարէզմոս լատին պատմագիրը նոյն տեղւոյն վրայ տեսած է եկեղեցիի մը եւ վանքի մը աւերակները (Տ'ես Meistermann, Nouveau Guide de Terre Sainte էջ 208): Տեղւոյն դիրքը, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի եւ Բեթղեհէմի մերձաւորութիւնը հաւանական կը դարձնեն հոն տեղ վանքին մը հաստատութիւնը: Պատմականօրէն ճիշդ է որ, ինչպէս վերի տողերէն տսեանք, հոն Ս. Սարգիս անոամբ վանք մը գոյութիւն ունեցած է. բայց թէ Եգիպտոսի Ս. Սարգիս վանքի տեղւո՞յն վրայ էր. չգիտենք. բայց կը կարծենք թէ տեղւոյն յարմարութիւնը եւ գեղեցկութիւնը, անուան նոյնութիւնը, եւ թերեւս կիսափուլ շէնքերու գոյութիւնը, Երուսաղէմի եւ շրջակայ վանքերու մարձաւորւոթիւնը, ազդակներ եղած ըլլան եգիպտահայ պատրիարքին հին Ս. Սարգսի վանքին տեղւոյն վրայ հիմնելու նոր Ս. Սարգսի հայկական վանք. եւ արդէն վանօրէից պատմութեան մէջ աննախընթաց չէ հին վանքի մը վրայ նոր վանք մը կառուցանելու սովորութիւնը, թէեւ ըլլայ ան ուրիշի մը կողմէն. նաչպէս է Գաթիզմայի Ս. Աստուածածնի վանքը, նոյնպէս Բեթղեհէմի ճանապարհին վրայ: Պատրիարքին հիմնարկած Ս. Սարգսի վանքը հաւանաբար 1187ին կործանուած է Սալահէտտինի յարձակմանց ժամանակ: