ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Կոստանիդիանոսի տիրապետութեամբ քրիստոնէական կրօնի յաղթական պսակը կ՚ամբողջանար: Նիկիոյ ժողովին մէջ (325) կայսրը Պաղեստինի եպիսկոպոսներուն հետ կը խորհրդակցէր Ս: Տեղեաց մէջ շինուելիք եկեղեցիներուն ծրագրին վրայ. ժայռին մէջ փորուած գերեզմանը, ուրկէ Փրկիչը յարութիւն առաւ, ա'յն այրը, ուրկէ համբարձաւ ան, եւ Ս. Ծննդեան այրը ուր ծնաւ. այս երեք նուիրական այրերը խանդավառած էին իր հոգին` անոնց վրայ վաղընդփոյթ բարձրացնելու համար հոյակապ տաճարներ: Մէկ կողմէն կայսրը կը պատրաստուէր այդ նուիրական նպատակին համար, եւ միւս կողմէն իր մայրը, Հեղինէն, Երուսաղէմ կը ղրկէր անձամբ հսկելու համար Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան եկեղեցիին շինութեան: Թէեւ այրին վրայ շինուած եկեղեցիին հսկողն էր Հեղինէ, բայց Եւսեբիոս, իր Ներբողեան Կոստանդիանոսի գիրքին մէջ, շինութեան գործը ամբողջովին կը վերագրէ Կոստանդիանոսի. սակայն Կոստանդիանոսի Կենսագրութեան գրուծքին մէջ, անսալով իր ճշմարիտ պատմագրի կոչումին, չ՚ուզեր զանց ընել Հեղինէի մասնակցութիւնը Ս. Ծննդեան եկեղեցիի շինութեան մէջ: Կը թուի թէ թագուհին մասնաւոր բարեպաշտութիւն մը կը սնուցանէր նկատմամբ այրին, ուր Ս. Կոյսը ճաշակած էր աստուածային մայրութեան ուրախութիւնները: Հեղինէի նկատմամբ Եւսեբիոսի խօսքերը կը դնենք հոս. «Հեղինէ անմիջապէս երկու տաճարներ կանգնեց, մին Ս: Ծննդեան այրին վրայ, միւսն Համբարձման լերան վրայ»: Թագուհին պատշաճ զարդարանքներու օժտեց Ծննդեան այրը ու անոր վրայ նորոգ կառուցուած եկեղեցին, որ սկսած էր 326ին դեռ գործը չէր աւարտած, 329ին, Հեղինէ արդէն վախճանած էր:
       Մենք Էթերիա ուխտաւորուհիին խօսքերէն դատելով կը դիտենք որ Բեթղեհէմի նորոգ շինուած եկեղեցին չունէր կառուցուածքի այն շքեղութիւնը, զոր ունէին միւս սրբավայրերթ, ինչպէս որ կը շեշտէ Պորտոյի անանուն ուխտաւորը. երկուքն ալ սաղիմական նորակառոյց տաճարներու մասին կը շռայլեն իրենց գովաբանութիւնը. բայց Բեթղեհէմի եկեղեցին կը նկատեն սովորական տաճար մը, եւ կը գովաբանեն միայն անոր ոսկւոյ, արծաթի եւ դիպակի տօնական ճոխ զարդերը. սակայն ամենէն ճիշդ գաղափարը կու տայ նոյն եկեղեցիին կառուցուածքի մասին, վերջին տարիներս գտնուած Մատապայի եկեղեցւոյն մոզայիք քարտէսը: Մատապա սուրբգրական քաղաք մ՚է Անդր-Յորդանանու մէջ, եւ անոր եկեղեցւոյն մոզայիքը, որ հաւանաբար Զ. դարու գործ է, կը ներկայացնէ Երուսաղէմի յատակագիծը որ ճշգրտօրէն ցոյց կու տայ Երուսաղէմի պարիսպները, փողոցները եւ զանազան եկեղեցիները, եւ կը դիտուի որ Գողգոթայի եւ այլ հոյակապ եկեղեցիներու հետ բաղդատելով Ս. Ծննդեան եկեղեցին սովորական շէնքով մը պատկերացուած է նոյն մոզայիք - քարտէսին վրայ, որով կը հաստատուի հնագոյն դարերու ուխտաւոր ուղեգիրներու ծանօթութիւնը զոր վերեւ մէջ բերինք:
       Եւսեբիոսի եւ անոր շարունակողներուն խօսքերէն կը հասկցուի որ Բեթղեհէմի Ս: Ծննդեան եկեղեցին եւ Ձիթենեաց Լեռան Աշակերտարանը համանմանութիւններ ունին: Անոնք միեւնոյն ներշնչումէն ծնած են, միեւնոյն խնամոց առարկայ եղած են եւ շինուած են միեւնոյն ժամանակ: Մին եւ միւսն աւետարանական դէպքերով նշանաւոր բնական երկու այրեորւ փառաւորութեան նպատակը ունեցած են. ուխտաւորները իրենք իսկ ըմբռնած են նոյն երկու շէնքերու զուգութիւնը: Խօսք տանք Պորտոյի անանուն ուխտաւորին, որ 330ին այցելեց Երուսաղէմ, երբ հազիւ աւարտած էին շինութիւնները . «Դուք կ՚ելնէք Ձիթենեաց Լեռը, ուր մեր Տէրը աշակերտներուն իր վարդապետութիւնը սորվեցուց յարյարանքէն առաջ: Հոն եկեղեցի մը շինուած է Կոստանդիանոսի հրամանաւ» . «Անկէց (Հռաքելի գերեզմանը) երկու մղոն դէպ ի ձախ Բեթղեհէմն է. ուր Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս ծնաւ: Հո'ն շինեցաւ եկեղեցի մը Կոստանդիանոսի հրամաւ»: Լսենք այժմ Էթէրիան . «Կ՚աղօթեն այն եկեղեցիին մէջ որ կը կոչուի Աշակերտարան. հոն կը գտնուի այն այրը, ուր Յիսուս աշակերտաց սորվեցուց իր վարդապետութիւնը» . «Բեթղեհէմի եկեղեցիին մէջ արարողութիւններ կը կատարէին, նոյն եկեղեցիին մէջ է այն այրը ուր Տէրն մեր ծնաւ»: Եկեղեցիին չափ այրն ու մսուրքն ալ գեղեցկօրէն կը զարդարէին: Յերոնիմոս իր նամակներուն մէջ մենէն սրտառուչ եւ խանդավառ տողերը նուիրած է թէ' այրին եւ թէ' մսուրին փառաւորութեանը համար: Յիշեցինք արդէն թէ Որոգինէսի օրերէն ցոյց կու տային այրը եւ մսուրը: Յերոնիմոս Ծննդեան տօնին Բեթղեհէմի մէջ տուած իր մէկ քարոզին մէջ հետեւեալ կերպով կը խօսի մսուրի մասին. «Ա՜հ, երանի թէ տեսնէի ա'յն մսուրը ուր Տէրն մեր բազմեցաւ: Մենք Քրիստոսը պատուելու պատճառով հողէ մսուրը վերցուցինք անոր տեղ արծաթէ շինուած մսուր մը դնելու համար: Վերցուած մսուրը ինձ համար աւելի թանկագին էր: Ոսկին եւ արծաթը հեթանոսութեան համար են, բայց քրիստոնէական հաւատքը այս հողէ մսուրին արժանի է: Անիկա որ ծնաւ հո'ն, կը դապարտէ ոսկին եւ արծաթը: Ես չեմ դատապարտեր սակայն զանոնք որ բարեպաշտութեամբ այդպէս վարուած են. բայց կը հիանամ Տիրոջ վրայ, որ թէպէտեւ աշխարհի արարիչը, կը ծնի ոչ թէ ոսկիին եւ արծաթին մէջ, այլ հողէ մսուրին մէջ»: Ահա այս տողերով կ՚ողբար անուանի մենակեացը զանցառութեանը վրայ ա'յն պարզութեան` որ Բեթղեհէմի հրապոյրն էր: Արծաթէ մսուրը այն «զարմանալի խորհրդանշանն» էր, զոր Ս. Հեղինէ Ս. Ծննդեան այրին մէջ զետեղեց կուսական որդեծնութիւնը պատուելու համար:
       Շատ կանուխէն Ս. Ծննդեան եկեղեցիին մէջ այլ եւ այլ քրիստոնեայ ժողովուրդներ ու վանականներ իրենց լեզուով կը կատարէին սաղմոսերգութիւն եւ պաշտամունք: Երուսաղէմի կղերը նոյնպէս տօնակատարութիւններ ունէր Ս. Ծննդեան եկեղեցիին մէջ: Էթէրիա իր Ուղեգրութեան մէջ կը նկարագրէ թէ' Ս. Գերեզմանի եւ թէ' Ս. Ծննդեան եկեղեցիներու մէջ մասնայատուկ տօները եւ արարողութիւնները. նոյն ուխտաւորուհիին խօսքերէն կը հասկցուի որ Ս. Զատկէն քառասուն օր վերջը հիգշաբթի օրը Երուսաղէմացիք Բեթղեհէմ կ՚երթային եւ հո'ն կը կատարէին Քրիստոսի Ս. Ծննունդը, եւ պարզ է դիտել այս յիշատակութիւնէն որ Դ. դարուն տակաւին հաստատուած չէր Համբարձման տօնը. վասն զի եթէ ան գոյութիւն ունենար` փոխանակ Բեթղեհէմի, Համբարձման եկեղեցին հարկ կ՚ըլլար երթալ, ինչպէս յետոյ կ՚ընէին եւ այժմ ալ կ՚ընենք, Համբարձման եկեղեցին երթալով: Այս տօնակատարութենէն զատ, Ս: Ծննդեան եկեղեցիին մէջ հանդիսաւորապէս կը կատարուէր Քրիստոսի Ս: Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը Յունուար 6ին, ինչպէս կը յիշատակէ դարձեալ նոյն ուխտաւորուհին: Նոյն օրը Ս. Ծննդեան եկեղեցիին մէջ կանոնական պաշտամունք կատարելէ յետոյ կղերականք թափօրով կ՚երթային Հովուանոցի եկեղեցին եւ հոն աք կը կատարէին պատշաճ արարողութիւններ: այս մաս ին կը վկայէ 690ին նաեւ մեր Գրիգոր Արշարունի վարդապետը իր «Ընթերցուածոց Մեկնութեան» գիրքին մէջ: