ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ժ. դարուն, Աղեքսանդրիոյ պատրիարք Եւտիքոս թողած է մեզ Տարեգիրք մը, որ բիւզանդական եւ արաբական շրջաններու պատմութեան վերաբերմամբ թանկագին գովք մըն է եւ անոր տեղեկութիւնները հնախօսական եւ մատենագրական յետնագոյն գիւտերու մէջ քանիցս ստացած են փայլուն հաստատութիւններ: Ս. Ծննդեան եկեղեցւոյ վիճակի մասին ան կը պատմէ արտավէպ մը (anectode) Զ. դարու, զոր պէտք չէ զանց ընել, ցրչափ անով կը հաստատուին նոյն եկեղեցիին ուսոմնասիրութեան եզրակացւթիւնները: Սամարացիներուն կողմէն Երուսաղէմի այրուած եկեղեցիներուն եւ հիւրանոցներուն վերաշինութեան առթիւ Աղեքսանդրիան Տարեգիրը կը շարունակէ . «Թագաւորը պատուիրեց պատու իրակին քանդել Բեթղեհէմի եկեղեցին, վասն զի այն փոքր էր, եւ շինել զայն աւելի հոյակապ, ընդարձակ եւ փառաւոր, այնպէս որ Երուսաղէմի մէջ անոր նմանը չգտնուի: Պատուիրակը Երուսաղէմ հասնելով` ուխտաւորաց համար շինեց հիւրանոց մը, նորոգեց այն եկեղեցիները զոր այրած էին Սամարացիները. բազմաթիւ վանքեր վերականգնեց, վերջապէս Բեթղեհէմի եկեղեցին փլցուց եւ վերաշինեց, ինչ որ այսօր կը տեսնուի: Երբ ամէն բան վերջացաւ, ան եկաւ թագաւորին մօտ, որ ըսաւ անոր. «Նկարագրէ ինձ թէ ի'նչպէս շինեցիր Բեթղեհէմի եկեղեցին»: Երբ ան նկարագրեց զայն, թագաւորը անոր նկարագրութիւնը վայելուչ չգտաւ եւ չհաւնեցաւ անոր նկարագրած ձեւին: Այն ատեն բարկացաւ անոր եւ ըսաւ. «Յափշտակեցիր դրամնրեը եւ գողցար: Դուն շինեցաիր շէնք մը որ շատ փոքր է եւ մթին: Իմ ուզածիս պէս շինած չես եկեղեցին եւ ինձ խորհուրդ չես հարցուցած»: Այս խօսակցութենէն յետոյ թագաւորը զանիկա գլխատել տուաւ:
       Մէկ կողմ դնելով զարդարանքի մասերը, այս պատմութեան հիմը կարեւոր կը գտնենք` Ս. Ծննդեան եկեղեցիին յուստինիանոսեան վերանորոգութեան առթիւ:
       Նախ ճշդենք Յուստինիանոսի մտադրութիւնը եւ իր նպատակին գործադրութիւնը: Յուստինիանոսի նման մեծ շինարար կայսր մը ծրագիր մը ունեցածէ Բեթղեհէմի կոստանդինեան եկեղեցիին տեղ շինել աւելի բարձ, աւելի հոյակապ, իր ժամանակին յարմար շքեղ շէնք մը, կասկած չկայ ասոր: Կայսրը սիրահար շքեղ եւ մեծակառոյց շէնքերու, իր յիշատակը յաւերժացնելու համար կայսրութիւնը կործանելու աստիճան իր անձնական փառքէն խանդավառուած` առիթ չէր փախցնէր Կոստանդինեան եկեղեցիներուն պարզութիւնն ու միաձեւութիւնը փոխանակել շքեղութիւններով եւ նոր ոճի յանդուգն համեմատութիւններով: Բիւզանդիոնի մէջ այլ եւ այլ առիթներով փլցուած ու վերաշինուած եկեղեցիներուն մէջ կայսեր հրամանով կը հաստատուէին նոր ոճեր` որ երբեք նմանութիւն չունէին փլցուած կամ կործանուած հին եկեղեցիներուն: Բեթղեհէմի եկեղեցին ալ, 529ին Սամարացւոց ապստամբութեան առթիւ, վնասուած էր: Այս մասին ո'եէ բացայայտ տեղեկութիւն չունինք: Միայն զայս կարելի է հետեւցնել այն յիշատակութենէն, զոր Եւտիքխոս իր պատմութեան հետ կը խառնէ Սամարացինրեուն կողմէն հրդեհուած սրբավայրեու վերաշինութիւնը եւ Բեթղեհէմի պարիսպներուն նորոգութիւնը, զոր Պրոկոպիոս ցոյց կու տայ Յուստինիանոսի գործերուն մէջ: Նոյն իսկ անկարելի է աւելի հւաստեաւ հաստատել թէ Ս. Ծննդեան եկեղեցին, որ այն ատեն երկու հարիւր տարուան հնութիւն ունէր, այն աստիճան փլփլած ըլլայ որ կարեւոր նորոգութիւններու պէտք ունենայ, թէպէտեւ այս կարծիքը ըստ ինքեան հաւանական, ընդունելի ըլլայ օրինակովը Ս. Առաքելոց եկեղեցւոյն, որ Բեթղեհէմի Կոստանդինեան եկեղեցիին ժամանակակից էր, եւ սակայն Զ. դարուն աւերակ դարձած էր լոկ իր հնութեամբը, ըստ Պրոկոպիոսի:
       Ստոյգ է որ Զ. դարուն, խորհրդանշական եւ ծիսական պատճառով մը նախընթաց դարերուն հիմնարկուած քրիստոնէական եկեղեցիները փոփոխութիւններու ենթարկուեցան: Նախնի դարերու մէջ քիչ գործածուած խաչաձեւ յատակագիծը կը ձկտէր նոր ծաւալ մը ստանալ, քրիստոնէական գաղափարին յարմարագոյն: Բաց աստի, նոյն ձեւը կը համապատասխանէր ծիսական նորութեան մը, որ էր Խորհրդանոց (Prothese) ունենալ եւ ՄԵԾ ՄՈՒՏՔ (Grande Entree) կատարել: Ս. Հաղորդութեան ընծաներուն պատրաստութիւնը այս ժամանակէն վերջ սեղանէն դուրս կատարուելով` տեղի կ՚ունենար երկրորդական կոզակի մը մէջ. այն տեղէն որ այս ընծաները հանդիսաւորութեամբ կը փոխադրուէին գլխաւոր կոզակին մէջ հաստատուած սեղանը: Խորհրդանոցին հակառակ կողմէն բացուած երրորդ կոզակ մը կը կոչուէր սարկաւագատուն` մեծ աւանդատան հետ ունեցած մերձաւորութեան պատճառաւ: Յոյներէն ոմանք կը կարծեն թէ Յուստինիանոս հրեշտակներուն պատուէրին համաձայն որոշած էր Ս. Սոփիայի մէջ երրեակ կոնք մը ստեղծել: Պէտք կ՚ըլլայ ըսել թէ Կ. Պոլսի եւ նոյն իսկ կայսրութեան մէջ այդպիսի մասնայատկութիւն մը այդ թուականէն յառաջ շատ քիչ տարածուած էր: Այդ ձեռնարկին մէջ կը տեսնուէր Ս. Երրորդութեան խորհրդանշանը, ինչպէս նաեւ խաչին պատկերը: Սակայն պէտք է գիտնալ որ «խաչաձեւ» բառը ի հարկէ չ՚ենթադրեր խաչի բազուկներուն հաւասարութիւնը. ան կը յարմարի նմանապէս եկեղեցիի մը, որուն երկար կոնքերը (nefs) կը յենուն սրբավայրի մը` օժտուած երեք կոզակներով որ բացուած են միեւնոյն գիծին վրայ, բայց անոնց երկուքը, հիւսիսայինը եւ հարաւայինը, իրարու երես կը նային արեւելեան կոզակին հետ կազմելով տեսակ մը առուոյտ, ինչպէս են օրինակի համար Շնուտի եգիպտական վանքերու եկեղեցիները: Անոնց, որ եղջերուաքաղ կը նկատեն գոյութիւն ունեցող եկեղեցիներուն ծիսական եւ ճարտարապետական նոր պահանջներուն յարմարումը, թանձրացեալ օրինակ մը յառաջ կը բերենք, այն է Կ. Պոլսի Վլաշէրնի Ս: Աստուածածին եկեղեցին: Այս տաճարը որ 450էն յետոյ Մարկիանոսէն եւ Պողքերիկայէն շինուած էր, մինչեւ Յուստինոս Բ. (565-578) պահեց միակ կոզակ մը, զոր ունէր իր հիմնարկութեան ժամանակ: Բայց այս կայսրը, յարգելով իր նախորդներուն դեռ հաստատուն մնացած գործը, պարտք կը համարի այս եկեղեցիին խաչի մը ձեւը տալ` աւելցնել տելով կոզակ մը հիւսիսային կողմը եւ կոզակ մըն ալ հարաւային կողմը: Արդեօք նմանապէս չե՞ն օգտուած Երուսաղէմի մէջ Ս. Յարութեան Կոստանդինեան բոլորշի եկեղեցին օժտելու նոյն եղանակով, 614ի պարսկական արշաւանքի առիթով:
       Քրիստոնէական շէնքերու նոր բաժանման ուրիշ մէկ տարր մը, այսինքն գաւիթ (narthex) շիներլը Զ. դարուն խիստ տարածուն սովորութիւն մը եղած է: Յիշատակարաններէն դատելով, Երուսաղէմի մէջ գաւիթ ունեցող առաջին եկեղեցին էր Ս. Աստուածածինը, որ շինուած էր 543ին Յուստինիանոսի առատաձեռնութիւններով: Գաւիթը գրաւեց անդաստակը (atrium) սրահին տեղը, որ նախապէս կը տարածուէր եկեղեցիին ճակատը: Բայց այս սրահը միշտ չէր ջնջուէր: Երբեմն զայն գաւիթին առջեւ բերելով զոհ կ՚ըլլային, եւ չորս սիւներով անդաստակին հետ միաժամանակ ան գոյութիւն կ՚ունենար:
       Այսպէս Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան եկեղեցին վերաշինելու ծրագիրը, ինչպէս որ յղացաւ Յուստինիանոս, կրնար ծնունդը ըլլալ, ինչպէս ծիսական կարգի, նոյնպէս արուեստական դիտումներու հետեւանքով: Եկեղեցիներու շինութեան մէջ կղերի մասնակցութիւնը կը վկայէ թէ ծիսական պահանջներու հոգը երբեք մէկ կողմ թողուած չէր: Եթէ Ս. Գերեզմանի աշխատանքներու ձեռնարկը Կոստանդիանոսի կողմէն Բիւզանդացի քահանայի մը` Եւստատիոսի յանձնուեացւ, Պարագոս եպիսկոպոսին հսկողութեան տակ, Յուստինիանոսի յանձուեցաւ Պարագոս եպիսկոպոսին հսկողութեան տակ, Յուստինիանոսի ճարտարապետ Թէոտորի պաշտօն տրուեցաւ Եր ուաղէմի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շինութիւնը: Կայսրը երկու եպիսկոպոսներու` Ասկաղոնցի Անտոնի եւ Բելլացի Զաքարիայի յանձնարարեց Սամարիացիներէ հրդեհուած եկեղեցիները քննել եւ անոնց վերաշինութեան ծախքերը ճշդել: Պետական գանձը կամ Սամարացիներուն հարստութիւնները պիտի հոգային այս ծախքերը: Այս վերջիններուն աւերները կը տարածուին, ինչպէս առաջին Պաղեստին, որուն կը վերաբերէր Բեթղեհէմը, նոյնպէս եւ երկրորդ ՊԱղեստինը որ կը բովանդակէր Սկիւթոպոլիսը եւ Դեկապոլիսը:
       Որո՞նք են Յուստինիանոսի մեծ ծրագիրը եւ Ս. Ծննդեան եկեղեցւոյ վիճակը երբ սկսուեցան փոփոխութիւները որ կը պարզուին յիշատակարանին պարզ քննութեամբ մը, որմէ անտարակոյս կը հասկցուի թէ ծիսական զարգացմամբ ստեղծուած պահանջին գոհացում տրուած է: Բազմաթիւ եկեղեցիներու վերաբերութեամբ Բիւզանդիոնի մէջ կատարուածին նման, կայսեր սրբավայր մը ստեղծելու համար Բեթղեհէմի եկեղեցիին ամբողջ շէնքը չէ քանդուած, հակառակ Եւինքոսի պատմութեան: Բայց եւ այնպէս անճիշդ պիտի ըլլայ կարծել թէ նախնական շէնքի բացարձակ կերպով անվթար մնացած ըլլայ, վասն զի ամէն վերյարդարում ոեւէ կանխահաճ քանդում կրնայ ունենալ: Յուստինիանոսի ճարտարապետին կողմէն Բեթղեհէմի մէջ կատարուած աշխատանքը կը նմանի Յուստինոս Բ. ի Վլաշէրնի եկեղեցիին եւ Մոտեստոսի Ս: Յարութեան մէջ կատարած աշխատանքներուն: Եւտիքոսի պատմութեան համաձայն, Յուստինիանոս իր ճարտարապետը կը յանդիմանէ երկու կէտէրու մասին, առաջինը սա է` թէ ան Բեթղեհէմի եկեղեցիին սիւնաղարդ եւ հոյակապ անդաստակը քանդած է եւ եկեղեցին նեղցուցած է եւ անոր տեղ շինած է սովորական եւ փակ գաւիթ մը. երկրորդը սա է` թէ նախնական ներդաշնակաւոր եկեղեցիին պատերուն մէջ կոշտ ծակեր բացած է հոն կոզակներ դնելու համար:
       Ճարտարապետը կը թուի թէ փոխանակ իր ծրագիրները Կայսր հաւանութեան անթարկելու, փութացած է գոհացում տալու կղերին տեսութիւկններուն: Ասկէց զատ, կը կարծուի այս նպատակին տրամադրուելիք դրամները անբաւական էին Կայսր մեծ փափաքին համապատասխան նպատակին հասնելու համար:
       Այս վերյադարումներէն հազիւ մէկ դար վերջ, Ս. Ծննդեան եկեղեցին նոր վերանորոգութիւն մը պիտի պահանջէր, եթէ 614ի Երուսաղէմի սրբավայրերուն դժբախտ ճակատագիրներուն վիճակակից ըլլար: Բայց ան Պարսից արշաւանքներէն զերծ մնաց: Նոյն եկեղեցին իր պահպանութիւնը կը պարտի մասնաւոր պարագայի մը, որ իր տարօրինակութեան հակառակ, խիստ հաւանական է: Եկեղեցիին ճակատը կամա անդաստակին վերին սրահը զարդարող մոզայիք մը կը ներկայացնէր Մոգերուն երկրպագութիւնը, այնպիսի ձեւի մը տակ որ խիստ տարածուած էր քրիստոնէական թուականի առաջին դարերուն եւ որմէ խիստ յատկանաշական օրինակներ պահած են Գետնադամբաններու նշխարաց սրուակներու նկարչութիւնները եւ բիւզանդական պատկերագրութիւնը: Մինչ Կոյսը` գահու մը վրայ նստած եւ Յիսուս Մանուկը գրկած է, աստղը կը փայլի իր գլխուն վրայ, մոգերը բազկատարած կը մօտենան, պարսիկ տարաք հագած, փռիւգական գտակը գլուխներին, ուռուցիկ պատմուճանը սեղմող գօտին եւ վրայէն ալ կարճ վերարկու մը ձախ ուսին վարյ ճարմանդուած եւ որուն ծալքերը յետ կոյս կը ծածանէին: Պարսիկ արշաւողները այս տարազը դիւրութեամբ ճանչցան: Այս արտաքինով չէ՞ որ իրենց Միթրա աստուածթ ամէն տեղ կը ներկայանար: Փռիւգական գդակը անոնց աչքին միսթիք նշանակութիւն մը չունի՞: Այն ճառագայթները որոնցմով կը շրջանակուէին գդակին (pileus) պատկերը, կը վկայէին իրենց յարգանքը աստուածային խորհրդանշանին հանդէպ: Մոգերը որ սովորաբար կը գրգռէին Խոսրովի հրոսակները քրիստսոնեայ տաճարները քանդելու, պարտք զգացին հանդարտիլ ի տես այս անձնաւորութիւններու, որ հագած էին եւ իրենց աստուծոյն գզեստը: Սրբավայր մը զոր կը պաշտպանեն պատկառելի խորհրդանշաններ եւ իրենց նախորդներուն պատկերը, սրբապղծութիւն մը պիտի ըլլար կրակի տալը:
       Այս հետաքրքրական արտավէպը հասած է մեզ պատկերամարտութեան վերաբերեալ Թ. դարու սինոդական նամակի մէջ, որուն բնագիրը բղխած է Երուսաղէմի 836ի ժողովին մէջ եւ առաջին անգամ տպագրուած է 1874ին:
       634ին Արաբներու արշաւանքին պատճառաւ Երուսաղէմի քրիստոնեաները արգիլուեցան Բեթղեհէմ երթալ Ս. Ծնունդը տօնելու համար: Նոյն ժամանակը Սոփրոնիոս պատրիարքը իր ծննդեան քարոզին մէջ կ՚ակնարկէ ըսելով թէ Բեթղեհէմը պաշարուած է եւ այժմ անմերձենալի է, անկարելի է տեսնել նուիրական Մսուրը եւ Այրը: Նոր արշաւողները եկեղեցիին եւ այրին զարդերը եւ կարասները աւերեցին, բայց եկեղեցին անաղարտ թողուցին: 638էն սկսեալ Ս. Երկիրը արաբական իշխանութեան տակ մը մնար, ինչպէս նաեեւ Բեթղեհէմը:
       Օմար ամիրապետին Երուսաղէմի գրաւած ժամանակ, Ս. Ծննդեան եկեղեցիին քանդումէ զերծ մնալուն պարագան իսլամ պատմագիր Եագութ (ԺԳ. դար) հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ, (Տե'ս Palestine under the Moslems, էջ 300) «Բեթղեհէմն է այն տեղը ուր Յիսուս ծնաւ. ան մէտ է Երուսաղէմի: Հոն կան շատ գեղեցիկ շուկաներ: Հոն կը գտնուէր այն արմաւենիի ծառը` զոր կը յիշատակէ Գուրանը: Այս տեղերը արմաւ չի հասունար. բայց այս մէկ ծառը բացառութիւն է: Ան յիշուած է Գուրանին մէջ, եւ Մարիամին կը տրուի նոյն արմաւէն Եգիպտոս փախած ժամանակ. ասիկա եղաւ հհրաշք մը պաշտպանելու համար զանիկա. զրոյցը այսպէս կ՚ըսէ. եկեղեցի մը, որուն նմանը շրջակայքը չի գտնուիր: Երբ Օմար ամիրապետը Երուսաղէմ եկաւ, Բեթղեհէմցի վանական մը անոր մօտեցաւ եւ ըսաւ. քեզմէ շնորհք մը պիտի խնդրեմ Բեթղեհէմի համար. Օմարը ըսաւ. այդ տեղը չեմ գիտեր, բայց կը սիրեմ տեսնել զայն: Երբ Օմար հոն գնաց, ըսաւ ժողովուրդին, դուք շնորհք պիտի գտնէք եւ ապահովութիւն, բայց մեզ համար անրհրաժեշտ է որ այն ամեն տեղեր ուր քրիստոնեաներ կը գտնուին, մզկիթ մը կառուցանենք: Վանականը պատասխանեց, Բեթղեհէմի մէջ կը գտնուի կամարակապ շէնք մը` ոյնպէս մը շինուած է, որով կարելի կ՚ըլլայ դառնալ դէպի ձեր Քիպլէն, ա'ր զայն եւ շինէ' իսլամներուն համար մզկիթ մը, եւ եկեղեցին մի' քանդեր: Օմար այս կերպով կը խնայէ տաճարին եւ իր աղօթքը կը կատարէ կամարակապ շէնքին մէջ, եւ կը վերածէ զայն մզկիթի, քրիստոնեաները պարտադրելով կանթեղներով լուսաւորել զայն եւ անոր մաքրութեան ու նորոգութեան հսկել: Իսլամները եսրունդէ սերունդ բնաւ չեն դադրած այցելելէ Բեթղեհէմ եւ իրենց աղօթքները կատարելէ այս կամարակապ շէնքին մէջ, որ Օմարի շէնքն է: Մինչեւ հիմակ ալ նոյն շէնքը ծանօթ է այս անունով. վասն զի Ֆրանկները (Խաչակիրները) բան մը չփոխեցին` երբ անոնք երկրին տիրեցին: Կ՚ըսեն թէ հոն կը գտնուին Դաւթի եւ Սողոմոնի գերեզմանները»:
       Յուստինիանոսի աշխատանքներէն անիմջապէս յետոյ Բեթղեհէմի եկեղեցիին եւ այրին ձեւին եւ դիրքին վերաբերմամբ տեղեկութիւնները աւելի ճոխ են: Այցելու մը որ առաջին անգամ տաճար կը մտնէ առաջին նայուածքով կը տեսնէ աջէն ու ձախէն կրկնակ սիւնաշարք մը, որ եկեղեցին կը բաժնէ երեք կոնքերու (nefs) եւ երրեակ կոզակներու որ անոր կու տան խաչի ձեւ մը: ՍԻւներու թուոյն նկատմամբ յիշատակարանները կը տարբերին, բայց ԺԲ. դարուն անոնց թիւը կը համրուի յիսուն: Այս եկեղեցին ունէր առանձնայատկութիւն մը, որուն յիշատակութիւնը ի զուր կը փնտռենք Յուստինիանոսէ յառաջ. այսինքն եռադասեան ձեւը (trichorale) եւ խաչաձեւ յատակագիծը, զոր կը ձեւացնէր Ս. Ծննդեան եկեղեցին: Եկեղեցին աւելի պայծառացած էր խոյակներու ոսկեզօծումով, քովթարներու (arghitrades) քանդակներով եւ որմերու մոզայիքներով: Այս հրաշալիքներու մտածումը միայն զմայլանքի կը մղէ Սոփրոնիոս բանաստեցղծը. «Ի տես ոսկեճաճանչ սիւներու եւ գեղակերտ մոզայիքներու, իմ վիշտերուս ամպը կը ցրուէց: Աստղերու նման փայլող պրշակները կը նշմարէի, շնորհիւ արուեստաւրին ճարտարութեան, հո'ն է որ երկինքի փառքը կը պարզուի»:
       Ըստ Արգուլֆի, Է. դարուն Բեթղեհէմի եկեղեցին կը կոչուէր Ս. Աստուածածին: 870ին Բեռնարդոս վանականին համաձայն, այրին մուտքը կը բացուէր հարաւային կողմը, մինչ ելքը կը գտնուէր արեւելք: Լատինական տիրեպետութեան սկիզբը, այս արեւելեան դուռը նշանակուած կը գտնենք Դանիէլ կրօնաւորի Ուղեգրութեան մէջ. «Արեւելեան դռնէն Ս. Այրը մտնելով` հողին վրայ ձախին կ՚ունենանք այն տեղը ուր ծնաւ մեր Տէրը, վրան կը գտնուի սեղան մը, ուր պատարագ կ՚ըլլայ»: Այցելու մը այսօր հիւսիսային սանդուխէն պիտի իջնէ, այլպէս պիտի չը կարենայ արտայայտուիլ: Շատերը կը պնդեն սակայն, արեւելեան կողմի մուտքն է որ կարծել կու տայ մեզ թէ` ԺԲ. դարուն, Այրը իջնելիք սանդուղին ուղղութիւնը քանի մը փոփոխութիւններ կրած է:
       Այս երկրորդ շրջանին ուխտաւորները համաձայն են Մսուրէն զանազանել Քրիստոսի ծննդեան տեղը: Ծննդեան տեղը Այրին արեւելեան կողմն է, առաջին տեղն է այն` որուն կը հանդիպի ուխտաւորը, երբ ներս մտած է: Անոր վրայ շինուած է սեղան մը հանդիսաւոր պատարագներու համար: Դուրսը կը դրուի շարժուն սեղան մը, մասնաւորներու արարողութիւններու յատուկ: Անստոյգ կը մնայ թէ արդեօք փոքր կոզակի մէջ հաստատուած սեղան կա՞ր, ինչպէս այսօր կայ: Կը կարծենք թէ այս շրջանին գոյութիւն ունէր չորս սիւներով սեղան մը, ինչպէս կ՚երեւի ԺԲ. դարուն: Պատմիչներուն եւ ուղեւորներուն ըսածին նայելով Այրը ունէր ոսկեզօծումներ եւ լաւ պահպանուած նկարներ:
       Այս շրջանին յիշատակարանները նուազ բացայայտ են Մսուրքի մասին: Որոշ բան մը չէ կարելի ըսել թէ Ս. Հեղինէի արծաթ Մսուրքը ի'նչ եղած է Պարսից եւ Արաբաց արշաւանքին ժամանակ: Հաւանական է որ ան ուրիշ սրբութիւններու հետ Պոլիս փոխադրուած ըլլայ, պատերազմներու հետեւանքվ 1157ին Պոլսի եկեղեցինրեէն միյն գանձատան մէջ էր «ա'յն Մսուրը որուն մէջ բազմեցաւ ՓՐկիչը»: Յուստինիանոսի կատարած վերանորոգութեան ժամանակ Ս. Այրին բաշխումին մէջ ոեւէ փոփոխութիւն կատարուեցա՞ւ: Կարելի է եւ նոյն իսկ հաւանական, ա'յն փոփոխութիւններու հետեւանքով զոր կրեց վերնայարկի սրբավայրը: Օրինակի համար, այս երկրորդ շրջանին, կը հաստատենք թէ Այրին սեղանը Մսուրին մօտ չէր գտնուէր, ինչպէս Յերոնիմոսի օրով, այլ այն տեղը որ Փրկչին Ծննդեան տեղը կը համարուէր: Այրին հիւսիսային տողմն ալ ցոյց կու տային ջրհորմը` ուր ինկած էր մոգերուն աստղը, ըստ Եպիփանի:
       Յիշատակարան մը Commemoratorium de Casis Dei խորագրով կը գրէ թէ Բեթղեհէմի եկեղեցին Թ. դարուն ունէր տսան եւ հինգ կղերներ` քահանայ եւ վանական, ինչպէս նաեւ երկու մենակեացներ: Բայց Երուսաղէմի կղերը կը շարունակէր Բեթղեհէմի մէջ կատարել Ս: Ծննդեան տօնը եւ նոյն եկեղեցիին յատուկ տօները, ինչպէս կը հասկցուի Սոփրոնիոսի վերոյիշեալ խօսքերէն: Հաքէմ Խալիֆայի (1009) քանդումէն զերծ մնաց նաեւ Բեթղեհէմի Ս: Ծննդեան եկեղեցին բարեբախտ պատճառներու հետեւանքով, այնպէս որ 1029ին եւ 1047ին ուղեգիր ուխտաւորները հիացումով կը յիշեն ուխտական մեծ տօները եւ հանդիսութիւնները, զոր կը կատարէին քրիստոնեայք Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան եկեղեցիին մէջ: