ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Խաչակիրներուն գալէն յառաջ Պաղեստինի գրեթէ բոլոր եկեղեցիները Արաբներուն ձեռքոյ կործանուեցան, միայն Բեթղեհէմի Ս. Կուսի եկեղեցին ազատ մնաց կործանումէ: Բեթղեհէմցիները Ս. Ծննդեան տաճարին պահպանումին համար, երբ լսեցին թէ Խաչակիրները Էմմաւուս համած են ու պիտի յարձակին Երուսաղէմի վրայ, խաչակիր բանակին ընդառաջելով դիմեցին դուքս Կոտըֆրուայի որ փութայ օգնութիւն ղրկել. նկաին առնուեցաւ Բեթղեհէմցիներու խնդրանքը եւ Դուքսը` Թանկրէտի եւ Պուրկի Պաղտինի առաջնորդութեամբ Բեթղեհէմ փութացուց հարիւր ընտիր ասպետներու գունդ մը, որ առաւօտուն կանուխ Բեթղեհէմ հասնելով ցնծութեան աղաղակներով ընդունուեցաւ եւ առաջնորդուեցաւ դէպի Ս. Ծննդեան եկեղեցին: Տեղացի կղերը մասնակցեցաւ այս խանդավառ թափօրին, որուն երաժշտական երգերուն խառնուեցան ուրախութեան արցունքներ: Գոհաբանութեան երգերէն ու Ս. Այրին այցելութենէն յետոյ, Թանկրէտ ի նշան յաղթութեան դրօշակ մը բարձրացուց Ս. Ծննդեան եկեղեցիին վրայ, յետոյ վնաց ասպետներու գունդը` միանալու բանակին` մասնակցելու համար Երուսաղէմի գրաւման: Ս. Տեղերու յաղթութեան հետեւանքով Կոտըֆրուայի կողմէն հիմնուած լատին թագաւորութիւնը յանձնուեցաւ անոր եղբօրը` Պաղտինի, որ փառասէր մրցակիցներու դէմ իր վեհապետական իրաւունքները ապահովելու համար պարտք համարեց թագաւոր պսակուիլ: Յայտնի է ա'յն կրօնական զգացումը` որ ստիպած էր Կոտըֆրուայի դուքսը հրաջարելու թագաւորական տիտղոսէն: Պաղտին նոյնանման մտածումով մը առաջնորդուեցաւ թագաւորութեան համար նախամեծար համարիլ Բեթղեհէմը Երուսաղէմէն: Պատմիչ մը կ՚ըսէ թէ «ան յաւակնութիւն չունեցաւ թագ դնելու, ոսկիով եւ պատուական քարերով զարդարուելու եւ թագաւոր հռչակուելու Երուսաղէմի մէջ, ուր մեր Փրկիչը, թագաւորաց թագաւորը մինչեւ ի մահ խոնարհած է աշխարհի փրկութեան համար կրելով փշեղէն պսակը»: Այս ընտրութեան պատճառներուն մէջ պէտք է նկատեք նաեւ Դաւթի օծման յիշատակն ի Բեթղեհէմ, որ անոր հայրենական գիւղն էր: Պաղտին Ա. ի թագաւորութիւնը հանդիսաւորապէս տեղի ունեցաւ 1101 Ծննդեան տօ նին օրը: Քսան տարի վերջը դարձեալ Ս. Ծննդեան եկեղեցիին մէջ Պաղտին Բ. եւ իր կինը ընդունեցաին թագաւորական օծումը: Այդպիսի առանձնաշնորհում մը պիտի բարձրացնէր Բեթղեհէմի եկեղեցիին գերընտրութիւնը եւ իր վրայ պիտի հրաւիրէր իշխաններու նպաստը: Բեթղեհէմի եկեղեցին 1101ին ժողովրդապետութիւն էր, 1101-1110ին վանահայրութիւն. այս վերջին թուականին Պաղտին Ա. ի խնդրանքին վրայ` եպիսկոպոսութեան բարձրացաւ: Ասկաղոն, որուն ի վնաս հաստատուեցաւ եպիսկոպոսական նոր աթոռը, իբր ժողովրդապետութիւն հպատակեցաւ Բեթղեհէմի: Այսպէս էր նաեւ Ազարէթը, որ ի վնաս Սկիւթուպոլսի, եպիսկոպոսութեան բարձրացաւ: Իբր մայրաքաղաք` շատ հին աւանդութիւններուն եւ մերձաւորութեանը պատճառաւ Երուսաղէմի կատարած ոտնձգութիւններէն Բեթղեհէմի եկեղեցին պաշտպանելու համար, վեհապետները մեծամեծ նպաստներ հաստատեցին հոգալու համար ո'չ միայն կղերին ապրուստը, այլ նաեւ, գոնէ մասամբ, այն նորոգութիւնները զոր կը պահանջէր հնամենի եկեղեցին: Ազնուականներն ալ առատօրէն մասնակցեցան թագաւորներուն հետ:
       Ստոյգ է որ ԺԲ. դարուն սկիզբը Ս. Ծննդեան եկեղեցին իր նախնական գեղեցկութիւնը կորսնցուցած էր: Կոստանդիանոսէն ի վեր անցնող ութ դարերը Ս. Այրը բերած էին միլիոնաւոր ուխտաւորներ, եւ շատ անգամ ալ բարբարոս հրոսակներ: Ամենէն հաստատուն եւ լաւագոյն կերպով շինուած սալայատակ մը կրնա՞ր այնքան երկար ժամանակամիջոցի մկ մէջ անվանսա մնալ ուխտաւորներու խոշոր ու կոշտ կօշիկներուն անդադրում շփումներէն: Պէտք է նաեւ նկատի առնել հեռուէն եկող այնքան հաւատացեալներուն այն բարեպաշտիկ վանտալականութիւնը` որով կ՚ուզէին իրենց մօտ ունենալ ո'եւէ Ս. Տեղի մը մասունքը, ժայռի մը կամ մոզայիքի մը բեկորը, մարմարի կամ ծեփի կտոր մը, այն ալ ընդհանրապէս շատ գէշ կերպով ձեռք բերուած: Մոմերու եւ խունկերու ծուխը, ինչպէս նաեւ դարաւոր փոշիներու համաբարդութիւնը աղօտացուցած էին մոզայիքներու պայծառութիւնը: Եթէ ԺԲ. դարու մոզայիքները սեւցած կ՚երեւնային 1461ին ուխտաւորի մը, ի՞նչ վիճակի մէջ կրնային գտնուիլ 1100ին, Դ. կամ Զ. դարու մոզայիքները: Այդ պատճառաւ է որ Խաչակիրները ջանացին հաստատել եկեղեցիին վաղեմի բարեզարդութիւնը: Իրենց աշխատանքները մէկ օրէն միւսը չաւարտեցան, ամնէն կաեւորներէն սկսան, այսինքն` շէնքին, տանիքին կամ յատակին վերաբերեալ մասերէն սկսելով աւարտեցին պատերուն զարդարանքովը:
       Խաչակրաց տիրապետութենէն յետոյ Ս: Ծննդեան եկեղեցիին այլ եւ այլ փոփոխութեանց ծանօթութեամբ կարող կ՚ըլլանք ըմբռնել թէ Խաչակիրք ի'նչպիսի բազմաթիւ անհրաժեշտութիւններով յարդարեցին եկեղեցին, չորս դարու արաբական գրաւումէն յետոյ: Ուղեգիր ուխտաւորներ այս շրջանին մէջ բաւական ծանօթութիւններ տուած են այս եկեղեցւոյ մասին. անոնց նկարագրութիւններէն կը քաղենք ինչ որ պիտի գրենք: մասնագէտները իրաւամբ կը նմանեցնեն այս եկեղեցին հռովմէական պազիլիքաներուն եւ կը սահմանեն գաւիթը իբր կամարակապ սրահ մը` որ իր առջեւը ունի շէնքին դուռները: Այս դուռները, որ երեք են, կը բացուին ընդարձակ եւ երկար միջավայրի մը մէջ, ուր կան իւրաքանչիւր տասնըմէկ սիւներով չորս կարգեր, «սիւներ շատ գեեցիկ, չորս ձողաչափ բարձր, մտակտուր եւ հաստ, տեսնելու արժանի»: Ճերմակով երակաւոր այս կարմիր միապաղաղ սիւնաբուները իւղով այնքան շփուած եւ յղկուած են որ մարդ հայելին նայեծի պէս կրնայ իր դէմքը տեսնել անոնց մէջ: Պատերուն ստորին կողմերը ծածկուած են ճերմանկ մարմարի տախտակներով, որ կը ցոլացնեն ինչ որ կը գտնուի եւ կ՚անցնի եկեղեցիին մէջ: Սրբավայրին խաչաձեւ յատակագիծը եւ երեք կոզակներու մանսայատկութիւնը շատ ուղեւորներ նօթագրած են. տեղեկութիւններ տուած են նաեւ դասին, սիւներուն եւ յատակիու տանիքի մասին: Տանիքը անփուտ փայտէ շինուած էր եւ կը տսենուէր ներսէն, եւ ծածկուած էր կապարով: Եկեղեցիին կատարին վրայ երկաթէ ձողով մը հաստատուած էր ոսկեզօծ պղնձէ աստղ մը ի յիշատակ Մոգերու առաջնորդող աստղին:
       Ս. Ծննդեան եկեղեցիին ճոխ զարդարանքի նկարագրութիւնը աւելի շահագրգռական է, վասն զի նոյն զարդարանքներուն տակ կը շողաին մեծ գաւիթին պատերը: Ներկայիս գրեթէ անհետացած այս արուեստին նկարագրութիւնը իր յատուկ տեղը ունի մենագրութեան մը մէջ, որուն նպատակն է ո'չ թէ միայն անցելոյն մէջ գտնել ի'նչ որ այսօր կայ, այլ նաեւ ընթերցողին ներկայացնել այն վեհութիւնը զոր կը պարզէր Ս. Ծննդեան եկեղեցին իր փառքի հին օրերուն: Եթէ եկեղեցւոյ զարդարանքին ու մոզայիքներուն նկարագրութիւնը աւելի հին եւ կամ միջին դարու ուղեւորներու յիշատակարանաց վրայ յենլով պիտի գրենք, շատ քիչ բանով մը միայն կարելի է գոհանալ. վասն զի նոյն ծանօթագրութիւնները շատ կցկտուր են եւ շատ համառօտ, նոյն իսկ հակասական եւ անճիշչ. նոյն զարդարանքներուն ամբողջական նկարագրութիւն մը ընելու համար պէտք կ՚ըլլայիջնել մինչեւ 1626 թուականը, ուր Գուարէզմիոս Ֆրանչիսկեան մեծաւոր գիտնականը, իբր ականատես վկայ եւ տեսականագէտ, կրնայ տալ մեզ այն տեղեկութիւնները որոնք կարեւոր են մեզ, թէեւ անկատար ա'յն մեծ ընդհատներուն (lacunes) համար, զոր կրծող ժամանակը եւ արշաւողները պատճառած են: Գուարէզմիոսի տուած տեղեկութիւններուն կցելով Մարքիզ Տը Վոկէի դասական դարձած մեկնութիւնները, պիտի կրնանք ակնարկ մը նետել Ս. Ծննդեան եկեղեցիին կեդրոնական գաւիթին եւ դասին այսօրուան ճերմկցած պատերուն վրայ, պատմութեան աչքերով դիտելու համար այն հրաշալիքները որ անյայտացած են: Այժմ գոյութիւն ունեցող բեկորներուն հասնելով պիտի կրնանք հաստատել հնախօսներու կողմէն տրուած տեղեկութիւններուն ճշդութիւնը:
       Ս. Ծննդեան եկեղեցիին ներքին զարդարանքները ճոխագոյն եղանակով մը կատարուած են Խաչակրաց ժամանակ: Այդ զարդարանքները երկու տեսակ են, մոզայիք եւ նկար, որ շքեղագոյն փայլ մը կու տային եկեղեցւոյն: Մոզայիքներէն ամենէն խորհրդաւորն էր արեւմտեան կողմը ճակատի ներքին դրան վրայ Յեսսէի ծառը, քնացող Յեսսէի կոզերէն երեք շառաւիղներ կը բուսնէին եւ կը բաժնուէին ճիւղերու, որոնց իւրաքանչիւրը կը կրէր Քրիստոսի նախնիքներէն մին: Նոյն ծառին վրայ ԺԷ. դարուն տակաւին կ՚երենային Յովել, Ամովս, Միքիա, Եզեկիէլ, Եսայի եւ Բաղաամ` Մեսիայի նկատմամբ իրենց մարգարէական լատիներէն գրուածքներով: Տաճարին արեւելքը կը գտնուէին հետեւեալ մոզայիքները, որոնց համառօտութիւնը կու տանք հոս. 1. Նիկիոյ Ժողովը (325), նոյն մոզայիքին մէկ կտորը տակաւին գոյութիւնը ունի, 2. Կոստանդնուպոլսի Ա. Ժողովը (381), որ մինչ ցայժմ ամբողջութեամբ կը գտոնւի, 3. Եփեսոսի Ժողովը (431), որուն երկրորդ մասը միայն կայ այժմ, բնագրին առաջին մասին բովանդակութիւնը պահած է Գուարէզիմոս, 4. Քաղկեդոնի Ժողովը (451) որ, բացի կամարշէն եւ գրակալներու ստորին մասէան, գոյութիւն ունի այժմ, 5. Բ. Ժողո վ Կ. Պոլսի (553), ամ բողջովին ջնջուած, 6. Գ. Ժողով Կ. Պոլսի (680), որմէ կը մնայ միայն կրկնակ աղեղնակամարը եւ արձանագրութեան վերի մասը, գրեթէ եօթ տող, չորսը մէկ կողմը եւ երեքը միւս կողմը, 7 Բ. Ժողով Նիկիոյ (787), ամբողջապէս ջնջուած: Մինչ միւս ժողովներուն բովանդակութիւնները յունարէն արձանագրուած էին, այս ժողովին արձանագրութիւնը լատիներէն է. Գուարէզմիոս ընդհատներով ընդօրինակած է եւ Տը Վոկէին գիտնօրէն վերահաստատուած: Ժողովներու շարքին գլուխը պսակող ծոփորները (frises), ինչպէս նաեւ պատուհաններուն անջրպետը բռնող հրեշտակները ամբողջովին քանդուած են:
       Տաճարին հիւսիսային պատին վրայ ԺԷ. դարուն կը տեսնուէին հետեւեալ ժողովները իրենց բովանդակութեամբ. 1. Ա նկիւրիոյ Ժողովը (314), այժմ բոլորովին ջնջուած, 2. Անտիոքի Ժողովը (272), այժմ գոյութիւն ունի, բացի վարի մասէն ուր քանի մը գիրեր ջնջուած են, 3. Սարդիկէի Ժողովը (347), տակաւին այժմ տեսանելի, բացի վարի կողմէն ինկած քանի մը գիրերէն, 4. Գանգարայ Ժողովը . դար), բոլորովին ջնջուած, բովանդակութիւնը պահած է Գուարէզմիոս, 5. Լաւոդիկէի Ժողովը . դար), բոլորվին ջնջուած, 6. Կարդագինէի Ժողովը (254), բոլորովին անյայտ: Իւրաքանչիւր տիեզերական եւ մասնաւոր ժողովներուն համառօտութիւնը նշանակուած էր մոզայիքներուն մէջ:
       Այցելուն որչափ կը մօտենայ Ս. Այրին` կրօնական ծանօթութեանց շրջանակը կը կատարելագործուի: Հարաւային կոզակին մէջ այցելուն կը տեսնէր Փրկչին ծննդեան մոզայիքը որ շինուած էր բիւզանդական ոճով: Գուարէզմիոս դեռ իր օրով կը տեսնէր այս պատկերին մէկ կտորը, որուն վրայ շինուած էր նորածինը լուացող մանկաբարձին պատկերը ու անոր ամբողջ արձանագրութիւնը: Նոյնին մէկ կողմը կը գտնուէին Մոգերու երկրպագութիիւնը եւ Մոգերուն վերադարձը հրեշտակին առաջնորդութեամբ: Հարաւային կողմը կային նաեւ Յիսուսի Չարչարանաց, Յարութեան եւ Համբարձման մոզայիք պակերները: Դասին կեդրոնական մասին հարաւը կար Ընծայումն ի Տաճար, հիւսիսը` Պենտեկոստէն եւ Ս: Կուսին թաղումը, արեւելեան կոզակին մէջ Աւետումը, Մարիամը ձախին եւ հրեշտակապետը աջին` Ս. Գաբրիէլ անունով: Մեծ կամարին կեդրոնը կը գտնուէր Տիրամօր մէկ պատկերը, եւ անկիւնակալներուն մէջ` Աբրահամու եւ Դաւիթ Մարգարէին պատկերները: Միեւնոյն տեղւոյն մէջ պատմական այս մոզայիքներուն տակը կան մին լատիներէն եւ միւսը յունարէն երկու արձանարգութիւններ, որոնք կը հաստատեն թէ այս մոզայիքներ եւ նկարներ ե՞րբ շինուած են եւ որո՞նք շինած են: Հոս կը դնենք անոնց թագրմանութիւնը: «Ամորի թագաւոր, պահապան եւ թշնամի ամբարշտութեան, սիրող արդարութեան եւ բարեպաշտութեան, վրէժխնդիր մեղաց, կ՚իշխէր իբրեւ հինգերորվ թագաւոր. Էմմանուէլ` վեհանձն նուիրատու եւ կայսր բարեպաշտ, հրամանատար Յունաց. հոս Կ՚ապրէր եւ եկեղեցին կը կառավարէր բարեպաշտն Ռաուլ` արժանաւոր եպիսկոպոս, երբ Եփրեմի ձեռքը կը շինէր այս գեղեցիկ (նկարը)…» :
       Յունական արձանագրութիւնը, որ մեծ մասով տակաւին կը տեսնուի, դարու յոյն ուխտաւորի մը եւ Կը Վոկէի կողմէն ամբողջացած եւ ուղղուած Գուարէզմիոսի օրինակներուն: Տարբեր բառերով այս արձանագրութիւնը կը հաստատուի լատիներէն տեղեկութիւններով, որ է հետեւեալը. «Ներկայ գործը աւարտած է նկարիչ եւ մոզայիք շինող վանական Եփրեմի ձեռքով, Մանուէլ Կոմնենոս մեծ կայսեր եւ Երուսաղէմի մեծ թագաւոր Ամորիի եւ Բեթղեհէմի եպիսկոպոս Ռաւոլի օրով, 6677 տարւոյն, Ընդիկտիոն Բ. կամ աւելի լաւ 6673, Ընդիկտիոն ԺԲ. »: Առաջին թուականը ըստ Պոլսի տումարահաշուին, որ ժամանակ Մարմնառութեան առաջին տարին կ՚իյնայ աշխարհի ստեղծագործութեան 5509ին եւ կը համապատասխանէ 1169 քրիստոնէական թուականին: Այս ժամանակ կը թագաւորէր Մանուէլ Կոմնենոս Բիւզանդիոնի մէջ (1143-1180), Երուսաղէմի մէջ Ամորի (18 Փետր. 1162-11Յուլիս 1173), եւ Ռաուլ եպս. բեթղեհէմի եպիսկոպոսական աթոռը կը գրաւէր: Երկրորդ թուականը ԺԴ. դարու յոյն անանունէ մը ընդունուած` կը համապատասխանէ 1165 փրկչական թուականին:
       Այժմ ներկայացնենք մեծ գաւիթին հիւսիսային սիւնաշարքի սրբոց նկարները. 1. Ս. Մակար, որ կը բռնէ խաչ մը եւ հագած է արմաւենիէ հիւսած վերարկու. 2. Ս. Ատոն, դէմքին վարի մասը կը մնայ, հագած է կնգղաւոր երկայն վերարկու մը. 3. Ս. Եւթիմէոս, հագած է յունական շուրջառ մը, աջ ձեռքովը կ՚օրհնէ եւ ձախովը բռնած է գրուածք մը. 4. Ս. գէորգ, աջը կը գտնուի գեղարդ մը եւ առջեւը սուրբ մը` որուն կոթը խաչաձեւ է: Աջ կողմն է վահանը. 5. Լէորնարդոս, հագած է սեւ վերարկու մը եւ կռթնած է գաւազանի մը վրայ. 6. Ս. Կոզմա, հագած է կամրիր վերարկու. 7. Ս. Դամիանոս, կամրիր վերարկու հագած է. 8. Ս. Կաթալտոս, հաւանաբար Աւետարանիչ, սուրբը իր ձեռաց մէջ ունի իր Աւետարանը:
       Մեծ գաւիթին հարաւային սիւնաշարքին վրայ 1. Ս. Թէոդոսիոս, հագած է ճերմակ վերարկու մը. 2. Ս. Սաբա, հագած է դեղին վերարկու մը եկ բռնած է գրուածք մը. 3. Ս. Ստեփանոս, կը կրէ լատին լայն շուրջառ մը, ձախ բազուկին վրայ կապուած է բազպանը, միւս ձեռքովը բռնած է աւետարան մը. 4. Ս. Կանուդ` թագաւոր Տանիմարքայի ( 1086), թագը գլխին նկարուած է, աջ բազուկը յեցած է գեղարդի մը վրայ եւ ձախովը բռնած է խաչով զարդարուած վահան մը. 5. Ս. Օլաֆ, (1015-1030) թագաւոր Նորվեկիոյ որ կը կրէ կապոյտ վահան մը ոսկեզօծ խաչով, իր մասին շատ մը զրոյցներ շրջան կ՚ընեն. 6. Ս. Վենսան, մարտիրոս, լատին սարկաւագի զգեստ հագած է. 7. Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ, հագած է իր աւանդական կաշիէ զգեստը, որուն տակ կը տեսնուի արեւէն սեւցած սրունքները, ձեռքն ունի գրուածք մը. 8. Ս. Եղիա, որ մտախոհ դիրքով մը նստած է, Միքէլ-Անժի Մովսէսին նման ձեռքը մօրուքին երկարած է: Սուրբին վրայ թռչող երկու ագռաւներ անոր հաց կը բերեն. 9. Ս. Ոնոփրիոս, կը կրէ երկար սրածայր մօրուք մը եւ սփածանելի մը:
       Միւս սիւնաշարքերուն վրայ ցանցառ կերպով կը գտնուին առաքելոց եւ այլ սրբոց նկարներ: Ս. Ծննդեան եկեղեցիին այս բազմաթիւ մոզայիքներուն եւ նկարներուն շինութիւնը արդիւնք կը նկատուի Բիւզանդիոնի եւ լատին թագաւորութեանց խնամիական կապակցութեանց եւ մասնաւորապէս ԺԲ. դարուն յոյն եւ լատին եկեղեցեաց միութեան գաղափարի ձգտումներուն: Այդ ըմբռնման հետեւանքով է որ այս համազգային քրիստոնէական մեծ եկեղեցիին մէջ այլ եւ այլ ազգաց սուրբերը նկարուած են ու արձանագրութիւններ ունին յոյն եւ լատին եկեղեցեաց եւ ժողովուրդներու ներկայացուցիչները:
       1187ին Սալահէտտին, գրաւելով Պաղեստինը, պահպանեց Ս. Ծննդեան եկեղեցին եւ յաջորդներն ալ այդ մտօք շարժեցան: ԺԵ. դարուն եկեղեցւոյ մոզայիքները եւ մարմարները կամաց կամաց սկսան քանդել ու տանիքը մեծապէս վնասուած էր. նոյն իսկ տեղացի քրիստոնեաները իերնց աղքատութիւնը դարմանելու մտքով տաճարին մարմարները հանել տանելու սրբապղծութիւնը գործած են եւ եղած են մարդեր որ Ս. Այրին մէջ գանձ փնտռելու դիտումով յատակին մարմարները տեղէն հանած ու կոտրած են: ԺԷ. դարուն տաճարին բոոր գեղեցկութիւններն այլ եւս խաթարուած էին, ու մինչեւ մեր օրերը չէ կատարուած ոեւէ աչքառու նորոգութիւն մը: Դժբախտութիւն է որ այսօր Ս. Ծննդեան եկեղեցին կապտուած է իր աննման զարերէն, եւ տեսնելով զայն, չի կրնար համեմատել Կոստանդինեան, Յուստինիանոսեան եւ Բիւզանդական շրջաններու այն գեղակերտ զարդարանքներուն հետ որ պճնած էին Բեթղեհէմի եկեղեցին:
       Օգտուած ենք հետեւեալ գիրքէն. Betleem, le sanctuaire de la Nativite. P. P. H. Vincent et P. M. Abel. 1904: