ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Յոպպէն` որուն եբրայեցերէնն է Եաֆօ, Պաղեստինի ծովային մէկ քաղաքն է, որ կրնայ նկատուիլ Երուսաղէմի սովորական նաւահանգիստը: Յոպպէն հիմակ կը կոչուի Եաֆա:
       Այս նաունը Քարնաքի մեհեանի նախադրան աշխարհագրական ցանկերուն մէջ կը կարդացուի Իաբու կամ Իօբու: Ասորետանեայց արձանագորւթեանց մէջ կը յիշուի Տա - աբ - բիւ - իւ, համազօր Իաբբիւյի: Այս անուան հականական նշանակութիւնն է գէղեցկութիւն, որ կը ծագի եաֆան արմատէն, եւ կը նշանակէ գեղեցիկ ըլլալ: Յոպպէն շինուած է ժայռոտ բլուրի մը վրայ, որ կը բարձրանայ գրեթէ երեսուն մէթր այն դաշտէն` որ կը տարածուի դէպի արեւելք. եւ յիսուսն մէթր բարձր Միջերկրարակնէ`ն որ կը թրջէ իր ստորոտը եւ աղեղնաձեւ կը տարածուի հարաւէն հիւսիսային արեւելք: Քաղաքին տուները բլուրին բոլոր զառիվայրերը ծածկելով` շատերը այժմ, ինչպէս երբեմն, տափարակ տանիքներն ունին (Գործք Առաք. Ժ. 9): Կարմիր կղմինտրով տանիքները սակայն, հետզհետէ արդիական տեսք մը կու տան: Այն պարիսպներէն` որով անցելոյն մէջ ան միշտ շրջապատուած էր, ծովեզրին երկայնքին վրայ եւ հարաւային կողմը կը մնան ատամնաւոր պատերու մասեր եւ մարտկոցներ, որոնց ստորոտը կը մնան անգործածելի հրանօթներ: Բլուրին գագաթը քիչ տարիներ յառաջ կը տեսնուէր ամրացեալ դղեակ մը աշտարակով, շիոնւած բեկորներովն այն հին միջնաբերդերուն` որոնք կառուցուած էին նոյն տեղերը:
       Յոպպէի հռչակաւոր նաւահանգիստը բնական կանթ մ՚է դէպի հիւսիս բացուած, երեք հարիւր մէթր երկայնութեամբ եւ հարիւր մէթր զայնութեամբ. կանթը կազմուած է ժայռերու շերտով մը` հազիւ մին միւսէն հինգ մէթր հեռի` երկու յառաջակարկառ ժայռերու մէջ սեղմուած արեւմտեան կողմի անցքով միասին, ուր ալիքներ «ելանեն լեռնանան եւ իջանեն դաշտանան» Սաղմոսերգուին ըսածին նման (Սղմ. ՃԳ. 8): Այս այն մուտքն է` ուրկէ սովորաբար կ՚անցնին, ոչ անվտանգ, բացերը կեցող նաւերէ ուխտաւորներ բերող նաւակները. քիչ մը աւելի մեծ տարողութեամբ նաւերը մուտք կը գործեն հիւսիեէն: Այս աւազանը անտարկոյ բաւական ընդարձակ եւ խոր էր պարունակելու համար հին ատենուան փոքր նաւերը. բայց մեծագոյն նաւերը եւ արդի շոգենաւերը հեռուն պարտաւոր են խարսխել. այսօր ան կիսով մը աւազով լեցուած է, հոն կ՚ապաստանին միայն սովորական նաւակները եւ քիչ տարողութեամբ առագաստանաւերը:
       Յոպպէն` Հրէաստանի եւ Սամարիոյ հեռաւոր լեռներու մանիշակագոյն կապոյտի վրայ իր ճերմակ տուներով պաղեստինեան ափանց գորշ դեղին բլուրի մը վրայ բարձրանալով` եւ յառաջանալով դէպի ծով, հեռուէն եկող ուղեւորին կը ներկայանայ նման բարեկմի մը` որ իր ձեռքը կ՚երկարէ ընդունելու զայն այս ցանկալի Աւետեաց երկրին մէջ: Այն փառքը որուն արժանի էր Եաֆոհ անունը, իր մրգաստաններուն փառքն է: Փարաւոնի ա'յն զօրապետը որ մեզ թողած է Ուղեւորութեան հնագոյն պատմութիւնը, եւ Ռամսեէե Բ. Մէնէֆթահի ժամանակ Պաղեստինէն կ՚անցնէր, արդէն կը փառաբանէ իրենց բարգաւաճման մէջ գտնուող Յոպպէի կանաչազարդ ցանկապատերը, եւ հրապուրուած է անոնց հասունցած եւ հիւթեղ պտուղներով: Քաղաքին վերեէն աչքը կ՚ընդգրկէ ընդարձակ տարածութիւն մը` զոր աւելի նպաստաւորեալ բնակիչներուն ճարտարուեստը տակաւին պիտի կրնայ զագացնել կազմելով միակ անտառակ մը, այսինքն թաւուտք մը թզենիներու, նշենիներու, ծիրանիի, դեղձի, հսկայական ժանտաթզենիներու, թթենիներու, կիտրոնի ծառերով բեռնաւորեալ իրենց բոյրը հեռուն տարածող ծաղիկներով եւ պտուղնրով. նարինջներու` որոնց ճիւղերը կը հակին իրենց ոսկեգոյն խոշոր պտուղներու ծանրութեան տակ, փայլուն ծաղիկներով նռնենիներու, լայն տերեւներով պանաններու, որոնց վրայ բարձրացող արմաւենին կը շարժէ իր զարգմանակաձեւ գլուխը: Այս թանձրախիտ կանաչութենէն հոս եւ հոն կը վերացայտեն սիրուն հովոցներ, որոնց մօտ անդադրում անձրեւներու ջուրերը ամէն կողմ տարածուելով կը պահպանեն հողին արգասաւորութիւնը եւ կ՚ոռոգեն ծառերուն մէջ պահուըտած ամէն տեսակ բանջարեղէնները:
       Յոպպէի այս համառօտ նկարագորւթենէն վերջ պիտի գրենք անոր քրիստոնէական կեանքը, Խաչակրաց ժամանակը եւ իր եկեղեցիները, Սիմոն Խաղախորդի եւ Տաբիդայի տուները, ինչպէս նաեւ Ս. Պետրոսի եկեղեցւոյն գիւտը. յետ այնու պիտի գրենք մեր Ս. Նիկողայոս վանքին ծագումը, կատարուած շինարարութիւնները եւ այն դէպքերը` որ տեղի ունեցան նոյն վանքին մէջ: Մեր ծրագրէն դուրս կը մնայ ծանօթագրել այն դէպքերը որ տեղի ունեցած են Յոպպէի մէջ Իսրայէլացիներէն առաջ կամ անոնց ժամանակ. գերութենէ առաջ կամ վերջը: