ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Խաչակիրները Յոպպէն գրաւեցին առանց կռուելու. բայց քաղաքը քանդուած էր. 1100էն սկսեալ Կոտընֆրայ Տը Պույեան` Բիզայի ծովային զինուորներուն օգնութեամբ վերաշինեց Յոպպէի պարիսպները: Յոպպէն դարձաւ եպիսկոպոսական քաղաք մը եկ կոմսութեան մը մայրաքաղաքը. եւ անոր նախ մէկ քառորդը, եւ յետոյ ամբողջութեամբ յատկացուեցաւ Ս. Գերեզմանի: Կոտըֆրայ յարշաւանքի մը ժամանակ հիւանդանալով` փոխադրուեցաւ Յոպպէ եւ բնակեցաւ ուխտաւորներու հիւրանոցին մէջ, բայց այս բնակարանին մէջ հանգիստ չէր, նաւահանգիստի ծովային զինուորները այնքան աղմուկ կը հանէին որ` Կոտըֆրայ անհանգիստ մնալով` ստիպուեցաւ փոխադրուիլ Երուսաղէմ, ուր իսկոյն մեռաւ:
       1102ին Պաղտին Ա. ի կինը պաշարուեցաւ Յոպպէի մէջ, 1103ին, 1106ին, 1108ին նոր պաշարումներ տեղի ունեցան, բայց անոնք վերցան ծովէն եկած օգնութիւններուն շնորհիւ: Յոպպէն` 1187ին Սարակիանոսներէն գրաւուած եւ քանդուած ըլլալով` 1192ին քրիստոնէից յանձնուեցաւ Սալահէտտինի եւ Ռիչարդ թագաւորին միջեւ կնքուած զինադադարին զօրութեամբ:
       1197ին Հենրիկոս Շանբանեըի ողբերգական վախճանին շնորհիւ Իսլամները դարձեալ գրաւեցին զայն. 1228ին Քրիստոնեաները վերստացան քաղաքը եւ հոն կառուցին զօրաւոր ամրոց մը:
       1251ին Ս. Լուդովիկոս հոն բնակեցաւ թագուհիին հետ, որ հոն ծնաւ Պլանշ Տը Ֆրանսը, մինչ թագաւորը կ՚զբաղէր 24 աշտարակներով նոր պարիսպներ շինելով:
       Այս պարիսպներ չկրցին ազատել քաղաքը. 1268ին Պիպարս յարձակեցաւ անոր վրայ. կոտորեց բնակիչները, քանդեց շէնքերը, բայց անվնաս թողուց փայտակերտներըեւ մարմարները Գահիրէի Հասանիէհ թաղին Տահէրի մզկիթին զարդարանքին համար:
       Յոպպէի ամենագեղեցիկ յիշատակարանաց մէջ նշանաւոր էր Ս. Պետրոսի հին պազիլիքան զոր Պաղտին թագաւոր եւ Էվրման պատրիարքը Ս. Գերեզմանին ընծայեցին: 1268ին իր կարգին Ամորի թագաւորը Ս. Նիկողայոսի եկեղեցին ընծայեց Ս. Գերեզմանին: Վաւերագիրները կը յիշեն նաեւ Ս. Աստուածածնի եւ Ս. Յովնանի եկեղեցիները: Ս. Լուդովիկոս իր ծախքովը գեղեցիկ եկեղեցի մը շինել տուաւ Լատինաց համար:
       1600ին հին քաղաքէն միայն երկու աշտարակ մնացած էին ծովեզերքի բարձրութեանց վրայ:
       ԺԸ. դարուն Յոպպէի աւերակները Եաֆայի արդի քաղաքին շինութեան գործածուած են:
       Ալտըրսըն 1843ին շինեց անոր յտակագիրծը: Clermont-Ganneau Եաֆայի մէջ գտած է բազմաթիւ կարեւոր արձանագրութիւններ: Այս վերջիններէն մին է եպիսկոպոսի քանդակազարդ ճերմակ մարմաէ տապանաքարը. որմէ կը մնայ գլուխը եւ գաւազանը առուոյտի ձենով աղեղի մը մէջ ագուցուած կեռճանաւոր (a crochets) խոյակներու վրայ դրուած: Խիստ գեղեցիկ հրեշտակ մը կը խնկարկէ հանգուցեալը. եւ տապանաքարին մնացորդը 1258 թուականը պահած է, բայց ոչ, դժբախտաբար, եպիսկոպոսին անունը:
       Ուրիշ կոտրած յիշատակարան մը. ըստ երեւոյթին, կը յիշէ Ֆրէտէրէկ Բ. կայսրը որ Եաֆայի մէջ բնակած է:
       Այս քաղաքին մէջ, մինչեւ ԺԹ. դար ցոյց կը տրուէր աւերակները Ս. Պետրոս եկեղեցիին զոր կը յիշեն ուխտաւորները որ կը թուէր թէ, կիսաբոլոր պատուհաններով րոմանական շինուածք մ՚էր, տեսանելի ԺԱ. դարու վիմագրութեան մը վրայ:
       Ստոյգ սխալի մը հետեանքով է որ Clermont-Ganneau իբր Եաֆայի մէջ ուրուգծուած հրատարակած է ուս մը (console) որ` իրականին մէջ, Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարին ճակատի կողմէն Գողգոթայի գաւիթին զարդարանքներուն մասը կը կազմէ (Տե'ս Camille Enlart. Les Monuments des Croises dans e Royaume de Jerusalem, Հտր. Բ. էջ 134-6):