ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Այն քրիստոնեաները որ պատեհութիւն կ՚ունենան այցելելու այս քաղաքը, ցոյց կը տրուի անոնց` հարաւային պարսպին մնացորդէն եւ փարոսէն ոչ հեռի փոքր մզկիթ մը` որուն համար կ՚ըսուի թէ Սիմոն խաղախորդին տան տեղն է: Միջին դարու յիշատակարանները ցոյց կու տան թէ Ս. Պետրոսի եկեղեցին կը գտնուէր քաղաքին հարաւային կողմը եւ հարաւա- արեւմուտքի անկիւնը: Վերջին ժամանակներս փոքր մզկիթին յարակից շէնքի մը պատը, հարաւի կողմէն, փլչելով` երեւցան եկեղեցիի մը երկու կոզակները եւ քանի մը պատերու մասերը, միջին դարու շինուածքով. այս գիւտը կը հաստատէ թէ սոյն եկեղեցիին աւանդւոթիւնը շարունակութիւնն է ԺԲ. դարու աւանդութեան: Այրի Այծեմնեկին տան տեղը, եթէ երբեք ծանօթ էր, այժմ մոռցուած կը թուի: Սակայն 3-4 դար յառաջ, քաղաքէն մէկ ու կէս քիլոմէթր հեռի, պարտէզներուն մէջ, դէպի արեւելք, Ապու Նապպուտ ըսուած աղբիւրէն կէս քիլոմէթր հեռի, ցոյց կը տրուէր այն գերեզմանական այրը` ուր թաղուած էր այս բարեպաշտ կինը: Այս այրը հողաքարի մէջ փորուած սենեակ մ՚է, ուր կարելի է իջնել վեց կամ եըթը աստիճան սանդուխով մը: Ան զարդարուած է մոզայիքով եւ երեք կողմերէն գերեզմանատեղիներ բացուած են: Այս գերեզմանին սեպհականատէր Ռուսերը մատուռի վերածած են զայն փոքրիկ գմբէթով մը: Նոյն գերեզմաններուն իսկութիւնը երաշխաւորելու եւ անոնց վաւերականութեան վստահելու համար տեղագրական ստոյգ տուիքները շատ տկար են եւ վաւերագիրնեը շատ հազուագիւտ: Այծեմնիկին նուիրուած եկեղեցի մը կառուցուած է անոր գերեզմանէն ոչ հեռի: Ոմանք կը կարծեն, բայց առանց ապացոյցի, թէ այս կնոջ բնակարանը կը գտնուէր միեւնոյն տեղը: (Տե'ս Vihouroux, Dict. de la Bible, բառն Joppe, էջ 1640):