ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Քրիստոնեայ հաւատացեալները` շատ հին դարերէ սկսեալ բարեպաշտ սովորութիւն մը ունեցած են, եւ մինչեւ հիմակ ալ ունին, ուխտաւորութեամբ Երուսաղէմ այցելել Տնօրինական Ս: Տեղեաց երկիրպագելու եւ պատմելու Փրկչին յիշատակները: Ուխատուրնեծրը յաճախ շատ հեռի տեղերէ կու գային` արհամարհելով ծովու եւ ցամաքի վտանգները. հին ժամանակները, մանաւանդ պատմրազմի միջոցին, ծովահէնները կը յարձակէին ուխտաւորական նաւերու վրայ, կը կողոպտէին զանոնք, շատ նագամ կռուի բռնուելով` անոնց մէջ մահեր ալ կը պատահէին. այս վտանգներէն զատ երթեւեկի ալեկոծութիւններու պատճառաւ ծովամոյն եղողնեծր ալ կը պատահէին. այս վտանգներէն զատ երթեւեկի ալեկոծութիւններու պատճառաւ ծովամոյն եղողներ ալ կը գտնուէին. այդ երկու վտանգներուն մասին մեր ձեռագրաց մէջ յիշատակութիւններ չեն պակսիր, նոյն իսկ քարի վրայ քանդակուած յիշատակարաններ մինչեւ ցայսօր պահուած կը մնան Ս. Յակոբեանց վանքին մէջ. ինչպէս Գրիգոր Շղթայակիր պատրիարքին ձեռքով պատրաստուածը: Նոյն ցաւալի դէպքերուն առանց մանրամասնութիւննրը յիշելու, միայն գաղափար մը տալու համար, մէջ կը բերենք ԺԲ. դարուն Անկլո- Սաքսոն վաճառականի մը` Saewulfի Ուղեգրութենէն հակիրճ հատուած մը` որ կը նկարագրէ ուխտաւորներու Եաֆայի առջեւ պատահաթ սոսկալի մէկ ալեկոծութիւնը եւ նոյն քաղաքին Երուսաղէմ երթեւեկող ուխտաւորներուն կրած տառապանքները: Saewulf Պրէնտիզիէն 13 շաբաթի մէջ կը հասնի Եաֆա. այն գիշերը` որ ցամաք ելնել կը պատրաստուէր, Եաֆայի առջեւ սոսկալի ալեկոծութեան մը կը բռնուի. աննկարագրելի էր փոթորիկին սաստկութիւնը. ալիքները լեռան պէս կը բարձրանան եւ կը տարածուին ամէն կողմ, 30 նաւերէն 27 նաւերը սաստիկ հովէն իրար զարնուելով կը փշրուին եւ կը խորտակուին. 1000 է աւելի անձեր ծովամոյն կ՚ըլլան, եւ միւս օրը ալիները ծովամոյն արանց եւ կանանց դիակները ցամաք կը նետեն. Saewulf շատ դժուարութեամբ մահուանէ կ՚ազատի եւ երբ ցամաք կ՚ելնէ գոհութիւն կը մատուցանէ աստուծոյ: Ան հետեւեալ օրը ուխտաւորական խումբի մը հետ միացած Եաֆայէն ճամբայ կ՚ելլէ դէպի Երուսաղէմ, վտանգաւոր եւ ժայռոտ լեռներէ կ՚անցի. Ասկաղոն տակաւին եգիպտացւոց ձեռքն էր. Խաչակիրք թէեւ կ՚իշխէին կրցած ուխտաւորաց ճանապարհները ապահովել եւ փրկել զանոնք կողոպուտէ եւ սպանութիւներէ. լեռնոտ ճանապարհներուն եզերքները աւազակները գիշեր ցերեկ դարանակալ կ՚սպասէին պահուըտելով քարայրներու մէջ. այնպէս որ յատյնի չէր ըլլար անոնց ներկայութիւնը. կողոպտածին կ՚սպաննէին. այնպէս որ ճամբու եզերքներուն վրայ դիակները ցիրուցան անթաղ կը մնային. կային որ ծարաւէ եւ անօթութենէ կը մահանային. Saewulf հազիւ կ՚ազատի այս վտանգաւոր ճանապարհէն եւ ողջամբ կը հասնի Երուսաղէմ: Saewulfի վերաբերեալ այս խօսքերը ճշմարիտ պատկերն են ուխտաւորներուն պարբերաբար պատահած ծովու եւ ցամաքի վտանգներուն. եւ այս վիճակը տեւած է ԺԲ. դարէն շատ աւելի կանուխ ժամանակներէ սկսեալ մինչեւ ԺԹ. դարու վերջերը, երբ կ՚ապահովուին ցամաքի ճանապարհները Եաֆայէն - Երուսաղէմ երկաթուղային գիծերու շինութեամբ (1892). ծովահէններու արգելքով եւ շոգենաւներու կատարելագործութեամբ. պատմութեան նայելով` ուխտաւորական կեանքը շատ անգամ տաժանք մ՚էր եւ լուրջ վտանգ մը: Ս. Յակոբեանց Միաբանութիւնը ըստ կարելւոյն ուխտաւորաց նեղութիւնները մեղմացնելու համար ճանապարհորդութեան դիւրութիւններ տուած է, յետոյ ցամաքի ճանապարհին վրայ, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի ծովեզերեայ քաղաքներու մէջ ուր ուխտաւորք ցամաք կ՚ելնէին, հոգետուն անունով կայաններ հաստատած է հանգստաւէտ սենեակներով ու կարասիներով: Այդ կարգի կայաններ կային Հալէպ, Դամասկոս, Գազա, Ռեմլէ եւ ուրիշ տեղեր: Եաֆայի Հոգետունը կարեւոր կայաններէն էր. ան` կը թուի ուխտաւորնական նախնի թուականներէն սկսեալ հաստատուած պէտք է ըլլայ, քանի որ ուխտաւորաց մեծագոյն մասը ծովի ճանապարհով կը հասնէր Երուսաղէմ:
       Ս. Նիկողայոս վանքին հիմնարոկւթեան թուականը մութի մէջ է. յայտնի է թէ ան հին է, բայց պատմութիւնը կը լռէ անոր ծագման մասին: Ս. Աթոռոյ միաբան Բառնաբաս վրդ. Գանձակեցի իր «Յաջորդութիւն Պատրիարքացն Երուսաղէմի» գիրքին մէջ (էջ 32) Աբրահամ Ա. Պատրիարքի համար հետեւեալ հատուածթ ունի. «զսա յիշէ եւս այլ պատմիչ արաբացի Շէյխ իւլ Պամպալի ասացեալ, որ ի ճանապարհորդութեան Շէյխի ուրումն Մէքքէցւոյ գրէ այսպէս. «Եկեալ Շէյխին ի Յոպպէս, եւ իջեւանեալ ի վանս Հայոց յաւուրս պատրիարքի նոցա Աբրահամու. զի վանքն Յոպպէու ընդ իշխանութեամբ նորին Աբրահամու էր»: Այս Աբրահամ Ա. այն պատրիարքն է որ Էօմէր եւ Ալի ամիրապետներէն հրովարտակ ստացած էր եւ կ՚ապրէր 637ին Էօմէրի Երուսաղէմը գրաւման ժամանակ. Բառնաբաս վրդ. ի վերեւ նշանակուած Շէյխ Համպալի հատուածին մէջ կը յիշատակուի Աբրահամ առաջինը. ո՞վ էր Պամպալի պատմիչը որուն նոյն հատուածին իմաստէն կը հասկցուի Յոպպէի վանքին հնութիւնը որ կը բարձրանայ մինչեւ Է. դար: Համպալի անունն է այն իսլամ աւանդապաշտ դպրոցին զոր հիմնած էր Ահմէտ Իպն Համպալ ( 1521), որ ունի Էլ իւնս էլ ճէլիլ անուամբ, Երուսաղէմի եւ Քեփրոնի վրայ պատմական գիրք մը. ահա նոյն հեղինակն է որ Է. դարուն Մէքքցի Շէյխի մը ճամբորդութեան վրայ գրած ժամանակ կը յիշէ նոյն Շէյխին Յոպպէի վանքին մէջ հիւրընկալուիլը եւ նոյն վանքին Աբրահամու իշխանութեան տակ ըլլալը: Բառնաբաս վրդ. նոյն հատուածին աղբիւրը բ. յիշատակարան կոչած է այն գրուածքը որ կը պարունակէ Երուսաղէմացի ազգայինի մը ձեռքով հաւաքուած արաբական յիշատակարանները եւ պատմութիւնները զոր օգտագործած է իր գիրքին մէջ. նոյն յիշատակարանը այժմ մէջտեղ չէ. կը կարծուի որ Միւճիր էտ - տին էլ Համպալիի գրած Մէքքէցի Շէյխին ճանապարհորդութեան վերաբերեալ հատուածը առնուած է նոյն յիշատակարանէն: Շատ աւելի վերջ, 1694ին, ունինք նաեւ ուրիշ վկայութիւն մը Յոպպէի վանքի նկարագրութեան համար: Արաբացի պատմիչ եւ բանաստեղծ մը Ապտ իւլ Ղանի Նապլուսի կ՚ուղեւորի Դամասկոս, Եգիպտոս եւ Արաբիա եւ ապա 1694ին կը հասնի Յոպպէս եւ կ՚իջեւանի Հայոց վանքը, ուր ինքը եւ իր ընկերները մեծ ընդունելութիւն կը գտնեն Հայոց միաբանութենէն. ան մեծ գովութեամբ կը նկարագրէ Յոպպէսի վանքը իր պատմութեան մէջ. կը յիշէ յետոյ վանքին հաստատուն շինուածքը, կը յարէ թէ ան ամուր բերդի մը նման պարիսպներով ամրացած է եւ ունի աշտարակներ եւս. Յոպպէի մէջ ամենէն ամրացեալ տեղը Հայոց վանքն է: Իրեն եւ ընկերաց համար արուած հիւրընկալութիւնը ու պատիւը մեծ ուրախութծիւն պատճառած է: Ան յետոյ կը գրէ ոտանաւոր քերթուած մը Յոպպէս քաղաքին վրայ. (Տե'ս Ա. եպս. Պատմ. Երուսաղէ մ. Ա. Հտր. էջ 414): Ըստ Huartի, (Histoire des Arabs, Բ. Հտր. էջ 343) Ապա իւլ Ղանի էլ Նապլուսի բանաստեղծ պատմիչը «գթասիրտ հոգեզգաց մ՚է որ սուրբի մը համ բաւը ունի»: Ճիշտ է թէ Հայոց Յոպպէի վանքը մաքսատան դէմ շինուած ծովահայեաց եւ բարձրադիր քարուկիր շէնք մ՚է, հաստատակառոյցպատերով եւ տակուն կառուցուածքով. այժմ շէնքը երկայարկանի է. ստորին յարկը կը բովանդակէ Տեսչարանը տեսչին ննջարանով, միաբանաց սենեակները, սեղանատունը եւ խոհանոցը ու ջրհոր մը. իսկ վերի յարկն ունի ընդարձակ եւ կահաւորեալ սրահ մը` Պատրիարքարան անուամբ, յարակից ճաշարանով եւ ննջարանով: Վանքը ունի փոքր եւ վայելուչ եկեղեցի մը յանուն Ս. Նիկողայոսի. կամն 20է աւելի ուխտաւորաց սենեակներ, եւ փոքրիկ դպրոց մը: