ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Այս վանքին մէջ աւելի կանուխ կատարուած շինարարութիւնները մեզ անծանօթ կը մնան: Եղիազար պատրիարաք 1663ին Յոպպէի մէջ ուրիշ տուներու եկ տեղերու հետ կը գնէ Գազայի կառավարիչին չորս մթերանոցները, որ մօտ էին այն տեղւոյն, ուր Ս. Պետրոս առաքեալ չորս ծայրերէն կախուած կտաւին տեսիլը ունեցաւ. այս տեղ կը գտնուէր նաեւ Սիմոն խաղախոդին տան մէկ մասը, որ հնումն եկեղեցիի վերածուած էր. այս մթերանոցներուն տեղը կանուխէն հայոց գերեզմանատուն էր, ինչպէս ցոյց կու տան Հէօճէթները. եկեղեցիին մէկ մասը մզկիթ եղած է: Այս շինութեան մասին աւելի որոշ կը գրէ Հաննէ (Պատմ. Երուսաղէմի, էջ 66) «Աստ գոյ վանք մի ազգիս Հայոց, գեղեցիկ իջեւան տէրունական ուխտաւորաց, եւ ունի հոգետուն մի պայծառ լուսամտօք, եւ է մեծ մխիթարութիւն մեզ: Ի միջի սորա շինեալ էին փայտաշէն կամարք ցածք յԵղիազար Հոգեւոր տիրէն հեղինակէ այսմ վանից, եւ էին յոյժ հնացեալք»:
       1717ին Գրիգոր Շղթայակիր եւ Յովհաննէս Կոլոտ պատրիարքները ազգայիններէ հակաքուած գումարով Յոպպէի մէջ կը գնեն երեք մթերանոցներ եւ անոնց վրայի սենեակները զոր կը կցեն վանքին. կը գնեն նաեւ ծովեզերքը, վանքին դիմաց վտնուած հացի փուռն զոր յետոյ ուրիշներ կը յափշտակեն:
       1727ին ժամանակին երեւելզիներէն Սեղբեստրոս կամ Սեղբոբ ամիրա Երեւանենց, Ակնիցի ( 1754 փետր. 5) ուխտի կու գայ Երուսաղէմ եւ շատ մը կարեւոր յիշատակներ կը թողու Ս. Յակոբեանց վանքին մէջ եւ Սուրբ Տեղերուն. ամիրան Յոպպէի մէջ ծախու կ՚առնէ նաեւ պարտէզ մը հայոց գերեզմանատան մօտիկ. քաղաքին մէջ ալ իջեւան մը կը շինէ, ու անոր տարեկան վարձքը վանքին պէտքերուն կը յատկացնէ, ինչպէս կը ցուցնէ նոյն իջեւանի բարաւորին վրայի հետեւեալ արձանագրութիւնը (Տե'ս Սաւալանեանց, Բ. Հտր. էջ 710). «Յիշատակ է խանս եւ հայոց գերեզմանի մօտ եղեալ պարտէզն Ակնցի Երեւանենց լուսահոգի Իմինէ որդի մահտեսի Սեղբեստրոսի, որ յիւր արդեանցն արար զսոսա յիշատակ Ս. Յակոբայ, Ս. Յարութեան, Ս. Ծննդեան, Ս. Աստուածածնի, Ս. Փրկչի, Ս. Հրեշտակապետու վանքերուն, այսու պայմանաւ որ զիմ հին եւ նոր ննջեցեալքս ամէն օր անմահ սրբոյ պատարագին յիշատակեն, եւ եկած վարձէն ա. ա. փարա ժամուց ժամարարներուն, ա. ա. փարա եւս իւղագին վանքերուն, իսկ զաւելորդն` խանին եւ պախճային մէրամէթին խարճին եւ Ս. Յակոբայ միաբանիցն հացագին տան: Ով ոք զայս իմ կամաւոր յիշատակս ջրէ` Աստուած զինքն ի կենաց գրոց ջնջէ: ՌՃ (=1651». այս թուականը սխալ դրուած է, պէտք է ըլլայ 1727: Յիշեալ պարտէզը ու իջեւանը մինչեւ այսօր մնացած են անեղծ ու անոնց եկամուտները յատկացուած են իրենց նպատակին:
       Հաննէ (անդ, էջ 66) Գրիգորգ Շղթայակիրի 1727ի մէկ շինարութիւնը կը յիշատակէ « հարաւային կողմն վանից որ է ի ներքոյ բերդին` ի փուլ եկեալ կործանեցաւ (1727) եւ փլոյց զփայտեայ փտեալ կամարսն եւ եղեւ մեծ նեղութիւն ազգիս մերոյ: Որ եւ ողորմութեամբն Աստուծոյ ի նոյն թուին երջանիկ պատրիարքն սրբոյ քաղաքիս Երուսաղէմի Գրիգոր Աստուածաբան վարդապատեն` մեծ աշխատանօք հրաման առեալ ի քաղաքապետաց եւ ի դատաւորաց եւ ի մեծամեծաց քաղաքիս, նոր ի հիմանէ շինեաց զութ կամարս սրբատաշ քարիւ բարձր, լայն եւ պայծառ: Որ եւ ի վերայ տանեաց այսց կամարաց կառոյց փայտեայ կամարս ըստ առաջին հին շինուածոյն եւ ա'յլ գեղեցիկ: Կանգնեաց եւս սեղան յանուն սրբոյն Նիկողայոսի: Ի ՌՃՀԶ թուին գնալով ինքեան անդ` հրաւիրեալ ի միւս ազգաց ի պատիւ գնալով ինեաքն անդ` հրաւիրեալ ի միւս ազգաց ի պատիւ իւրոյ սրբութեան: Ուստի եւ նուաստի ընդ նմա գոլով հանդերձ միաբան եղբարբք, ականատես եղէ օրհնութեան նորակերտ եկեղեցւոյն եւ օծման սուրբ սեղանոյն»: Հաննէի այս վերջին տողերը հարկ կ՚ըլլայ լուսաբանել թէ Ս. Նիկողայոս եկեղեցին արդէն գոյութիւն ունէր նախ քան Շղթայակիր, հետեւաբար կատարուածը լոկ նորոգութիւն մ՚էր, որուն օրհնութիւն եւ օծումն ալ անհրաժեշտ էր. 1683ի Սարգիս վրդ. ի Երուսաղէմի ձեռագիր պատմութիւնը ոչ միայն կը յիշատակէ Ս. Նիկողայոսի եկեղեցւոյն գոյութիւնը, այլ նաեւ աւագ սեղանէն զատ կը ծանօթագրէ անոր երկու կողմի փոքր սեղանները` Ս. Պետրոս եւ Ս. Յակոբ անուամբ:
       1765ին Գանձակեցի Կարապետ պատրիարք Յոպպէի մէջ 5000 դահեկանով կը գնէ Սեղբեստրոս ամիրային սեպհական կալուածնիերը` երկու տուն, երեք վաճառանոց եւ երկու հարապարակ, որոնց վարձքերը կ՚ստանար Սեղբեստրոսի Մերկեր որդին. բայց որովհետեւ այս պատճառաւ խնդիրներ եւ վէճեր պակաս չէին ըլլար իր եւ Ս. Աթոռին միջեւ, ուստի Կ. Պոլսի պատրիարքին (Գրիգոր գրդ. Պասմաճեանի) միջնորդութեամբ յետոյ Մերկերէն ծախու կ՚առնուին յիշեալ կալուածները (Տե'ս անդ, Բ. Հտր. էջ 783):
       1824ին Զմիւռնիացի Մուրատ Աղա եւ կինը Հեղինէ յիշատակնրե կը հաստատեն Ս. Աթոռոյ մէ. թէեւ Սաւալանեանց իր Պատմութեան մէջ Օէջ 948) հակառակը կ՚արձանագրէ յիշելով թէ` Մուրատ վնասակար եղած է Ս. Աթոռոյ, բայց անոր գործին պատուական թարգմանիչը արդարութեան պարհք մը հատուցանելու համար ծանօթութեամբ մը մէջ բերէ անոր յիշատակները, որոնց մէջ Յոպպէի վանքին ի նպաստ յիշեալը նուիրած է 10. Մեծ պարտէզ մը Յոպպէէն դուրս, մէջի գեղեցիկ տուներով, ջրհորներով, ծառատունկերով եւ ընդարձակ գետինով մը. (այս պարտէզը յետոյ Զմիւռնիացի Յովհաննէս պատրիարք իսթիպտալի օրէնքով փոխանակած է ուրիշ տուներու եւ կրպակներու հետ Երուսաղէմի մէջ). 20. Հայոց Յոպպէի գերեզմանատունը յարակից ընդարձակ պարտէզով ու ծառատունկերով. 30. Տուն մը նաեւ Յոպպէի մէջ, որ կը կոչուէր Ֆրանկի տուն (անդ, էջ 958-9):
       1838ին Յոպպէի եւ շրջակայից մէջ կը ճարակի ժանտախտի հիւանդութիւնը. սուլթան Մահմուտ հիւանդութեան առաջքը առնելու համար իր տէրութեան բոլոր սահմաններուն մէջ արգելանոցներ հաստատել կը հրամայէ, ըստ այսմ արգելանոց մ՚ալ կը պատրաստուի Յոպպէի մէջ քրիտոնեաներու հին գերեզմանատան տեին վրայ, սակայն ուխտաւորներն ու ճամբորդները կը դժկամին մտնել հոն. ասոր վրայ առողջապահական տեսուչը կ՚առաջարկէ երեք ազգերուն` որ ամն մէկը իր գերեզմանատան մէջ մէյ մէկ արգելանոց շինէ եւ իր ծախքով կառավարէ զայն: Այն ժամանակ Յոպպէի մեր վանքին տեուչն էր Մեսրոպ վրդ. Տիգրանակերտցի որ նորոգել կու տայ արդէն շինուած արգելանոցը (3 օգոստ. 1838) եւ այնուհետեւ ուխտաւորները փոխանակ Պէյրութի, Յոպպէի ազգային աարգելանոցին մէջ կ՚անցնեն զգուշութեան քառասուն օրերը: Երբ իսպառ կը դադրի մահացու ախտը, Օսմանեան տէրութիւնը պատրուակով մը կը գրաւէ Հայոց Յոպպէի արգելանոցը: Թէեւ տէրութիւնը կը հաւանի արգլենոցը ազգին դարձնել, սակայն հակառակ դիմումներու Յովհաննէս պատրիարքի կողմէն ու վաւերագիրներու եւ հրովարտակներու, պետական պաշտօնեաներէն ոմանց յարուցած արգելքներուն պատճառաւ անկատար կը մնայ խնդիրը (անդ, էջ 1006): 1840ին Մեսրոհ վրդ. նորոգած է նաեւ Յոպպէի վանքը եւ շինած է տեսչարանի վրայի յարկը` որ այժմ կը կոչուի պատրիարքարան. այս մասին կը գտնուի հետեւեալ յիշատակարանը սանդուխներու վերի աստիճանի կամարին վրայ. «Ի պատրիարքութեան Տ. Գաբրիէլ արքեպիսկոպոսին, ի վայելումն եւ յիշատակ ազգիս Հայոց. Յոպպէի Ս. Նիկողայոսի վանքն նորոգեցաւ ի դրանէ մինչեւ ցվեր գեղեցիկ սենեկօք. ձեռամբ եւ աշխատութեամբ Տիգրանակերտցի Մեսրոբ վրդ. րէիզին, յա մի Տեառն 1840»:
       Յոպպէի վանքին գլխաւոր շինարարութիւնները յիշելէ յետոյ պարտք կ՚զգամ յիշատակել հոս ամբողջ Յոպպէ քաղաքին նարինջի պարտէզներուն օգտակար մէկ գործը, զոր կատարած է անունն անյայտ Ս. Յակոբեանց միաբան մը, որ ԺԷ. դարու սկիզբը Հնդկաստանի եւ Չինաստանի Ս. Աթոռոյ նուիրակ կարգուած ըլլալով` վերադարձին իրեն հետ բերած է «Շամմութի» կոչուած խոշոր նարնջի պատուսատը: Հայ նուիրակին այդ պատուաստին շնորհիւ է որ ազնուացած եւ հիւթեղցած է Յոպպէի նարինջը: Անոր պարտէզները կ՚արտադրեն խոշոր եւ համեղ այն պտուղը` որմէ ամէն տարի հազարաւոր անտուկներով կ՚արտադրուի արտասահման եւ երկրին ամէն կողմերը: Այս ծանօթութիւնը ինձ հաղորդած է Յոպպէաբնակ գիտնական Տիար Ֆրէտէրիք Մուրատ` որ ի հանգուցեալ հօրեղբօրմէ լսած է այս տեղեկութիւնը զոր հաւանաբար ան քաղած է արաբերէն տետրակէ մը: