ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
1772ի ժամանակ Օսմ. պետութիւնըպատերազմ ունէր ՌՈւսաց դէմ. նոյն ժամանակ Եգիպտոսի Մէմլուքներէն մին` Ալի Պէկ կ՚ապստամբի ու կը տիրէ Եգիպտոսի, Ասորիքի եւ Արաբիոյ եւ յետոյ միանալով Աքքեայի Շէյխ Դահիր Օմարի հետ կը յարձակը Պաղեստինի վրայ. կը գրաւէ Գազան, Ռեմլէն եւ Լիւդը (1772). կը պաշարէ Յոպպէն եօթն ամիս եւ վեց օրը մինչեւ որ յուսահատելով անձնատուր կ՚ըլլան բնակիչները: Ալի Պէկ ուզեց Երուսաղէմի ալ տիրել, բայց չյաջողեցաւ. անոր բանակը կը խորտակուի իր քեռայրին` Մէհմէտ Պէկ Ապու Տահապի դաւադրութեամբ. ինք ալ կը վերաւորուի ու կը մեռնի, եւ Եգիպտոսի իշխանութիւնը կ՚անցնի Մէհմէտ Պէկին: Վերջինս իր կարգին 1775ին կը յարձակի Յոպպէի վրայ ու կարճ պաշարումէ մը յետոյ կը գրաւէ քաղաքը ու բնակիչներէն շատերը կը կոտորէ եւ կը կողոպտէ վանքերը: Ս. Նիկողայոսի վանքն ալ զերծ չի մնար անոր ու Մղրըպի զինուորաց խժդժութենէն, եւ կը պարտաւորուի երկու հարիւր քսակէն աւելի տուգանք վճարել: Իսկ տեղացի հայ ժողովուրդն ու միաբանները ու ուխտաւորները նշաւակ կ՚ըլլան Մղրըպի զօրքերուն անգթութեան: Անգամ մը քաղաքէն դուրս տսնը հինգ, կամ, ըստ Երուսաղէմացի տիրացու Սիրաքի, տասն եւ ինը հայեր կ՚սհաննուին, որոնց մէջ յանուանէ կը յիշատակուին Ս. Աթոռի թարգմանները մհտ. Մկրտիչ եւ մհտ. Աւագ, Վարդան, Սահակ եւ Գէորգ վարդապետներ. եւ Ս. Յակոբի միաբաններէն մհտ. Գէորգ եւ մհտ. Նիկողայոս, եւ քանի մը ուխտաւորներ: Յոպպէցի հայ մանուկներ գրեի ինկած ըլլալով` զանոնք պատրիարքը դրամով կ՚ազատէ (Սաւալան, Բգ Հտր. 791-95): Կ. Պոլսեցի Գալուստ սարկաւագ նոյն ժամանակ ուխտի եկած ու Ապու Տահապի արարքներուն ականատես եղած էր. ձեռագիր յիշատակարաններուն մէջ ան հետեւեալը կը հաղորդէ. «Ապու Տապհապ 1775ին գրաւելով Յոպպէն կը յարձակի ժողովուրդին եւ վանքերուն վրայ. կը կոտորէ բնակիդներն ու կրօնաւորները, եւ կը թալանէ վանքերը: Յոպպէի ծերունիները աւանդաբար կը պատմեն թէ նոյն դէպքերու միջոցին Մինաս վրդ. պատարագած ժամանակ սեղանին առջեւ կը գլխատեն եւ սեղանը կը կործանեն. վանքին տեսուչը թէեւ ջրհորին մէջ պահւտած է, բայց մահուանէ զերծ չէ մնացած, վասն զի հոսն սպաննեցին զանիկա: Կ՚աւանդուի նաեւ թէ այս դէպքէն տսան օր յետոյ Ապու Տահապ կը մեռնի Յոպպէի մէջ»: Ձեռագիրները կը գրեն նաեւ թէ Եգիպտացւոց զինուորները Յոպպէն աւերակ դարձուցին, եւ քաղաքէն դուրս վեց միաբան եւ վեց ուխտաւոր նահատակեցաին . եպս. Յովհաննէսեան, Բ. Հտր. էջ 106-7):
       Պատմութենէն յայտնի է Նաբոլէոն Պոնաբարդի արշաւանքը դէպի Եգիպտոս, որուն գրաւումէն յետոյ ան յարձակեցաւ Սիւրիոյ կողմերը. Էլ- Արիշի եւ Գազայի տիրելէ վերջ պաշարեց Եաֆան եւ յարձակմամբ առաւ քաղաքը. երեսուն ժամ կողոպուտի մատնեց զայն, եւ վեց հազար թուրք բանտարկեալներ կոտորել տուաւ, եւ լաղաքի մթերանոցներուն մէջ գտնուած պաշարով պարենաւորեց իր բանակը` որ ժանհտախտով վարակուեցաւ: Նաբոլէոն քալեց Աքքեայի վրայ, ուր կ՚իշխէր հին Մէմլուք մը` Ճէզար Փաշա, անգութիեամբը անուանի կառավարիդ մը. ան ներքուստ եւ արտաքուստ զօրացուց քաղաքը. եւ Նաբոլէոնի բուռն եւ բազիցսս յարձակումները չկրցին տկարացնել պաշարեալներու ընդդիմութիւնը, ծովէն կը պաշտպանուէր անղիացիներէն եւ թուրքերէն. ցամաքի կողմէն ալ թրքական նոծր ոյժեր հասնելով Ճէզար սաստկացուց իր ընդդիմութիւնը. Նաբոլէոն ստիպուեցաւ Եգիպտոս քաշուիլ ու քարուքանդ ըրաւ Աքքեան. ան կորսնցուց իր զօրաց կարեւոր մէը մասը պատերազմի մէջ եւ ժանտախտին վարակումով: Աքքեայէ վերադարձին կործանեց Յոպպէի պարիսպը, բնակիչները ենթարկեց զանազան նեղութիւններու եւ հհարիւր քսակ արծաթ Հայոց վանքէն տուգանք պահանջեց. մոխիրի վերածեց բոլոր երեւելի շէնքերը, որոնց մէջ կը գտոնւէին Հայոց վանքին տուները եւ մթերանոցները: Նաբոլէոն Յոպպէս գտնուած ժամանակ իր ժանտախտաւոր զինուորներուն համար վանքերը գործածեց իբր հիւանդանոց, ինչպէս նաեւ Հայոց վանքը: Աւանդութեամբ մինչեւ ցայսօր կը ցուցուի այն տեղը` ուր Նաբոլէոն կը հանգչէր երբ կ՚այցելէր իր ժանտախտաւոր զինուորներուն: Գաղղիացի ուղեւոր միշտ կ՚այցելեն այդ տեղւոյն:
       Գաղղիական բանակին մեկնումէն յետոյ, մեծ վէզիր Քէօր Եուսուֆ Փաշա հետապնդած է մեկնող բանակը, բայց ընդհարման ժամանակ պարտուած` ան վերադարձած է Յոպպէ:
       1800ին Պետրոս պատրիարք Յոպպէ գնաց վանքին եւ ժողովրդեան թշուառութեան դարման գտնելու համրա մեծ վէզիրէն` որուն սեղանաւորն էր եւ բանակին կ՚ընկերանար Ակնցի Չոփենց մհտ. Անտոն ամիրան, որուն միջամտութեան կը դիմէր պատրիարքը նպատակին հասնելու համար: Պատրիարքը այդն յուսով Յոպպէ կ՚սպասէր, հիւանդանալով վախճանեցաւ եւ մարմինը ամփոփուեցաւ հասարակաց գերեզմանատան մէ. 1837ին ալ անոր ոսկերոտին Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյն գաւիթը փոխադրուած է եւ տապանաքարին վրայ գրուած է հետեւեալը. «Եւդոկիացի Սրբազան Պետրոս Պատրիարքն Երուսաղէմի ի ժամանակս պատերազմի Ֆրանսըզաց, յորժամ բանակն օսմանեան էր ի Յոպպէ. յառաւել նեղութենէն եկն առ եպարքոսն գտանել այցելութիւն. որոյ հասեալ անդէն վախճանն հանգեաւ ի Տէր. որոյ զհոգին Տէր լուսաւորեսցէ. ի թուին ՌՄԽԹ (= 1800) Յունիսի ՆԱ»:
       Նոյն ժամանակները Յոպպէի եւ շրջակայից կառավարիչն էր Ապու Մէրագ կոչուած անձը, որուն բռութեանց եւ անիրաւութեանց նկատմամբ միշտ գանգատներ կ՚ըլլային, ան շարունակ վանքերէն դրամ կը պահանջէր եւ 1800ին էր որ ՀԱյոց վանքէն քառասուն քսակ արծաթ պահանջեց եւ ստացաւ. միւս կողմէն մեծ վէզիրը իր Պոլիս մեկնելուն առթիւ Հայոց վանքէն դրամ կը պահանջէր Անտոն Ամիրային միջոցաւ. վերջինս` որ կը հաստատէր վանքին չքաւոր ու կարօտ վիճակը. բայց ան կը պնդէր 50, 000 դահեկանի վճարումը. վանքի վարիչները հազիւ կարողացան ծանր տոկոսով վճարել պահանջուած գումարը:
       Ապու Մէրագի անիրաւ պահանջներուն չափը այլեւս անցած էր. ամբաստանութիւններ եղան թէ' Կայսեր եւ թէ Ճէզար փաշային` որ յԱքքեա. Ապու Մէրագ որջացած էր ի Յոպպէ, Ճէզարի կողմէն Իսմայիլփաշա Յոպպէն պաշարեց եւ երկուստեք հրանօթի կռիւներով կը դղդրէին Սարոնի դաշտը: Այդ միջոցին էր որ Ապու Մէրագ վանքի տեսուչները իր մօտ կանչելով դրամ կը պահանջէր, մերժողները կը գանակոծէր ձեռքը գտնուաթ կացինով եւ մուրճով, այս կերոպվ Յոպպէի տեսուչ Ղազար վարդապետէն 120 քսակ արծաթ ստացաւ. այս բռնութիւնները աւելի սաստիկ էին քան Գաղղիացւոց բանակին տուած բռոնւթիւնները:
       Յոպպէի այս պաշարման ժամանակ սաստկացաւ սովը. այնպէս որ քաղաքին բնակիչները ստիպուած էին ուտել գրաստի եւ անսուրբ կենդանիներու միսը. իսկ Ապու Մէրագ փոքր նաւակով մը իրեններով Բերիա հասաւ եւ անկէ ալ Տիգրանակերտ: Այս կերպով պաշաումը վերցաւ եւ ժողովուրդն ու վանքենրն ալ ազատուեցան: Ապու Մէրագ Հայոց վանքէն 300 քսակէն աւելի արծաթ ստացած էր բռոնւթեամբ:
       1840ին Ապու Մէրագ կը վերադառնայ Յոպպէ եւ ամէն ոք սարսափահար կը նմայ. ան դարձեալ կ՚սկսի իր անիրաւ պահանջները. 200 քսակի փոխանակագիր մը կ՚ստանայ Ղազար վրդ. էն Պոլսի փոխանորդին անուան. այս գումարը անբաւական համարելով` 100 քսակ եւս կ՚աւելցնէ, ընդ ամենն 300 քսակ. պատրիարքին ծանրագին ընծաներէն ու պարգեւներէն զատ, 150 քսակ պատրաստ դրամ կ՚ստանայ. եւ սպառնալիքով կ՚ազդարարէ` որոնց որ պէտք է, շուտով Պոլիս գրել` վերոյիշեալ գումարը վաղընդփոյթ վճարելու համար. հակառակ պհարագային կը յոխորտայ քանդել վանքերըը ու նեղել ժողովուրդը. միեւնոյն խստութեամբ կը կողոպտէ ուխտաւորները: Բայց 1805ին, երբ Ապու Մէրագի փոխանակագրերը Պոլսէն անվճար ետ կը դառնան` այդքան դրամներու վճարումը անկարելի ըլլալուն համար, կ՚սկսի չարչարել Յոպպէի վանականները ու դրամ կը պահանջէ անոնցմէ, միեւնոյն կերպով կը վարուի նաեւ ուխտաւորներուն հետ: ՎԱնքերու բոլոր տեսուչները փախան. միայն Յոպպէի տեսուչ Ղազար վարդապետ փախուստի հնարխ չգտնելով` մատնուեցաւ բռնաւորին ձեռքը. ան գանկոծելէ ու խոշտանգելէ յետոյ 25, 000 դահեկանի ծախեց զանիկա Տէլի կոչուած զինուորներուն. Թէոդորոս պատրիարք այս ցաւալի լուրը առնելով փրկանաւորեց զանիկա. Ղազար վրդ. ալ պահապան զինուորներուն կաշառք տալով հազիւ կարողացաւ Երուսաղէմ փախչիլ: Ապու Մէրագ ժամանակ մը եւս իր բռնութիւնները շարունակած է եւ փախած է Դամասկաոսի կողմերը: Նամաւագիր մը կ՚ըսէ այս զազրելի Ապու Մէրագի համար. «զի ոչ եթող տեղիս զոր ոչ աւերեաց` եւ ոչ զոք` զոր ոչ մատնեաց ի տոգանս, մինչեւ զկանայս եւ զմայրն իիւր իսկ գլխովին»:
       Հայ - Երուսաղէմի պա տմիչներուն կողմէն Յոպպէի Ս. Նիկողայոս վանքին մէջ 1772-1805 պատահած վերոգրեալ քստմնելի դէպքերը համառօտելով` կը դիտենք որ` մասնաւորապէս 33 տարիներու այս շրջանին` նոյն վանքին տեսուչներն ու վանականները կատարեալ մարտիրոսութեան մը ենթարկուած` արիաբար կուրծք տուած են փրկել վանքն ու եկեղեցին տիրող բռնապետներու բզքտող ճիրաններէն` անտարակոյս աջակցութեամբ պատ. Միաբանութեան: